Յայտարարութիւն

Sunday, July 19, 2009

ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ- ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ 23

Սիրելի Ընթերցող, Խոստացած էինք ՄԵԾ ՀԱՅՈՒ մը վկայութիւնները հրապարակել ՀԱՅ ՄԵԾԵՐՈՒ մասին: Ստորև, ամենօրեայ դրութեամբ, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ մաս մը Մուշեղ Իշխանի հետաքրքրական վկայութիւններէն հայերու, որոնք անկիւնադարձեր ապահոված են ու նոր էջեր բացած հայոց գրականութեան, թէ քաղաքական պատմութեանց մէջ: Մուշեղ Իշխան, ինչպէս ինք կ՜ըսէ, եղաւ այն քիչերէն որոնք բաղդը ունեցան աշակերտելու հինգ ՄԵԾ ՀԱՅԵՐՈՒ յանձինս Յակոբ Օշականի, Լևոն Շանթի,Նիկոլ Աղբալեանի,Նիկողայոս Ադոնցի, Կոստան Զարեանի և գործակցելու երկու ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հետ՝ յանձինս Սիմոն Վրացեանի և Վահան Թէքէեանի: Յուսամ ես ալ կարենամ օր մը իմ սրտիս պարտքը տալ գրելով ՄԵԾՆ Մուշեղ Իշխանի մասին որուն բաղդը ունեցած եմ աշակերտելու չորս տարի : «Իմ Ուսուցիչներս» հրատարակուած է 1984 ին, Պէյրութ:
Նշան Պասմաճեան

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«

Ս. Վրացեան մեծ ծրագիրներու մարդն էր իսկապէս։ Այդ տարիքին՝ զարմանալի էր իր ցուցաբերած յանդգնութիւնը նորանոր իրագործումներու համար։ Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ստանձնած առաջին օրէն իսկ հետամուտ եղաւ հաստատութիւնը մեծցնելու յաւելեալ շէնքերով եւ զուգընթաց նոր դասարաններով։ Չվարանեցաւ մեկնելու Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներ՝ հանգանակութեան համար։ Վերադարձաւ բարոյական եւ նիւթական փայլուն արդիւնքներով։ Մեծ հաւատք ունէր հայ ժողովուրդի զոհաբերութեան ոգիին վրայ եւ յաճախ կը սիրէր կրկնել.
– Ծախսեցէք, մի՛ վախնաք, հայ ժողովուրդը կու տայ։

Եւ իրօք, մէկը միւսին ետեւէն ծախսալից ծրագիրներ կը դնէր «Համազգային»ի Կեդր. Վարչութեան սեղանին վրայ։ Հանրային գործերու ծաղկումին ու բարգաւաճումին թշնամի կը համարէր խնայասիրութիւնը։ Ճեմարանը տարիներ շարունակ ապրած էր շատ նեղ պայմաններու մէջ, ենթարկուած տնտեսական ծանր տագնապներու եւ գուցէ այդ պատճառով ընդգրկած էր «եղածը պահելու» քաղաքականութիւնը։ Վրացեան յեղաշրջեց թէ՛ մտայնութիւնները եւ թէ գործելակերպը։ Շնորհիւ իր տուած ներշնչումներուն ու թափած ճիգերուն՝ ձեռնարկուեցաւ Ճեմարանի թիւ 2 եւ թիւ 3 շէնքերու շինութեան, վերաբացուեցաւ գիշերօթիկի բաժինը, զգալի կերպով յաւելում կրեց աշակերտութեան թիւը եւ աստիճանաբար բարելաւուեցան նաեւ ուսուցիչներու ստացած վարձատրութիւնները։
Երկար ժամեր լուռ նստած տեսչարանի բազկաթոռին վրայ, Ս. Վրացեան կրթական եւ մշակութային ծրագիրներ կը յղանար, կը մշակէր եւ ապա կը ներկայացնէր զանոնք պատասխանատու մարմիններուն։ Աւա՜ղ Մերձաւոր Արեւելքի հետ կապուած քաղաքական աննպաստ դէպքեր պատճառ դարձան, որ այդ բազմաբովանդակ ծրագիրներէն շատեր թուղթի վրայ մնան։ Այսուհանդերձ, շնորհիւ իր տոկուն նկարագրին եւ յամառ հետապնդումներուն, Ճեմարանի եւ «Համազգային»ի գործերը նոր վերելք արձանագրեցին։

Անձնական կեանք եւ շահագրգռութիւններ չունեցող հանրային այս գործիչը իր ապրումներուն եւ տաղանդին բովանդակ թափով նուիրուած էր նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան եւ հայ մշակոյթի պահպանման կենսական գործին։ Կենսական՝ անոր համար անշուշտ, որ Սփիւռքի հայութիւնը փրկելու միակ ազդու զէնքերն էին, հետեւաբար Հայ Դատի հետապնդման ամէնէն արդիւնաւոր եղանակը։ Վրացեան յեղափոխականը, գործիչը, խմբագիրը, վարչապետը եւ վարժապետը նոյն անձերն էին միշտ, նոյն առաքելութեան զինուորագրեալը, նոյն գաղափարին մարմնացումը – ազգ եւ հայրենիք, հայ գիր եւ դպրութիւն, հայոց անցեալ եւ ապագայ։

Ս. Վրացեանի մօտիկ բարեկամներէն կամ ծանօթներէն ոեւէ մէկը դժուար թէ կարենայ վերյիշել տարբեր երանգով ու բովանդակութեամբ խօսակցութիւն մը՝ իր ներկայութեան։ Հազուագիւտ այն դէմքերէն էր, որոնք սովորութիւն չունին իրենց անձի կամ մտերիմ ապրումներու մասին խօսելու։ Կարծես ներքին աշխարհ չունենար երկաթէ այս մարդը։ Կարծես մէկուն առջեւ բացուելու համար անհրաժեշտ չափով վիշտ եւ յուզում չզգար կուրծքին տակ։ Կարծես անհատականը հալած ու ձուլուած չըլլար հանրայինին մէջ։ Ոչ մէկ բառ իր մասին, իր յոյսերուն, իր կարօտներուն, իր սէրերուն ու տառապանքներուն։ Գոց գիրք մըն էր իր եսը՝ նոյնիսկ ամէնէն մտերիմներուն առջեւ։ Քանի մը ընտանիքներ կային, որոնց տունը յաճախ կ՚այցելէր։ Սակայն անոնցմէ եւ ոչ մէկը առիթը ունեցած էր Վրացեանի հոգեկան աշխարհէն ներս թափանցելու։ Ուրիշներ իր առջեւ կը բանային իրենց սիրտը եւ ինք համբերութեամբ մտիկ կ՚ընէր։ Եւ շուրջինները յորդորելու կեանքի փիլիսոփայութիւնը նոյնն էր միշտ, վիրաւորանքներու բացած վէրքերուն դէմ.
– Կարեւորութիւն պէտք չէ տալ... կեանքը այսպէս է։

Մարդ-անհատի նկարագրային բարձրութեան գլխաւոր յատկանիշներէն մէկը ինքնազսպութիւնն է անկասկած։ Կարենալ պահել պաղարիւնութիւնը եւ տիրապետել ջիղերուն, երբ կիրքերու փոթորիկ կայ շրջապատին մէջ կամ խուճապ կը տիրէ ամէն կողմ։ Մինչեւ խոր ծերութիւն եւ ֆիզիքական ուժերու սպառման ծայրագոյն աստիճանը, մահուան անկողնին մէջ անգամ Ս. Վրացեան չկորսնցուց հոգեկան բացառիկ զօրութիւնը։ Մնաց միշտ «ուժեղ մարդը», որ պէտք չունէր իր արժէքները ցուցադրելու կամ իր տառապանքները բաժնելու ուրիշներուն հետ։

Ներքին բովանդակութեամբ հարուստ՝ ինքնաբաւ անձն էր անիկա, որ շատերու վրայ հաւանաբար «չոր» տպաւորութիւն կը ձգէր։ Բայց ով որ մօտ էր իրեն, կը զգար իսկոյն, թէ սակաւախօս եւ զուսպ այս մարդուն կուրծքին տակ զգացումներով հարուստ սիրտ մը կը բաբախէր, գրեթէ բանաստեղծի եւ արուեստագէտի յորդազեղ սիրտ։

Ս. Վրացեան ապրելու եւ արտայայտուելու առանձնայատուկ իր ոճը ունէր կեանքին մէջ ալ, ինչպէս՝ իր մշակած ինքնատիպ գրականութեան։ Սրտակցութեան եւ սրտազեղումի փոխարէն կը նախընտրէր դիմել վարպետօրէն ընտրուած բառի մը, սրամիտ ակնարկութեան կամ պատկերի մը եւ այդքանով շատ բան ըսած կ՚ըլլար արդէն։

Որքան իր անձի մասին վերապահ, լուռ եւ անհաղորդ, նոյնքան նախանձախնդիր էր հանրային հարցերու հանդէպ։ Ամէն տեղ եւ ամէն պահու իր խօսակցութեան նախընտրած նիւթերն էին հայ ժողովուրդի, Հայաստանի եւ հայ մշակոյթի ճակատագրին հետ կապուած իրողութիւններ կամ ցանկութիւններ։ Վերջին շրջաններուն մանաւանդ, աչքերու տկարութեան պատճառով զրկուած ընթերցումի հնարաւորութենէն, անհամբեր կը սպասէր որ ընկերներ ու բարեկամներ լուրեր հաղորդեն կամ սիւնակ մը բան կարդան օրուան թերթերէն։ Իր անունին եկած նամակներէն մէկ կողմ դնել կու տար անոնք, որ անձնական բովանդակութիւն կրնային ունենալ եւ անհամբեր կ՚ուզէր որ բանային Ճեմարանի հետ կապ ունեցողները.
– Էդ հէ՛չ, մէկ կողմ դիր, բա՛ց էս մէկը, կարող է մէջը չէք լինել Ճեմարանի համար։

Եւ երբ կարեւոր գումարի մը շօշափելի փաստաթուղթը կամ խոստումը ելլէր նամակին մէջէն, իբրեւ նուէր իր գլխաւորած հաստատութեան, Վրացեանի դէմքը կը լուսաւորուէր կարծես։ Նոյն լուսաւոր ժպիտը կը գծագրուէր իր խորշոմներուն մէջ ամէն անգամ որ ազգային պատուաբեր գործի մը կամ յաջողութեան մը համար լուրը հաղորդուէր իրեն։

Հանրային ու կուսակցական կեանքով ապրող հին գործիչ՝ ոչ միայն անկարող էր անտարբեր մնալու այն բոլոր նոր երեւոյթներուն հանդէպ, որոնք խորթ կը թուէին իրեն, այլ նաեւ յաճախ կը դառնար յարձակողական։ Աններող դաժանութեամբ կը ձաղկէր ինչ որ բարոյական սայթաքում կամ հանրային գործերու մէջ անբարեխղճութիւն կը թուէր իրեն։ Կրնայ ըլլալ որ կրքոտ էր իր վերաբերումին մէջ եւ երբեմն միակողմանի էին իր դատումները, բայց ինք միշտ հետեւողական մնաց իր դաւանած սկզբունքներուն։ Ծառայութեան եւ նուիրումի անշահախնդիր ոգին էր այն միակ չափանիշը, որով կը դատէր մարդիկը եւ ըստ այնմ ալ կը կապուէր անոնց։ Իր հոգեկան խզումը վերջնական եւ ամբողջական կը դառնար անոնցմէ, որոնց գործն ու կեանքը իր աչքին դատապարտելի կ՚երեւէին հանրային ու կուսակցական տեսակէտէն։ Անձնական հաշիւներ չունէր ոեւէ մէկուն հետ։ Կողմնակիցներ սիրաշահելու, բարեկամութիւններ չկորսնցնելու կամ առնուազն հակակրողներ չստեղծելու դիւանագիտութիւնը անծանօթ մնաց իրեն։ Այն աստիճան, որ ոմանք ղեկավար մարդու թերութիւն նկատեցին իր բիրտ անկեղծութիւնը։

Ըսի արդէն, թէ Ս. Վրացեան ապրելու իւրայատուկ ոճ ունէր.– նկարագրային շիտակութիւնը իր համակրանքներուն հիմնական զսպանակը կազմեց։ Եւ սիրածներուն հանդէպ պահեց ամբողջական ու յարատեւ բարեկամութիւն։

Դժբախտ արկածի մը հետեւանքով, սրունքը կոտրած, երբ փոխադրեցին Ամերիկեան հիւանդանոց, գլխաւոր բժիշկը ընդհանուր քննութենէ անցընելով զինք, ի միջի այլոց, կը հարցնէ.
– Տեսողութիւննիդ ինչպէ՞ս է, լաւ կը տեսնէ՞ք։

Ս. Վրացեան, սաստիկ ցաւերու մէջ, չի կորսնցներ բնաւ իր զուարթախօսութիւնը եւ կ՚ըսէ.
– Եթէ սիրած մարդս ըլլայ՝ հեռուէն իսկ լաւ կը տեսնեմ, իսկ եթէ չսիրած մարդուս հանդիպիմ, դիմացս ալ կենայ՝ չեմ տեսներ։

Բժիշկը կը զարմանայ ութսունհինգամեայ ծերունիին պայծառամտութեան վրայ եւ լիաթոք կը ծիծաղի։ Այս խօսքը պարագայական սրամտութիւն մը չէր միայն, այլ կը բնորոշէր ամբողջ մարդը։ Իսկապէս այդպէս էր Վրացեան իր խառնուածքով։ Ճիշդ ատոր համար ալ ամէնուն սիրելին ու բարեկամը չեղաւ որեւէ ատեն։
ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ 23
»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝