Յայտարարութիւն

Saturday, July 25, 2009

ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ -ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ 28

Սիրելի Ընթերցող, Խոստացած էինք ՄԵԾ ՀԱՅՈՒ մը վկայութիւնները հրապարակել ՀԱՅ ՄԵԾԵՐՈՒ մասին: Ստորև, ամենօրեայ դրութեամբ, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ մաս մը Մուշեղ Իշխանի հետաքրքրական վկայութիւններէն հայերու, որոնք անկիւնադարձեր ապահոված են ու նոր էջեր բացած հայոց գրականութեան, թէ քաղաքական պատմութեանց մէջ: Մուշեղ Իշխան, ինչպէս ինք կ՜ըսէ, եղաւ այն քիչերէն որոնք բաղդը ունեցան աշակերտելու հինգ ՄԵԾ ՀԱՅԵՐՈՒ յանձինս Յակոբ Օշականի, Լևոն Շանթի,Նիկոլ Աղբալեանի,Նիկողայոս Ադոնցի, Կոստան Զարեանի և գործակցելու երկու ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հետ՝ յանձինս Սիմոն Վրացեանի և Վահան Թէքէեանի: Յուսամ ես ալ կարենամ օր մը իմ սրտիս պարտքը տալ գրելով ՄԵԾՆ Մուշեղ Իշխանի մասին որուն բաղդը ունեցած եմ աշակերտելու չորս տարի : «Իմ Ուսուցիչներս» հրատարակուած է 1984 ին, Պէյրութ:

Նշան Պասմաճեան


``````````````````````````````````````````````````````````````````````````````````````
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ


Վահան Թէքէեանի ծննդեան հարիւրամեակը կը նշուի Սփիւռքի մէջ։ Այս առթիւ տեղի կ՚ունենան փառաշուք հանդիսութիւններ եւ լոյս կը տեսնեն այլազան գրուածքներ, դրուատելու համար անուանի բանաստեղծին արժանիքները։
Արժան եւ իրաւ...
Ես ալ պիտի ուզէի ըսել, թէ որքա՜ն մեծ էր Թէքէեանի ազդեցութիւնը մեր սերունդին վրայ, երբ երկիւղած հիացումով կը կարդայինք անոր հնչեակները պատանի հասակին։ Սակայն կը վախնամ կրկնութիւններու մէջ իյնալէ։ Հաւանաբար շատեր պիտի շեշտեն Վ. Թէքէեանի տեղն ու արժէքը մեր գրականութեան մէջ, անոր արտայայտութեան ժուժկալ, բայց խիտ արմատները, պատկերներու թելադրական գեղեցկութիւնը, եւայլն։
Ես կը նախընտրեմ քառասուն տարիներ ետ երթալ եւ Թէքէեանին անձին հետ կապուած պզտիկ յուշ մը պատմել, նախ՝ բանաստեղծի մարդկային նկարագրէն քանի մը ստուերագիծ տուած ըլլալու համար, ապա նաեւ իմ երիտասարդութեանս երջանիկ օրերուն սրտի առոյգ բաբախումը լսելու անգամ մը եւս։
1936ի ամառը։ Ճեմարանը նոր էի աւարտած եւ նոյն հաստատութեան մէջ հրաւիրուած էի դասեր աւանդելու։ Արձակուրդը անցընելու համար բարձրացեր էի Տհուր-Շուէր գիւղը, ուր թափառելով հովիտէ հովիտ եւ բլուրներու վրայ՝ ամբողջացնելու վրայ էի իմ «Տուներու Երգը» բանաստեղծութիւններուս շարքը։ Իւրաքանչիւր քերթուած, որ կ՚աւարտէր, խնամքով մաքուրի կը քաշէի գեղեցիկ տետրակի մը մէջ։ Անհամբեր էի զայն լոյս ընծայելու։ Բանաստեղծութեան սէրը հոգիս լեցնող, չարչրկող եւ լուսաւորող մեծագոյն կիրքն էր այդ օրերուն։ «Տուներու Երգը» պիտի ըլլար հրապարակ նետուած իմ առաջին հատորս, որով նաեւ իմ բնատուր շնորհքիս փորձաքարը։ Անհամբեր էի մինչեւ իսկ զայն մէկուն կարդալու՝ հրատարակուելէն առաջ եւ նախակարծիք մը ունենալու։ Բայց որո՞ւն, ինչպէ՞ս, ի՞նչ հաւատքով եւ վստահութեամբ...
Օր մը, Տհուր-Շուէրի հրապարակին վրայ ընկեր մը կեցուց զիս եւ ըսաւ.
– Լուր ունի՞ս, որ Վահան Թէքէեանը հոս է։
– Ո՞ւր հոս,– զարմացայ անակնկալ այս յայտնութենէն, որ նոյնքան ցնցող բնոյթ ունէր ինծի համար, որքան առաքեալի մը յայտնութիւնը։
– Հո՛ս, Տհուր-Շուէր. եկեր է արձակուրդի. կարծեմ պիտի մնայ ամիսի մը չափ։ Եկուր ցոյց տամ այն սրճարանը, ուր կը նստի բարեկամի մը հետ սուրճ խմելու։
Եւ թեւէս բռնելով՝ ընկերս սկսաւ քալել վարի ուղղութեամբ, ուրկէ կու գան Պէյրութէն մեկնող ինքնաշարժները։ Քիչ ետք հասած էինք համեստ պանդոկի մը դիմաց գտնուող բացօթեայ պզտիկ սրճարան մը, որ թառած էր ձորի շրթունքին։ Խոշոր եւ տերեւախիտ ծառ մը, եւ անոր թեւերուն տակ՝ քանի մը սեղաններ։
Իսկոյն ճանչցայ։ Վ. Թէքէեան նստած էր սեղաններէն մէկուն առջեւ, մթագոյն ակնոցով աչքերը ծածկած, դէմքը կիսովին դէպի մեզ, կիսովին դէպի դիմացի հովիտը։ Քովը նստած էր բաւականին հաստամարմին մէկը, որուն ծանօթ չէի։ Ընկերոջս հետ կանգ առինք դուրսը եւ դիտեցինք պահ մը այս լուռ զոյգը։ Կ՚ըսեմ «լուռ» որովհետեւ գրեթէ չէին խօսեր իրարու հետ. դանդաղ շարժումներով կ՚ըմբոշխնէին իրենց սուրճը։
– Եկուր,– ըսի բարեկամիս,– եկուր մտնենք եւ ծանօթանանք։
– Ո՛չ, ես մեծ մարդոց հետ գործ չունիմ. ես բանաստեղծ ալ չեմ,– մերժեց ընկերս կտրուկ կերպով եւ հեռացաւ։
Քարացած մնացի կեցած տեղս։ Մտնե՞մ, չմտնե՞մ, պատշա՞ճ էր արդեօք այդպէս առանց միջնորդի եւ յառաջաբանի ձեռք երկարել Սփիւռքի մէջ վերապրող մեծագոյն բանաստեղծին եւ յայտարարել.
– Ծանօթանանք, խնդրեմ, ես Մ. Իշխանն եմ։
Ո՞վ կը ճանչնար Մ. Իշխանը, որ բանաստեղծութեան կալուածին մէջ նման էր նոր քայլ նետող երեխաներուն։ Ամօթխած եւ երերուն քայլերու փորձ մը միայն։
Երեւի բանաստեղծութեան հանդէպ ունեցած սէրս աւելի զօրաւոր էր, քան ամօթխածութիւնս։ Քիչ ետք ներսն էի արդէն, նստած Վ. Թէքէեանի քով, հին ծանօթներու պէս։ Ո՛չ միայն քովը նստած էի, այլեւ՝ ինծի կը թուէր, թէ կարճ ժամանակի մը մէջ նուաճած էի նաեւ քերթողին սիրտը՝ իր գործի մասին իմ ունեցած բաւականին լայն հմտութեանս փաստերը տալով։ Մեր սերունդի սկսնակ գրողներէն ո՞վ գոց չէր գիտեր Թէքէեանի լաւագոյն բանաստեղծութիւններէն գոնէ կէս երկվեցեակ մը։ Ես անդադար կը խօսէի իր եւ իր գրածներուն մասին, երբեմն հարցումներ տալով, երբեմն վախկոտ կարծիքներ բանաձեւելով։ Գոհ էր ան, որոշ չափով զարմացած, որ անծանօթ տղայ մը, գիւղի ամայութեան մէջ, յանկարծ քովը գալով այդքան ջերմ արտայայտութիւններ կ՚ունենար վաստակի մասին։
Դիմացնիս նստած զանգուածեղ մարդը լուռ մտիկ կ՚ընէր։ Թէքէեան վերջապէս մտաբերեց, որ պէտք է ներկայացնէր զինք.
– Չե՞ս ճանչնար, Միքայէլ Կիւրճեանն է։
– Մելքոն Կիւրճեանին հետ կապ մը ունի՞,– հարց տուի մեքենաբար։
– Ո՛չ, ո՛չ, Միքայէլը մեր հին գրողներէն է, իրապաշտներու սերունդէն, բազմահմուտ, բազմատաղանդ...
Ամչցայ տուած հարցումիս համար...։ Մարդը, որ մեզ կը դիտէր միշտ լուռ եւ միշտ նոյն անայլայլ դէմքով, հեղինակ էր վէպերու, թատերախաղերու, բանաստեղծութիւններու, թարգմանութիւններու եւ ես չէի ճանչնար։ Կաֆ ըսածդ այդպէս կը գործուի եւ յաճախ մէկ անգամէն վար կ՚առնէ ամբողջ շէնքի մը կառոյցը։ Սակայն Թէքէեան բնաւ ազդուած չէր երեւեր իմ կաֆէս։ Ինք կը մնար մեր խօսակցութեան կեդրոնական դէմքը եւ ա՛յդ էր կարեւորը։ Խե՜ղճ Մ. Կիւրճեանը, իր խոշոր ու տիրական մարմնով՝ վերածուած էր ստուերային ներկայութեան։
Թէքէեան կը խօսէր մեղմ, յոգնած ձայնով եւ խնայողական բառերով։ Միայն մէկ անգամ խանդավառութեան շեշտի նմանող բան մը զգալի եղաւ ձայնին մէջ, երբ ըսաւ.
– Շա՜տ ուրախալի է, որ հայ բանաստեղծութիւնը սիրող եւ կարդացող երիտասարդներ կան քիչ մը ամէն տեղ...։ Դուն ալ մուսաներուն դարպասելու սովորութիւն ունի՞ս...
Մուսաները իմ սիրուհիներս էին եւ ես անհամբեր այս հարցումին կը սպասէի Վ. Թէքէեանի բերնէն։
– Այո՛,– ըսի երկչոտ,– երբեմն բանաստեղծութիւններ գրելու փորձեր կ՚ընեմ. մէկ-երկու հրատարակուած ոտանաւորներ ալ ունիմ։
– Հետաքրքրական է,– ըսաւ Թէքէեան,– եթէ կը փափաքիս՝ բե՛ր որ ծանօթանանք։
– Շատ սիրով, վաղն իսկ կը բերեմ...
«Տուներու Երգ»ին սեւ կողքով տետրակս թեւաբաց թռչունի նման սկսաւ սաւառնիլ երեւակայութեանս պաստառին վրայ եւ եկաւ թառելու խոժոռադէմ Թէքէեանի սքողուած աչքերուն առջեւ։ Աստուա՜ծ իմ, ի՞նչ պիտի ըլլար մեծանուն բանաստեղծին դատաստանը...
Յաջորդ օր, իրիկուան նոյն պահուն Վ. Թէքէեանն ու Միքայէլ Կիւրճեանը գտայ նոյն սեղանին առջեւ նստած դէմ դէմի, գրեթէ անխօս։ Այս անգամ թէյ ապսպրած ըլլալու էին, որովհետեւ սպասեակը թէյի բաժակներ տեղաւորելու վրայ էր երկու հայ գրողներուն առջեւ։ Թէքէեան վերցուց բաժակը, աջ դարձուց, ձախ դարձուց, մէջը եւ դուրսը լաւ քննելէ ետք, դժգոհ՝ դարձաւ սպասեակին.
– Բաժակը մաքուր չէ. տար, լաւ մը լուա՛, մաքրէ եւ բեր։
Թէքէեան իր դժգոհութիւնը յայտնած էր ֆրանսերէնով։ Սպասեակը հասկցաւ երեւի, որովհետեւ նոյնքան դժգոհ շարժուձեւով առաւ բաժակը ու մեկնեցաւ։
– Ես կը կարծէի,– շարունակեց տրտնջալ Թէքէեան,– թէ միայն Եգիպտոսի մէջ աղտոտ են. հոս ալ նոյն բանն է։
– Ասո՞նք աղտոտ են, թէ դուն շատ թիթիզ ես,– ըսաւ քիթին տակէն Մ. Կիւրճեան եւ իր թէյը լեցուց։
Թէքէեանի բծախնդրութիւնը չզարմացուց զիս. նկարագրին հիմնական գիծերէն մէկը ըլլալու էր «բարակը մանել»ու իր այդ հակումը։ Բանաստեղծութիւններուն արուեստն ալ միթէ չէ՞ր մատներ նոյն ծայրայեղ բծախնդրութիւնը։
Տետրակս դրի սեղանին վրայ եւ նստայ քովերնին. սիրտս կը տրոփէր անհամբերութենէս։ Թէքէեան հազիւ նշմարեց տետրակս եւ դարձաւ Կիւրճեանին.
– Թէյը տա՞ք է գոնէ...
– Տաք է, տաք, խմէ՛, մի՛ պաղեցներ...
Մեծ եղբօր հոգածութեան եւ յանդիմանութեան շեշտը կար միշտ Կիւրճեանի բառերուն մէջ, երբ կը խօսէր Թէքէեանի հետ։ Լաւ տրամադրութեան մէջ չէր երեւեր բանաստեղծը. բաժակը՝ աղտոտ, թէյը՝ կասկածելի, օդը՝ մշուշոտ։
– Կարծես թէ ցուրտ է,– կմկմաց Թէքէեան՝ բաճկոնին վերջին կոճակն ալ կոճկելով եւ ձեռքը տանելով սրտին։
– Կ՚ուզէք՝ ներս երթանք, պանդոկ,– ըսի ես, ոտքի ցատկելով։
– Ցուրտ չկայ. կ՚երեւակայէ. կտոր մը մշուշ էր, անցաւ, գնաց,– պատասխանեց Կիւրճեան, առանց տեղէն շարժելու։
Մնացինք ծառին տակ, սրճարանի փայտէ փոքր սեղանին շուրջ բոլորը։ Իսկապէս ալ օդը բացուեցաւ եւ իրիկնային ճառագայթներ ինկան մեր վրայ։ Սակայն Թէքէեանի դէմքը կը մնար միշտ մթին։ Սեւ ակնոցը բան մը կ՚աւելցնէր անշուշտ այդ մութին վրայ։
Թէյի արարողութիւնը վերջ գտաւ. սպասեակը եկաւ հաւաքեց բաժակները եւ սակայն լռութեան խորհուրդը կը մնար ամբողջական՝ մեր շուրջ եւ մեր վերեւ։ Տետրակս թեւաբեկ թռչունի պէս ինկած էր սեղանին եւ կը սպասէր իր ճակատագրին։ Թէքէեան, իր խոհերուն անձնատուր, կարծես մոռցած էր գոյութիւնս։ Ի վերջոյ, դարձեալ Կիւրճեանն էր,որ փրկեց կացութիւնը.
– Տղան տետրակը բերած է. լաւ կ՚ըլլայ, որ կարդաս քանի մը կտոր։
– Այո՛, այո՛, թող կարդայ,– համաձայնեցաւ իսկոյն Թէքէեան։
Ես տետրակս բացի կոտրած սրտով։ Ինծի կը թուէր, թէ Վ. Թէքէեան լրջօրէն մտիկ պիտի չընէ գրածներս, եւ թէ՝ արդէն իսկ թերահաւատութեան ծալք մը կար շրթներուն անկիւնը։ Յոգնած եւ ձանձրացած մարդու երեւոյթ ունէր։
Ես կարդացի երկու կտոր եւ կանգ առի։ Նայեցայ զոյգ գրողներու դէմքերուն. ո՛չ մէկ արտայայտութիւն։ Սպասեցի հակազդեցութեան մը. ո՛չ մէկ խօսք։
– Շարունակէ՛,– մրմնջեց Թէքէեան...
Այնուհետեւ, առանց ընդմիջելու, կարդացի «Տուները Երգ»ին գրեթէ կէսը։ Այլեւս կարելի չէր շարունակել. ստուերներ կը խտանային ձորին մէջ եւ իրիկնալոյսը խոյս կու տար արագօրէն։
– Կ՚ուզե՞ս տետրակը ինծի տրամադրել այս գիշեր. վաղը կու գաս, կը խօսինք...
Ի հարկէ, մեծ սիրով, ինչպէս նաեւ հոգեկան մեծ տագնապով յանձնեցի տետրակս Վ. Թէքէեանի ձեռքերուն ու մեկնեցայ։
Յաջորդ յետմիջօրէին, բացօթեայ սրճարանին մէջ Թէքէեանի տրամադրութիւնները բոլորովին փոխուած էին։ Կը զգայի, թէ ձայնին մէջ կար ջերմութիւն, գուրգուրանք եւ մինչեւ իսկ երիտասարդական որոշ խանդ։ Գրածներուս մասին ընդհանուր առումով դրական էր իր կարծիքը։ Կը յիշեմ, որ ըրաւ քանի մը դիտողութիւններ կարգ մը քերթուածներու մասին, բայց չեմ յիշեր մանրամասնութիւնները։ Դիտողութիւնները կը վերաբերէին առհասարակ չափի եւ յանգի թերութեանց եւ մէկ-երկու բառերու անտեղի գործածութեան։
Մեր միջեւ ամէնէն աւելի երկար խօսակցութեան նիւթ դարձաւ գիրքիս խորագիրը՝ «Տուներու Երգը»։ Թէքէեան չէր հաւներ զայն. կը գտնէր շատ սովորական։ Կ՚ուզէր, որ փոխէի եւ իբրեւ խորագիր գտնէի աւելի արտայայտիչ, աւելի գրաւիչ բառ մը։
Առաջարկեցի, որ ինք ըլլայ կնքահայրը եւ մկրտէ գիրքս իր ուզած անունով։ Սկսանք մտածել նոր անուններու մասին այնպէս՝ ինչպէս ներկայիս նորահաս հայրեր տենդագին եռանդով նոր անուն կը փնտռեն իրենց առջինեկ նորածինին համար։ Սեղանի վրայ եկան մէկէ աւելի տարազներ։ Ես առաջարկեցի «Տո՜ւն, Քաղցր Իմ Տուն» անունը։ Թէքէեան պահ մը մտածեց եւ ըսաւ.
– Գէշ չէ, բայց պատուելիական բան մը ունի, չ՚ըլլար։
Երկար մտածելէ ետք, այս անգամ ինք թելադրեց «Տուներու Երգը» փոխել «Տուներու Շքերթ»ի կամ «Տներգութիւն» դնել գիրքին անունը։
– Պարոն Թէքէեան,– առարկեցի,– շքերթն ալ զինուորական տողանցքի պէս բան մըն է։
Ընդունեց։ Կրկին ինկանք խորհրդածութիւններու ծովուն մէջ, բայց չկրցանք այդ ծովէն հանել մեր փնտռած մարգարիտը։ Ի վերջոյ համաձայնեցանք անունը դնել «Տուներու Համերգը»։
– Պէտք եղածը չէ, բայց «Տուներու Երգ»էն աւելի լաւ է, աւելի նոր,– եզրակացուց Թէքէեան։
Զիս ուրախացնող երեւոյթը այն էր, որ Վահան Թէքէեան ամբողջ սրտով կ՚ապրէր ինծի հետ իմ «առջինեկիս» պատճառած յուզումները։
Գիրքիս տպագրութեան ատեն, վերջին պահուն ես դարձեալ փոխեցի միտքս եւ վերադարձայ «Տուներու Երգը» խորագրին։ Չեմ գիտեր ինչո՛ւ «համերգը» աւելի գեղեցիկ չթուեցաւ ինծի։ Մա՛նաւանդ՝ որ գոյութիւն ունէր արդէն համանուն նախընթաց մը՝ «Հացին Երգը»։

Վ. Թէքէեան Տհուր-Շուէր մնաց մօտ ամիս մը. շատ քիչ անգամ զինք կը տեսնէի հիւրերու հետ. ընդհանրապէս առանձին կ՚ըլլար, անձնատուր իր խոհերուն, լռութեան մէջ հասունցնելով կիսատ մնացած քերթուածի մը տողերն ու տուները։
Գիտէի հարկաւ, թէ Թէքէեան երկարատեւ ու համբերատար աշխատանքով իր ամէն մէկ գրուածքը կը սիրէր յղկել, տաշել, վերասրբագրել, բառի մը համար օրերով տանջուիլ, մինչեւ որ քերթուածը ստանար վերջնական ձեւ ու գոհացնէր բծախնդիր արուեստագէտի իր ճաշակը։ Այս իրողութեան կենդանի փաստը ունեցայ օր մը, երբ միասին պզտիկ պտոյտ մը կ՚ընէինք գիւղի հանդարտ մէկ ճամբուն վրայ։
Թէքէեան կը քալէր դանդաղ եւ կը խօսէր նոյնքան դանդաղ կշռոյթով։ Չեմ գիտեր ինչպիսի՛ դէպքեր, ի՜նչ պայմաններու տակ իրեն ներշնչած էին սրտի տկարութեան գաղափարը, որուն մղձաւանջով ապրեցաւ կեանքին վերջին տարիները։ Այն ատեն տակաւին յիսունութը տարեկան էր, իր ուժերու լիութեան մէջ, սակայն հոգեբանօրէն արդէն հիւանդ եւ ինքնամփոփ։
Ես քովն ի վեր կը ջանայի քայլերս ներդաշնակել բանաստեղծի օրօրուն ընթացքին, միեւնոյն ատեն խօսելով բանաստեղծութեան մասին։ Եւ արդէն մեր բոլոր հանդիպումներուն խօսակցութեան նիւթը մնաց բանաստեղծութիւնը, որ Թէքէեանի էութեան հիմնական ապրումը կը կազմէր։ Մնացածը,– իր լրագրական ասպարէզը, «Արեւ»ի էջերէն մղած բուռն պայքարը Վահան Նաւասարդեանի «Յուսաբեր»ին դէմ, կուսակցականի իր գաղափարներն ու համոզումները, անձնական խնդիրները Թէքէեանի կեանքի լուսանցքին վրայ ինկած պատահական երեւոյթներ ըլլային կարծես, որոնց քովէն ստիպուած էր անցնելու յաճախ, վերադառնալու համար միշտ իր միակ հարազատ ապրումին՝ բանաստեղծութեան։
Ծառի մը տակ Թէքէեան կանգ առաւ յանկարծ, ձեռքը խոթեց բաճկոնին ներսի գրպանը եւ անկէ դուրս քաշեց ծալլուած էջ մը թուղթ։
– Քեզի հիմա պիտի կարդամ հնչեակ մը,– աւելցուց Թէքէեան,– որ եօթ տարիէ ի վեր գրպանս կը պտըտցնեմ։
– Ինչո՞ւ համար,– զարմացայ ես։
– Որովհետեւ դեռ չէ աւարտած. դեռ ամբողջ տող մը կը պակսի առաջին քառեակէն եւ երկրորդ քառեակին մէջ ալ բառ մը կայ, որ իր տեղը չէ, պէտք է փոխել։
Եւ Թէքէեան կարդաց այդ հնչեակը շնչատ հեւքով մը, ապա նայեցաւ աչքերուս, հոն իր ներքին անհանգստութեան պատասխանը գտնելու համար։
– Բայց, պարոն Թէքէեան, շատ լաւ է հնչեակը, միայն թէ՝ պակաս տողն ալ ամբողջացուցէք, աւարտած կ՚ըլլայ։
– Ո՛չ,– ըսաւ կտրուկ,– լաւ չէ. ես գիտեմ, որ լաւ չէ։ Տակաւին պէտք է աշխատիմ վրան։
– Ինչպէ՞ս կրնաք եօթը տարի հնչեակ մը պտըտցնել ձեր գրպանը եւ շարունակ աշխատիլ այդ մէկ քերթուածին վրայ։
– Եօթը տարի նոյն քերթուածին վրայ չեմ աշխատիր,– ճշդեց ան,– մինչ այդ ուրիշ բանաստեղծութիւններ ալ կը գրուին, բայց ասոր նման անկատար մնացածները չեն բաժնուիր ինձմէ եւ գրպանիս մէջ, մտքիս մէջ, հոգիիս մէջ իրենց ամբողջական եւ կենդանի մարմինը կը փնտռեն։
– Եւ կը գտնե՞ն։
– Կը գտնեն ի վերջոյ։
– Պարոն Թէքէեան, կը ներէք հարցումիս, ինչպէ՞ս կրնաք ներշնչումի առաջին պահէն հինգ, վեց կամ եօթը տարիներ ետք կրկին ու կրկին փոխադրուիլ նոյն բանաստեղծութեան մթնոլորտին մէջ եւ ամէն անգամ վերագտնել նոյն ներշնչումին երակը։ Չէ՞ որ բանաստեղծութիւն մը մարմին ըլլալէ առաջ հոգեկան միութիւն մըն է, հոգիի պահ մը։
Թէքէեան վայրկեան մը մտածեց եւ ըսաւ.
– Իրաւունք ունիս. ըրած առարկութիւնդ կ՚արդարանար, եթէ իմ սրբագրական աշխատանքներս վերաբերէին հոգեկան այդ պահին. ո՛չ, ես ատոր չեմ դպիր, այլ կ՚աշխատիմ քերթուածի մարմինին վրայ, արձանագործին նման, որ մուրճի պզտիկ հարուածներով տեւաբար կը սրբագրէ արձանին պզտիկ թերութիւնները։
Աշխատանքի իր կերպին հանդէպ ունեցած վերապահութիւնս լուրջ էր, հետեւաբար չուզեցի անմիջապէս տեղի տալ եւ օրինակ բերի իր հրատարակած հնչեակներէն մէկը, զոր գոց գիտէի։
– Կը յիշէ՞ք ձեր «Յիսնամեակ» խորագրուած հնչեակը. կ՚ենթադրեմ, թէ այսպէս երկար ժամանակուան ընթացքին գրուած է։
– Ինչէ՞ն կ՚ենթադրես,– զարմացաւ Թէքէեան։
– Որովհետեւ,– ըսի,– պատկերներու միութիւնը եւ զարգացումը որոշ չափով քայքայուած է հոն։
– Ինչպէ՞ս, լաւ չեմ հասկնար։
Ես սկսայ արտասանել.

Յիսունն ահա՝ ահագին ծառի մը պէս կը կանգնի
Ու կը գոցէ ալ ամբողջ իմ հորիզոնս իր ետեւ...
Բունն է փորուած, պարպուած. կը բնակի հոն գաղտնի
Թռչուն մը, որ արծուի աչք եւ չղջիկի ունի թեւ։

– Այս տունը, պարոն Թէքէեան, աղուոր պատկերով մը կը ներկայացնէ յիսուն տարեկան եղած մարդուն հոգեվիճակը – հորիզոնը փակող ծառ մը, որուն բունը պարպուած է եւ հոն բնակող թռչունի արծուի աչք եւ չղջիկի թեւ ունի։ Պատկերը ամբողջ է եւ խորհուրդով լեցուն։ Բայց դուք փոխանակ նոյն պատկերը զարգացնելու, հնչեակի յաջորդ տունին մէջ իսկ ծառին հետ բնաւ կապ չունեցող ուրիշ պատկեր մը մէջ կը բերէք, որ չի ներդաշնակուիր ծառին, արծիւին եւ չղջիկին հետ։ Կապը կը խզուի կարծես։
Այսպէս.

Յիսունն հիմա՝ լուսարար։ Պատարագէն վերջ ի՜նչ փոյթ,
Թէ կը մնան ժամուն մէջ քանի մը կին ու տղայ,
Ան՝ լռաքայլ՝ մի առ մի մարել ջահերը կու գայ...

– Կը խոստովանիմ, թէ իւրաքանչիւր տուն եւ իւրաքանչիւր պատկեր անկախաբար եւ ինքն իր մէջ գեղեցիկ է։ Իմ խօսքս քերթուածի ներքին մասերու միութեան կը վերաբերի։
Թէքէեան մտիկ ըրաւ ուշի-ուշով եւ խոստովանեցաւ.
– Գրած ատենս ես անդրադարձած եմ քու ըրած դիտողութեանդ. բայց այս հնչեակին մէջ պատկերները սեմպոլներ են միայն, զգացումի կամ մտածումի մը աւելի տեսանելի արտայայտութիւնը։ Պատկերի դերն ու արժեւորումը այս իմաստով պէտք է ըմբռնել «Յիսնամեակ»ին մէջ։
Չուզեցի վիճիլ ու մենք վերադարձանք սրճարան, ուր մեզի կը սպասէր Մ. Կիւրճեան։
Ուրիշ առիթով մը խօսք բացի իր մէկ աչքին վրայ գրած սքանչելի բանաստեղծութեան մասին, որուն երրորդ եւ չորրորդ տուները յստակ չէին ինծի համար։ Ահա այդ մասը.

Նոր զարնուած էր երբոր գիշեր մ՚երազս տեսայ՝
Թէ մութին մէջ, հեւ ի հեւ,
Կը քաշէի կարասի փոխադրող կառք մը հսկայ՝
Քովըս շուքի մը հետ սեւ,

Որուն յաճախ կ՚ըսէի անձկութիւնով ու վախով.
«– Ընկե՛ր, լաւ չեմ տեսներ ես,
Դուն կը տեսնե՞ս...», եւ թէեւ կը քալէինք քովէ քով՝
Բայց ձայն չկա՜ր ընկերէս...

– Պարոն Թէքէեան,– հարց տուի՝ գլխահակ եւ տրտում բանաստեղծին,– արդեօք «կարասի փոխադրող կառք»ին այս պատկերը յղացած էք արկածի առաջին գիշերուան մղձաւա՞նջը արտայայտելու համար։
– Ո՛չ, չեմ յղացած,– պատասխանեց ան կտրուկ,– պարզապէս գրած եմ այն՝ ինչ որ տեսայ։ Ես արկածին գիշերը ճիշդ այդ երազը տեսայ.– կարասի փոխադրող կառք մը, զոր կը քաշէի հեւ ի հեւ, քովէս ալ շուք մը կը քալէր։
– Ֆրէօյտի համար շատ պարզ է այս երազին իմաստը եւ պատճառը,– վրայ բերաւ Մ. Կիւրճեան։
Թէքէեան լուռ էր. «Մէկ-հատիկս» անպայման որ այդ պահուն իր մէջ կ՚արթնցնէր տխուր յուշեր եւ կը վերանորոգէր հին վէրքեր։
Խօսքը փոխեցի եւ հարցումներ ըրի իր անտիպ բանաստեղծութիւններու մասին։ Թէքէեան հաստատեց, թէ ունի բաւական մեծ թիւով անտիպներու շարք մը, որոնք հաւանօրէն, ըսաւ, լոյս տեսնեն □Հովահար Հոգւոյ□ խորագրով, տրուած ըլլալով, որ անոնց մէկ մասը գրուած է երգիծական շեշտով։
Վերջին օրերուն մեր պտոյտները յաճախակի դարձան Տհուր-Շուէրի «գեղածիծաղ» բարձունքներուն վրայ։ Թէքէեանի դէմքը սակայն բնաւ գեղածիծաղ չէր։ Այսօր ալ ինծի կը թուի, թէ պատճառը միայն իր մենակեաց եւ թախծոտ խառնուածքը չէր։ Ան սկսած էր իր վրայ զգալ արծուի աչքով եւ չղջիկի թեւով սեւ թռչունին շուքի ծանրութիւնը՝ հետզհետէ աւելի զօրաւոր կերպով։ Մահուան յաճախանքին տակ կ՚ապրէր՝ իր մահէն ինը տարիներ առաջ իսկ։
Անգամ մը, երբ միասին կը քալէինք, անակնկալօրէն կեցուց զիս եւ ըսաւ.
– Երանի՜ քեզի, երիտասարդ ես, առողջ, յոյսերով եւ երազներով լեցուն։ Հորիզոնը բաց է քու առջեւ։ Ամբողջ ապագայ մը ունիս դիմացդ։
– Իսկ դուք նուաճած էք այդ ապագան, պարոն Թէքէեան, գանգատելու պատճառ չունիք։
– Չեմ գանգատիր, այլ կ՚ափսոսամ...
Ըսաւ ու լռեց։ Ի՞նչ կ՚ափսոսար արդեօք. իր կորսուած սէրե՞րը, որոնց ոչ մէկուն քով կրցաւ խարսխել, շատոնց թաղուած երիտասարդութի՞ւնը, թէ այն երազները, որոնք չիրականացան։
Վ. Թէքէեան Տհուր-Շուէրէն մեկնեցաւ անակնկալօրէն։ Բանաստեղծական ապրումներով եւ զրոյցներով քաղցրացած աղուոր ամիս մը անցուցած էի հետը միասին։ Աւելի քան քառասուն տարիներ ետք միշտ թարմ ու «բուրեան» կը մնան հոգիիս մէջ այդ ամսուան յուշերը։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ 25 ԵՒ ՎԵՐՋ

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝