Յայտարարութիւն

Friday, July 3, 2009

«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ» Մուշեղ Իշխան - 7

Սիրելի Ընթերցող,



Խոստացած էինք ՄԵԾ ՀԱՅՈՒ մը վկայութիւնները հրապարակել ՀԱՅ ՄԵԾԵՐՈՒ մասին: Ստորև, ամենօրեայ դրութեամբ, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ մաս մը Մուշեղ Իշխանի հետաքրքրական վկայութիւններէն հայերու, որոնք անկիւնադարձեր ապահոված են ու նոր էջեր բացած հայոց գրականութեան, թէ քաղաքական պատմութեանց մէջ: Մուշեղ Իշխան, ինչպէս ինք կ՜ըսէ, եղաւ այն քիչերէն որոնք բաղդը ունեցան աշակերտելու հինգ ՄԵԾ ՀԱՅԵՐՈՒ յանձինս Յակոբ Օշականի, Լևոն Շանթի,Նիկոլ Աղբալեանի,Նիկողայոս Ադոնցի, Կոստան Զարեանի և գործակցելու երկու ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հետ՝ յանձինս Սիմոն Վրացեանի և Վահան Թէքէեանի: Յուսամ ես ալ կարենամ օր մը իմ սրտիս պարտքը տալ գրելով ՄԵԾՆ Մուշեղ Իշխանի մասին որուն բաղդը ունեցած եմ աշակերտելու չորս տարի :



«Իմ Ուսուցիչներս» հրատարակուած է 1984 ին, Պէյրութ:



Նշան Պասմաճեան

____________________________________________________________

«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ» - 7


ՓՐՈՖ. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԱԴՈՆՑ



Պրիւքսէլի համալսարանին մէջ ուսանող քսանէ աւելի հայեր կային, որոնց մեծ մասը Նուպարեան Ֆոնտի սաներ, ուսուցչական ասպարէզներէ եկած եւ մանկավարժութեան պատրաստուող։ Պէյրութի Ճեմարանէն, Մելգոնեան հաստատութեան վարժապետանոցէն, Անթիլիասի դպրեվանքէն եւ առնուազն հայ նախակրթարանէ մը շրջանաւարտ տղաք, բոլորն ալ հայոց պատմութեան եւ գրականութեան որոշ պաշարով մը եկած էին համալսարան եւ նոյնիսկ ոմանք հեղինակ դառնալու փառասիրութիւնը կը հետապնդէին։


Հայաշատ կեդրոններէ հեռու, կրկնակի օտարութեան մէջ ընկերական շրջանակը կը վերածուի ճշմարիտ ընտանիքի մը, որուն ծոցէն ներս վերջ կը գտնեն քաղաքական եւ դաւանական տարակարծութիւնները եւ իրար կը ձուլուին կարծես նկարագրի հակասական գիծերն անգամ։ Պէտք է կորսուիլ միլիոն մը այլացեղ բազմութեանց խորթ զանգուածին մէջ՝ իսկապէս զգալու համար քանի մը հայերու եղբայրակցութեան ամբողջ ջերմութիւնը։


Հայ ուսանողներէն խմբակ մը կ՚ապրէր հարազատի այդ մտերմութեամբ։ Երեք օր չանցած՝ ծանօթացած էի արդէն խումբին հետ եւ հի՜ն մտերիմի պէս շաղախուած հետը։


Ն. Ադոնց կը գուրգուրար այս խումբին վրայ։ Հակառակ որ ինք արեւելեան լեզուագիտութեան ճիւղին մէջ հայերէնի ուսուցման ամպիոնը կը պահէր, զանազան մասնագիտութիւններու հետեւող բոլոր հայ ուսանողներուն համար սիրայօժար կերպով հաստատած էր գրաբարի եւ հայոց պատմութեան դասաւանդութիւն մը՝ շաբաթը երկու ժամ։


Որեւէ դասէ աւելի անհամբեր էի «փրոֆեսոր»ի դասին ներկայ ըլլալու։ Ադոնցի անունը ծանօթ էր ինծի պատանեկան օրերէս, երբ հիացիկ յափշտակութեամբ մը կը թղթատէի իր հրատարակած պատկերազարդ «Բանբեր»ներու երկու հատորները։ Յետագային Ադոնցի ստորագրութեան ծանրաշուք հեղինակութիւնը զգացած էի «Հայրենիք» ամսագրի էջերէն։ Բայց եւ այնպէս անուն մըն էր տակաւին, հեռաւոր հմայք մը միայն։


Ինչպէ՞ս էր արդեօք իբրեւ դասախօս։ Ի՞նչ նորութիւններ պիտի տար մեզի հայ մատենագրութենէն եւ յատկապէս հայոց պատմութենէն։ Վայելք մը պիտի ըլլար անկասկած, Պելճիքայի մայրաքաղաքին մէջ, գիտութեան նուիրուած հոյակապ շէնքի մը կամարներուն տակ, պատկառելի հայ գիտուն մը լսել՝ Խորենացիի մը կամ Տիգրան Մեծի մը մասին։


Եկաւ այդ ժամը, «հայագիտութեան» առաջին դասի ժամը։ Քիչ մը յուզուած եւ շփոթահար, համալսարանի նրբանցքներուն մէջ կը շրջէի նորեկի անվստահ քայլերով։ Կորսուած եւ մենաւոր մարդու տրտմութեամբ կը դիտէի շուրջս։ Սենեակէ սենեակ կը վազէին երկսեռ ուսանողներ՝ սրամտութեան սովորական խօսքեր փոխանակելով։ Ալեւոր կամ երիտասարդ դասախօսներ կու գային կ՚անցնէին գլուխնին կախ, միտք մը որոճալով, պայուսակները իրենց թեւին տակ։ Հետզհետէ կը հասնէին նաեւ հայ տղաքը եւ կարծես լոյս կ՚իջնէր վրաս։ Քաղցր կը հնչէր հայ բառը օտար վանկերով լեցուն մթնոլորտին մէջ։ Խօսակցութիւնը կը դառնար, բնականաբար, Ադոնցի շուրջ։


– Երանի թէ բոլոր դասերն ալ «հայագիտութեան» պէս ըլլային,– ըսաւ երկու տարուան փորձառութիւն ունեցող ուսանող ընկեր մը,– դաս մը, որմէ իյնալու եւ ելլելու վախը չունիս, ո՛չ ալ քննութեան մղձաւանջը. հաճելի զրոյց...
– Գոնէ կ՚օգտուի՞ք,– հարցուցի ուսանողական շրջապատին անյարիր լրջութեամբ։
– Կ՚օգտուիս, եթէ բան մը հասկնաս,– պատասխանեց խորհրդաւոր կերպով։
– Սա մօրուքները կը տեսնե՞ս,– ընդմիջեց հայ գիւղացիի միամտութեամբ ապրող ընկեր մը՝ փրոֆեսորներու խումբը ցոյց տալով,– մերինը ասոնք բոլորն ալ ջուրը կը տանի եւ ծարաւ կը բերէ։ Կատարելապէս կը տիրապետէ միջազգային չորս կենդանի լեզուներուն՝ ֆրանսերէնի, անգլերէնի, ռուսերէնի եւ գերմաներէնի։ Չորս լեզուներով ալ գիրքեր ունի հրատարակած։ Գրաբարի եւ պատմութեան ուսումնասիրութեան համար անհրաժեշտ հին լեզուները նոյնպէս ոեւէ մասնագէտի չափ կը հասկնայ. լատիներէնը, յունարէնը, զէնտերէնը, պարսկերէնը իրեն առջեւ գաղտնիք չունին։ Մեծ գիտուն է մարդը, կատակ չէ։


Զիս զարմացնելու նպատակով եղած այս յայտարարութեանց մէջ ոչ մէկ չափազանցութիւն կար, ինչպէս որ հաստատեցի հետզհետէ։


Ճակատի դռնէն մուտք գործեց վերջապէս փրոֆ. Ադոնցը, վեհ, գլուխը բարձր, ժպիտը դէմքին, տիրապետող նայուածքը՝ շրջապատին վրայ։ Մաքուր եւ ճաշակով հագուած էր եւ փողկապի սարքը երիտասարդի մը բծախնդրութեան խնամքը կը կրէր կուրծքին վրայ։ Գլխու շարժումով մը բարեւեց մեզ եւ հաստատուն քայլերով յառաջացաւ դէպի ուսուցչարան, որուն երկու դռներն ալ բաց էին։


Հայ տղաքս հպարտութեան խոր զգացումով կը դիտէինք, թէ ինչպէ՞ս ուսուցչարանին մէջ գտնուող օտար դասախօսները ոտքի ելան յարգանքով, շրջապատեցին Ադոնցը եւ սիրալիր ջերմութեամբ սեղմեցին անոր ձեռքը։ Խօսակցութեան տիրապետողը Ադոնցն էր։ Ոգեւոր շարժումներով, հայու տաքարիւնութեամբ կը խօսէր ան եւ միւսները կը լսէին։


Քիչ վերջը հնչեց ելեքտրական զանգը։ Մտանք դասարան։ Մեծ չէր թիւը հայագիտութեան հետեւող հայ տղոց. հազիւ ութը հոգի։ Զարմանալի թող չթուի այս արդիւնքը նոյնիսկ փորֆ. Ադոնցի մը դասին համար, երբ աւանդուած նիւթը պարտադիր չէ, ոչ ալ մատչելի բոլորին։
Բոլորուեցանք խոշոր սեղանի մը շուրջ։ Ադոնց կը ժպտէր։ Կատակի քանի մը խօսքեր ուղղեց հին ուսանողներուն եւ պայուսակէն քաշեց Ղազար Փարպեցի մը։


Դասը պիտի բաժնուէր յաջորդական երկու մասի։ Առաջին ժամը պիտի յատկացնէինք Ղ. Փարպեցիի ընթերցումին եւ քննութեան, իսկ երկրորդ ժամը՝ հայոց պատմութեան քննական ուսումնասիրութեան։


Իբրեւ ուղեցոյց մեր կատարելիք աշխատանքին, Ադոնց տուաւ իր ծրագիրը։ Փարպեցին պիտի ուսումնասիրէինք բանասիրական, լեզուագիտական, պատմական եւ պատմագիտական տեսակէտներէն։ Իսկ բանասիրութիւն ըսելով ինք կ՚ըմբռներ.


1.- Բառագիտութիւն, այսինքն՝ հեղինակի բառամթերքը, նոր բառեր, ծանօթ բառերու տրուած նոր իմաստները, նոյն բառին քանի մը իմաստով գործածութիւնը, եւայլն։
2.-Ձեւաբանութիւն, հոլովներ եւ խոնարհումներ. թեքումներու հետեւած օրէնքները, եւայլն։
3.- Համաձայնութիւն, նախադասութեանց կազմութիւնը։
4.- Ոճաբանութիւն, միտքը ներկայացնելու եղանակը եւ բնական շնորհը։
5.- Քննադատութիւն, պատմական եւ աշխարհագրական անուններու, տեղեկութիւններու եւ ժամանակագրութեան ճշգրիտ կամ սխալ ըլլալը որոշել. հեղինակի բերած փաստերով հերքել իր իսկ տեղեկութիւնները եւ երեւան հանել գրքին հակասութիւնները. ժամանակակից այլ հեղինակներու տուեալներով բաղդատութիւններ եւ ճշդումներ կատարել։
6.- Գրքին արժէքն ու գնահատումը։


Ամբողջ երկու ժամ Ադոնց բացատրեց եւ մանրամասնեց այս ծրագիրը՝ շեշտելով գիտական ոգիի եւ մեթոտի բնոյթն ու արժէքը, երբեմն ակնարկութիւններ ընելով մեր իրականութեան մէջ փորձուող բանասիրութեան թիւր ըմբռնումին եւ մակերեսային թափանցումներուն։


«Չկարծէք, – ըսաւ ան,– թէ գիւտերը միայն քիմիական կամ մեքենագիտական աշխարհի մէջ են տեղի ունենում։ Մեծագոյն գիւտն է, ե՛ւ հանճարեղ մտքի մը գիւտը, երբ մի բանասէր յաջողում է մի բառի վրայ հիմնուած՝ ժողովրդի քաղաքակրթութեան անցեալ մէկ շրջանը վերականգնել կամ ցեղաբանական կազմութիւնը ճշդել եւ կամ մի դէպք իր ժամանակաշրջանի մէջ տեղաւորել»։


Ադոնց կը խօսէր արագ, կտրատուած նախադասութիւններով, կոկորդը մաքրելու չոր հազով մը անընդհատ ընդմիջելով իր խօսքը։ Մեծ ճիգ պէտք էր՝ առաջին առթիւ հետեւիլ կարենալու համար, իր ըսածներու տրամաբանական կապակցութեան։ Այլապէս, պիտի թուէր, որ փրոֆ. Ադոնց միտքէ միտք կը ցատկէր, առանց պահելու հիմնական գաղափարը։ Իրականին մէջ իր փաստերու եւ ծանօթութեանց առատութիւնն էր, որ կը ստեղծէր այդ շփոթը։


Զինքը իբրեւ դասախօս լսելէ վերջ միայն ըմբռնեցի թէ ինչո՞ւ իր ուսանող աշակերտներէն ընկեր մը ըսաւ.
– Կ՚օգտուիս՝ եթէ բան հասկնաս։


Իբրեւ դասատու Ն. Ադոնց հրապուրիչ եւ առինքնող խօսող մը չէր։ Բեմական հռետորութենէ բոլորովին զուրկ՝ դասարանին մէջ ալ ան իր աւանդած նիւթն ու մտքերը կը վերածէր անփայլ զրոյցի։ Խեղդուկ ձայնը եւ արագ ու առատ արտայայտուելու սովորութիւնը մեծ դեր ունէին անշուշտ, բայց ամէնէն աւելի՝ ամբողջական պատկերի մը պակասն է, որ կը դժուարացնէր իր դասերուն իւրացումը։


Ադոնց համադրող մը չէր խօսած միջոցին։ Մանրակրկիտ եւ խորաթափանց քննողի դերին մէջ էր միշտ, մատենագրին գործը քայքայելով կտոր կտոր, բառ առ բառ, մասնիկ առ մասնիկ՝ ստուգաբանական, քերականական եւ պատմագիտական բազմաթիւ դիտողութիւններու եւ ակնարկութիւններու լոյսին տակ։ Բայց այդ լոյսը անբաւարար կու գար իր աշակերտներուն յստակ տեսողութեան համար, որովհետեւ Ադոնց կը խօսէր ոչ թէ իբրեւ մանկավարժ, այլ իբրեւ գիտուն, առանց մտահոգուելու ունկնդիրներուն մտաւոր պաշարի հարստութեամբ։ Իր աչքին շատ պարզ երեւցող խնդիրները կ՚ուզէր, որ պարզ ըլլային նաեւ դիմացիններուն համար։ Եւ կը զարմանար շատ յաճախ, որ մեր ճակատները կը կնճռոտէին լատիներէն եւ յունարէն բառերու կամ պատմական թուականներու եւ անուններու տողանցքին առջեւ։


Ադոնց ոչ թէ կ՚աւանդէր, այլ լրացումներ կը կատարէր։ Եւ, հակառակ երկրորդական հայ վարժարանի ուսման մեր մակարդակին, իր յիշեցումները եւ համեմատական վերլուծումները չափազանց մասնագիտական կը թուէին մեզի։ Գրած ատեն իր ինքնուրոյն ոճը ունեցող եւ տպաւորիչ կառուցումներու հասնող այս հեղինակը արժէքաւոր փաստերու եւ նիւթի հսկայական պաշար մը կը թափէր դասարանին մէջ՝ ձգելով որ ուսանողները իրենք կատարեն համադրութեան աշխատանքը։


Առաջին ակնարկով շփոթեցուցիչ ու դժուար երեւցող այդ աշխատանքը մեծապէս կը դիւրանար, եթէ ուսումնասիրութեան մը համար հարկադրուէինք դարձեալ աչքէ անցընել մեր քաղած նօթերը։ Այն ատեն միայն կարելի էր զգալ թէ անկապակից թուող ծանօթութեանց հոս-հոն ցրուած այլազան տեսակները շաղկապուած էին իրարու եւ կը ձգտէին հիմնական տեսակէտի մը ապացուցման։


Այնքա՜ն լայն էր սակայն, փրոֆ. Ադոնցի հմտութեան սահմանը, այնքան խոր էր անոր իմացական կարողութիւնը եւ խստօրէն գիտական իր մտածելակերպը, որ առանց բիւրեղացումի կամ հանդիսաւորութեան յայտնած իւրաքանչիւր միտքը չէր դադրեր բնաւ մեծ շահագրգռութիւն ներկայացնելէ հայ մշակոյթով հետաքրքրուող ոեւէ անձի համար։ Հասարակ տեղիքներէն եւ մաշած տարազներէն տարբեր ու նոր բան մը կ՚ըլլար միշտ իր ըսածը։


Իր գլխաւոր եւ գուցէ անգիտակից ճիգն էր հայկականը եւ հայեցի արժէքը որոնել ու երեւան հանել լեզուական եւ պատմական խնդիրներուն մէջ։ Բիւզանդական պատմութիւնը յեղաշրջող եւ զայն հայ հանճարին մոռցուած փառքերով զարդարող այս գիտունը առօրեայ խօսակցութեան եւ դասերու ընթացքին ալ չէր շեղեր իր առաքելութեան հիմնական ուղիէն։


Բառերու ստուգաբանութեան ժամանակ, որ կը կատարէր իր որոնումներուն եւ գիտական վերջին տուեալներու հիման վրայ, փրոֆ. Ադոնց չէր մոռնար առանձին հոգածութեամբ մը մաղելու մեր բառացանկին բուն հայկական արմատները եւ ուշադրութեան յանձնելու անոնց միավանկ հնչականութեան գեղեցկութիւնը։ Բառերուն չէր նայեր միայն լեզուաբանի ակնոցով, այլեւ անոնց կը մօտենար գեղագէտի զգացումով։ Երբեմն երկու նոյնիմաստ բառեր իրարու քով դնելով կը բացագանչէր.


– Տեսէ՛ք տարբերութիւնը այս երկուքին. առաջինը՝ կարճ, ներդաշնակ եւ քաղցրաձայն, իսկ միւսը՝ երկար ու խժալուր։ Զարմանալի է մեր գրողների ճաշակը. նախընտրում են երկրորդը աւելի յաճախակի գործածել եւ ընդհանրացնել։ Ժողովուրդը ձայնական աւելի նուրբ բնազդ ունի, որովհետեւ սիրում է առաջինը գործածել։


Հին ու նոր լեզուներու իր հմտութեամբ, փրոֆ. Ադոնց անվիճելի ձեռնհասութիւն ունէր մեկնելու բառերու իմաստն ու ծագումը։


Պատմական իր տեսութիւններով փրոֆ. Ադոնցի ճիգն էր յայտնաբերել մեր ժողովուրդի հոգեկան ու բարոյական արժէքները։ Ազգայնամոլ մը չէր ան։ Հորիզոնը լայն, զանազան քաղաքակրթութեանց մօտէն ծանօթ, միջազգային կեանքի բարձրութեան վրայ կեցած, Ադոնց կը սիրէր ու կը հաւնէր իր ազգը որքան արեան կանչով, նոյնքան իրապաշտ դատողութեամբ։ Հայ ըլլալու հպարտութեան սին եւ ընթացիկ պատուանդաններ չէր որոներ։ Մեր ժողովուրդի արժէքն ու պատմական առաքելութեան մեծագործութիւնը հիմնաւորելու համար անհրաժեշտ չէր նկատեր զինուորական կամ աշխարհակալական յաջողութեանց փառքը։ Ոչ մէկ չափազանցութիւն եւ զգացական զեղում՝ նոյնիսկ Տիգրան Մեծի մը ժամանակաշրջանի պատկերացման ընթացքին։ Եւ սակայն, իր չոր ու փաստացի խօսքերուն ընդմէջէն, չես գիտեր ինչպէ՛ս եւ ինչ ձեւով, կը ցայտէր մեր պապերու կեանքին ու գործին մեծութիւնը։
Օր մը դասընկերներէս մէկը հարցուց.


– Փրոֆեսոր, հայ ազգը իր ամէնէն զօրաւոր շրջանին 30 միլիոն մը եղած է անշուշտ։
– Երեսուն միլիո՞ն,– զարմացաւ Ադոնց՝ պահ մը ընդվզում առաջացնելով մեր հոգիներուն մէջ,– մեր ժողովուրդի թիւը երբեք չի անցել երեքուկէսից չորս միլիոնը։


Եւ Ադոնց փաստեց ըսածը՝ հայերու Պարսկաստանի վճարած տուրքին շատ հետաքրքրական մէկ հաշուով, տուրքի դրամական արԺէքը վերածելով ցորենի եւ ցորեն արտադրելու համեմատական կարողութիւնը՝ հողային տարածութեան եւ, ի վերջոյ, յանգելով բնակչութեան թիւին։


Հայ ժողովուրդի կարողութեանց եւ հերոսական ոգիի գնահատումը անվերապահ արտայայտութիւն կը գտնէր յաճախ Ադոնցի դասերուն մէջ։ Ան չէր ընդուներ, օրինակ, թէ հայոց պատմութեան մէջ դաւաճաններ գոյութիւն ունեցած ըլլան։


– Դաւաճաններ չէ արտադրած մեր ժողովուրդը,– կը կրկնէր Ադոնց.– մեր պատմագիրները, աւելի ցայտուն դարձնելու համար հերոսների գործի շքեղութիւնը, նրանց լուսաւոր անձի մօտ զետեղել են մէկ մէկ դաւաճանի մթին ստուերը։


Մեծն Տիգրանի դաւաճան նկատուող տղու մասին անգամ այլ էր իր կարծիքը։ Տիգրանի որդին կը նկատէր հաշտարար քաղաքականութեան կուսակցապետը, որ երբ տեսաւ թէ Պոմպէոսը մէկ կողմէ եւ անոր դաշնակից Պարթեւները միւս կողմէ Տիգրան Մեծը առին երկու կրակի միջեւ, գնաց հռոմէացիներուն հետ հաշտութիւն կնքելու։


Ադոնցի մեծագոյն առաւելութիւններէն մէկն ալ հայոց պատմութիւնը միջազգային գետնի վրայ զետեղելու փորձն էր։ Իր մտքին եւ դասաւանդութեան մէջ հայոց պատմութիւնը անջատ ու առանձին երեւոյթ մը չէր, այլ կապակցուած՝ քաղաքակիրթ մեծ ազգերու պատմութեան եւ ուսանելի հայ եւ օտար պատմիչներու համեմատութեամբ։


Եօթանասունը անց ծերունիի մը մտային յոգնութեան նշաններէն ոչ մէկ հետք կար փրոֆ. Ադոնցի վրայ։ Իր դասերուն ստեղծուած վիճաբանութեան ընթացքին ամէն վայրկեան զգալի էր մտքին բացառիկ կորովը։ Վառվռուն եւ աշխոյժ ըմբռնումով մը գիտէր անմիջապէս թափանցել որեւէ խնդրի էութեան եւ քակել հանգոյց մը։


Հիանալի էր մանաւանդ իր յիշողութիւնը։ Պատմութիւնը բաց գիրք մըն էր իր առջեւ դրուած։ Հայաստանի ու դրացի պետութեանց պատմական թուականները, անունները, վայրերն ու դէպքերը առանց ճիգի պատրաստ էր մտաբերելու այս կամ այն առիթով։ Սովորութիւն չունէր նօթերով կամ տետրակներով ներկայանալու դասարան։ Ես զինքը երբեք չտեսայ տատամսող, բառերը ծամծմող, կամ յիշողութեան կոչ ընելու համար ճակատը շփող վիճակի մէջ, որ յատուկ է նոյնիսկ երիտասարդ դասախօսներու։


Փրոֆ. Ադոնց վճռական էր եւ կտրուկ։ Երբեմն հարցումներ կ՚ուղղէր իր աշակերտներուն ոչ թէ զանոնք նեղը դնելու կամ անոնց զարգացման աստիճանը չափելու դիտաւորութեամբ, այլ բնական պատշաճութեամբ մը, խօսքի բերումով։ Մեզի համար շատ դիւրին էր փրոֆեսորի հարցումներէն խուսափլ։ Կը բաւէր խորհող մարդու լուրջ երեւոյթ մը առնել, քանի մը երկվայրկեան ուշանալ, քիչ մը կմկմալ եւ արդէն Ադոնց իր բարի ժպիտով ու անսպառ եռանդով կը միջամտէր իսկոյն եւ իր հարցումին ինք կը պատասխանէր։


*
* *


Շարունակելի 7


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝