Յայտարարութիւն

Friday, July 31, 2009

Պատարագի Բացատրութիւն 2

2 Ճաշու պաշտօն

Վարագոյրը կը բացուի, պատարագիչը խնկարկելով կ’իջնէ Ս. Խորանէն մինչ դպիրները կ’երգեն “Բարեխօսութեամբ” կամ այլ թափoրի յատուկ շարական: Հաւատացեալները եկեղեցականին մօտենալով անոր խաչը պէտք է համբուրեն ըսելով “յիշեսջիր եւ զմեզ առաջի անմահ գառինն Աստուծոյ”
Այս բաժինը կը կոչուի նաև “Երախայից Պատարագ”: Թափօրէն մինչեւ վերաբերում, այսինքն ընծաներուն մատուցումը Ս. Սեղանին, կը կոչուի երախայից Պատարագ կամ Ճաշու պաշտօն: Այս բաժինին նպատակն է ժողովուրդը վարժեցնել աստուածապաշտութեան եւ դաստիարակել Աստուծոյ խօսքով, որովհետեւ այս բաժինը առաջին դարերուն կը կատարուէր միայն երախաներուն: Անցեալին անոնք որոնք չէին մկրտուած, այսինքն երախաներն ու ապաշխարանքի մէջ գտնուողները, կրնային ներկայ ըլլալ միայն պատարագի այս բաժնին:

Ճաշու պատարագը նախապատրաստութիւնն է բուն պատարագին: Այս բաժնին մէջ է, որ հաւատացեալներ հոգեպէս կը պատրաստուին մասնակից դառնալու զոհաբերման սուրբ խորհուրդին:

Խունկի գործածութիւնը արարողութեան պահուն շատ հին դարերէն կը սկսի (Բ. օրինացն 33.10) խունկը կը յիշեցնէ մեր մեծ քահանայապետին Յիսուսի Քրիստոսի Աստուծոյ առջեւ կատարած միջնորդութիւնը:

- Խնկարկութիւնը տեսակ մը աղօթք է մեր մեղքերուն թողութեան համար կատարուած:

- Խնկարկելը յարգանքի արտայայտութեան ձև է, անոր համար Ս. Սեղանին, Սուրբերու պատկերներուն, եկեղեցականին առջև կը խնկարկենք:

Թափօրը յիշատակն է Քրիստոսի մարդեղութեան (մարդ դառնալուն) երկինքէն երկիր խոնարհելուն և մարդոց մէջ շրջագայելուն. պատարագիչը խորանի աջակողմեան աստիճաններէն վար կ’իջնէ բուրվառը աջ ձեռքին ձեռաց խաչը ձախ ձեռքին, կը խնկարկէ, թափօր կը դառնայ եկեղեցւոյ մէջ, կ’օրհնէ ժողովուրդը և ձախակողմեան աստիճաններէն դարձեալ կը բարձրանայ խորան, իր հետ Ս. Սեղան բարձրացնելով հաւատացեալ ժողովուրդին խնդրանքը:

Թափօրին համար անհրածեշտ է`

¯ Խաչվառ, 2 մոմակիրներ, 2 քշոցակիրներ, սարկաւագ, բուրվառակիր` աջ ձեռքին ձեռաց խաչ եւ ձախ ձեռքին խնկամանը եթէ բարձրաստիճան է պատարագիչը աջ ձեռքին եպիսկոպոսական գաւազանը վեր բռնած եւ ձախ ձեռքին խնկամանը:

¯ Թափօրի ընթացքին Եկեղեցւոյ ատեանին շուրջ ժողովուրդին մէջ մինչեւ դասի կեդրոնը գալով պատարագիչը կը խնկարկէ ժողովուրդին. մինչ մնացեալ դպիրները ատեանին մօտ կը սպասեն եւ երբ պատարագիչը վերադառնայ միասին բեմ կը բարձրանան: Խաչվառը դասին մէջ կեդրոնը կը կենայ պատարագիչին խնկարկած ատեն, երբ դպրաց խումբը վեր ելլէ` խաչը կը տանի աւանդատուն:

Պատարագիչը □խաղաղութիւն ամենեցուն□ ըսելով կը դառնայ և կ’օրհնէ ժողովուրդը: Ամէն անգամ որ քահանան օրհնէ ժողովուրդը բուրվառակիր սարկաւագը պէտք է խնկարկէ Ս. Սեղանին եւ ժողովուրդին իսկ հաւատացեալները պէտք է թեթև խոնարհում ընեն և խաչակնքեն իրենց երեսները իբրև նշան` Աստուծոյ շնորհքը ընդունելու:
Երբ սարկաւագը կ’ըսէ «Աստուծոյ երկիրպագեսցուք» պէտք է դարձեալ թեթև խոնարհեցնենք մեր գլուխները կէս մէջքով ծռած և խաչակնքենք:
Պատարագիչը Ս. Աւետարանը համբուրելով կուտայ սարկաւագին որ բարձրացուցած` ի տես ժողովուրդին կը դառնայ Ս. Սեղանին շուրջ` հիւսիւսէն հարաւ: Մինչ սարկաւագը կը վերաբերէ Ս. Աւետարանը, դպիրները կ’երգեն “Ս. Աստուած Սուրբ եւ հզօր” Երեքսրբեանը օրուան խորհուրդին համաձայն:
¯ Մոմակիրները եւ քշոցակիրները “ Սուրբ Աստուած” երգեցողութեան ընթացքին աջ կողմ կու գան: Բուրվառակիրը խնկարկելով կ’առաջնորդէ վերաբերող սարկաւագին: Աւետարան կարդացող Սարկաւագին ետեւէն քշոցակիրները եւ առջեւէն մոմակիրները կը քալեն:

Կը կարդացուի Ճաշու օրուան Ընթերցուածը, դպիրներէն մէկը սկիզբէն փորձ ըրած կ’ըլլայ եւ ապա կ’երգուի Ճաշու Սաղմոսը “Ալէլուիա յարեաւ Աստուած…”: Անցեալին Ճաշու գիրքի ընթերցումէն ետք կը տրուէր Քարոզը: Այսօր հաւատացեալներուն թիւը քիչ ըլլալուն պատճառով քարոզը փոխադրուած է “Հայր մեր”-էն առաջ: Եթէ Եպիսկոպոս կամ Թեմի Առաջնորդ է պատարագիչը, Սուրբ Սեղանին երկրպագելով կը նստի խորանին վրայ նախօրօք զետեղուած աթոռին, դպիրներէն մէկը կ’ընթերցէ մարգարէական եւ առաքելական թուղթը ըստ տօնին կամ յաւուր պատշաճի:
¯ Սարկաւագը Ս. Սեղանին առջեւ կը կարդայ ցած ձայնով օրուան Աւետարանը “ Սրբոյ Աւետարանիս….. Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս…” եւ մի քանի տուն պատարագիչին մօտ ապա անոր օրհնութիւնը ստանալէ ետք կ’երթայ դէպի ժողովուրդ ընթերցելու:

Աւարտին Աւետարան կարդացող սարկաւագը երեսը դէպի Արեւելք Խորանին մէջտեղը կանգնած եւ Աւետարանը բարձր բռնած ի տես ժողովուրդին եղանակով կ’արտասանէ Նիկիոյ Հաւատոյ Հանգանակը` “Հաւատամք ի մի Աստուած”:
¯ Հաւատամքի ընթացքին բուրվառակիրին տեղը նկատի պէտք է առնել խորանին վրայ. սպասարկող սարկաւագը Աւետարանը բարձրացուցած պատարագիչին ետեւը կ’ըլլայ, շարքը ըստ հետեւեալի` մէկ շարքի վրայ շարուած կ’ըլլան խորանին դիտուած աջէն առաջին քշոցակիր, առաջին մոմակիր, սպասարկող սարկաւագ Աւետարան ձեռքը հանդիսաւորապէս ի տես ժողովուրդին, բուրվառակիր, երկրորդ մոմակիր, երկրորդ քշոցակիր:

Հաւատամքի աւարտին Քահանան Աւետարանը համբուրելով, բարձրաձայն կ’արտասանէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի կողմէ գրուած Փառաբանական Օրհնութիւնը “Իսկ մեք փառաւորեսցուք”:
Սարկաւագը քահանային Սաղաւարտը կը հանէ “Տէր Աստուած Օրհնեսցէ զամենեսեանդ…” աղօթքէն ետք:
Իսկ եթէ Եպիսկոպոս է պատարագիչը կը փակուի վարագոյրը, կը հանէ զարդերը Եմիփորոնը, Խոյրը եւ Հողաթափերը, Արտախուրակները եւ Պանակէն իսկ եթէ քահանայ է, առանց փակելու վարագոյրը կը հանէ Սաղաւարտը, Լանջախաչը եւ Հողաթափը: “Մարմին տէրունական” երգին խորանին վարագոյրը կը բացուի:

Եթէ հին դարերու մատուցուած Ս. Պատարագին ներկայ գտնուէինք, բաւական հետաքրքրական տեսարանի մը ականատես պիտի ըլլայինք, «Մի ոք յերախայից» երգի ատեն բոլոր չմկրտուածները (երախաներ), թերահաւատները, ապաշխարանքի տակ եղողները, այսինքն զանազան մեղքերով անմաքուր անձերն ու եկեղեցւոյ կողմէ պատժուածները դուրս կը հանուէին գաւիթին մէջ աղօթելու համար: Այսօր երբ «Մի ոք յերախայից»-ը կ’երգէ սարկաւագը, մենք պէտք է, որ մեր սրտերէն ու մտքէն դուրս հանենք թերահաւատութիւնը, անմաքուր մտածումներն ու զգացումները, վերջապէս մեղքը պէտք է որ հեռացնենք մեզմէ և լեցուինք Ս. խորհուրդով:

Պատրաստեց՝
Արամ Քահանայ Տէյիրմէնճեան
Հոգևոր Հովիւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց

Շար . 2

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝