Յայտարարութիւն

Sunday, July 5, 2009

«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ» Մուշեղ Իշխան - 9

«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ» - 9


ՓՐՈՖ. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԱԴՈՆՑ

Սիրելի Ընթերցող,



Խոստացած էինք ՄԵԾ ՀԱՅՈՒ մը վկայութիւնները հրապարակել ՀԱՅ ՄԵԾԵՐՈՒ մասին: Ստորև, ամենօրեայ դրութեամբ, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ մաս մը Մուշեղ Իշխանի հետաքրքրական վկայութիւններէն հայերու, որոնք անկիւնադարձեր ապահոված են ու նոր էջեր բացած հայոց գրականութեան, թէ քաղաքական պատմութեանց մէջ: Մուշեղ Իշխան, ինչպէս ինք կ՜ըսէ, եղաւ այն քիչերէն որոնք բաղդը ունեցան աշակերտելու հինգ ՄԵԾ ՀԱՅԵՐՈՒ յանձինս Յակոբ Օշականի, Լևոն Շանթի,Նիկոլ Աղբալեանի,Նիկողայոս Ադոնցի, Կոստան Զարեանի և գործակցելու երկու ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հետ՝ յանձինս Սիմոն Վրացեանի և Վահան Թէքէեանի: Յուսամ ես ալ կարենամ օր մը իմ սրտիս պարտքը տալ գրելով ՄԵԾՆ Մուշեղ Իշխանի մասին որուն բաղդը ունեցած եմ աշակերտելու չորս տարի :



«Իմ Ուսուցիչներս» հրատարակուած է 1984 ին, Պէյրութ:



Նշան Պասմաճեան

____________________________________________________________

ՓՐՈՖ. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԱԴՈՆՑ

Ադոնց բարեբախտութիւնը ունէր մտաւորական կեդրոնի մը մէջ ապրելու։ Համալսարանի զբաղումները արգելք չէին բնաւ իր սեփական աշխատանքներուն։ Աւանդած դասերուն համար շաբաթը հազիւ հինգ-վեց ժամ կը տրամադրէր, ինչ որ աշխատանքի առաւելագոյն չափն էր համալսարանին կապուած իւրաքանչիւր դասախօսի։ Օրուան մեծ մասը կրնար, ուրեմն, իր ուսումնասիրութիւններուն նուիրել։ Ընտանեկան հոգեր չունէր։ Կինը մեռած էր քանի մը տարի առաջ՝ առանց զաւակի։ Ստացած թոշակը հանգիստ կեանք կ՚ապահովէր իրեն։

Ադոնցի սովորութիւնները պարզ ու ծանօթ էին բոլորին։ Մինչեւ իրիկուան ժամը հինգ՝ զինք կարելի էր գտնել իր սենեակը, սեղանին առջեւ, միշտ հագուած եւ կոկիկ վիճակի մէջ։ Հինգէն ետք կ՚ելլէր դուրս եւ եթէ այցելութիւն չունենար, կը նստէր բնակարանէն ոչ շատ հեռու, իրարու դէմ գտնուող երկու սրճարաններէն մէկուն մէջ։ Յոգնութիւնը առնելու եւ օրուան լրագիրները աչքէ անցընելու ժամն էր։ Միս-մինակ, անկիւն մը քաշուած, առջեւը քանի մը տեսակ թերթ, փրոֆեսորը հանդարտօրէն կ՚ըմբոշխնէր սուրճն ու Հավանա սիկարը։ Մոլի ծխող մը չէր, բայց օրուան մէջ մէկ-երկու անգամ սուրճին հետ եւ երբեմն ալ գրած ատեն խոշոր սիկառ մը պիտի ծխէր անպայման։

Սրճարանի պահերուն կը սիրէր, որ ծանօթներ ըլլային հետը, որպէսզի «զրոյց» ընէր։ Յաճախ պատահած է որ փողոցը հանդիպելով կամ սրճարանին առջեւէն անցած միջոցիս, փրոֆ. Ադոնց կանչած է՝ խօսակից ընկեր փնտռողի կարօտով.

– Արի, նստենք, մի քիչ զրոյց անենք...

Եւ ի՜նչ հեշտ էր փրոֆ. Ադոնցի հետ «զրոյց անելը»։ Կարծիքներ յայտնելու եւ խօսքի թելը պահելու համար նեղութիւն կրելու պէտք չունէր երբեք խօսակիցը։ Կը բաւէր լսելու առաքինութեամբ օժտուած ըլլալ եւ ժամերը կը լեցուէին արդէն ամենահաճելի եւ այլազան նիւթերու վերլուծումով։ Խօսողը ինք կ՚ըլլար միշտ, առատաբան եւ անխոնջ փրոֆեսորը։ Կատակներով համեմուած, հաղորդական շեշտով, ոգեւորութեամբ կրնար ժամերով խօսիլ նիւթի մը շուրջ եւ չսպառել զայն։

Գիշեր մը, օրինակ, նստած էինք հեռաւոր սրճարանի մը մէջ, Սանճագի պարպումի շրջանն էր։ Ադոնց, երկրորդ սուրճն ու սիկառը ապահովելէ վերջ, շարունակեց հայ ժողովուրդի դատին ու ցաւերուն մասին խօսիլ մինչեւ կէս գիշեր։ Շուրջի յաճախորդները մէկիկ-մէկիկ հեռացած էին եւ չէինք զգացած ժամանակին անցնիլը։ Երբ սկսան լոյսերը մարել եւ աթոռները հաւաքել, այն ատեն միայն Ադոնց սթափեցաւ եւ որոշեցինք մեկնիլ։

Ադոնցի երկարաշունչ խօսակցութիւնը չէր ձանձրացներ, եթէ նոյնիսկ կենդանի եւ հետաքրքրական նիւթ մը չըլլար առարկան։ Որովհետեւ ան կիրք ու համոզում կը դնէր ըսածներուն մէջ։ Գիտէր «տաքցնել» խօսքը։ Հանդարտ ու անտարբեր կարծիքներ չունէր որեւէ հարցի մասին, այլ հոգեւին ապրուած եւ երիտասարդի տաքարիւնութեամբ արտայայտուած մտածումներ եւ բաղձանքներ։

Մտերմութիւնը չէր հասցներ մինչեւ անպաշտօն եւ անկարգ շատախօսութիւն։ Կատակները նուրբ էին եւ իր խօսքին ընդհանուր նկարագիրը՝ ազնիւ շնորհով մը միշտ օծուն։ Այնպէս որ, Ադոնցի հետ գլուխ գլխի ժամ մը որքան հաճելի, նոյնքան դաստիարակիչ էր։
Կը հետաքրքրուէր կեանքի բոլոր երեւոյթներով։ Կը սիրէր կեանքը եւ համ կ՚առնէր անոր գեղեցկութիւններէն։ Նոյն եռանդով կը խօսէր ընտիր ձիերու, որսի, գինիի եւ... Խորենացիի մասին։ Հաւասար ձեռնհասութեամբ եւ հմտութեամբ կը բացատրէր օրուան քաղաքականութիւնն ու անցեալի դէպքերը։

Բազմակողմանի հոգեկան պահանջներ, որոնումներ եւ հասկացողութիւններ ունեցող մտաւորական մըն էր ան, որ կրցած էր քալել յառաջընթաց ժամանակին հետ։ Իր գրասենեակէն դուրս եւ իր թուղթերէն հեռու՝ ուրիշ մարդ կը դառնար, աշխարհիկ, հարուստ եւ զուարթախոհ։ Հետամուտ չէր բնաւ ամէն տեղ եւ ամէն առիթով իր մասնագիտութիւնը ծախելու։ Գիտէր չափել շրջանակին մտքի տարողութիւնը եւ յարմարիլ։ Պատմական դէմքի մը կամ բառի մը ծագումի մասին կը խօսէր այն ատեն միայն, երբ զգար թէ դիմացինը իրօք համ կ՚առնէ այդ բաներէն։ Ապա թէ ոչ՝ այժմէական հարց մըն էր խօսակցութեան իր նախասիրած առարկան։
Նկարչութիւնը, երաժշտութիւնը, գեղարուեստական գրականութիւնը եւ յատկապէս քաղաքական եւ ազգային խնդիրները լայնօրէն կը լեցնէին անոր ազատ ժամերը։ Մէկ տարբերութեամբ սակայն. Ադոնց այդ բոլորին կը մօտենար իբրեւ «սիրող», իբրեւ հետաքրքիր ու բանիմաց անցորդ, որուն ասպարէզը կլանած է իր էութեան հիմնական մասը։

Դասարանի մէջ թէ դուրսը, մասնագէտի թէ սիրողի դերին մէջ, տարօրինակ էր քիչ մը Ադոնցի տրամաբանելու եղանակը։ Աւելի ճիշդ՝ հարցերը դիմագրաւելու իր ձեւը խրտչեցնող բան մը ունէր անոնց համար, որոնք մօտէն չէին ճանչնար զինք։ Ադոնցի առաջին հակազդեցութիւնը բացասական կ՚ըլլար առհասարակ՝ արտայայտուած ամէն կարծիքի հանդէպ։ Ծայրայեղ էր իր դատումներուն մէջ։ Համաձայնելէ առաջ՝ նախ պիտի ճշդէր եւ յետոյ ընդունէր ճշմարտութիւնը։

Դասէ մը ետք, երբ մենք մեզի մնացինք, ընկերներէս մէկը օր մը բացագանչեց յուսահատ շեշտով.

– Ինչ որ ըսես՝ սխալ պիտի գտնէ. օգուտ չունի. երկինքէն աստղերն ալ վար իջեցնես, պիտի ըսէ՝ կեղծ են։

Յամառութեան հասնող Ադոնցի այս ունակութիւնը ըմբռնելի կը դառնար միայն իր գրական ու մտաւոր գործունէութեան բնոյթով։ Տարիներ շարունակ բնագիրներ բաղդատելով, թուականներ ճշդելով, պատմական փաստաթուղթերու սուտն ու իրաւը իրարմէ զատելով՝ ան վարժուած էր ամէն բան վերապահութեամբ ընդունելու։ Քննադատական ոգին առաւելագոյն չափով զարգացած էր իր մէջ։ Կը համարձակէր կասկածիլ նոյնիսկ ամբողջ աշխարհի կողմէ ընդունուած եւ դարերով նուիրագործուած իրողութիւններու վրայ։ Եւ կասկածը դարձուցած էր տեսակ մը գաղափարի պատնէշ՝ իր առօրեայ յարաբերութեանց ընթացքին ալ։

Կը խօսէր գրեթէ ամէն բանի մասին, բացի իր անձէն եւ ըրածներէն։ Չեմ յիշեր բնաւ, որ որեւէ ատեն խօսակցութիւնը չէզոք գետնէն հանելով՝ ան փոխադրէր իր սեփական կեանքի ու գործի կալուածէն ներս։ Այդ պատճառով ալ, Ադոնցի աշակերտները երկար ատեն հետը ապրելով հանդերձ, շատ քիչ տեղեկութիւն ունէին իր անցեալին, ծրագիրներուն եւ իրագործումներուն մասին։ Կողմնակի աղբիւրներէ լսելով՝ գիտէինք որ ան գրելու վրայ էր ընդարձակ հայոց պատմութիւն մը, հայ քաղաքակրթութեան հոլովոյթը առնելով իբրեւ առանցք իր նիւթին։

Այդքա՛ն։ Ինք կը խուսափէր, աւելի ճիշդ՝ շահեկան չէր գտներ ինքզինք ներկայացնել, երբ անդին հասարակական հրատապ հարցեր կային լուծելիք։

Եթէ հին օրերէն ոգեկոչում մը ընելու հարկադրուէր, Գէորգեան Ճեմարանի ուսանողական յիշատակներէն կ՚ըլլար պատմածը։ Մասնաւոր յուզումով կը յիշէր կեանքին այդ էջը եւ զուարթ մանրավէպեր կը պատմէր իր դասընկերներու, ուսուցիչներու եւ վանքի շրջապատի մասին։ Կը սիրէր մանաւանդ կաթողիկոսներու կեանքէն զուարճալի դրուագներ պատմել եւ անոնցմէ բխած խորիմաստ սրամտութիւններով համեմել։

Իր առօրեայ յարաբերութեանց, իր շարժուձեւին, նիստ ու կացին եւ ամբողջ անձին վրայ կը կրէր հայ ունեւոր տանուտէրի բնական շնորհը։ Աւելի հասկնալի լեզուով՝ աղայական տիրապետող գիծ մը ու նկարագիր։ Սրճարանին մէջ անպայման ինք պիտի ըլլար վճարողը՝ նոյնիսկ վեց-եօթը հոգինոց խումբի մը համար։ Ուսանողներս չէինք համարձակեր անգամ դրամ առաջարկել։ Լաւ կը վարձատրէր նաեւ սպասեակը՝ սովորականէն աւելի նուէրով մը։

Մեծ գումար մը չէր փրոֆ. Ադոնցի ստացած ամսականը, բայց կը բաւէր իր պէտքերուն։ Իսկ ինք չէր մտածեր վաղուան խնայողութեան մասին։ Կը սիրէր լաւ ապրիլ, լաւ հագուիլ եւ ամէն բանի ընտիրը ունենալ։

Ամէն անգամ, երբ երեւակայութեանս դէմ կը կանչեմ փրոֆ. Ադոնցի պատկերը, միշտ իբրեւ երիտասարդ կը ներկայանայ ան, որքան ալ զինք ճանչցած ըլլամ եօթանասունի սահմանէն անդին՝ պատկառելի տարիքի մը մէջ։ Տարօրինա՛կ տպաւորութիւն։ Իր ներկայութեան կարելի չէր զգալ անոր առաջացեալ տարիքը ու «ծերունի» կոչել զինք։ Պատճառը միայն իր ֆիզիքական կենսառոյգ տոկունութիւնը չէր, այլ նաեւ հոգեկան ոյժը եւ տեսակէտներու թարմութիւնը։

Հիւանդ գրեթէ չէր ըլլար եւ բացառիկ զգուշութիւններ ձեռք առնելու սովորութիւն չունէր։ Խստաշունչ ձմրան մէջ, սովորական վերարկու մը ուսին, համարձակօրէն եւ ազատ քայլերով կ՚անցնէր ձիւնապատ փողոցներէն։ Եթէ պատահէր որ մէջքի ցաւ ունենար, կը զարմանար այդ «անախորժ բան»ին համար եւ երկու օր վերջ կը վերագտնէր առողջութիւնը։

Փրոֆ. Ադոնցի մօտ մինակ ու ծեր մարդու տկարութիւններ կարելի չէր գտնել։ Առիթ չէր տար բնաւ, որ ուրիշներ կարեկցէին իրեն։

Ընկճուած տրամադրութիւնները շարունակ յաղթահարող լաւատեսութեամբ՝ չէր տրտնջար, չէր գանգատեր ո՛չ կեանքէն, ոչ ալ ճակատագրէն։

*
* *


Զգայուն եւ նուրբ էր Ադոնցի հոգին, թէեւ իր ներքին աշխարհը քիչ անգամ կը բանար ուրիշներուն առջեւ, բառով մը կամ դէմքի արտայայտութեամբ մը յանկարծ ճեղքելով անձնական ապրումներուն վրայ ծանրացող խորհրդաւոր քօղը։ Իր վիշտերը, ուրախութիւնները, սէրերն ու հակակրութիւնները կռահելով միայն կարելի էր հասկնալ, որովհետեւ Ադոնցի զուսպ եւ ուժեղ բնաւորութիւնը սրտազեղումներ չէին հանդուրժեր։ Անոնցմէ էր ինք, որոնք ոչ թէ խօսքով, այլ վերաբերումով կ՚արտայայտեն մէկուն հանդէպ ունեցած իրենց զգացումը։

Հայրական հոգածութեամբ կը գուրգուրար հայ ուսանողներուն վրայ, յատկապէս անոնցմէ մէկ-երկուքին, բայց հեռուէն միայն հետեւելով անոնց ընթացքին, բաժնելով անոնց հոգերը եւ աշխատելով օգտակար ըլլալ՝ առանց զգալ տալու։

Մինչեւ վերջն ալ խոր ցաւով կը յիշէր խոստմնալից հայ ուսանող մը, որ տարիներ առաջ մեռած էր Պրիւքսէլի մէջ՝ զրկանքի եւ մենութեան դառն պայմաններու տակ։ Կը վախնար որ անխոհեմութիւններ գործելով, կամ ինքզինք սնունդէ զրկելով մեզմէ մէկը կրնար անկողին իյնալ։ Օտար երկրի մէջ, խնամող եւ հարազատ ձեռքերու պակասը ամենամեծ տառապանքն է պանդուխտին։ Իսկ եւրոպացին իր բարեկամութիւններուն մէջ անգամ պաշտօնական է ընդհանրապէս։

Անգամ մը զօրաւոր ցրտառութեամբ տկարացած՝ ստիպուեցայ շաբաթ մը սենեակս փակուած մնալ։ Փրոֆ. Ադոնց նկատած էր բացակայութիւնս եւ հետաքրքրուած։ Երբ կրկին հանդիպեցայ իրեն, խիստ ու գրեթէ բարկացած շեշտով մը յանդիմանեց զիս.

– Ինչո՞ւ զգոյշ չես ըլլար։ Հոս հիւանդ ըլլալու չես եկած։ Խնամք տար առողջութեանդ եւ սնունդիդ։

Փրոֆեսորի յանդիմանութիւնը աւելի կ՚արժէր քան գորովի ջերմ արտայայտութիւն մը։

Եթէ դժուար էր Ադոնցի զգացումներու աշխարհէն ներս թափանցել, անոր գաղափարները կարելի էր դիւրութեամբ ճանչնալ։ Մտածածը անկեղծ ու շիտակ ձեւով ըսող մարդ էր։
Ադոնցի բարեկամներուն չափ ուսանողներս ալ ի վիճակի էինք անոր մտքերուն հաղորդակից դառնալու, որովհետեւ, բարեբախտաբար, սովորութիւն չունէր մեզի հանդէպ միա՛յն հեղինակաւոր մեծի դիրք բռնելու։ Ընդհակառակն, ան մեր երէց ընկերն էր, որ փոխանակ խրատներու եւ յորդորներու տաղտուկին, կը սիրէր հաւասարէ հաւասար իր գաղափարները փոխանակել։

Ադոնց թէեւ յեղափոխական խառնուածքի տէր, բայց պահպանողական մտայնութեամբ հաւասարակշիռ մտաւորական մըն էր։ Կուսակցական չէր եղած բնաւ, որքան ալ սերտ բարեկամութիւններ մշակած ըլլար հայ ականաւոր կուսակցութիւններու հետ։ Հիմնական քանի մը տեսակէտներու վրայ կեցած՝ ազատօրէն կը քննադատէր մեր քաղաքական բոլոր հոսանքներն ու շարժումները։ Բայց իր քննադատութիւնը կոյր ու հատուածական այն դատապարտութիւնը չէր որ իրողութիւնները կը ձգտի ձեւափոխել եւ արժէքները սեւցնել։ Ճիշդ է, որ անզիջող եւ մասամբ ալ այլամերժ էր իր կարծիքներուն մէջ, սակայն պատմական ճշմարտութիւնները սրբութիւններ էին միշտ իրեն համար։

Պահպանողական մը ըլլալով հանդերձ, շատերուն պէս, ազգային աղէտի պատասխանատուութիւնը չէր փաթթեր մեր յեղափոխութեան վզին։ Սխալները կը մատնանշէր եւ միւս կողմէ իր անհուն հիացումը կը յայտնէր յեղափոխութեան հայ ղեկավարներու մասին։
Վերջին կէս դարու մեր փոթորկոտ պատմութեան գլխաւոր դէմքերուն եւ առհասարակ հայ յեղափոխականներուն մէջ Ադոնց կը տեսնէր եւ կը գովէր գաղափարապաշտութեան, անձնուրացութեան եւ անշահախնդրութեան բացառիկ ոգին։ Իմաստութեան տեսակէտէն ալ հայ վարիչները ան կը նկատէր եթէ ոչ աւելի բարձր, գոնէ հաւասար օտար դիւանագէտներուն։ Իբրեւ պատմագէտ՝ Ադոնց Հայ Դատին կրած հարուածները կը բացատրէր պայմաններու եւ ուժերու ձախող դասաւորութեամբ։

Հանրային մարդէ մը իր պահանջած առաջին առաքինութիւնն էր կապուած մնալ մայր երկրին ու մայր ժողովուրդին։ Ինչ դժբախտութիւն ալ պատահի՝ չհեռանալ հայրենիքէն եւ բաժնել ճակատագիրը զանգուածներուն։

Մեծ համարում ունէր Ազգային Եկեղեցիի արժէքի եւ դերի մասին։ Եկեղեցին կը նկատէր մեր գոյութեան առաջին հիմնաքարը եւ մեր ինքնուրոյն մշակոյթի լաւագոյն ստեղծագործութիւնը։ Կրօնական պետ մը իրմէ լաւ պիտի չկարենար Ազգ. Եկեղեցիի քարոզութիւնը կատարել։ Առիթը կը ստեղծէր խօսելու այդ մասին, իբրեւ ուխտեալ պաշտպանը եւ հիացողը հայ տաճարներու երկնասլաց գմբէթին տակ ապրող խորհուրդին եւ հոգեկան ոյժին։ Խորապէս կ՚ափսոսար, որ կարող եկեղեցականներու թիւը հետզհետէ կը պակսի եւ նորեր չեն գրաւեր հիներուն տեղը։ Ցաւ էր իրեն համար հաստատել թէ Մայր Աթոռի հեղինակութիւնն ու հովանին նուազագոյն աստիճանի իջած էին գաղթաշխարհի հայութեան մէջ։ Հայ լեզուին չափ եւ գուցէ անկէ առաջ՝ հայ եկեղեցիի դարաւոր պարիսպներուն կ՚ուզէր կառչած տեսնել տարագիր հայ բեկորները։
Յիշողութեանս մէջ վառ կը մնայ հետեւեալ պատկերը.–

Յունուարի մէջ ցուրտ օր մը, գիշերը ուշ ատեն, Հայոց Ակումբէն միասին կը վերադառնայինք համալսարանի թաղը։ Փրոֆեսորը փափաքեցաւ որ քալենք։ Ձիւնը ծածկած էր ծառերու մերկ ճիւղերը եւ ամբողջ պողոտան։ Մօտ երեք քառորդ ժամ պիտի քալէինք իր բնակարանը հասնելու համար։ Ամբողջ ճամբուն տեւողութեան Ադոնց խօսեցաւ հայ եկեղեցիի ազգապահպանման կենսական դերէն, հայ հոգեւորականներու բարձր կոչումէն եւ պատմական առաքելութենէն։ Յանկարծ անկիւնի մը վրայ կանգ առնելով՝ դարձաւ ինծի եւ ըսաւ.
– Ինչո՞ւ վարդապետ չես ըլլար...

Հարցումը անսպասելի էր։ Պահ մը կարծեցի թէ փրոֆ. Ադոնց կատակ կ՚ընէր, բայց դէմքին վրայ եւ ձայնին մէջ լրջութիւն միայն տեսայ։ Մանկութեանս շրջանին վարդապետ ձեռնադրուիլը ամէնէն շատ փայփայած երազս էր եղած։ Կեանքի ալիքը եկած եւ ուրիշ ուղղութեամբ քշած էր զիս, իր տակ թաղելով նաեւ վարդապետական շողշողուն հանդերձանքի եւ արծաթէ մականի հմայիչ տեսիլքը։

– Ուշ է արդէն,– պատասխանեցի շփոթած,– հոգեւորականի կոչում չեմ զգար։
– Ի՞նչ ըսել է կոչում չեմ զգար,– վրայ բերաւ Ադոնց,– մեր ժողովուրդին օգտակար ըլլալու լաւագոյն ասպարէզն է։ Մեր կուսակցութիւնները պէտք է մտածեն հոգեւոր զինուորագրութեան մղել իրենց շարքերէն յարմարութիւն ունեցող երիտասարդները։ Հայոց եկեղեցին վտանգի տակ է՝ ամէն կողմէ տեղացող հարուածներուն տակ։ Ո՞վ տէր պիտի կանգնի հայ մշակոյթը եւ ազգային դիմագիծը դարերով անխախտ պահած այս հաստատութեան։ Անկէ աւելի ապահով եւ զօրաւոր ապաւէն չունինք ներկայիս ալ։ Եթէ ուսուցչութիւնը նուիրում մըն է՝ Ազգ. Եկեղեցիի տուած սքեմը աւելի արդիւնաւոր ծառայութեանց կրնայ հասցնել քեզ։

Ադոնցի եկեղեցասիրութիւնը միայն դարաւոր արժէքներու պահպանման եւ ազգային մտահոգութեանց արդիւնք չէր։ Եկեղեցին նոյն ատեն հոգեկան ապրում մըն էր իրեն համար։ Դժուար է ճշդել թէ Ադոնց քրիստոնէական իմաստով հաւատացեա՞լ էր արդեօք։ Բայց որոշապէս կը զգացնէր իր սէրն ու յարգանքը՝ մեր պապերու հաւատքին ու ծէսերուն հանդէպ։ Շարականներու, մոմերու եւ խունկի խորհուրդը բանաստեղծական յուզումով կը լեցնէին իր բառերը, ամէն անգամ որ առիթը ներկայանար այդ մասին խօսելու։

Ծնունդին եւ Զատիկին՝ ուսանողներս սովորութիւն ունէինք ծաղկեփունջով մը այցելութեան երթալու Ադոնցին։ Տօնական տրամադրութեան մէջ կը գտնէինք զինք։ Չէր մոռնար բնաւ օրուան հետ կապուած հայրենի աւանդութիւններն ու յիշատակները։ Գիրքերու մէջ կորած ու մոլորած գիտնականը չէր։ Անոր պատուհանը բաց էր միշտ հոգիներու եւ կեանքի աշխարհէն փչող հովերուն դիմաց։ Մեր եկեղեցին ալ իր հոյակապ կամարներով եւ քաղցրահունչ զանգակներով անբաժանելի մէկ մասն էր հայոց աշխարհի, որուն ամբողջկաան պատկերն ու կառոյցը իր հետ կը պտտցնէր Ադոնց Եւրոպայի պողոտաներուն վրայ։

Անցեալի սովորութիւնները կը գտնէր ոչ միայն իմաստուն, այլ նաեւ գեղեցիկ։ Որքան իր գիտակցութեամբ, նոյնքան եւ իր սրտով աւանդապահ էր Ադոնց։ Ամէնէն աւելի՝ յուզումով կ՚անդրադառնար Մեռելոցի արարողութեանց, գերեզման այցելութեան, հոգեհացի, մատաղի եւ հոգեհանգիստի հայկական հին սովորութեանց։ Կը փափաքէր, որ հայ ժողովուրդը հաւատարմօրէն շարունակէ այդ բոլորը, իբրեւ անցեալը ներկային շղթայող զգացումներու կենդանի կապ ու իբրեւ ներքին ոյժի եւ վերանորոգման անսպառ աղբիւր։

Եւ ինք գիտէր արդիական գաղափարները հնաւանդ սրբութեանց հետ հաշտեցնելու արուեստը։
Ինծի համար առանձնապէս հետաքրքրական էր ծանօթանալ Ադոնցի գրական ճաշակին եւ ըմբռնողութեան։ Կը կարդա՞ր երդեօք նոր սերունդի գրական ստեղծագործութիւնները. կամ գոնէ մօտէն հետեւա՞ծ էր արեւմտահայ գրագէտներու գործերուն։ Ի՞նչ էր չափանիշը՝ գեղարուեստական գրականութեան արժէքները դատելու։ Բանաստեղծութիւնը կը խօսէ՞ր իր սրտին։

Սկիզբները այն տպաւորութիւնը կրեցի, թէ Ադոնց ալ, արեւելահայ շատ մը մտաւորականներու պէս, հայ բանաստեղծութեան կատարները կը չափէր Յովհաննէս Յովհաննէսեանով կամ Աւետիք Իսահակեանով։ Բայց հետզհետէ զարմանքով հատատեցի թէ Ադոնց չէր ուրանար արժէքը զարտուղի ճամբաներէ քալող նոր տաղանդներու։ Իրեն յատուկ զուարթամտութեամբ հեգնելով հանդերձ բանաստեղծներու տարօրինակութիւնները, գիտէր ըմբոշխնել ճշմարիտ քերթուածի մը տողերէն հոսող խռովքը։

Բանաստեղծութեանց եւ վէպերու սիրահար մը չէր անշուշտ։ Կը ստանար գլխաւոր հայ թերթերն ու պարբերականները եւ աչքէ անցընելէ վերջ զինք հետաքրքրող հասարակական, ազգային եւ բանասիրական յօդուածները, ժամանակ կը գտնէր երբեմն պատմուածք մըն ալ կարդալու։

Լաւ ծանօթ էր մեր գրականութեան 19րդ դարու դասականներուն։ Իր ճաշակն ալ դասական էր արդէն։ Երկ մը դատելու ատեն անխուսափելիօրէն կ՚որոնէր շրջանը բնորոշող պատմական եւ ընկերային տարրերը։ Անխառն արուեստի ըմբռնումը թոյլ էր իր մէջ։

Օր մը արեւմտահայ գրականութեան շուրջ ստեղծուած վիճաբանութեան մը ընթացքին, փրոֆ. Ադոնցին ակնարկութեամբ մը յիշեցուցի «Մենք»ի տղոց իր վրայ գործած յարձակումները, որոնց պատճառ դարձած էր Մ. Պէշիկթաշլեանի եւ Խ. Աբովեանի բաղդատական զուգակշիռը գծող իր մէկ գրուածքը։ Ադոնց թեթեւ մը պռստեց յօնքերը եւ անտարբեր շեշտով պատասխանեց.

– Չհասկացան ինձ եւ չըմբռնեցին թէ ի՞նչ էի ուզում ասել...

Զգացի որ առհասարակ վերէն կը նայէր «տաքարիւն տղոց» բարձրացուցած աղմուկին վրայ եւ ոխ չէր պահած. չուզեց խօսակցութիւնը զարգացնել այդ ուղղութեամբ եւ փոխեց իր նիւթը։
Ուրիշ անգամ խօսք եղաւ Վարուժանի եւ Սիամանթոյի մասին, որոնք միայն անուններ չէին փրոֆեսորին համար։ Ըրած մէջբերումներէն որոշ էր, որ Ադոնց մօտէն ծանօթ էր հայ բանաստեղծութեան այդ երկու հսկաներու գլխաւոր գործերուն։ Երբ անոնց արժէքը համեմատութեան առարկայ դարձաւ, կորովի վճռականութեամբ եւ մեծ հիացումով պաշտպանեց Սիամանթոն։

Անակնկալի եկայ։ Ինչպէ՞ս՝ յստակութեան, կարգ ու կանոնի վարժ գիտական միտք մը Վարուժանի ճարտարապետական կառուցումները եւ պայծառ պատկերները ձգած՝ Սիամանթոյի տարերային ժայթքումնե՞րը գովաբանէ։ Ես պաշտպանեցի հակառակ տեսակէտը։

– Ո՛չ, կը սխալիս,– պնդեց Ադոնց անկեղծ համոզումով,– չափուած-ձեւուած բանաստեղծութիւն չ՚ըլլար։ Սիամանթոն շատ աւելի մեծ է իր ներշնչումին թռիչքով ու նորութեամբ։ Անոր «Կարմիր Շուշաններ»ը միայն կը բաւեն զինք անմահացնելու համար։ Պիտի գայ շրջան մը, երբ գուցէ մոռցուի Վարուժանը, բայց Սիամանթոյի արժէքը պիտի բարձրանայ։

*
* *


Շարունակելի 9

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝