Յայտարարութիւն

Friday, July 24, 2009

ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ-ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ 27

Սիրելի Ընթերցող, Խոստացած էինք ՄԵԾ ՀԱՅՈՒ մը վկայութիւնները հրապարակել ՀԱՅ ՄԵԾԵՐՈՒ մասին: Ստորև, ամենօրեայ դրութեամբ, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ մաս մը Մուշեղ Իշխանի հետաքրքրական վկայութիւններէն հայերու, որոնք անկիւնադարձեր ապահոված են ու նոր էջեր բացած հայոց գրականութեան, թէ քաղաքական պատմութեանց մէջ: Մուշեղ Իշխան, ինչպէս ինք կ՜ըսէ, եղաւ այն քիչերէն որոնք բաղդը ունեցան աշակերտելու հինգ ՄԵԾ ՀԱՅԵՐՈՒ յանձինս Յակոբ Օշականի, Լևոն Շանթի,Նիկոլ Աղբալեանի,Նիկողայոս Ադոնցի, Կոստան Զարեանի և գործակցելու երկու ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հետ՝ յանձինս Սիմոն Վրացեանի և Վահան Թէքէեանի: Յուսամ ես ալ կարենամ օր մը իմ սրտիս պարտքը տալ գրելով ՄԵԾՆ Մուշեղ Իշխանի մասին որուն բաղդը ունեցած եմ աշակերտելու չորս տարի : «Իմ Ուսուցիչներս» հրատարակուած է 1984 ին, Պէյրութ:
Նշան Պասմաճեան
```````````````````````````````````````````````````````````````````````````````````````

Կ. Զարեան Պէյրութ ապրեցաւ մօտ երկու տարի, եթէ չեմ սխալիր՝ 1952-1954, իր ամերիկացի կնոջ եւ անկէ ունեցած զաւկին՝ Յովանի հետ։ Դժգոհ էր ամէն բանէ. դժգոհ էր օդէն, ուտելիքներէն, բնակարանէն, շրջապատէն, «բարեկամ»ներէն։ Կոստան Զարեանն էր ժամանած եւ լիբանանահայ գաղութին մէջ անհրաժեշտ ցնցումն ու շարժը տեղի չէին ունեցած։ Ի՜նչ ապերախտ եւ տգէտ ժողովուրդ... Եւ սակայն առաջին օրէն իսկ Զարեանը սիրով եւ յարգալից հիացումով շրջապատողներ չպակսեցան։

Քանի մը ունեւոր եւ գրասէր ընտանիքներ տեղ ճարեցին եւ Զարեանի բնակարանը կահաւորեցին անհրաժեշտ իրերով. հիւրասիրութեանց շարք մը ծայր տուաւ տունէ տուն, մեծ գրողը եւ իր ամերիկացի կողակիցը պատուելու համար։ Կ. Զարեան գոհ չէր։ Իր արժէքի հաւասար ու վայել չէին տեղի ունեցած օժանդակութիւններն ու պատիւները։ Եւ ինք երբեմն վիրաւորիչ ձեւով կը զգացնէր ասիկա։

Լսած էինք Կ. Զարեանի սահման չճանչցող մեծամոլութեան մասին. կարդացած էինք «Մենք» հանդէսի մէջ Վ. Շուշանեանի գրած կծու յօդուածը իր դէմ. հոն յայտնուած գաղափարները, թէեւ զայրոյթի շոգիով պղտոր, որոշ կենդանագիր մը կու տային Զարեանի անձէն։ Բայց լսելը ուրի՜շ, տեսնելը ուրիշ... Հիմա Զարեանը մեր դէմն էր, մեր մէջ, իր բարձր հասակով, սպիտակ բաշերը շարժող առիւծի գեղեցիկ գլխով եւ միշտ վերէն նայող իր ցուրտ արհամարհանքով։ Գեղեցիկ էր իբրեւ մարդ եւ աւելի տպաւորիչ պէտք է եղած ըլլար իր արտաքին տեսքը երիտասարդութեան։ Դժբախտաբար միշտ չէ որ արտաքին գեղեցկութիւնը կը ներդաշնակուի ներքինին հետ։ Կ. Զարեան մէկն էր, որուն հետ կարելի չէր բարեկամութիւն հաստատել, սրտակցիլ, մտերմանալ։ Ինք՝ ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վեր։ Օր մը «Ազդակ»ի խմբագրատունը նստած կ՚աշխատէի, երբ Կ. Զարեան ներս մտաւ եւ աթոռ մը գրաւեց սեղանին մօտ։ – Ինչպէ՞ս էք, պր. Զարեան,– հարց տուի քաղաքավարութեամբ։ – Լա՛ւ, լա՛ւ, էսօր աշխատանքի բաժինս լրիւ կատարել եմ, այժմ ման եմ գալիս քաղաքում։ Հարցական նայեցայ իրեն, մինչ ինքնագոհ մարդու անձնավստահութեամբ Զարեան շարունակեց. – Ամէն առաւօտ ժամը 5.30ին եմ վեր կենում եւ ժամը 6ին նստում սեղանիս առջեւ մի խոշոր բաժակ սուրճով։ Առանց դադարի աշխատում եմ մինչեւ 10ը։ Սրանից յետոյ ես ոչինչ չեմ անում։ Անհրաժեշտ է հանգիստ տալ ուղեղին։ – Այս սովորութիւնը երկա՞ր ատենէ ի վեր ունիք։ – Ես միշտ եմ այսպէս աշխատել,– ըսաւ Զարեան եւ ձեռքը նետեց սեղանիս վրայ գտնուող «Յուսաբեր»ներու ծրարին, որ տակաւին չէր բացուած։ Ես ուրախութեամբ իրեն տուի արտասահմանէն նոր հասած ուրիշ թերթեր ալ, որպէսզի զբաղի «յոգնած» հեղինակը։ Զարեան քակեց տրցակները, աջ ու ձախ դարձուց թերթերու էջերը եւ յանկարծ բարկութեամբ ձեռքէն նետեց զանոնք, բացագանչելով. – Տես է՛, քանի՞ թիւ են նուիրել Չարենցին... ես էստեղ լինեմ, Մերձ. Արեւելքում, եւ հայ թերթերը փոխանակ ինձմով զբաղելու, մեռած գացած Չարենցով են զբաղւում... Զարմացած էի։ Զարեանի խօսքերը գրեթէ անհաւատալի էին։ Եւ անհաւատալի թուին գուցէ նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իր անձը չեն ճանչցած։ Ինքնագոհ, իրենց եսով միայն լեցուած անձեր չեն պակսիր աշխարհի վրայ. պայման չէ որ մեծատաղանդ մէկը միշտ համեստ ըլլայ։ Բայց Կ. Զարեանի բարձրաթռիչ մեծամտութիւնը սահման չէր ճանչնար արուեստի եւ գրականութեան ոլորտներուն մէջ։ Ինքը միայն կար, ինքը միայն գիտէր, ինքը միայն կրնար կոթողական գործեր ստեղծել։ Ինչո՞ւ կ՚ուշանային արձանը կանգնելու...

Կ. Զարեանի անձին վանողական միւս գիծերը կու գային իր եսին պաշտամունքը ունեցող մարդու նկարագրէն։ Զինք բաւական մօտէն ճանչնալէ ետք, սկսեր էի իրաւունք տալ Օշականի ըսածներուն. «Զարեանի սիրտը մասնակից չէ իր գրականութեան, ինչ որ կը ստեղծէ՝ ուղեղով է»։ Կ. Զարեանի սիրտը մասնակից չէր նաեւ իր կեանքին եւ յարաբերութիւններուն։ Երբեմն յանկարծ բռնկող զայրոյթէ զատ (միշտ իր անձին հետ կապուած), ուրիշ յուզում չեմ տեսած անոր դէմքին վրայ եւ խօսքերուն մէջ։ Հարց կը ծագի բնականաբար, թէ ինչպէ՞ս ուրեմն Զարեան յաջողած է արուեստի հզօր գործերով ուրիշներու սիրտը շարժել։ Ո՞ւր պէտք է փնտռել բուն տաղանդը. ուղեղի՞ն թէ սրտին մէջ։ «Զա՛րկ սրտիդ, հոն է հանճարը» կը պատգամէ Ալ. տը Միւսէ։ Ուղեղ եւ սիրտ նոյն բանն է, կ՚ըսեն հոգեբանները։ Կարեւորը իրագործուած երկին արժէքն է եւ գեղեցկութիւնը։ Դերասաններ կան, որոնք բեմին վրայ հոգուով-սրտով կ՚ապրին իրենց դերը եւ այդպէս կը խաղան։ Կան նաեւ դերասաններ, որոնք առանց ապրելու նմանողաբար կը մտնեն տիպարի մորթին մէջ։ Ո՞րն է լաւը։ Կարեւորը, վերջին հաշուով, յաջողութիւնն է անկասկած։ Մնացեալը՝ ոճի խնդիր։

Կ. Զարեանի ապրելու, գործելու եւ գրելու ոճը «նմանողաբար» յաջողութիւն արձանագրող դերասանին ոճն է։ Մեծ տաղանդով իրագործուած ոճ անշուշտ. բառերու կախա՜րդ... Բայց գրականութիւնը՝ ուրիշ, կեանքը՝ ուրիշ։ Կեանքի բեմին վրայ կարծես թէ չէր քալեր Զարեանի տաղանդը։ Իր «նմանողութիւնները» շինծու բան մը ունէին, կեղծի տպաւորութիւն կը ձգէին։

Այսպէս՝ օր մը միասին կը գտնուէինք մտաւորական բարեկամի մը տունը։ Մեծ ու շքեղ դահլիճ, առատ հիւրասիրութիւն։ Ներկայ էին նաեւ Զարեանի ամերիկացի կինը եւ տղան։ Յայտնապէս Զարեան կը սիրէր ուտել եւ խմել։ Ախորժակով, առողջութեամբ կենսայորդ մարդ մըն էր։ Ես այն տպաւորութիւնը ստացայ, առաջին վայրկեանէն, որ իր ընթացքով եւ խօսուածքով Զարեան ինքը չէր, այլ ուրիշի մը դերը կը խաղար։ Մինչեւ վերջը ծռելով տանտիրուհիի ձեռքը համբուրեց նախ ու մնաց ոտքի. Է՜հ, կովկասեան սովորութիւն, մտածեցի։ Բոլոր տիկիններու եւ օրիորդներու նստելէն ետք միայն նստաւ։ Էհ, եւրոպական քաղաքավարութիւն, ըսի մտքէս։ Յատկութիւններ, որոնք կը պակսէին մեզի։ Ի՛նչ ընես, Թուրքիայէն փախած եւ արաբներուն մէջ մեծցած կիսակիրթ տղաք։ Ուշադրութեամբ կը հետեւէի Զարեանի շարժումներուն եւ խօսքերուն։ Զարմանալիօրէն թատերական էին անոնք։ Թատերականութիւնը «բեմական հարուածի» կը վերածուէր ամէն անգամ որ իր կինը ոտքի կ՚ելլէր՝ դահլիճի միւս անկիւնէն բաժակ մը բերելու կամ սիկարէթ մը առնելու համար։ Կ. Զարեան մեքենաբար ինքն ալ ոտքի կը կանգնէր եւ կը մնար այդպէս մինչեւ որ կինը կրկին տեղ գրաւէր աթոռին վրայ։ Սկիզբը կարծեցի, թէ իր ոտքի կանգնիլը պարզ զուգադիպութիւն է, պատահմունք։ Բայց երբ քանի մը անգամ կրկնուեցաւ նոյն շարժումը, նոր միայն ըմբռնեցի «Զարեանական» քաղաքավարութեան ամբողջ իմաստը։ Տխուր բան մը կար ցուցական այս արարքին մէջ։ Ես գիտէի, թէ Զարեան որքա՜ն բիրտ էր եւ որքա՜ն կոշտ ամերիկացի կնոջ հետ, երբ առանձին ըլլային։ Քանի մը անգամ առիթը ունեցած էի տեսնելու կնոջ արցունքները։ Ահա թէ ինչպէս։ Զարեան խնդրած էր ինձմէ, որ կնոջը հայերէն սորվեցնեմ։ – Ես չկարողացայ էս թանձրամիտին երկու բառ սովորեցնել. խնդրում եմ, որ դու պարապես նրա հետ, շաբաթը մի-երկու անգամ, գուցէ յաջողես մի քիչ կարդալ եւ խօսել սովորեցնել։ Կրնայի՞ մերժել. Զարեանի պէս հսկայ մըն էր խնդրողը։ Եւ յետոյ՝ նուիրական առաքելութիւն մը չէ՞ր միթէ ամերիկուհի մը հայութեան փարախը առաջնորդել... Զարեան այդ կինը տուն բերելով հանդերձ՝ չէր կրցած ազգին փարախէն ներս մտցնել։ Կինը կրնար «թանձրամիտ» ըլլալ, բայց թանձրամարմին չէր. ընդհակառակը չոր, ոսկրուտ, երկարահասակ ամերիկուհի մը՝ զուրկ կանացի հրապոյրներէ։ Զարեան ինչո՞ւ առեր էր զայն, ինչո՞ւ ձգեր էր առաջին կինը, երեք զաւակներու մայր դարձած ազնիւ եւ ազնուական հայուհի մը։ Ինծի ծանօթ չէին պարագաները։ Չար լեզուները կ՚ըսէին, թէ նիւթական ակնկալութիւնները մեծ դեր էին խաղացած Կ. Զարեանի այս երկրորդ ամուսնութեան մէջ։

Երբ սկսայ հայերէն դասերուն, իմ կոտրտած անգլերէնովս ուզեցի օգնութեան հասնիլ իրեն՝ կարգ մը օրէնքներ բացատրելու համար։ Խօսակցութեան ընթացքին հետզհետէ զգացի, թէ բարի կին մըն էր, բայց դժգոհ կամ դժբախտ։ Միջավայրը՝ խորթ, լեզուն՝ խորթ, ամուսինը՝ յոխորտ։ Երկու-երեք շաբաթ տեւող դասաւանդութեան փորձերը ապարդիւն անցան։ Կինը չէր սիրեր մեր լեզուն, հետեւաբար չէր սորվեր։ Այս դասերու ատեն քանի մը անգամ ներկայ էի Կ. Զարեանի անտաշ վերաբերումին՝ ամերիկացի կնոջ հանդէպ, որուն միակ մխիթարութիւնն էր նկարել։ Մինչեւ անգամ ցուցահանդէս տուաւ Պէյրութի սրահներէն մէկուն մէջ. իր նկարներուն գլխաւոր նիւթը ձիերն էին. կապոյտ ձիեր, կիսամութին ընդմէջէն դուրս խոյացող սպիտակ ձիեր, չար ոգիներու դէմ ծառացող արեան գոյն ձիեր... Այսպէս ուրեմն, Զարեան տունը ուրիշ մարդ էր, դուրսի աշխարհին մէջ՝ ուրիշ։ Տունը կրնար կնոջ վրայ պոռալ կառապանի մը պէս, իսկ հիւրասիրութեան դահլիճին մէջ անդադար ոտքի ելլել եւ խոնարհիլ կնոջը առջեւ...

* * * Լիբանան բնակութեան շրջանին Կ. Զարեան Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ ստանձնեց դասախօսի պաշտօն՝ աւանդելու համար «Հայ մշակոյթի պատմութիւն»։ Որքան գիտեմ՝ համալսարանը յօժարեցաւ հայագիտական այս դասընթացքը հաստատել, բայց մերժեց պատուագինը վճարել հաստատութեան պիւտճէէն։ Ազգայիններու ջանքերով կարելի եղաւ դուրսէն հայթայթել անհրաժեշտ գումարը։ Սիմոն Վրացեան դեռ նոր նշանակուած էր Ճեմարանի տնօրէն, Լ. Շանթի մահէն ետք։ Վրացեան եւ Կ. Զարեան հին բարեկամներ էին։ «Նաւը Լերան Վրայ» վէպի առաջին շքեղ հրատարակութիւնը իրագործուած էր Պոսթընի մէջ, 1943ին, Ս. Վրացեանի ջանքերով եւ Լեւոն Յակոբեանի մեկենասութեամբ։ Մասնաւոր ընտիր թուղթի վրայ տպուած յիսուն օրինակներէն մէկը հեղինակը նուիրած է Ս. Վրացեանին, հետեւեալ ձօնագրութեամբ. «Իմ սիրելի բարեկամ Ս. Վրացեանին, որի հետ այնքան նշանակալից օրեր ենք անցրել եւ պիտի անցընենք. -18-X-53, Բէյրութ»։ Արդարեւ Ս. Վրացեան այդ «նշանակալից օրերը» գործնապէս արժէքաւորեց Կ. Զարեանի տալով հիւր դասախօսի պաշտօն մը Ճեմարանի մէջ։ Կ. Զարեան պիտի ստանար մնայուն ուսուցիչներու յատուկ սակով ամսավճար եւ շաբաթը երկու անգամ, իրիկուան ժամը 4էն 5, պիտի աւանդէր «Արուեստի պատմութիւն» վերի դասարանի ուսանողներուն համար։ Զարեանի այս դասախօսութեանց կրնային ներկայ ըլլալ նաեւ ուսուցիչներ եւ հետաքրքրուող այլ ունկնդիրներ։

Կ՚ըսէին թէ Զարեան արուեստի պատմութեան եւ գեղագիտական հարցերու մեծ մասնագէտ է, որով դասախօսութիւնները կը խոստանային շատ հետաքրքրական ըլլալ։ Առաջին արձանագրուողնեէն մէկն ալ ես եղայ եւ առաջին դասին սպասեցի անհամբերութեամբ։ Լսարանը լեցուն էր ծայրէ ծայր։ Ս. Վրացեան ներս առաջնորդեց Զարեանը եւ ներկայացուց իբրեւ մեր գրականութեան հսկաներէն մէկը, նոյն ատեն փայլուն մտաւորական, որ իր սուղ ժամանակէն զոհելով յանձն էր առած դասախօսութեանց շարք մը տալ արուեստի պատմութեան մասին։ Ասիկա բարեբախտ առիթ մը նկատեց Ճեմարանի եւ Համազգայինի ընտանիքին համար եւ մաղթեց որ առաւելագոյնս կարենանք օգտուիլ Զարեանի մտքերէն։ Կ. Զարեան սեղանին առջեւ անցաւ անժպիտ, ծանր պարտադրանքի տակ ճզմուած մէկու մը չկամութեամբ եւ սկսաւ խօսիլ կմկմալով, բառերն ու նախադասութիւնները որոնելով։ Նկատած էի արդէն որ Զարեան պերճախօս չէր, կը խորհէի սակայն, թէ իր մասնագիտութիւնը հրապուրիչ ձեւով փոխանցելու ընդունակ է։ Զարեանի դասաւանդութիւնները չարդարացուցին իր մեծահամբաւ անունը։ Խօսելու դժուարութենէն աւելի ոգեւորութեան պակասն էր, որ տժգոյն, միօրինակ եւ ձանձրալի դարձուց անոր պահերը։ Զարեան շատ հաւանօրէն լաւ գիտէր նիւթը, բայց չէր գիտեր խանդավառուիլ։ Հազուադէպ ժպիտները դէմքին վրայ կը վերածուէին հեգնական արտայայտութեան։ Առաջին քանի մը դասերէն ետք ունկնդիրներու թիւը կէսի իջաւ։ Զարեան ստիպուած էր շարունակելու եւ չէր ալ հետաքրքրուեր ներկաներով։

Ես եղայ այն քաջարի հաւատարիմներէն, որոնք դասերուն հետեւեցան մինչեւ վերջ։ Մինչեւ իսկ նօթի եմ առած ըսածները գրեթէ բառ առ բառ, այնքան որ դանդաղ կը խօսէր։ Շո՞ւտ կը յոգնէր թէ շուտ կը սպառէր նիւթը. հաւանօրէն ճիշդ էին երկուքն ալ։ Հազիւ կէս ժամ խօսած կը սկսէր շարունակ թեւի ժամացոյցը հարցաքննել խոժոռ նայուածքով։ Պահերու վայրկեանները հետզհետէ սկսան պակսիլ, 60Էն իջնելով 40ի եւ 40Էն երեսունի։ Կարճ կը խօսի, բայց խիստ կը խօսի, կ՚ըսէի աշակերտներուն, որոնք գոհ էին անշուշտ Զարեանի ժուժկալութենէն եւ վայրկեան առաջ կ՚ուզէին դուրս նետուիլ։ Օրէ օր փախուստ տուողներու թիւն ալ շատցաւ։ Ս. Վրացեան լաւ կը ճանչնար իր «բարեկամը»։ Օր մը զիս սենեակը կանչեց խորհրդակցութեան։ – Ո՞նց են գնում Զարեանի դասերը։ – Ոչինչ,– ըսի արեւելահայ ասոյթով։ – Ինչպէս թէ ոչինչ։ – Այսինքն ունկնդիրներու թիւը երթալով կը նուազի։ – Պէտք է պարտադրել, որ գոնէ մեր ուսանողները բոլորն էլ ներկայ գտնուին։ Դիւրին էր ըսել «պարտադրել». մինչեւ իրիկուն դասացուցակի այլազան նիւթերուն բեռը շալկած տղոց ինչպէ՞ս կրնաս պարտադրել որ ճիշդ արձակուելու պահուն, ժամը չորսին Զարեանի «արուեստաբանութիւնը» մտիկ ընեն։ Ըստ էութեան շահեկանութենէ բնաւ զուրկ չէր Կ. Զարեանի դասը։ Արտայայտած գաղափարները, որքան ալ դասական, ամփոփ ակնարկի մը մէջ կը ներկայացնէին յունահռովմէական ճարտարապետութեան եւ արուեստներու զարգացումը, սկիզբէն մինչեւ նոր ժամանակները։ ԴԺբախտաբար Զարեան չէր գիտեր հետաքրքրական դարձնել իր նիւթը։ Երբ սկսաւ՝ լաւ սկսաւ՝ «Մարդս կը ձգտի կեանքի քաոսային երեւոյթները բերել որոշ ներդաշնակութեան։ Ասիկա ընելու համար է որ մարդը ստեղծած է կրօնը եւ արուեստը»։ Առաջին պահը, գոնէ ինծի համար, գրաւիչ էր։ «Երկիրներ եւ Աստուածներ» յուշագրող եւ փիլիսոփայող Զարեանն էր խօսողը։ Ինչո՞ւ սակայն իր խօսքը չունէր բնաւ իր գրչին փայլը. ինչո՞ւ բառերը կը թափթփէին բերնէն եւ ամբողջ կերպարանքին մէջ կար դժգոհ եւ արհամարհոտ արտայայտութիւն մը, որ կարծես ըսել ուզէր. «դդում գլուխներ, արժէ՞ ձեզի համար խօսիլ, քանի մը դահեկանի սիրոյն արժէ՞ որ Կոստան Զարեան մը իր հանճարին մարգարիտները խոզերուն առջեւ նետէ...»։ Աղէկ-գէշ քաշքշելով Զարեան իր դասընթացքը աւարտին հասցուց։ Անոնք որ կանոնաւոր հետեւեցան եւ նօթագրեցին, վստահ եմ, մէջէ մէջ զարեանական մարգարիտներ քաղեցին. ահա հատ մը անոնցմէ. «Ամէն մշակոյթ իր գարնանային շրջանին կը ծաղկի, այնպէս ինչպէս պարտէզները՝ ձիւնամրրիկէն ետք։ Ներքին թաքուն մնացած ուժերը յանկարծ կը դրսեւորուին։ Այդ պատճառով սկզբնական ծաղկումները մեծ թափով եւ մէկ անգամէն առաջ կու գան եւ կ՚ըլլան ամբողջական։ Այդ գաղտնիքը զուտ հոգեկան է»։ Կ. Զարեան այն սակաւաթիւ հայ գրողներէն էր, որ ապրած էր երջանիկ, առանց կողմնակի աշխատանքներ կատարելու։

Ապրուստի մտահոգութիւնը չէր հալածած զինք, ըստ լաւատեղեակներու վկայութեան։ Լիբանան կեցութեան շրջանին թերեւս «քիչ մը քրտնեցաւ», շաբաթը մէկ-երկու պահ դասախօսելով։ Այսուհանդերձ բարեկամները իրենց կարելին ըրին լաւագոյն պայմանները ստեղծելու համար, որպէսզի Զարեան զրկանքի չենթարկուի եւ ազատ ստեղծագործէ։ Կը յիշեմ հաւաքոյթ մը, Ճեմարանի սրահին մէջ, գինեսեղաններու շուրջ։ Ներկայ էին Ս. Վրացեան, Կ. Զարեան եւ Գահիրէէն ժամանած Վահան Նաւասարդեան։ Այս վերջինը իրեն յատուկ սրտազեղումով գովքը հիւսեց Զարեանի տաղանդին եւ եզրակացուծ. «Ձեր աչքի լոյսի նման պահէք նրան, նա իսկական հայ գրողն է։ Կարդացէք նրա «Նաւը Լերան Վրայ» վէպը եւ «Հայրենիք» ամսագրի մէջ տպուած այլ գործերը եւ պիտի տեսնէք, թէ Կ. Զարեան ինչպիսի՜ տուայտանքով, տագնապով ու գալարումով փորձում է հայոց աշխարհի խորհուրդը բացատրել...»։ Այո, Պէյրութը ուրիշ բան ըրած չունէր քան «աչքի լոյսի պէս» պահել մեծ գրագէտը. ի՜նչ ընես, որ յաւիտենապէս անիրաւուած ըլլալու դժգոհանքով ապրող այս մարդը անկարելի էր սիրաշահիլ։ Եկած օրէն սկսած էր խօսիլ մեկնելու մասին. ու երբ հրաշիւք իմն երկու տարին բոլորեց Լիբանանի մէջ, առիթով մը խոստովանեցաւ. – Շատ քիչ է պատահել, որ ես երկու տարի միեւնոյն վայրում մնամ... Իսկապէս տարօրինակ բնաւորութեան տէր մէկն էր Կոստան Զարեան. այլամերժ, եսակեդրոն։ Երկու տարուան ընթացքին բազմաթիւ անգամներ հետը առանձին ըլլալու առիթներ եմ ունեցեր։

Ոչ մէկ ատեն ո՛չ մէկ բառ արտասանած է ուրիշ գրողի մը գործին մասին. ոչ մէկ գնահատական անդրադարձում հայ կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող դրական երեւոյթի մը վերաբերեալ։ Իսկ բացասական դատումներ՝ շա՜տ... Օր մը Ճեմարանէն դէպի իր բնակարանը կը քալէինք միասին։ Աւելի ճիշդ կ՚ընկերանայի իրեն իբր փոքրաւոր։ Ճամբան խօսք դարձաւ իր անտիպ գործերուն մասին։ (Արդէն Զարեանի հետ խօսքը կը դառնար ի՛ր գործերուն շուրջ)։ – Պր. Զարեան,– ըսի,– միտք չունի՞ք հատորով հրատարակելու «Հայրենիք» ամսագրի մէջ լոյս տեսած ձեր վէպերը։ – Էդ մասին մի խօսիր,– զայրացաւ Զարեան,– «Հայրենիք»ը մեռցրեց իմ գործերը։ – Ինչո՞ւ, լաւ չե՞ն սրբագրուած։ – Կարեւորը սրբագրութիւնը չէ. նրանք ոչինչ գիներով առին գրածներս եւ անունս շահագործեցին... – Որքան գիտեմ, պր. Զարեան, ձեզի ալ վճարած էր առաւելագոյն սակը,– առարկեցի ես։ – Ի՞նչ սակ, ի՞նչ վճար։ – Էջը հինգ տոլար, ինչպէս Աւ. Ահարոնեանին, Լեւոն Շանթին եւ քանի մը ուրիշ մեծ գրողներու։ Այդ օրերուն համար էջին հինգ տոլար վճարը բացառիկ երեւոյթ էր։ Ես լաւ գիտէի, թէ Զարեանի բոլոր գրութիւնները վարձատրուած էին առաւելագոյն սակով։ – Տէ՜, էլի՛, հինգ տոլարը ի՞նչ փող է որ,– կատակի տուաւ Զարեան. գիտե՞ս ինչ թեքնիք էի գործածում, որ էջերը շատանան, տեւաբար նոր տող. մէկ բառ՝ մէկ տող. երկու բառ՝ նոր տող։ Էջերը բազմապատկւում են էդպէս... Լուռ զարմացումս տեսնելով Զարեան բացագանչեց. – Ախր ես ստիպուած եմ էդպիսի միջոցների դիմելու. ես գրիչովս եմ ապրում. ես ընկեր չեմ որ ձրի ապրեմ։ – Ինչպէ՞ս թէ ձրի, ընկերները ձրի՞ կ՚ապրին։ – Դու իմանո՞ւմ ես ընկեր բառի բուն իմաստը. «ընկեր» նշանակում է ընդկեր, այսինքն միասի՛ն կեր... էնտեղ, Ամերիկայում, «Հայրենիք»ի շուրջ հաւաքուած ընկերները միասին ուտում են փողերը. իսկ ես՝ Կոստան Զարեանս հինգ տոլարի համար պիտի տքնեմ, պիտի քրտնեմ վաղ առաւօտից... Հիասթափութիւնս անսահման էր։ Վրացեան եւ Նաւասարդեան կը թելադրէին ամէն տեղ «աչքի լոյսի պէս պահել» մեծատաղանդ գրագէտը եւ գործնապէս ալ կ՚աշխատէին ամէն կերպ նպաստաւորել զինք, իսկ Զարեան սեւ ու մուր կը փորձէր քսել անոնց ճակտին։ Կէս ճամբէն բաժնուեցայ իրմէ գործ մը պատրուակելով։ Հաճելի չէր ընկերակցիլ Զարեանին։

Ճեմարանի տարեկան պտոյտի օրն էր. աշակերտութիւն եւ ուսուցչական կազմ պիտի երթայինք Ֆարայա ամբողջ օրը անցընելու՝ հովասուն ու գեղեցիկ այդ բարձունքին վրայ, Մեղրաղբիւրին մօտ։ Ս. Վրացեան փափաքեցաւ, որ անպայման Կ. Զարեանն ալ հետերնիս տանինք։ Չէ՞ որ մաս կը կազմէր Ճեմարանի դասատուներու խումբին։ Զարեան ուրախութեամբ ընդունեց հրաւէրը եւ ընկերացաւ մեզի։ Ճամբան օթոպիւսին մէջ լուռ էր, իր մեծ խոհերուն հետ մինակ։ Տղաքը ուրախ կ՚երգէին։ Փորձեցի քանի մը անգամ Զարեանի հիացումը հրաւիրել լիբանանեան բնանկարներուն վրայ, որոնք ժապաւէնի պէս կը քակուէին մեր շուրջ։ Շատ երկիր տեսած մարդու լիացած նայուածքով ան չափեց շոճիներով ծածկուած բլուրները եւ մնաց անայլայլ։ Յուզումի ոչ մէկ նշան դէմքին վրայ։ Երբ հասանք որոշուած վայրը, Զարեան առանձնացած մնաց Վրացեանին հետ, քիչ մը չափչփեց բոլորտիքը եւ նստաւ բաժակ մը սուրճին առջեւ։ Ինծի կը թուէր, թէ կը ձանձրանար. աշակերտները չէին հետաքրքրեր զինք, ուսուցիչներուն հետ ալ չէր ուզեր շաղուիլ։ Զարեանը յատկանշող բուն դէպքը պատահեցաւ կէսօրին, ճաշի պահուն։ Ուսուցչուհիները սեղան բացին եւ վրան շարեցին տունը պատրաստուած համադամ ուտելիքներ. անշուշտ ա՛յն ինչ որ կարելի է փոխադրել պտոյտներու ատեն։ Բոլորուեցանք սեղանին շուրջ, ի հարկէ Զարեանը բազմեցնելով ամէնէն առաջ ու ամէնուն գլուխը։ Շիշ մըն ալ օղի բերաւ սրճարանին սպասեակը։ Կ. Զարեան աչք մը նետեց ճաշի սեղանին, արագ նայուածքով քննեց ուտելիքի տեսակները եւ դժգոհ բացագանչեց. – Ո՞ւր է խորովածը, ո՞ւր է կարմիր գինին. էս պաղ ճաշերով կարելի՞ է քէֆ անել... Կատա՞կ էր, թէ լուրջ՝ դժուար էր գուշակել Զարեանի անժպիտ դէմքին վրայ։ Պաղ ջուր թափեցաւ ուսուցչուհիներուն գլխուն. խեղճերը այնքա՛ն յոգներ էին մեզ կշտացնելու եւ մեծ հիւրը պատուելու համար։ Աստուա՛ծ իմ, կարելի՞ էր երբեւիցէ Զարեանը գոհ ձգել...

Մէկ անգամ միայն Կոստան Զարեանը տեսած եմ ոգեւոր տրամադրութեան մէջ, խօսքի եւ գաղափարներու ջերմութեամբ տոգորուն։ Իրիկուն մը մեր տունն էր, կնոջը հետ, բաժակ մը թէյի։ Նախ մէկ-երկու գաւաթ քոնեակ խմեց։ Զարմանալիօրէն լաւ էին տրամադրութիւնները այդ օր։ Շրթները բացուեցան ու սկսաւ եռանդով խօսիլ հայ ժողովուրդի արժէքներուն եւ հայոց ապագայի մասին։ Այսօրուան պէս միտքս է իր աչքերուն ստացած կենդանութիւնը։ Բառացի չեմ յիշեր անշուշտ արտասանած նախադասութիւնները, բայց չեմ մոռցած անոնց պարփակած մօտաւոր իմաստը։ Առանց պերճախօսութեան, սակայն վճռական շեշտով այնպիսի լաւատես հաստատումներ կատարեց, որ զարմացած մնացի։ «Հայ ժողովուրդն է, որ պիտի տիրէ Մերձ. Արեւելքին», պնդեց Զարեան եւ աւելցուց. «Մենք ենք միայն որ ընդունակ ենք մշակոյթ եւ քաղաքակրթութիւն ստեղծելու, մինչդեռ մեզ շրջապատող, մեզ հարուածող ժողովուրդները բիրտ ոյժը կը ներկայացնեն։ Անոնք դատապարտուած են փոշիանալու, ինչպէս փոշիացան պատմութեան ընթացքին նիւթական ուժերու վրայ յենած բոլոր պետութիւնները։ Իսկական եւ անկորնչելի արժէքը մշակոյթն է։ Մենք մեր ազգային բնատուր տաղանդով եւ ստեղծագործ կարողութեամբ պիտի տանինք վերջնական յաղթանակը»։ Հիացումով եւ խոր հաճոյքով կը հետեւէի Զարեանի խօսքերուն, որոնք այդ պահուն պատգամի ոյժ ունէին եւ մարգարէական իմաստութիւն։ «Բառերու կախարդը» մտածեցի յանկարծ եւ թերահաւատութիւն մը մտաւ մէջս։ – Պր. Զարեան,– համարձակեցայ ըսել ի վերջոյ,– ձեր անկեղծ համոզո՞ւմն է ասիկա թէ փրոփականտի համար այդպէս կը խօսիք։ – Ես դաշնակցական գործիչ չեմ, որ փրոփականտի համար խօսեմ,– բարկացաւ Զարեան.– սա՛ է իմ խորին համոզումը, որ կեանքի եւ պատմութեան փիլիսոփայութիւնից է բխում, ես ճշմարտութիւնն եմ որոնում եւ բացայայտում ամէն տեղ եւ ամէն բանի մէջ... Ներկայ հիւրերը քիչ մնաց որ ծափահարէին. ապագան մերն էր, Մերձ. Արեւելքի վրայ տիրողը մենք պիտի ըլլայինք. հայութեան մշակոյթն ու հոգեւոր զէնքերը պիտի յաղթանակէին, Զարեանն էր ըսողը։

Տարիներ ետք, երբ մեծ գրագէտի ոսկորները փոշի դարձած են Հայաստանի հողին մէջ, կը խորհիմ, թէ Զարեան իսկապէս անկեղծ էր այդ պահուն եւ Հայաստանի լուսաւոր ապագային հանդէպ ունեցած հաւատքը միայն ուղեղէն չէր գար, այլ նաեւ սրտէն։ Եթէ իր դրական վաստակին ենթահողը լաւ մը քրքրենք, նոյն գաղափարներուն տարրերը կը գտնենք անպայման. Մեր հայրենիքը – ահռելի՜ երկիր – Աղքատ ու վէրքոտ, դժբախտ ու բորոտ, Սակայն այնպիսի հրաշքների՜ երկիր, Մի զարմանահրաշ, վեհ հոգի ունի, որ ո՛չ մի Քրիստոս կարող է անցնել Խոպան դաշտերից ու սառ լեռներից, Առանց որ ասի. պէ՛տք է աղօթել...

Զարեան մեկնեցաւ Պէյրութէն առանց հետք ձգելու։ Առնուազն կրնար իր դրոշմը դնել երիտասարդ գրողներու եւ մտաւորական շրջանակներու կեանքին վրայ։ Այս տեսակէտէն զգալի չեղաւ իր բացակայութիւնը։ Պատճառը իր բնաւորութիւնն էր անկասկած, իր այլամերժ եւ ինքնաբաւ խառնուածքը։ Պէյրութէն մեկնելէ տարիներ ետք վերջին անգամ Կ. Զարեանը տեսայ Երեւան, 1962ին։ Հայաստան առաջին այցելութիւնս էր ուսուցիչներու խումբով։ Զարեան նստած էր Արմենիա պանդոկի հիւրանոցը, առանձին եւ մտամոլոր։ Նոյն մարդն էր՝ նոյն արհամարհոտ արտայայտութեամբ, քիչ մը աւելի ծերացած։ Նախ չտեսնել եւ չճանչնալ ձեւացուց, ապա աչքերը դարձուց վրաս եւ ակնոցներու ետեւէն զարմացած նայեցաւ ինծի։ – Բարեւ, պր. Զարեան, ինչպէ՞ս էք,– մօտեցայ իրեն ժպտելով։ – Վա՜հ, դու էստեղ, ո՞նց կը լինի։ – Եկայ հայրենիքը տեսնելու։ Խումբով ենք. ուսուցիչներու առաջին խումբը, որ հրաւիրուեցաւ Հայաստան։ Դո՞ւք ալ այցելու էք։ – Թէ այցելու, թէ մնայուն. դեռ ինքս էլ չգիտեմ։ Հաւանական է որ հաստատուիմ... – Շատ լաւ կ՚ըլլայ, պր. Զարեան, թափառական կեանքէն կ՚ազատիք։ Ես սիրում եմ թափառել, բայց սա մեր հողն է, մեր հայրենիքը։ Տեսա՞ր ինչ վերաշինութիւն կայ, ի՜նչ ծաղկում... Մեր խումբը այդ վերաշինութիւնն ու ծաղկումը տեսնելու համար սկսած էր արդէն զանազան վայրեր այցելել։ Իսկապէս գեղեցիկ ու խանդավառող էր իրականութիւնը. ամէն կողմ կառուցում, հոյակապ հաստատութիւններ, կոթողներ, ճարտարարուեստական եւ մշակութային եռուն եւ ստեղծարար կեանք։ Կարծես Կ. Զարեանի մարգարէութիւնը սկսած էր իրագործուիլ. «մերն է յաղթանակն ու ապագան. մենք պիտի ըլլանք տիրապետող ազգը»։

Մէկ-երկու օր ետք գացինք Արզնի։ Հոն, Բուժարանի շէնքերէն մէկուն մէջ հանդիպեցայ Հրաչեայ Քոչարին, զոր կը ճանչնայի արդէն։ Այցելած էր Պէյրութ եւ Ճեմարանի բակին մէջ հաւաքուած աշակերտներուն խօսած կրակոտ ճառ մը։ Այնքան ազգայնաշունչ ճառ մը, որուն աւարտին Ս. Վրացեան կատակով ըսած էր իրեն. – Քոչար, մնա՛ էստեղ, դաշնակցական գործիչի պէտք ունինք. դու շատ յարմար ես։ Կը խորհէի թէ Քոչար մոռցած կ՚ըլլար զիս, քանի որ իր պաշտօնական այցելութեան միջոցին հազիւ քանի մը պաշտօնական բառեր էինք փոխանակած իրարու հետ։ Մօտեցայ եւ ներկայացուցի ինքզինքս։ – Գիտե՛մ,– ըսաւ Քոչար,– մենք քեզ ճանաչում ենք. կարդացել եմ քո բանաստեղծութիւններից մի քանիսը։ Ապա ժպտելով աւելցուց. – Կոստան Զարեանը էստեղ է. եկել է վերջնականապէս հաստատուելու։ – Այո՛,– ըսի,– տեսայ, դեռ տատանումի մէջ է։ – Ո՛չ, կը հաստատուի եւ լաւ կը լինի իրա համար։ Գիտե՞ս, մենք նրա «Նաւը Լերան Վրայ» վէպն ենք տպելու շուտով։ – Ինչպէ՞ս,– զարմացայ ես,– այդ վէպը շատ մը մասեր ունի ձեր գաղափարախօսութեան հակառակ։ – Ոչինչ,– ժպտեցաւ Քոչար,– մենք Զարեանը լաւ ենք ճանաչում. նա կ՚անի ինչ որ ուզենանք։ Իսկապէս ալ Զարեան թոյլ տուաւ, որ իր նշանաւոր վէպը լոյս տեսնէ «մաքրաջրուած», ըստ հրատարակիչներու հայեցողութեան։ Իրականին մէջ լոյս տեսնող հատորը նախկին «Նաւը Լերան Վրայ»ն չէր, այլ անոր մէկ տարբերակը։ Բայց Կ. Զարեանի համար տարբերակը տարբերութիւն չէր ըներ։



ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ 24
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝