Յայտարարութիւն

Tuesday, July 7, 2009

Քաջալերանքի Խօսք Տիկին Մարօ Գըվըրեան -Նիկողոսեանէ

Յարգելի Պարոն Նշան Պասմաճեան,

Ի խորոց սրտի կը շնորհաւորեմ ՆՇԱՆԱԿի «ծնունդ»ը: Կարևոր եղելութիւն մը ,որ արժանի է ուշադրութեան.իտէալ ծառայութիւն մը ի սպաս հայ ընթերցողին՝ ծափահարութեան արժանի:

Ձեր ջանքն ու աշխատանքը անգին են բոլոր անոնց համար զորս կը տենչան սորվիլ : Երկու ամիսէ ի վեր ուշի ուշով կը հետևիմ կայքէջին և այնտեղ,ամենօրեայ դրութեամբ ,նոր բան մը կը կարդամ ,անկէ նոր բան մը կը սորվիմ: Շնորհիւ ձեր հարուստ փորձառութեան և անվհատ կորովին ձեր առած այս դրական նախաքայլը պիտի խթան հանդիսանայ ոմանց՝ իրենց մասնակցութիւնը բերելու այս ելեկտրոնային թերթին, միւս կողմէն պիտի պապակը հագեցնէ բոլոր անոնց,որոնք կը փափաքին օրական քանի մը էջ զիրենք հետաքրքրող նիւթ մը կարդալ Հայերէնով:

Շնորհաւորանքներուս զուգահեռ կը փափաքիմ շնորհակալութիւնս յայտնել ձեզի ձեր դրական կեցուածքին համար իմ առողջապահական նիւթերս սիրայօժար հրապարակելու ձեր սիւնակներուն մէջ:

Յաջողութեան մաղթանքներով՝
Մարօ Գըվըրեան Նիկողոսեան

՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝

«Նշանակ» իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Տիկին Նիկողոսեանին իր սրտաբուխ ,ջերմ ու գօտեպնդող խօսքերուն համար:
Ուրախ ենք յայտնելու ,որ մեր փափաքին ընդառաջելով, Տիկին Նիկողոսեան շաբաթօրեայ ճշդապահութեամբ , ամէն Չորեքշաբթի, առողջութեան հետ առնչուած յօդուած մը պիտի ստորագրէ սոյն կայքէջին «Առողջապահական» սիւնակին մէջ:


«Նշանակ»

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝