Յայտարարութիւն

Monday, July 20, 2009

ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ-ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ 24

Սիրելի Ընթերցող, Խոստացած էինք ՄԵԾ ՀԱՅՈՒ մը վկայութիւնները հրապարակել ՀԱՅ ՄԵԾԵՐՈՒ մասին: Ստորև, ամենօրեայ դրութեամբ, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ մաս մը Մուշեղ Իշխանի հետաքրքրական վկայութիւններէն հայերու, որոնք անկիւնադարձեր ապահոված են ու նոր էջեր բացած հայոց գրականութեան, թէ քաղաքական պատմութեանց մէջ: Մուշեղ Իշխան, ինչպէս ինք կ՜ըսէ, եղաւ այն քիչերէն որոնք բաղդը ունեցան աշակերտելու հինգ ՄԵԾ ՀԱՅԵՐՈՒ յանձինս Յակոբ Օշականի, Լևոն Շանթի,Նիկոլ Աղբալեանի,Նիկողայոս Ադոնցի, Կոստան Զարեանի և գործակցելու երկու ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հետ՝ յանձինս Սիմոն Վրացեանի և Վահան Թէքէեանի: Յուսամ ես ալ կարենամ օր մը իմ սրտիս պարտքը տալ գրելով ՄԵԾՆ Մուշեղ Իշխանի մասին որուն բաղդը ունեցած եմ աշակերտելու չորս տարի : «Իմ Ուսուցիչներս» հրատարակուած է 1984 ին, Պէյրութ:
Նշան Պասմաճեան
՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝
Դժբախտութիւններու եւ դառնութիւններու մռայլ մթնոլորտին մէջ մինչեւ վերջին շունչը Ս. Վրացեան յաջողեցաւ պահել բացառիկ այն հիւմուրը, որ իր նկարագրին ինքնայատուկ գիծերէն մէկն էր։ Դժուար է այսօր վերյիշել ու վերարտադրել զուարթախոհ զրոյցներու ընթացքին արտայայտած նուրբ սրախօսութիւնները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը հիւսուած կը մնայ որոշ պահի մը, դէպքի մը կամ անձի մը պարագային հետ։ Բացէք իր «Կեանքի Ուղիներով» յուշագրութիւններուն վեց հատորները, որոնց գրեթէ բոլոր էջերը կը կրեն Վրացեանի ինքնեկ զուարճախօսութեան լուսաւոր դրոշմը։ Վրացեան նոյն հեգնաժպիտ կեցուածքը ունէր ոչ միայն իբրեւ գրչի մարդ, այլ նաեւ իբրեւ պարզ անցորդ առօրեայ կեանքի ուղիներէն։
– Ուէլ...
Միակ անգլերէն բառն էր, որ ժառանգ մնացած էր իր լեզուին, Ամերիկայէն դարձին։ Եւ այդ բառը կը դառնար ընդհանրապէս յառաջաբան կատակախառն իր խօսքերուն։
– Ուէլ, լաւ կը լինի, հարիւր տարի ետք ամէն ինչ լաւ կը լինի։

Կը յիշեմ, հիւանդանոցին մէջ դարձեալ, պաղարիւն եւ անայլայլ պառկած էր անկողնին մէջ եւ հանդարտ կը սպասէր բժիշկներու վճռին։ Ցաւի ոչ մէկ հառաչանք, ոչ մէկ գանգատ բախտին դէմ։ Կարծես ուրիշ մէկուն կը պատկանէր կոտրած սրունքը եւ ինք հոն ըլլար՝ ուրիշը մխիթարելու համար։ Ուշադրութեամբ կը հետեւէր զինք շրջապատողներու խօսակցութեան եւ երբեմն-երբեմն կը միջամտէր սրամիտ բառով մը։ Բժիշկներէն մին քաջալերանքի խօսք մը փորձեց արտասանել եւ ըսաւ.
– Հոգ մի ընէք, պրն. Վրացեան, գործողութիւնը յաջող կ՚անցնի եւ ամէն ինչ լաւ կ՚ըլլայ կրկին։
– Հոգ չեմ ըներ։ Գիտեմ թէ լաւ կ՚ըլլայ, հարիւր տարի ետք ամէն ինչ լաւ կ՚ըլլայ...

Ցաւի եւ նեղութիւններու հանդէպ երեւան եկող ստոյիկեան իր վերաբերումը չնահանջեց նաեւ մահուան մռայլ շուքին առջեւ։ Չէր սիրեր բնաւ խօսիլ մահուան մասին եւ գուցէ նաեւ չէր սիրեր մտածել։ Մինչեւ վերջին վայրկեանը իր բոլոր մտածումները կառչած մնացին կեանքի հարցերուն։ Հաշիւները փակած եւ պայուսակները կապած ճամբորդի տրամադրութիւնը խորթ էր իրեն համար։ Գիտէր թէ մահը անխուսափելի վախճանն է կեանքին, գիտէր նաեւ թէ պիտի չուշանայ անոր այցելութիւնը, բայց ատիկա ոչ ողբերգութիւն էր, ոչ ալ առօրեայ մղձաւանջ։ Հիւանդանոցէն ելլելէ ետք 8-9 ամիս անկողին գամուած մնաց, Ճեմարանի իր սենեակին մէջ։ Սպառեցաւ շիթ առ շիթ եւ ի վերջոյ մարեցաւ իւղասպառ կանթեղի մը նման։ Այս շրջանին ամէն օր հաւատարիմ այցելուներ ունէր, որոնք քովը կ՚երթային՝ կա՛մ էջ մը բան կարդալու իրեն կամ հետը զրոյց ունենալու։ Անոնք բոլորն ալ կրնան վկայել, թէ չարչարանքի ահաւոր այդ ամիսներուն Ս. Վրացեան պահեց մեծ մարդու իր արժանիքները – հոգեկան կորով, իմացական պայծառութիւն, ազգային եւ ընդհանրական շահագրգռութիւններ։ Ամէնէն տկար եւ տանջալից վիճակին մէջ անգամ գիտցաւ մէկ կողմ նետել իր եսը եւ ապրիլ հայ ժողովուրդի ճակատագրին հետ առնչուած հարցերով։ Նուաղուն ձայնով արտասանել փորձած բառերը կը վերաբերէին մեծ մասամբ Ճեմարանի եւ «Համազգային»ի գործերուն։ Իսկ եթէ երբեմն շեղէր եւ անձնական ցանկութիւն մը արտայայտէր, խնդրոյ առարկան հրատարակելի իր գիրքերն էին։ Վերջին շրջանին աճապարանք մը ունէր։ Աչքերը յաւիտենապէս չփակած՝ կ՚ուզէր լոյս ընծայել երկու հատոր եւս, որոնց ձեռագիրները պատրաստ էին։ Ատոնցմէ մէկը՝ «Անձինք Նուիրեալք» տպարան յանձնուեցաւ Վրացեանի կենդանութեան, բայց լոյս տեսաւ յետ մահու, իսկ միւսը՝ Հայ Դատին նուիրուած հատոր մը կը մնայ դեռ անտիպ։

Վրացեան արտակարգ աշխատունակութեամբ օժտուած մէկն էր։ Այն բացառիկներէն, որոնք կրնան ժամեր շարունակ նստիլ գրասեղանին առջեւ եւ ստեղծագործել։ Բարձրորակ մտաւորական, բարեխիղճ եւ բազմահմուտ ուսումնասիրող, նոյն ատեն օժտուած իր գրական-գեղարուեստական բնածին շնորհներով։ Իր «Կեանքի Ուղիներով» գործին վեց հատորները այս իրողութեան լաւագոյն ապացոյցը կը կազմեն։ Քանի մը գիծով կենդանի տիպարներ նկարելու կարողութիւնը, ժուժկալ բայց գունագեղ լեզուն, պատկերացումներու յստակութիւնը եւ զուարթաբան ոճը իր յուշագրութիւններուն ընծայեցին գրական այնպիսի երանգաւորում մը, որ հմայեց ընթերցող հասարակութիւնը։ Ճիշդ այդ պատճառով ալ Վրացեանի այդ հատորները, Ռուբէնի, Արմէն Գարոյի եւ Մալխասի գործերուն պէս, դարձան ամէնէն աւելի փնտռուած հրատարակութիւնները վերջին տասնամեակին։

Վրացեանի մեծագոյն ցաւը եղաւ աշխատելու կարելիութենէն զրկուիլը՝ աչքերուն աստիճանական տկարացման հետեւանքով։ Եւ ասիկա միակ տառապանքն էր, զոր չէր քաշուեր երբեմն արտայայտելու։
– Անտանելի բան է անզբաղ այս վիճակը. կարենայի՜ գոնէ մի քիչ գրել...

Սկիզբը, երբ դադրեցաւ կարդալէ, կրնար տակաւին ծուռիկ-մուռիկ գրել անգիծ թուղթերու վրայ։ «Կեանքի Ուղիներով» շարքին առաջին հատորները այդ ձեւով վերամշակեց եւ ամբողջացուց։ Սակայն եկաւ ատեն մը, երբ ուրիշի աչքերուն կարօտ մնաց՝ թէ՛ կարդալու եւ թէ երկու տող բան գրել կարենալու համար։ Կարճ նամակներն անգամ ստիպուած էր թելադրել։

Աշխատանքը սակայն կեանքին իմաստը կը կազմէր։ Եւ Վրացեանի միտքը չդադրեցաւ աշխատելէ մինչեւ մահ։ Զարմանալի գործիք մըն էր այդ միտքը – մշտարթուն, ճշգրիտ եւ պայծառատես։ Խոր ծերութեան մէջ եւ ուժաքամ մարմնով պահեց թէ՛ իր դատողութեան ոյժը եւ թէ յիշողութեան պայծառութիւնը։

Կամքի բացառիկ զօրութիւնը, իր միակ յենարանն էր ու անթացուպը, չընկրկեցաւ երբեք կուրացող աչքերու խաւարին առջեւ։ Քառորդ աչքի շա՜տ աղօտ տեսողութեամբ Ս. Վրացեան վերամշակեց եւ վերահրատարակեց «Հայաստանի Հանրապետութիւն» մեծածաւալ գործը եւ այլ բազմաթիւ հատորներ, որոնք ծանօթ են մեր հասարակութեան։ Գրող մարդու գոհունակութիւնն ու հրճուանքը զգալի կը դառնար Վրացեանի շարժումներուն մէջ, ամէն անգամ որ տպարանէն կը բերէին լոյս տեսնող գործին աւարտած մէկ նմոյշը։ Այնուհետեւ, իր մեծագոյն հաճոյքն էր բոլո՛ր բարեկամներուն ու ծանօթներուն ձօնագրուած նուէրներ բաժնել։ Գիրքերու մնացած պահեստով չէր հետաքրքրուեր անգամ։ Կը բաւէր որ «Համազգային»ի գրախանութէն իրեն ըսէին, թէ բաւականաչափ ծախուած է եւ նոր հատոր մը հրատարակելու գումար գոյացած։ Անմիջապէս կը ձեռնարկէր նորի պատրաստութեան։

Աշխատասիրութեան տեսակէտէն Լ. Շանթ եւ Ս. Վրացեան նման էին իրարու։ Սա տարբերութեամբ որ Շանթ կը սիրէր կանոնաւորութիւնը եւ ունէր աշխատանքի իր ժամերը, մինչդեռ Վրացեան կրնար որեւէ պահու նստիլ սեղանին առջեւ եւ օրերով փակուած մնալ սենեակը. կրնար նաեւ աշխատանքի շատ ժամեր զոհել ընկերական յարաբերութիւններու կամ հանրային ձեռնարկներու համար։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ 24
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝