Յայտարարութիւն

Tuesday, July 21, 2009

ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ-ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ 25

Սիրելի Ընթերցող, Խոստացած էինք ՄԵԾ ՀԱՅՈՒ մը վկայութիւնները հրապարակել ՀԱՅ ՄԵԾԵՐՈՒ մասին: Ստորև, ամենօրեայ դրութեամբ, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ մաս մը Մուշեղ Իշխանի հետաքրքրական վկայութիւններէն հայերու, որոնք անկիւնադարձեր ապահոված են ու նոր էջեր բացած հայոց գրականութեան, թէ քաղաքական պատմութեանց մէջ: Մուշեղ Իշխան, ինչպէս ինք կ՜ըսէ, եղաւ այն քիչերէն որոնք բաղդը ունեցան աշակերտելու հինգ ՄԵԾ ՀԱՅԵՐՈՒ յանձինս Յակոբ Օշականի, Լևոն Շանթի,Նիկոլ Աղբալեանի,Նիկողայոս Ադոնցի, Կոստան Զարեանի և գործակցելու երկու ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հետ՝ յանձինս Սիմոն Վրացեանի և Վահան Թէքէեանի: Յուսամ ես ալ կարենամ օր մը իմ սրտիս պարտքը տալ գրելով ՄԵԾՆ Մուշեղ Իշխանի մասին որուն բաղդը ունեցած եմ աշակերտելու չորս տարի : «Իմ Ուսուցիչներս» հրատարակուած է 1984 ին, Պէյրութ:
Նշան Պասմաճեան

՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝
Իբրեւ հանրային ու քաղաքական մտածող՝ Ս. Վրացեան ընդունակ էր առօրեայէն վեր բարձրանալու եւ հատուածական շրջանակի նեղ սահմաններէն անդին անցնելու։ Այս տեսակէտէն՝ մտածումի իր ճկունութիւնը եւ հայեացքին լայն շրջագիծը մօտէն կը յիշեցնէին Ն. Աղբալեանը։ Անոր պէս, ինք եւս ամբողջական հայն էր իր հոգեբանութեամբ։ Ոչ արեւելահայ, ոչ արեւմտահայ, այլ միայն հայ, որ ինքզինք հարազատ կը զգայ մեր ժողովուրդի երկու հատուածներուն մէջ ալ։ Պէյրութ բնակած աւելի քան տասնութ տարիներուն ընթացքին ո՛չ մէկ անգամ նախասիրական արտայայտութիւն ունեցաւ հայութեան մէկ կամ միւս թեւին հանդէպ։ Հայոց մշակոյթի, հայրենիքի եւ Հայ Դատի անբաժանելիութեան մասին իր ունեցած ըմբռնումը եւ սնուցած սէրը մնացին միշտ ամբողջական։ Լեզուն անգամ խոշոր չափով մը բարեխառնուած էր արեւմտահայ լեզուի տարրերով։

Նոյն լայն մտածողութիւնը երեւան կը բերէր քաղաքական հարցերու հանդէպ։ Հայաստանի հետ մօտէն կամ հեռուէն կապ ունեցող արտաքին բոլոր ուժերը իրեն համար նոյնն էին եւ կ՚արժէքաւորուէին այն չափով որ կրնային նպաստ բերել մեր դատի բարւոք լուծման։ Ճիշդ այս պատճառով, իր գրչով, խօսքով ու գործով կը մնար միշտ մեր գործիչներու ամէնէն հանդուրժելիներէն եւ լայնախոհներէն մէկը, զերծ ուխտեալ համակրանքներէ եւ մոլեռանդ ատելութիւններէ։ Իր տեսութիւնները, անաչառ քննադատութիւնները ու պատմական ըմբռնումները լաւագոյն վկայութիւնը կը կազմեն այս իրողութեան։

*
* *
Վրացեանի տարիքն ու դիզած գրչի վաստակը ամէն իրաւունք կու տային իրեն արդար հանգիստի մը։ Մահէն առնուազն հնգամեակ մը առաջ խղճի կատարեալ հանդարտութեամբ կրնար ձեռնթափ ըլլալ բոլոր գործերէն եւ ըսել.– «Ես կատարեցի իմ պարտքս աւելիով»։ Վրացեան այն բացառիկ տիպարներէն էր սակայն, որոնց կարծես չի պատշաճիր «ծերունազարդ» մակդիրը։ Մտածումին թարմութիւնը եւ գործի սէրը զինք երիտասարդ պահեցին մինչեւ վերջ։ Զարմանալի թուի թերեւս, եթէ պնդեմ, թէ իր բազմակողմանի հետաքրքրութեանց կորիզը գրականութիւնն էր խորքին մէջ։ Տարիները քաղաքական եւ հանրային գործերով սպառած այս մտաւորականին «գաղտնի սէրը» գեղեցիկ դպրութիւնն էր, որուն հանդէպ պահեց երկիւղած հիացում։ Ափսո՜ս սակայն, որ աչքերուն սպառող լոյսը տարուէ տարի զինք զրկեց գեղարուեստական երկեր ըմբոշխնելու կարելիութենէն։ Ինչպիսի՜ կարօտով ու գուրգուրանքով ձեռքերուն մէջ կ՚առնէր Հայաստան կամ արտասահման տպուած բանաստեղծութեան եւ պատմուածքներու հատորներ, կը շօշափէր, կը թերթատէր ու կը դնէր սեղանին վրայ։ Անպայման գնել կու տար հատ մըն ալ իրեն համար։ Յուզիչ էր գիրք ունենալու իր ցանկութիւնը, երբ որոշապէս յայտնի էր թէ պիտի չկարենար կարդալ զայն։ Այսուհանդերձ բուռն փափաքը վառ կը մնար իր մէջ՝ հաղորդուելու հայ մտքի նորագոյն ստեղծագործութիւններուն հետ։

Այս հպարտ եւ ուժեղ մարդը ինչպէս իր հոգին, այնպէս ալ իր մարմինը գիտցաւ պահել ուղղաձիգ՝ կեանքի բոլոր ճամբաներուն վրայ։ Ոչ ոք զինք կրցած է տեսնել կորաքամակ կամ խեղճացած։ Ոչ ոքի աջակցութեան կամ յենարանին պէտք ունէր մինչեւ իսկ այն օրերուն, երբ սրունքները կը կթոտէին արդէն։

Այսուհանդերձ ինք յենարան դարձաւ շատերուն։ Արտաքնապէս անհաղորդ եւ պաղ՝ Ս. Վրացեան բուխսիրտ ըլլալու չափ մարդկային էր եւ կարեկից։ Աշխատաւոր ու աղքատ դասակարգին հետ էր ամբողջ հոգիով եւ ոչ թէ լոկ ընկերվարական տեսութիւններու ճամբով։ Մտքէն առաջ սիրտն էր խօսողը՝ աղքատին, թշուառին եւ անպաշտպանին հանդէպ։ Քանի՜ քանի օրինակներ կարելի է յիշել Վրացեանի բարեսէր արարքներէն, որոնք սակայն մօտիկ գործակիցներուն միայն ծանօթ կը մնան։ Կ՚օգնէր լուռ ու գաղտնի, իր համեստ ամսականին յետին դահեկանները բաշխելով։ Եթէ միայն իրեն մնար՝ քանի մը տարուան ընթացքին Ճեմարանը ընդունակ էր լեցնելու ձրիավարժ սաներով։

– Ի՞նչ անենք, հայ մանուկը փողո՞ց ձգենք, չէ՞ք տեսնում ինչպէս մղկտում է մայրը, կարո՞ղ է նա փող վճարել։ Տէ՛, արձանագրեցէք, Աստուած մեծ է, մի բան կ՚անենք...

Ու այսպէս, ով որ քովը մտնէր եւ քիչ մը լար, պարապ ձեռքով դուրս չէր ելլէր։ Բացի ձրի արձանագրութենէն՝ ոմանք մինչեւ իսկ գիրքերու եւ տետրակի դրամ ալ կը փրցնէին Ճեմարանի տնօրէնի գրպանէն։ Եւ ամէն ոք ազատ մուտք ունէր իր քով։

Անգամ մը երբ դարձեալ Վրացեան կը պնդէր թէ իբրեւ անվճար սան ընդունինք չեմ յիշեր ո՛ր թաղէն եկած կնոջ մը զաւակը, մեզմէ մէկը դիտել տուաւ.
– Բայց, պրն. Վրացեան, այդ կինը կը խաբէ թէ՛ ձեզ եւ թէ հաստատութիւնը։ Չէ՞ք տեսներ թեւին վրայ քանի ոսկի ապարանջան շարած է։
Ս. Վրացեան վայրկեան մը շփոթած լռեց, ապա դառն շեշտով մը ըսաւ.
– Կարող է պատահել որ խաբէ, բայց ես պարտաւոր եմ հաւատալ, եթէ հայ մայր մը դիմացս կեցած կու լայ եւ կը պնդէ թէ կարող չէ կրթաթոշակ վճարել։ Կարեւորը հայ մանուկ մը աւելի փրկելն է...

Ճեմարանի տնօրէնը նոյն սրտցաւ զգացումները ունէր նաեւ իր ուսուցիչներուն հանդէպ։ Գիտէր անոնցմէ իւրաքանչիւրին անհատական եւ ընտանեկան դժուարութիւնները, կը հետաքրքրուէր մանրամասնութիւններով եւ կը ջանար ձեւով մը թեթեւցնել անոնց բեռը։

Կը յիշեմ, այս ուղղութեամբ իր թափած ջանքերու շարքին, յանդուգն ծրագիր մը, որ ջուրը ինկաւ պարզապէս ուսուցիչներու անվճռական կեցուածքին պատճառով։ Վրացեանի տնօրէնութեան առաջին տարիներն էին եւ ինք խղճահար զգացումներով հաղորդակից կը դառնար ուսուցիչներու նիւթական նեղ կացութեան։ Օր մը իր քով կանչեց հին ու մնայուն ուսուցիչներէն քանի մը հոգի, եւ ըսաւ.
– Լսեցի թէ քաղաքին արուարձաններուն մէջ աժան գինով հողեր կը վաճառուին։ Էդ հողերը լաւ ապագայ կ՚ունենան։ Գտէք խոշոր հող մը եւ մի տան բաւող կտորներով բաժնուեցէք ձեր մէջ։ Վճարի կարգադրութիւնը ինձ ձգեցէք։ Ձեր էնտամնիթէների հաշուին մի գումար յուսամ կը ճարենք Ամերիկայէն։

Ուսուցիչներս ոգեւորուեցանք ի հարկէ, շրջապտոյտներ կազմակերպեցինք, հողը գտնուեցաւ ծովահայեաց լաւ դիրքի վրայ, շատ նպաստաւոր գինով, բայց գնումը չիրագործուեցաւ։

Ձախողանքին պատասխանատուն մենք էինք, մեր անգործնական, տատանող եւ անհեռատես կեցուածքով։

Ամէն անգամ որ առիթը ներկայանար՝ Վրացեան այս պարագան կը յիշեցնէր հեգնանքով.
– Դուք մարդ չէք լինի։ Եթէ էն ժամանակ հողը գնած լինէիք, հինգ հազարի փոխարէն ձեզմէ ամէն մէկը այսօր կ՚ունենար հարիւր յիսուն հազար։
Բացարձակապէս ճիշդ էր դատողութիւնը։
Յիշատակեցի այս դէպքը միայն ցոյց տալու համար Վրացեանի անանձնական շահագրգռութիւններուն ցայտուն մէկ օրինակը։

Ս. Վրացեանի ազգային-քաղաքական մեծագոյն ցանկութիւնը եղած է, ամէն բանէ առաջ, հայ ժողովուրդի տարագիր բոլոր բեկորները հաւաքուած տեսնել հայրենի հողին վրայ։

Տարի մը, երբ դեռ ինք ի վիճակի էր տեսչարանի աթոռին նստած լուռ ու երկա՜ր խոկալու, ներս առաջնորդեցի Հայաստանէն եկած պատմաբան դասախօսներու խումբ մը, որոնք փափաք յայտնած էին Ս. Վրացեանը տեսնելու՝ Ճեմարան իրենց այցելութեան ընթացքին։ Յուզիչ էր հանդիպումը։ Երիտասարդ պատմաբանները մասնաւոր սիրալիրութեամբ սեղմեցին Վրացեանի ձեռքը եւ անոնցմէ մէկը ըսաւ.
– Շա՜տ ուրախ ենք այս հանդիպումին համար. մենք ձեր գիրքերը յաճախ ենք օգտագործում։
Զրոյցը երկարեցաւ հայրենի երկրի եւ Սփիւռքի ազգային կեանքին հետ կապուած հարցերուն շուրջ։ Վերջաւորութեան հիւրերէն մէկը դարձաւ Ս. Վրացեանին եւ ըսաւ.
– Ի՞նչ պատգամ կ՚ուզէիք տալ հայ ժողովուրդին, իբրեւ վաստակաշատ մտաւորական գործիչ։
Վրացեան պահ մը լուռ մնաց, ապա իր խռպոտ ձայնով աղօթքի պէս հատիկ-հատիկ արտասանեց.
– Կը մաղթեմ, որ աշխարհի բոլո՜ր անկիւնները ցրուած հայութիւնը ամփոփուի մեր հայրենի հողերուն վրայ, դառնայ մէկ սիրտ ու մէկ հոգի եւ շէնցնէ Հայաստանը։
Յայտնապէս յուզուած՝ հայրենի երկրէն եկած հիւրերը մեկնեցան խոր տպաւորութեան տակ։
Ս. Վրացեանի մահով հայ կեանքի հորիզոնէն անհետացաւ ոչ միայն անձնուէր ազգային գործիչ մը, քաղաքական ու պետական փայլուն դէմք եւ շնորհալի գրող մը, այլ նաեւ զօրեղ անհատականութեան տէր շատ ինքնատիպ մարդ մը, որուն հոգին լի էր թաքուն գանձերով։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ 25


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝