Յայտարարութիւն

Saturday, July 18, 2009

ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՏԱՀԱԾ ԱՐԿԱԾԻՆ ԱՌԹԻՒ

Հարիւր Վաթսուն Ութ զոհեր, որոնցմէ քառասունը Հայեր:
Կարելի՞ է ըսել «Ճակատագիր է» ու անցնիլ: Կը թուի թէ ուրիշ բացատրութիւն չունինք, գէթ այս վայրկեանիս, քառասուն ութ ժամ արկածէն ետք...

Թերթերու մէջ կը կարդանք թէ Ռուսական Թուփոլիէվները հին են և կանոնաւոր խնամքի չեն ենթարկուիր, հետևաբար...լրատուական գործակալութիւնները մեզ կը դնեն այնպիսի տրամաբանութեան մը դէմ յանդիման , որով մենք ինքնաբերաբար կ՜եզրակացնենք թէ բոլոր Թուփոլիէվ օդանաւերը նոյն ճակատագին պիտի ենթարկուին...Կը թուի թէ Արևմտեան այս րութին հակափրոփականտին աշխարհը մինչև օրս դեռ չէ վարժուած...Օդանաւ ըսածդ կամ Պօինկ պէտք է ըլլայ կամ Էր Պաս,կամ այս երկուքին ազգական,հարևան կամ գործընկեր , որ հասարակ մահկանացուներէ որակուի... ԼԱՒ ՕԴԱՆԱՒ...
Լաւ օդանաւ, այսինքն օդանաւ մը որ չիյնար,չի ջախջախուիր,ապահով է:
Շատ օդանաւէ հասկցող չենք սակայն ինչ որ կը կարդանք ու ինչ որ կը լսենք տեղեկատուական աղբիւրներէ Պօինկներ և Էր Պասեր ալ կ՜իյնան ու կը ջախջախուին , այնպիսի յառաջադէմ երկիրներու ընկերութիւններու օդանաւեր, որոնք նոր են և լաւ ու ճիշդ խնամքի կ՜ենթարկուին: Ըսելիքն այն է որ ամօթ չէ՞ միթէ ողբերգութիւններն ալ օգտագործել հակափրոփականտի համար, այս կամ այն երկիրը վարկաբեկելու համար:Մեր աչքին գերանը չտեսնելը ...ոչինչ , սակայն ուրիշին աչքին շիւղը տեսնելը դարձեր է տեսակ մը սրբազան պարտականութիւն: Անհաւանական չենք տեսներ և պիտի չզարմանանք երբեք եթէ մի քանի օր ետք արևմտեան լրատուական գործակալութիւնները ,ինչ ինչ հաշիւներով ,այպանեն հարիւր վաթսուն ութ զոհուածները Թուփոլիէվ ով ճամբորդած ըլլալնուն համար...

Իսկ ի՞նչ օդանաւով պէտք էր ճամբորդէին : Իրանը ունի Արևմուտք շինուած օդանաւեր, նոյնքան հին որքան ջախջախուածը: Միթէ ասոնք ալ դատապարտուած չե՞ն նոյն ճակատագրին: Տրուած ըլլալով որ Արևմուտքի կողմէ Իրանեան իշխանութիւնները նկատուած են աչքի փուշ, աշխարհի ահաբեկչութիւն մատակարարող երկիր, հետևաբար Արևմուտքը իր վաճառած օդանաւերուն համար փոխնորդ կտորներու վաճառքը արգիլած է: Քաղաքականութիւն է , որուն շատ մօտիկ չենք , շատ ալ չենք ուզեր մօտենալ: Սակայն մարդկային իրաւանց ոտնակոխումով մտահոգ ենք և այդ մարզին մէջ պահանջկոտ: Արդ, Արևմուտքի առաջնորդներ, զո՞վ պատժելու ելած էք: Իրանը կառավարողնե՞րը թէ Իրանցի քաղաքացին , կամ Իրան այցելողը... Դուք չէ՞ք որ ձեր թերթերով,հեռատեսիլներով, առտու իրիկուն երդում պատառ կ՜ըլլաք թէ դուք Իրանի ժողովուրդին թշնամի չէք այլ անոր կառավարիչներուն թշնամիներ միայն...Արդ,եթէ այդպէս է հապա ինչո՞ւ ձեր սիրած ժողովուրդը կ՜ուզէք պատժել, ան ալ մահով....Ոճիրներու ո՞ր խումբին մէջ պէտք է դնել այս մէկը. Քաղաքակա՞ն ոճիրներու, որոնք անշուշտ «արդարանալի ոճիր»ներ են , քանզի անոնց պատճառները ձեր երկիրներու ազգային անվտանգութեան հետ ուղղակի առնչուած են...
Միթէ նոյն պատիժին պիտի ենթարկէի՞ք ձեզի մանկլաւիկ երկրի մը բնակիչները եթէ նոյնիսկ անոնք ձեզ ատէին...

Պատասխան տուէք մարդկային իրաւանց , այսպէս ասած,պահապաններ:
Մինչև երբ պիտի խաբէք:

«Նշանակ»

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝