Յայտարարութիւն

Tuesday, July 28, 2009

ԻՆՔՆԱԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՀՐԱՉ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆԻ 3

Հրաչը Հրաչին Մասին

ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԲԵՐՔ

Ինչպէս կ՚ենթադրեմ, շատերու կը պատահի, մտաւորական, կամ ընդհանրապէս մշակութային-հետաքրքրութիւններս (խօսքս, անշուշտ, ոչ-մասնագիտական հետաքրքրութիւններուս մասին է) տարուբերուած են որոշ մարզերու միջեւ, իւրաքանչիւր մարզի մէջ անցնելով զանազան փուլերէ։ Ժամանակագրական կարգով նախասիրութիւններս եղած են.
Ա) Գծագրութիւնն ու նկարչութիւնը – Մանկութենէս մինչեւ քսանհինգ-երեսուն տարեկան, իր գագաթնակէտէն անցնելով նկարիչ Կալենցի հետ մտերմութեանս օրերուն (տասներկու-տասներեք տարեկան) եւ շարունակուելով Հալէպ, անոր յետագայ կնոջ՝ Արմինէ Պարոնեանի հետ։ Ըստ երեւոյթին որոշ յարմարութիւն ունէի (այդ՝ շատ աւելի շեշտուած կերպով յետագային երեւան եկաւ աղջկանս՝ Թամարին մօտ)։
Բ) Ատկէ՝ նաեւ ընդհանուր սէր մը արուեստներու նկատմամբ, որ միախառնուելով ազգային հպարտանքի զգացումին հետ, շրջան մը՝ պաշտամունքի հասնող հիացում յառաջացուցած էր մէջս հայկական ճարտարապետութեան նկատմամբ (քսանհինգ-քառասուն տարեկանիս, բայց յատկապէս Հայաստան անդրանիկ այցելութեանս առիթով, երբ անձամբ այցելեցի յուշարձանները եւ առիթ ունեցայ ճանչնալու ճարտարապետներ Վարազդատ Յարութիւնեանը, Ստ. Մնացականեանը, Ալ. Սահինեանը, հնագէտ Կարօ Ղաֆադարեանը, Մօրուս Հասրաթեանը եւ ազնուական սերունդի մը ազնուական այլ դէմքերը)։ Անշուշտ այս պարագային նախասիրութիւնս կատարողական չէր, այլ՝ ուսումնասիրական, պատմագեղարուեստական, բանասիրական։ Յիսուն-վաթսունական տարիներուն այնքա՛ն տարուած էի հայ ճարտարապետական կոթողներով եւ յուշարձաններով, որ Համազգայինի ընկերներս, իբրեւ Նոր Տարուան նուէր, Թորոս Թորոմանեանի մաշիկները «կը մաղթէին» ինծի…։ Ուսումնասիրութիւններ ունիմ տպուած «Նայիրի»ին եւ «Հասկ»երուն մէջ, նաեւ երկու բաւական լուրջ յօդուած՝ Համազգայինի հրատարակած ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐ ալպոմին մէջ (1972), զոր,- կը յիշեմ,- երկու ամերիկացիներու Թրքահայաստանէն բերած նկարներով կազմեր էինք Գուրգէն Գասապեանի հետ, երեք լեզուով (հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն)։ Ունիմ նաեւ, տակաւին անտիպ վիճակով (մեքենագրուած), պատմագեղարուեստական ուսումնասիրութիւն մը, որուն նիւթը բազմիցս աւանդած եմ Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկի ուսանողներուն («Հայկական Ճարտարապետութիւն»)։
Գ) Կ՚ենթադրեմ, թէ մեծ հանգիտութիւն չկայ արուեստի պատմութեան եւ քաղաքական-յեղափոխական պատմութեան միջեւ։ Իրողութիւն է սակայն, որ առաջինէն, ես տակաւ դարձայ երկրորդին, վաթսունական թուականներու աւարտէն իսկ առաջ։ Ողբ. Սիմոն Վրացեանի դասաւորումը անձնական թէ հաւաքած արխիւներու, զանոնք վերադարձնելու համար իրենց բարոյական իրաւատիրոջ՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան (Մայր Դիւան, Պոսթըն), 1970էն սկսեալ եւ երկար տարիներ, իմ ամառնային աշխատանքս Պոսթընի մեր արխիւներու ցուցակագրումի եւ պատճէնահանման գծով (գործ մը, որուն մէջ ինծի յաջորդեց… Ժիրայր Լիպարիտեանը, ձեռնարկելով նաեւ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի որոշմամբ, մանրաժապաւէն պատճէնահանման), դարձեալ Բիւրոյի որոշումով, անցեալի մեր մեծ դէմքերուն նուիրուած մենագրութիւն-հաւաքածոներու կազմումը անոնց մահուան թուականին հետ կապուած տարելիցային առիթներով, Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկին համար հայ կուսակցութիւններու եւ յատկապէս Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութեան գիտական եւ ընդարձակ դասընթացքի մը պատրաստութեան անհրաժեշտութիւնը,- այս բոլորը մղիչ ազդակ հանդիսացան, որ ես կազմէի կարեւոր թիւով հատորներ, դէմքերու եւ դէպքերու նուիրուած, բայց ըստ կարելւոյն՝ բանասիրական ճշգրտութեամբ օժտուած, արխիւային հարազատ վերարտադրութիւններ, բայց բացատրուած կամ մեկնաբանուած, առաւել, անշուշտ, Դաշնակցութեան պատմութեան կամ յարակից նիւթերու վերաբերեալ անձնական աշխատութիւններ։



1)Հաւանաբար ամենաշահեկան եւ պատմագրին համար ամէնէն օգտակար շարքը ՆԻՒԹԵՐ Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ քառահատոր շարքն է, որ մեր կուսակցութեան պատմութիւնը կը տանի մինչեւ 4րդ Ընդհ. Ժողով (1907), թուականի մասնակի զանցումներով։ Ա. եւ Բ. հատորները արժանացած են վերահրատարակութեան (յաւելուածով)՝ ութսունական թուականներու սկիզբը։ Պատրաստ է հինգերորդ հատոր մը, ձեռագիր վիճակով, որ պիտի ամբողջացնէ 4րդ Ընդհ. Ժողովին վերաբերեալ փաստաթուղթերու (շրջաններու տեղեկագիր) ներկայացումը։



2) Անձերու նուիրուած կենսագրականներու, գրութեանց, նամակներու նկարագրային-գործունէութենական տպաւորութիւններու հաւաքածոները կը սկսին ԱՐԱՄԸ հատորով (1969, մահուան յիսնամեակ), կը շարունակուին ՌՈՍՏՈՄով (1979, մահուան վաթսունամեակ), ՍԻՄՈՆ ԶԱՒԱՐԵԱՆի հաստափոր երեք հատորներով (1983 եւ 1992) եւ հիմակուհիմա կ՚աւարտին ՔՐԻՍՏԱՓՈՐԻ ՆԱՄԱԿՆԵՐով (1993) եւ ՌՈՍՏՈՄի ամբողջական ՆԱՄԱԿԱՆԻՆ (1999)։



3) Ժամանակագրական կարգով, զուտ անձնական աշխատութիւններս հետեւեալներն են. - Հ.Յ.Դ. ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑԻ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ, Պէյրութ, 1974. վերահրատարակուած՝ 1985ին։ - Ո՞Վ Է ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆԸ, Պէյրութ, 1975. վերահրատարակուած Հայաստան։ Անգլերէն թարգմանութեան փորձ մը կատարուած է Ա.Մ.Ն.ի մէջ, ըստ իս՝ ձախող։ - LA QUESTION ARMENIENNE, Beyrouth, 1975 (Եղեռնի վաթսունամեակին առթիւ)։ - ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ, Պէյրութ, 1977։ Միեւնոյն գրքոյկը հրրատարակուած է նաեւ արաբերէնով, Հալէպ, եւ պարսկերէնով, Թեհրան։ - ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ, Պէյրութ, 1985։ - ԻՆՆՍՈՒՆԱՄԵԱՅ ՀԱՇՈՒԵԿՇԻՌ, Պէյրութ, 1985։ - Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԻՐ ԿԱԶՄՈՒԹԵՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ Ժ. ԸՆԴՀ. ԺՈՂՈՎ, Աթէնք, 1988։ - Նոյնը՝ ֆրանսերէնով (HISTOIRE DE LA FEDERATION REVOLUTIONNAIRE ARMENIENNE DACHNAKTSOUTYOUN 1890/1924, Oemme, Milano, 1988)։ - Նոյնը՝ անգլերէնով (HISTORY OF THE ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION DASHNAKTSOUTYOUN 1890/1924, Oemme, Milano, 1988)։ - ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ՄԻՆՉԵՒ Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ, Աթէնք, 1990։ - Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ-ՄԱՐՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ, Պէյրութ, 1994։



4) Ցարդ անտիպ կը մնայ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ընդարձակ պատմութեան գէթ Ա. հատորը (մինչեւ 1902-1903)։ Աշխատութեան ամբողջութիւնը, եթէ երբեք աւարտի (ինչ որ քիչ հաւանական է), կրնայ առնել չորս հատոր, իւրաքանչիւրը առնուազն 400 էջերէ կազմուած։ 5) Եթէ յանկարծ յիշեմ,- ու յանկարծ յիշեցի,- որ յիսունական տարիներուն, □Սեւան□ տպարանի տէր ու տնօրէն ողբ. Սիմոն Սիմոնեանի առաջարկով (Հալէպի Հայկազեան վարժարանին մէջ ան հայերէնի առաջին ուսուցիչս էր եղած), դեռ նոր Ֆրանսայէն վերադարձած, ես պատրաստեր էի, նախակրթարաններու համար, գիտութեանց վեց դասագիրքերու շարք մը, տեղին ամբողջացում մը կատարած կ՚ըլլամ կարծեմ։ Այդ դասագիրքերը մինչեւ վերջերս ալ կը գործածուէին Ճեմարանի եւ ազգային վարժարաններուն մէջ։ Իբրեւ անոնց շարունակութիւնը, Է.-Ը. դասարաններուն համար պատրաստած ունիմ երկրաբանութեան դասընթացք մը, որ անտիպ է, բայց կը բովանդակէ հայերէնով գիտական ուսանելի բառապաշար մը։ Հիմակուհիմա՝ այսքան։





19 Յունուար 1996



Շար. 3 և Վերջ

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝