Յայտարարութիւն

Wednesday, July 1, 2009

«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ» Մուշեղ Իշխան - 5

Սիրելի Ընթերցող,



Խոստացած էինք ՄԵԾ ՀԱՅՈՒ մը վկայութիւնները հրապարակել ՀԱՅ ՄԵԾԵՐՈՒ մասին: Ստորև, ամենօրեայ դրութեամբ, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ մաս մը Մուշեղ Իշխանի հետաքրքրական վկայութիւններէն հայերու, որոնք անկիւնադարձեր ապահոված են ու նոր էջեր բացած հայոց գրականութեան, թէ քաղաքական պատմութեանց մէջ: Մուշեղ Իշխան, ինչպէս ինք կ՜ըսէ, եղաւ այն քիչերէն որոնք բաղդը ունեցան աշակերտելու հինգ ՄԵԾ ՀԱՅԵՐՈՒ յանձինս Յակոբ Օշականի, Լևոն Շանթի,Նիկոլ Աղբալեանի,Նիկողայոս Ադոնցի, Կոստան Զարեանի և գործակցելու երկու ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հետ՝ յանձինս Սիմոն Վրացեանի և Վահան Թէքէեանի: Յուսամ ես ալ կարենամ օր մը իմ սրտիս պարտքը տալ գրելով ՄԵԾՆ Մուշեղ Իշխանի մասին որուն բաղդը ունեցած եմ աշակերտելու չորս տարի :



«Իմ Ուսուցիչներս» հրատարակուած է 1984 ին, Պէյրութ:



Նշան Պասմաճեան ____________________________________________________________





«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ» - 5

ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ

Ես Մելգոնեանը ձգեցի 1930ի կրթական տարեշրջանի վերջը, առանց աւարտելու։ Այնուհետեւ Օշականը չտեսայ երկար տարիներ։ Հեռուէն կը հետեւէի անշուշտ իր գրականութեան եւ կեանքի ընթացքին. այսպէս՝ ցաւով տեղեկացած էի սրտի տագնապին, որուն հետեւանքով Օշական դարձեր էր չափազանց զգուշաւոր, առանց սակայն գրելու արշաւին թափը կորսնցնելու։ Կիպրոսէն տեղափոխուեր էր Երուսաղէմ։

Կեանքի պայմանները զիս նետեր էին ուսուցչական ասպարէզ եւ նոյն ատեն ստիպուեր էի լծուելու օրաթերթային աշխատանքի։ Ամէն անգամ որ ոտք կը դնէի «Ազդակ»ի խմբագրատունը, ականջներուս մէջ կը հնչէր Օշականի պատուէրը.

– Ղազէթաճի մի՛ ըլլաք. հրապարակագրութիւնն է որ մեռցուց Ռ. Զարդարեանի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ ուրիշ տաղանդաւոր տղոց գրականութիւնը...

Օշականի հնչեցուցած ահազանգը իրական վտանգի մը ազդանշանն էր անկասկած. ես անձիս վրայ կը զգայի «ղազէթաճիութեան» գործած աւերը։ Հեւասպառ եւ ամէնօրեայ վազք յօդուածներու, խմբագրականներու, թարգմանութիւններու ետեւէն։ Մուսաները խեղդամահ կ՚ըլլային օրաթերթային այս աշխատանքի հեղեղին տակ։ Այսուհանդերձ տասը տարի մը դիմացայ, գաղտնի դարպասներով հանդերձ մուսաներուն, որոնք բարեբախտաբար բոլորովին չլքեցին զիս։

Օր մը, չեմ յիշեր ճիշդ ո՛ր թուականին, Օշականէն նամակ մը ստացայ։ Կարճ, ցամաք նամակ մը, որով ինձմէ կը խնդրէր դիմել մեկենասի համբաւ վաստկած առեւտրականի մը, որ իր անտիպ գործերէն մէկուն հրատարակութեան ծախսերը հոգայ։ Ելայ գացի այդ անձին վաճառատունը եւ պարզեցի խնդիրը։ Լեզուիս ամբողջ ճարտարութիւնը թափեցի մարդուն առջեւ. շեշտեցի որ Օշական մեծ գրող է եւ արժէ անոր մէկ գործին մեկենասը դառնալ. իր անունն ալ պիտի փառաւորուէր ու անմահանար այս ձեւով։

– Չեմ կրնար, պիւտճէս փակուած է,– ըսաւ կտրուկ կերպով։
– Բայց ուրիշ գրողի մը գիրքը հրատարակած էք ասկէ առաջ եւ Օշական իմացած է,– առարկեցի ես։
– Այո՛,– ըսաւ,– ատանկ բան մը եղաւ. ես հայ գիրքը կը սիրեմ, բայց առ այժմ պիւտճէս չի ներեր։ Եւ յետոյ ան որուն գործը հրատարակեցի՝ հայրենակիցս էր, քիչ մըն ալ հեռուէն ազգական...

Պարզ էր մարդուն թէ տրամադրութիւնը եւ թէ տրամաբանութիւնը։ Հայ գիրքը կը սիրէր, գրող հայրենակիցն ալ կը սիրէր եւ այդքա՛ն։

Օշականին պարզեցի հարցը նրբանկատ տողերով, որպէսզի սրտի տագնապը չվերանորոգուի։
Վերջին անգամ Օշականը տեսայ Մելգոնեանը ձգելէս 16 տարիներ ետք, 1946ին, Պէյրութ։ Իր յոբելեանի տարին էր։ Անօրինակ եւ անմարդկային խաչակրութիւն մը շղթայազերծուած էր իր դէմ ու որոշ անձերու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ ամէն ճիգ կը թափուէր յոբելեանը ձախողցնելու։

Պատմութիւնը ծանօթ է։

Օշական մահացու մեղք գործած էր այդ օրերուն, յօդուածի մը մէջ քննադատելու հայրենական կարգ մը գրողներու համբաւաւոր գործերը։ Գրած էր, օրինակ, թէ Դ. Դեմիրճեանի «Վարդանանք»ը բառակոյտ մըն էր։ «Հատորը, իր առաջին յիսուն էջերուն, կապար դարձաւ ձեռքերուս մէջ եւ աչքերս մերժեցին այդ բառակոյտը»։ Նոյն ձեւի բացասական արտայայտութիւն էր ունեցած Ստ. Զօրեանի «Պապ Թագաւոր»ին մասին։ Ու տակաւին համարձակած էր սեւով ճերմակի վրայ գրելու. «Ով որ կը հաւատայ թէ Յովհ. Շիրազը, Սարմէնը եւայլն բանաստեղծներ են, կամ ինքզինք կը խաբէ, կամ կ՚ընէ կեղծիքներուն ամէնէն զզուելին»(1)։

Ո՜վ հայրենասիրութիւն...

Ամէն կողմէ սկսաւ լսելի դառնալ պոռչտուք մը. «ի խաչ հանէք զդա»։

Գացի այն պանդոկը, ուր առժամապէս կը մնար Օշական. գացի վախով, որ կրնայ չճանչնալ զիս։ Է՜հ տարիները այլափոխած էին մեզ։ Վարպետը աւելի ալեւորած էր, աւելի նիհար քան առաջ, իսկ ես ալ նախկին պատանին չէի այլեւս։ Մեր հոգիները չէին փոխուած սակայն ու իրար ճանչցան։

– Ինչպէ՞ս ես, ի՞նչ կ՚ընես, մենծ աղա...
– Ղազէթաճիութիւն, պր. Օշական։
– Ատ չեղաւ, սխալ կ՚ընես։

Ափը խօսած պահուն սրտին վրայ էր միշտ. կարծես կ՚ուզէր բնազդօրէն պաշտպան կանգնիլ շիջելու մօտ ճրագի մը, որուն լոյսը կը տատանէր կեանքի հովերուն առջեւ։ Կը խօսէր մեղմ, հանդարտ, յոգնած եղանակով, ուր նշմարելի էր կարճ կապելու ցանկութիւն մը։ Օշական շատ էր ազդուած իր վրայ եղած յարձակումներէն, որոնք գրականութենէն դուրս գալով ստացեր էին քաղաքական բնոյթ։ Արդ, ալեզարդ գրագէտը երբեք քաղաքական դիրքաւորումի մարդը չէր եղած։ Իր թարմ տարիքէն մինչեւ ծերութիւն սպասարկած էր հայ հոգեւոր արժէքներուն, գրականութեան ճամբով։ Կարելի էր վէճի նիւթ դարձնել իր յայտնած տեսակէտները, բայց կարելի չէր կասկածի տակ առնել իր հայրենասիրութիւնն ու «իրաւ» արուեստի պաշտամունքը։

– Պր. Օշական, ձեր յոբելեանը պիտի տօնենք յառաջիկայ շաբաթ,– աւետեցի իրեն։
Զարմացաւ, պահ մը լուռ երեսս նայեցաւ եւ ըսաւ.
– Ո՞վ է տօնողը։
– «Համազգային Հայ Մշակութային Միութիւնը»։
– Եղած գրոհէն ետք դեռ սիրտ ունեցողներ կա՞ն ուրեմն զիս մեծարելու։ Գիտե՞ս որ ըսածներս սխալ հասկցան... ես իմ ժողովուրդիս գրագէտն եմ։
Ապա կանգ առաւ, շունչ մը քաշեց եւ հարց տուաւ մտահոգ.
– Ո՞վ պիտի խօսի. խօսողները Օշականը կը հասկնա՞ն։
– Ես եւ Կարօ Սասունին։ Ես պիտի խօսիմ քննադատ Օշականի մասին, իսկ Սասունին պիտի վերլուծէ վիպագիրին արժէքը։

Աչքերը շլմոր վրաս յառած կը մնային անորոշ արտայայտութեամբ։

– Ըսէ նայիմ, ի՞նչ պիտի ըսես քննադատ Օշականի մասին։
Հարցումին մէջ կասկած եւ թերահաւատութիւն կար։ Երէկուան աշակերտը հանրութեան պիտի ներկայացնէր խարազանակիր քննադատը։ Արդէն իսկ պատրաստելու վրայ էի խօսելիքս եւ գրպանս տրցակ մը թուղթ կար։ Կարդացի իրեն նօթերս. գոհ մնաց եւ ընդհատեց զիս.
– Աղէկ է. հիմնական գիծերը գտած ես։ Կարօ Սասունին ի՞նչ պիտի ըսէ արդեօք. կը հասկնա՞յ Օշական վիպագիրը։
– Բաւական կը հասկնայ, մի՛ մտահոգուիք, հանդէսը լաւ կ՚անցնի։

Իսկապէս ալ յոբելինական անշուք այս հանդէսը լաւ անցաւ, ջերմ ու մտերմական մթնոլորտով, հայ բողոքականաց նախկին ժողովասրահին մէջ։ Սրահը մեծ չէր, սակայն բերնէ բերան լեցուն։ Օշականի մուտքը ընդունուեցաւ բուռն ծափահարութիւններով։ Կարգադիր յանձնախումբը զինք բեմ առաջնորդեց, ուր նստաւ ան գիւղացի մարդու անայլայլ պարզութեամբ, յաւիտենական իր բաց օձիք շապիկով եւ վաստակաշատ բաճկոնով։

Սրահի առաջին շարքին նստած էին Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան եւ այլ մտաւորական ծանօթ դէմքեր։

Երբ հանդէսը վերջ գտաւ եւ Օշականի տրուեցաւ խօսքը, ան յայտնապէս յուզուած էր։ Ձեռքը սրտին վրայ դանդաղօրէն ելաւ ոտքի եւ սկսաւ խօսիլ բառերը փնտռելով։ Միշտ այդպէս ճանչցած էի արդէն զինք։ Օշական պերճախօս չէր։ Բայց ըսաւ սրտի դպչող խօսքեր, որոնք յուզեցին ներկաները։ Հիմա չեմ յիշեր անշուշտ իր բոլոր ըսածները։ Այսուհանդերձ չեմ մոռցած իր գոհունակութեան արտայայտութիւնը «մեծարանք»ին համար։ Ինք ժողովուրդին կը պատկանէր իր ամբողջ վաստակով։ Ինչ որ ունէր իր տաղանդէն, կեանքէն, առողջութենէն տուած էր ժողովուրդին։ Եւ հիմա ինքզինք հարուստ եւ երջանիկ կը զգար։

Ապա ցոյց տալով Լեւոն Շանթը, Օշական իր յուզումը յայտնեց եւ ըսաւ.

– Բացառիկ պահ է ասիկա թէ ինծի եւ թէ հայ գրականութեան համար։ Մեծ սպանդէն վերապրող երեք սերունդ ներկայ է այսօր այս սրահին մէջ.– երէց սերունդի ներկայացուցիչ Լեւոն Շանթ, իմ սերունդս եւ նորերը։ Հայ հոգին կը շնչէ, հայ գրիչը ծաղկուն կը մնայ...

Օշական բեմէն վար իջած՝ շնորհաւորութիւններ սկսած էր ընդունիլ. ես քովը խորթ եւ անսովոր հոգեվիճակ մը կ՚ապրէի։ Երբ շնորհաւորելու կարգը Լեւոն Շանթին հասաւ, թօթուեց ձեռքը եւ երիցագոյն սերունդի յատուկ հեղինակութեամբ մը ըսաւ.

– Օշակա՛ն, ոյժ տուր աւելի վէպերուդ. վէպերդ են որ կը մնան։

Օշական լուռ էր. ի՞նչ մտածեց արդեօք Շանթի խօսքերուն մասին։ Գիտէի թէ Օշական շատ համակիր չէր Շանթի գրականութեան եւ մինչեւ իսկ քննադատութեան էր ենթարկած անոր երկերը։

Ի՛նչ փոյթ. եղեռնէն վերապրող սերունդի ներկայացուցիչներու, երկու անուանի գրագէտներու պատմական հանդիպման պահն էր։ Հաւանօրէն նաեւ անկեղծ սրտակցութեան։
Օշականի հետ վերջին հանդիպումս էր։ Ինչպէս յայտնի է, Անթիլիասի կաթողիկոսարանէն քան մը ամսուան համար Հալէպ էր մեկնած, ուր յանկարծամահ եղաւ ան, աշխատանքի սեղանին առջեւ, գրիչը ձեռքին։

Այնքա՜ն գործեր ունէր դեռ աւարտելիք...

(1) «Նայիրի» ամսագիր, 1946, Փետրուար, Թիւ Զ.։


Շարունակելի 5 և Վերջ

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝