Յայտարարութիւն

Thursday, July 23, 2009

ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ - ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ 26

Սիրելի Ընթերցող, Խոստացած էինք ՄԵԾ ՀԱՅՈՒ մը վկայութիւնները հրապարակել ՀԱՅ ՄԵԾԵՐՈՒ մասին: Ստորև, ամենօրեայ դրութեամբ, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ մաս մը Մուշեղ Իշխանի հետաքրքրական վկայութիւններէն հայերու, որոնք անկիւնադարձեր ապահոված են ու նոր էջեր բացած հայոց գրականութեան, թէ քաղաքական պատմութեանց մէջ: Մուշեղ Իշխան, ինչպէս ինք կ՜ըսէ, եղաւ այն քիչերէն որոնք բաղդը ունեցան աշակերտելու հինգ ՄԵԾ ՀԱՅԵՐՈՒ յանձինս Յակոբ Օշականի, Լևոն Շանթի,Նիկոլ Աղբալեանի,Նիկողայոս Ադոնցի, Կոստան Զարեանի և գործակցելու երկու ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հետ՝ յանձինս Սիմոն Վրացեանի և Վահան Թէքէեանի: Յուսամ ես ալ կարենամ օր մը իմ սրտիս պարտքը տալ գրելով ՄԵԾՆ Մուշեղ Իշխանի մասին որուն բաղդը ունեցած եմ աշակերտելու չորս տարի : «Իմ Ուսուցիչներս» հրատարակուած է 1984 ին, Պէյրութ:



Նշան Պասմաճեան



`````````````````````````````````````````````````````````````````````````````````````





ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆ


Լուր տարածուեցաւ, թէ Կոստան Զարեան Պէյրութ պիտի գայ եւ մնայ բաւական երկար շրջան մը։
Մեր՝ երիտասարդ գրողներուս հետաքրքրութիւնը շատ վառ էր։ Լսած էինք իր անձի տարօրինակութիւններուն եւ իր կենցաղի զարտուղի ընթացքի մասին, բայց Զարեանի գրականութիւնը բոլորիս հիացումին առարկան էր։ Կարդացեր էինք իր բանաստեղծութիւններու առաջին հաւաքածոն՝ «Օրերի Պսակը» եւ յաճախ գոց կ՚արտասանէինք անկէ առնուած տողեր ու հատուածներ.
«Ուզում եմ լինի իմ երգս խոնարհ
Ինչպէս կտոր հաց
Սեղանի վրայ աշխատաւորի...»

Հապա՞ «Ասացուածք»ները՝ Պ. Դուրեանի գերեզմանին վրայ կամ կախաղան բարձրացողի համար, նուիրուած Գ. Բարսեղեանի յիշատակին.
«Մի հրեշտակ թեւն է կոտրել քաղաքում,
ու վայր է ընկել մի հրեշտակ
քաղաքում,
ուր զանգ-զանգ սարսափավանկ
մի ահազանգ
սղոց է շարժում ուղեղներում։
Ե՛լ, տղաս ե՛լ,
երբ սիրտդ հանեն
տան,
տանեմ տամ քո մօրը վշտին ահաւոր»։

«Տատրագոմի Հարսը» եկած էր նոր փառապսակ մը աւելցնելու Զարեանի ճակտին։ Դիւցազնաշունչ մե՛ծ պոէմը, ուր «Հայոց լեռների վրայ շրջում էին աստուածները բարկացած», ուր Սանան, տաք հացի նման, հարց կու տար շարունակ. «Ես սիրեցի, մե՞ղք է սիրել, եւ ուր ֆետայիին դաշոյնը արիւն կը քամէր սիրողի սրտէն...»։
Կ. Զարեան հմայած էր մեզ իր ինքնատիպ եւ հզօր անհատականութեամբ, որոնող եւ անհանդարտ մտածողութեամբ, իր պատկերաւոր ոճով՝ միշտ հետամուտ նորութիւններ ստեղծելու, իր հրավառ բառերու կախարդանքով.
«Մի խաբուիք, ըսած էր անգամ մը Օշական դասարանին մէջ, երբ իրեն աշակերտ էի. Զարեան բառերու կախարդ մըն է պարզապէս»։


Բառերու կախարդ կամ խորհուրդներու որսորդ՝ Զարեանի հարուստ խառնուածքը տիրապետող ներկայութիւն մըն էր Սփիւռքի գրականութեան մէջ։ Բնութիւնը մարդկայնացնելու եւ պատկերներու շքեղ հանդէսներ սարքելու իր մեծ կարողութիւնը բաւարար էր որ ան զատուի այլ գրողներու կարաւանէն եւ լեռնանայ՝ երկրէ երկիր զինք տանող նաւուն վրայ։


Այդ նաւը Զարեանը կը բերէր ահա Պէյրութի նաւահանգիստը, չեմ գիտեր ո՛ր հովերէն առաջնորդուած։ Ու մենք, պէյրութահայ քանի մը գրողներս պարտականութիւն համարեցինք երթալ քարափ եւ զինք դիմաւորել։


Երբ նաւէն իջաւ՝ յարգանքով բոլորուեցանք շուրջը եւ խոնարհաբար տուինք մեր անունները, գրեթէ վստահ՝ որ մեզմէ ոչ մէկ տող կարդացած էր։ Զարեան մեզ բարեւեց ազնուաշուք իշխանի մը վայելչութեամբ եւ թատերական ժպիտ մը փորձեց արտայայտել դէմքին վրայ.
– Ուրախ եմ, ձեր անունները լսած եմ. երեւի առիթը կ՚ունենամ ձեր գրքերին էլ ծանօթանալու...
Ի՜նչ մեծ շնորհք... տարտամ խոստում մը միայն մեր գրածներուն ծանօթանալու, ինչ որ, վստահ եմ, չիրականացաւ բնաւ։ Մենք ո՞վ էինք, որ Մեծն Զարեանը իր բարձունքէն վար իջնէր եւ հետաքրքրուէր մեր գրածներով։


Իրմէ զատ գրող կա՞ր արդեօք ամբողջ հայ գրականութեան մէջ։ Օտար համբաւներու շարքին թերեւս իրեն հաւասարող մէկ-երկու անուններ ըլլային, բայց հայ գրականութիւնը աղքատ էր, ողորմելի, մեծատուն Զարեանի մեծ տաղանդին ողորմութեան կարօտ։


Նաւահանգիստէն մինչեւ պանդոկ, Կ. Զարեան մեզի խօսեցաւ այս իմաստով բաներ։ Խօսեցաւ առհասարակ հայ գրողներու տգիտութեան, տափակութեան եւ խեղճութեան մասին եւ աւելցուց, որ ինք չի կարդար հայ գրականութիւնը, իր ժամանակը թանկագին է, ինք կը ճամբորդէ յաճախ եւ նիւթեր ու ներշնչումներ կը քաղէ «տիեզերքէն»։
– Ինչպէ՞ս կրնաք դատել ուրեմն հայ գրողը,– ըսաւ հանգուցեալ Եդուարդ Պոյաճեան, գիւղացի տղու իր քիչ մը բիրտ պարզութեամբ։
Զարեան վերէն նայեցաւ գաճաճներուս խումբին ու չպատասխանեց։ Չէր արժեր պատասխանել։


ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ 23

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝