Յայտարարութիւն

Wednesday, July 15, 2009

Առողջ Ապրելու Արուեստը

ՀԱՑԸ ԵՒ ՄԵՐ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆԸ

Վարժուած ենք իւրաքանչիւր ժումին հաց ուտել:Մեր մտքին մէջ հացը պատկերացուցած ենք որպէս «Կեանքի Նեցուկ»: Նոյնիսկ Ամերիկեան ու Անգլիական առողջապահական պատկան մարմիններու պաշտօնական ուտելիքներու ուղեգրքերու մէջ անհրաժեշտ կը նկատուի ամէն օր առատօրէն հաց և մագարոն ուտել: Սակայն, ինչու արդեօք բնագէտներ ցորենը, որ քարպօհայտրէյդով լի է, չեն յանձնարարեր ներկայիս որպէս կարևոր սննդանիւթ:
Մարմնին համար քարպօհայտրէյդը ուժի (էներճի) աղբիւր է.սակայն բոլոր քարպօհայտրէյդները նոյնը չեն:Անոնցմէ մաս մը կը պահպանեն առողջութիւնը իսկ ուրիշներ կը վնասեն ՝խանգարելով մեր փոխարկման ընթացքը (Մէաթապոլիզմ): Նոյնը կը վերաբերի նեարդներու՝ (Ֆայպըր):

Հարիւրաւոր տարիներ Հիւսիսային Ամերիկացիներու և Եւրոպացիներու սննդառութեան մաս կը կազմէր ցորենը:Ամերիկա,Ռուսիա և Չինաստան աշխարհի գլխաւոր ցորեն արտադրող երկիրներն ենցայսօր:Քսաներորդ դարուն ցորենի արտադրութիւնը կրկնապատկուեցաւ:Զանգուածային ուտելիքներու Սուբըրմարքէթներու դարակներու վրայ երևալէն ետք ցորենի սպառման քանակը զգալիօրէն աւելցաւ:Վերջին քսան տարիներուն շուկայի վրայ Փասթան,Փիցան,Պէյկըլը , Սիրյըլները արագօրէն սկսան լայն տեղ գրաւել խանութներու դարակներուն վրայ:
Արդի ցորենը մեր մեծ մայրերուն օրով գործածուող հացահատիկը շատ քիչ կը յիշեցնէ...
Հիմակուան ցորենը դաշտէն դեռ ջաղացք չտարուած, միջատասպաններով,սնկասպաններով և նմանօրինակ քիմիական նիւթերով են կշտացած:Ցորենին սերմը որ իր ամբողջութեան մէկ մասն է ցորենին , հարոէստ է Ֆ և Պ սննդանիւթերով:Այժմ ասոնք կը վերցուին ցորենին մէջէն որովհետեւ արագ աւրուելու յատկութիւն ունին,հետևաբար կրնան փճացնել ալիւրը:

Ցորենը աղալու ընթացքին անոր նեարդները(Ֆայպըր) ները նաև կը վերցուին:Ցորենէ արտադրուած ուտելիքները զորս շուկայէն տուն կը բերենք(Սպիտակ հաց,պիսքուիթ) այսպիսի ալիւրներով կը պատրասդուին:

Յիսուն տարի առաջ,ցորենի ալիւրին համը բարելաւելու համար զայն ամիսներով մթերանոցներու մէջ կը պահէին:Ներկայիս, մթերանոցներու ծախսը նուազեցնելու ինչպէս նաև ժամանակ շահելու համար ալիւրին վրայ կ՜աւելցնեն քիմիական նիւթ մը (Փօթասիւմ Պրոմէյթ) որ ՝հնացման գործընթացը(Էյճինկ Փրոսէս) կը կատարէ քառասուն ութ ժամէն:
Ալիւրին վրայ բնականօրէն դեղին գունաւորումներ կը կազմուին,զանոնք անյայտացնելու համար քիմիական նիւթով մը ՝Պենոզիլ Բէրօքսիտ ով զայն կը ճերմկցնեն,իսկ այս նիւթին չեզոքացման համար այլ քիմիկան նիւթ մը՝ մեր գիտցած կաւիճը կը գործածեն...

Ցրենը միջատներէ ձերբազատելու համար զայն շողարձակման կ՜ենթարկեն:Ցորենին բոլոր կենսանիւթերը և հանքային բաղադրութիւնները զայն աղալու ատեն կը կորսուին.իսկ անոնք կը փոխարինուին արուեստական կենսանիւթերով:

Ալիւին մէջ օգտագործուող վերոյիշեալ բոլոր քիմիական նիւթերը կառավարութեանց կողմէ «անվնաս» կ՜որակուին...սակայն այս նիւթերը մարդկային մարմնին դժուարութիւններ կը յարուցանեն երբ մարմինը չկարենայ արուեստական կենսանիւթերը ներծծել:Այսպիսով, ցորենի բոլոր արտադրութիւնները (Փասթա , Սիրյըլներ ևլն) աղքատ են կենսանիւթերով:

Եթե մենք զմեզ կը սեպենք մեր առողջութեամբ հետաքրքրուած էակներ ապա պէտք է գիտնանք որ սննդառութիւն մը որ արդիական ցորենի արտադրանքներու վրայ հիմնուած է մեզի չօգներ, միևնոյն ատեն մեզ կը գիրցնէ:
Առօրեայ հացի գործածութիւնը յանձնարարելի չէ յատկապէս տարեցներուն համար, նոյնը կը վերաբերի խմորեղէններուն:Անոնց գործածութիւնը շաբաթական երկու անգամը պէտք չէ անցնի:

Փորի ուռեցքը կը վերագրուի մարմնին մէջ ջուրի կուտակման կամ մարսողական դժուարութեան մը որ կը յառաջանայ յատուկ ուտելիքէ մը:Ամենէն սովորական ուտելիքը որ փորին ուռեցք կը պատճառէ ցորենն է: Աղն ու շաքարն ալ դերակատար են այս մարզէն ներս:Շաքարով պատրաստուած ուտելիքները մարսելու համար մարսողական դրութիւնը ջուր կը պահանջէ, ուստի,երբ այս ուտելիքներու ճաշակումը չափազանցենք, մարմնին մէջի աւելորդ ջուրերու արտաքսումը դանդաղ դեղի կ՜ունենայ:

Շաքարի ու աղի գործածութիւնը նուազեցնելով կը դիւրացնենք մարսողական դրութեան գործը:Երբ մարսողութիւնը լաւ չի կատարուիր նիահարնալու փորձերը ի դերեւ կ՜ելլեն:Ցորենը,կենդանական միսերը եւ կարգ մը հացահատիկներ մարմնին մէջ թթու միջավայր մը կը ստեղծեն, որը քաջալեր կը հանդիսանայ քաղցկեղի յառաջացման:

Ա.Սավիլանտ և Տ. Համիլթոն

Հայացուց՝ Մարօ Գըվըրեան Նիկողոսեան
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝