Յայտարարութիւն

Sunday, July 12, 2009

Դէմքի Մարձումներ և Խոհանոց

Դէմքի Մարձումներ

Մարձումները կը հանդարտեցնեն դէմքին յոգնած գիծերը կ'աշխուժացնեն մկանները եւ կ'ուշացնեն կնճիռները:

Մարձումի ընթացքին պէտք է օգտագործել մատներուն ծայրերը եւ զգուշանալ երկար եղունգներէն, դէմքը կամ աչքը չվիրաւորելու համար:
Դէմքի մարձումները, կը կատարուին զոյգ ձեռքերով եւ զուգահեռ շարժումներով:

Մասնագէտներ կը թելադրեն, որ այս մարձումները կատարուին նախընտրաբար երեկոյեան, անոնց տրամադրելով լայն ժամանակ, դրական արդիւնքի հասնելու համար:

Դէմքին խնամքը դիւրացնող հնարներ

Յօնքի խնամքի ատեն, նախքան փոքրիկ ունելիով անոր մազերը «քաշելը», սառոյցի կտոր մը առէք եւ քանի մը անգամ քսեցէք ձեր յօնքերուն ամբողջ երկայնքին, ապա գործի լծուեցէք: /սառոյցը ցաւազրկիչի դեր կը կատարէ/:

Եթէ ձեր աչքերու շպարը շեշտուած է եւ կ'ուզէք սրբագրել զայն, փոխանակ վերստին սկսելու, առէք բամպակով օժտուած ցպիկ մը եւ մեղմօրէն շփելով մեղմացուցէք գոյները:

Շուրթերուն վրայի չորցած մորթերը մաքրելու համար զանոնք մեղմօրէն շփեցէք ակռայի խոզանակով մը: Խոզանակելէ, լուալէ եւ չորցնելէ ետք զանոնք ծեփեցէք սերով մը եւ պիտի ստանաք ողորկ ու փափուկ շուրթեր.

Ուռած կոպերը հանդարտեցնելու համար առէք զոյգ բամպակներ: Զանոնք շատ պաղ ջուրի կամ շատ «զօրաւոր» թէյի մէջ զետեղեցէք ձեր կոպերուն վրայ 5-էն 10 վայրկեան:



Խոհանոց

Հաւ Մեքսիքական ձեւով

1 քիլօ հաւի պրզօլա
Կէս քիլօ լոլիկ
2 սոխ
4 հատ սխտոր
1 հատ կարմիր պղպեղ
1 հատ կանաչ պղպեղ
Լոլիկի ջուր եւ պղպեղի ջուր /մէկական դգալ/


Պատրաստութիւն:
Քիչ մը ձէթով հաւը տապկել ,ապա Փիրեքսին մէջ շարել յետոյ սոխը,սխտորը,պղպեղները,թարմ լոլիկը զատ զատ կարագին մէջ մէկ հատ դարձնել .Այդ ձէթը որուն մէջ հաւը տապկած էիք՝ վրան աւելցնել լոլիկի ջուր եւ պղպեղի ջուրը ետքը բոլորը հաւին վրայ լեցնել եւ կէս ժամ եփել:
Անոյշ ըլլայ:

Պատրաստեց՝

Տալիդա Գալըպճեան

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝