Յայտարարութիւն

Wednesday, July 8, 2009

Առողջ Ապրելու Արուեստը

Սիրելի Ընթերցող,

Մի քանի օր առաջ կայքէջին մէջ նշած էինք, որ ամէն Չորեքշաբթի պիտի հրապարակենք Տիկ. Մարօ Գըվըրեան Նիկողոսեանի առողջ ապրելու արուեստի մասին յօդուած մը: Կը սկսինք այսօր «Հասած է Ժամանակը» յօդուածով,ուր Տիկին Նիկողոսեան կ՜ընդգծէ կարևորութիւնը և օգուտը բուսական ուտելիքներու:
«Նշանակ» կը յանձնարարէ իր ընթերցողներուն կարևորութիւն ընծայել Տիկին Նիկողոսեանի թելադրանքներուն,քանզի առանց առողջ մարմնի կեանքը կը կորսնցնէ իր հաճելի իմաստէն շատ բան:

«Նշանակ»

՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝

ՀԱՍԱԾ Է ԺԱՄԱՆԱԿԸ...

Ժամանակը հասած է որ մենք զմեզ քիչ մը հաւաքենք ու սկսինք մտածել ինչ ընել ՝ խուսափելու հիւանդութիւններէ, ինչպէս ընել որ չհիւանդանանք:

«Մէկ կրամ նախազգուշութիւնը հազար կրամ դեղ ու դարման կ՜արժէ» ըսած ու կրկնած են մարդիկ հազարաւոր տարիներ: «Ուտելիքդ ՝ դեղդ թող ըլլայ», «Ըսէ թէ ինչ կ՜ուտես, որպէսզի ըսեմ թէ դուն ով ես»ըսած են մեր նախնիները: Թող լոյս իջնէ անոնց շիրիմներուն:Անոնք քաջ գիտէին թէ մեր ուտելիքները որքան կ՜ազդեն մարմնին,մտքին և զգացումներուն վրայ:

Այսօր,իւրաքանչիւրս կրնանք յեղափոխել մեր կեանքը պարզ ու բնական ուտելիքներ ուտելով ինչպէս նաև զանոնք հաւասարակշռուած քանակներով ուտելով:Մէկ խօսքով՝ բնութեան օրէնքը չխախտելով: Ս.Գրքի մէջ գրուած է.«Ձեզի համար հացահատիկներ,բոյսեր,հունտեր տուի որպէս ուտելիք» , այսպիսով ,Ս. Գիրքը կը թելադրէ ուտել այն ինչ որ մայր հողը կը շնորհէ մարդ արարածին:

Բոլոր ուտելիքներու ծագումը բուսական է.կենդանիներ չեն կրնար գոյատևել առանց բուսականութեան:Մարդուն մարմինը չի կրնար մարսել ուտելիքներ ,որոնք օրկանական չեն : Մեր մարմինը չի կրնար հայթայթել փրոթէին,քարպօհայտրէյթներ,իւղեր և հանքային նիւթեր եթէ մեր սնունդը օրկանական չէ:Առանց բուսական սննդանիւթերու կարելի չէ գոյատևել.մեր արիւնը պատրաստուած է քլորոֆիլէ:Բոյսը ամենէն անհրաժեշտ սնունդն է մարդուն: Ասիկա բնութեան հրամայականն է, հետևաբար ՝ պէտք է գործի վերածել զայն:

Կենդանիները ստեղծուած են մարդուն ծառայելու և զայն զբաղցնելու համար:Ի՞նչ է ուրեմն պատճառը միս ուտելուն ՝ եթէ ոչ մարդու քիմքի հաճոյքը,անոր հեշտասիրութիւնը , և որկրամոլութիւնը: Ըստ Սուրբ Գրոց որկրամոլութիւնն ու ագահութիւնը մահացու մեղքեր են:Այս է պատճառը որ բոլոր կրօնքներուն մէջ կը թելադրուի աղօթել,ծոմ պահել, առողջ մարմին ունենալու համար, կարնալ երջանիկ ապրելու համար:

Մեր ատամներու տեսքն ու տեսակները ապացոյց են որ մարդը բուսակեր է:Ութ հերձատամներ ունինք բոյսեր հերձելու համար,քսան աղօրիներ հացահատիկներ աղալու համար, մի միայն չորս շնատամներ՝ միս կարենալ «բզքտելու» համար:Բնութիւնը ցոյց կուտայ որ միսը պէտք է քիչ ուտել:

Միսէն խուսափելու պատճառներէն մին մարդու մտածելու կարողութեան պահպանումն է:Միսը իտէալ սնունդ է կենդանիներու համար.կենդանիներու գեղձերը հորմոններ կ՜արտադրեն,որոնք պիտանի են անոնց՝ որոնք վարժ չեն մտածելու, բան մը որ յատուկ է կենդանիներուն և ոչ մարդ արարածին:

Ասկէ վաթսուն կամ եօթանասուն տարիներ առաջ Ճաբոնացի բժիշկներ ,յետ երկարատև ուսումնասիրութեանց ,փաստեցին որ հնարաւոր է բնական ուտելիքներով բուժել անդարմանելի կարծուած հիւանդութիւններ:Այժմ,միլիոնաւոր մարդիկ աշխարհի չորս ծագերուն կ՜օգտուին այս գիւտի բարիքներէն:

Հիբօգրատ, երեք հազար տարի առաջ ըսած է «Ուտելիքդ թող դեղդ ըլլայ»: Պէտք է հաւասարակշռել ուտելիքներու գործածութիւնը կարենալ խուսափելու համար բազմապիսի հիւանդութիւններէ:

Այսօր արուեստական ուտելիքներով յորդած են մեր շուկաները:Անոնք «կողոպտուած» են, «մերկացուած» են իրենց սննդանիւթերէն:Ընդհանրապէս մենք կը խաբուինք անոնց աչքառու և գեղեցիկ պիտակներէն ու տուն կը տանինք աղբաման տարուելիք այսպէս ասած «սնունդ»ը: Արթուն և շրջահայեաց ըլլանք.չմոռնանք , որ միայն քիմքին հաճոյք պատճառող ուտելիքը օր մը կրնայ շատ սուղ արժել...


Այս յօդուաղաշարքով կ՜ուզէինք զգուշացնել այս սիւնակը ընթերցողները և զիրենք փորձել վերադարձնել մեր պարզ ու բնական ուտելիքներու գործածութեան սովորութեան:

Եզրակացնելով կրնանք ըսել թէ մեր հիւանդութեանց ստեղծողներն ու միևնոյն ատեն անոնց զոհերը՝մենք ենք: Յաճախ ըսուած է որ հիւանդ մարդը այն է որ բռնաբարած է բնութիւնը:Կանխահաս ծերութիւնն ու մահերը ապացոյց են որ մարդ էակը այլևս անկարող է դիմանալու անբնական ուտելիքներ ճաշակելու իր իսկ ընդունած սովորութեանց շարունակման:

Մարօ Գըվըրեան Նիկողոսեան
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝