Յայտարարութիւն

Thursday, July 2, 2009

«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ» Մուշեղ Իշխան - 6

Սիրելի Ընթերցող,



Խոստացած էինք ՄԵԾ ՀԱՅՈՒ մը վկայութիւնները հրապարակել ՀԱՅ ՄԵԾԵՐՈՒ մասին: Ստորև, ամենօրեայ դրութեամբ, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ մաս մը Մուշեղ Իշխանի հետաքրքրական վկայութիւններէն հայերու, որոնք անկիւնադարձեր ապահոված են ու նոր էջեր բացած հայոց գրականութեան, թէ քաղաքական պատմութեանց մէջ: Մուշեղ Իշխան, ինչպէս ինք կ՜ըսէ, եղաւ այն քիչերէն որոնք բաղդը ունեցան աշակերտելու հինգ ՄԵԾ ՀԱՅԵՐՈՒ յանձինս Յակոբ Օշականի, Լևոն Շանթի,Նիկոլ Աղբալեանի,Նիկողայոս Ադոնցի, Կոստան Զարեանի և գործակցելու երկու ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հետ՝ յանձինս Սիմոն Վրացեանի և Վահան Թէքէեանի: Յուսամ ես ալ կարենամ օր մը իմ սրտիս պարտքը տալ գրելով ՄԵԾՆ Մուշեղ Իշխանի մասին որուն բաղդը ունեցած եմ աշակերտելու չորս տարի :



«Իմ Ուսուցիչներս» հրատարակուած է 1984 ին, Պէյրութ:



Նշան Պասմաճեան

____________________________________________________________

«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ» - 6

ՓՐՈՖ. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԱԴՈՆՑ
ՅՈՒՇԵՐ ԵՒ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Փրոֆ. Ն. Ադոնց մեր մշակոյթի վերջին յիսուն տարուան պատմութեան մէջ բացառիկ տեղ մը կը գրաւէ։ Իր մահը զուգադիպեցաւ պատերազմի մթին օրերուն։ Մութ մնացին նաեւ այս մեծ հայուն կանքին ու գործին վերջին մանրամասնութիւնները։

Ապագայ քննադատներ եւ պատմագէտներ երկարօրէն պիտի զբաղին անշուշտ իրմով եւ վեր պիտի հանեն իր վաստակին խոր, տոկուն եւ բազմակողմանի արժէքը։ Գործ մը կրնայ դիմանալ մոռացութեան փոշիին, բայց կեանք մը՝ ո՛չ։ Կեանքը նման է ապրող ծառին կամ ծաղկին, որուն բոյրը կը տեւէ պահ մը անմիջական շրջապատին մէջ եւ կ՚անհետի անոր հետ։

Փրոֆ. Ն. Ադոնց իր գործին արժէքով մա՛րդ մըն էր նոյն ատեն. անոր կեանքը կատարելութեան գեղեցկութեամբ կը ճառագայթէր շուրջիններուն վրայ։ Ես այն քիչերէն մէկը եղայ, որոնք բախտը ունեցան մօտէն անոր տաղանդին եւ տաղանդէն առաջ՝ անձին վրայ հիանալու։

Քիչ անգամ մտաւորական մը մտերմութան մէջ կրնայ պատուանդանի վրայ մնալ։ Դժբախտաբար, մեծ միտքեր մեծ նկարագիրներ չեն միշտ։ Ընդհակառակը, մեծ թերութիւնները մեծ մարդոց քով պէտք է փնտռել շատ յաճախ։ Փրոֆ. Ն. Ադոնց ոչ միայն հիասթափ չէր ըներ զինք ճանչցողը, այլ իր անձին յորդ կենսունակութեամբ եւ իր նկարագրին հաղորդական վեհութեամբ ընդունակ էր աւելի հրապուրիչ դարձնելու իր մասնագիտութիւնը։

Ահա թէ ինչու, ամէն անգամ որ մտածեմ իր մասին՝ հատորներ կամ տեսութեանց խորագիրներ չեն, որ կը պատկերանան աչքիս առջեւ, այլ կը տեսնեմ անոր ուղղաձիգ հասակը, արծաթէ մազերը, լուսաւոր ժպիտն ու ոգեւոր շարժումները։

*
* *


Փրոֆեսոր տիտղոսը ինծի համար խրտչեցնող բան մը ունէր իր մէջ։ Կ՚երեւակայէի տեսնել խոժոռ դէմքով, ճաղատ գանկով, մօրուքի եւ ակնոցի զոյգ հեղինակութեամբ պաշտպանուած ծերունի մը։ Երբ առաջին անգամ ուսանող ընկերոջ մը հետ բռնեցինք իր տան ճամբան Պրիւքսէլի մէջ, տարտամ վախ մը կար սրտիս խորը։ Ի՞նչ տեսակ մարդ էր արդեօք, հետը կարելի՞ էր խօսիլ՝ առանց նեղութիւն զգալու։

Ադոնց կը բնակէր համալսարանի թաղը, ծառազարդ փողոցի մը մէջ, որուն բոլոր տուները սքանչելի վիլլաներ էին, անպայման փոքրիկ պարտէզով մը շրջապատուած։

Թէեւ աշնան սկիզբն էինք, բայց օդը գաղջ էր եւ բացառիկ կերպով պայծառ։ Անհուն խաղաղութիւն մը կը տիրէր ամբողջ թաղին վրայ։ Ծառերու սաղարթներէն լսելի էր միայն թռչուններուն երգը։ Ինքնաշարժի եւ հանրակառքի ժխորով լեցուն պողոտայէն վերջ բացուող այդ փոքրիկ փողոցին մեծ անդորրութիւնը խորապէս տպաւորիչ էր։ Քաղաքին ծոցը թաքնուած զով պուրակ մը կարծես։

«Փրոֆեսորը ճաշակ ունենալ կը թուի,– մտածեցի ես ինծի,– գոնէ զուրկ ըլլար գիտական մարդոց դասական չորութենէն»։

Մայթին վրայ ընկերս յանկարծ քաշեց թեւէս եւ կեցուց զիս։
– Նայէ՛,– ըսաւ,– Ադոնցը սեղանին առջեւն է եւ կ՚աշխատի։ Դիմացս տեսայ քարաշէն տուն մը, որուն առջեւ երկաթէ ցանկապատէն ներս փոքրիկ ծաղկանոց մը կը տարածուէր։ Դրան վրայ պղինձէ տախտակ մը, վրան՝ «փանսիոն» գրուած։ Լայն ու բաց պատուհանէն կը նշմարուէր արծաթահեր գլուխ մը՝ աշխատանքի հակած։ Գեղեցիկ էր նախամուտի առաջին տպաւորութիւնը եւ նոյնիսկ խորհուրդով օծուն։ Մտանք ներս։

Մեզ դիմաւորեց բարեձեւ մարմնով, ժպտուն աչքերով, ածիլուած թարմ դէմքով մարդ մը։ Ո՞վ կրնար ըսել թէ եօթանասունամեայ ծերունի մըն էր ան։ Գրեթէ աննշմարելի պեխի պզտիկ շերտ մը հազիւ կը ստուերոտէր վերի շրթունքին միջին մասը։ Քիչ մը թեք սանտրուած սպիտակ ու երկար մազերը լայն ճակատ մը կը ցայտեցնէին։ Քիթը սուր, արծուային։ Առաջին իսկ վայրկեանին, ձեռքի պարզ սեղմումէն զգալի էր իր կորովի, արագ շարժումներուն կայտառութիւնը։ Որքա՜ն կեանք կար անոր ամբողջ անձին մէջ։

Մտապատկերիս փրոֆեսորը երբեք չէր համապատասխաներ իրականին։ Բարեբախտաբար, անշուշտ, որովհետեւ իրականն էր համակրելին։

Մեզ հրաւիրեց նստելու տիւանին վրայ, իսկ ինքը կրկին տեղաւորուեցաւ սեղանին առջեւ։ Ընդարձակ եւ կոկիկ սենեակ մը, ուր տիրապետողը գրքերն էին։ Բայց գրքերը իրենց դարակներուն մէջ շարուած, թերթերը՝ մասնաւոր սեղանի մը վրայ եւ կարասիներն ալ՝ իւրաքանչիւրը իր տեղը։ Ո՛չ մէկ թափթփածութիւն։ Ատկէ դատած՝ շատ պիտի ըլլար եզրակացնել անշուշտ, թէ Ադոնց կարգ ու կանոնի մոլեռանդ սիրահար մըն էր։ Բայց ով տեսած էր նաեւ Ա. Չօպանեանի սենեակը, թուղթերու, թերթերու եւ գրքերու խառնակոյտին մէջ կորսուած, չէր կրնար ուշադրութիւն չդարձնել երկու մտաւորականներու նկարագրի տարբերութեան վրայ։

Փրոֆ. Ադոնցի սենեակը մնացինք մօտ մէկ ժամ։ Խօսակցութեան թելը չէր կտրեր բնաւ, որովհետեւ յուշերու եւ կարօտի ջերմութեամբ թրթռուն առատ նիւթ կար սպառելիք։ Բազմաթիւ հարցումներ ունէր ինք՝ Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան, իր հին ընկերներէն՝ Լ. Շանթի եւ Ն. Աղբալեանի, Ճեմարանի եւ առհասարակ արտասահմանի մշակութային շարժման մասին։ Երբ կարգը ինծի եւ իմ ընելիքիս եկաւ, նոր Եւրոպա հասնող հայ երիտասարդի մը անյագ ոգիով պատասխանեցի.

– Նպատակս է հետեւիլ մանկավարժութեան, գրականութեան, իմաստագիտութեան եւ, եթէ կարենամ, նաեւ...
– Շատ աւելի լաւ ըրած պիտի ըլլաք,– ընդմիջեց զիս փրոֆ. Ադոնց ժպտելով,– եթէ հետեւիք մէկ բանի, օրինակ՝ միա՛յն մանկավարժութեան եւ մասնագիտանաք այդ ճիւղին մէջ։ Մի՛ ցրուէք ձեր ուժերը, որովհետեւ ապարդիւն է։

Թէեւ ինքը բազմազան հմտութեան տէր, բայց իբրեւ պատմութեան մասնագէտ մը՝ փրոֆ. Ադոնց ջերմ պաշտպանն էր մասնագիտական կրթութեան։ Յետագային ալ հաստատեցի, որ ան ապարդիւն աշխատանք կը նկատէր՝ առանց ծրագրի ու հիմնական նպատակի, ամէն նիւթէ եւ ամէն գիտութենէ հապճեպ եղած ծաղկաքաղը։ Հայ ուսանողներուն ըրած հազուադէպ յորդորներէն մէկն ալ այս էր. ընտրել շաւիղ մը գիտութեան անսահման տարածութեան մէջ եւ յարատեւօրէն ընթանալ ու խորանալ այդ ուղղութեամբ։ Կողմնակի ծանօթութիւնները եւ հետաքրքրութեան բերած պաշարները հիւսել հիմնական առանցքին շուրջ՝ անոր ճոխացման եւ լուսաւորման ի խնդիր։ Այս ձեւով միայն կ՚իւրացուի գիտութիւնը, կը մշակուի միտքը եւ նոր ստեղծագործութեամբ կը բեղմնաւորուի կեանքը։

Երբ դուրս ելանք Ադոնցի սենեակէն, փողոցի դրան առջեւ ուսանող ընկերս կեցուց զիս իսկոյն.
– Ինչպէ՞ս գտար փրոֆեսորը։
– Համակրելի մարդ է,– պատասխանեցի,– բայց կարծես թէ հաղորդական չէ շատ։ Հակառակ ժպիտին՝ խիստ կ՚երեւի։
– Կը սխալիս. որքան ճանչնաս՝ այնքա՛ն աւելի պիտի սիրես զինքը։ Եթէ համակրի մէկուն, գիտէ հետը մտերմանալ եւ նոյնիսկ սրտակցիլ։ Առաջին տպաւորութիւնը մեծ կարեւորութիւն ունի այս մարդուն համար։ Անձերը դատելու եւ գնահատելու իր եղանակը ունի, ու վա՜յ անոր, որու մասին գէշ կարծիք կազմեց. դժուար կ՚ըլլայ շտկելը։ Երանի՜ թէ քու թողած առաջին տպաւորութիւնդ լաւ ըլլար։
– Կարեւորութիւն չունի, հետը ի՞նչ գործ պիտի ունենամ,– ըսի ցած ձայնով, իբրեւ թէ անտարբեր։

Բայց սրտիս խորէն կը մաղթէի, որ իսկապէս լաւ տպաւորուած ըլլար ինձմէ։
– Այդպէս մի ըսեր,– բողոքեց ընկերս,– մենք բոլորս ալ պէտք ունինք իրեն։ Ան այստեղ ոչ միայն մեր մեծը, ուսուցիչը, այլեւ մեր պարծանքն է։

Արդարեւ փրոֆ. Ադոնց Եւրոպայի համալսարանական շրջանակներու հայ պարծանքն էր։ Ուսանողները անխտիր կապուած էին իրեն՝ հիացումով։ Իր անձն էր մեծագոյն պատճառը, որ Պրիւքսէլ դարձած էր նոր Ժընեւ եւ հայ ուսանողներու կարեւոր թիւ մը հաւաքած իր շուրջը։

*
* *


Շարունակելի 6


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝