Յայտարարութիւն

Monday, July 27, 2009

Սուրճի մասին և Մեծ Մայրիկին Խորհուրդները

Թող Ընթերցողը ներող ըլլայ,որ «Կանացի» այս շաբթուան էջը մէկ օր յապաղումով ՝ Կիրակիի փոխարէն Երկուշաբթի կը հրապարակենք:
«Նշանակ»
՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝

Ճիշդ եւ սխալ կարծիքներ սուրճի մասին

Շատերու համար անկարելի է օրը սկսիլ առանց գաւաթ մը սուրճի: Կազդուրիչ այս խմիչքը մեծապէս գնահատուած է ծխողներու կողմէ, որոնք երբեմն անոր սպառումը կը հասցնեն 7-8 գաւաթի:
Սուրճի մասին հակասական կարծիքները շատ են ,եկէք` ծանօթանանք անոնցմէ քանի մը հատին:


1- Կարելի է դիւրաւ սուրճի մոլին դառնալ:
ՃԻՇՏ ԵՒ ՍԽԱԼ. Քաֆէինը քոքային չէ: Առողջութեան միջազգային կազմակերպութեան համաձայն, քոքային մոլութիւնը դարմանումի կը կարօտի եւ անիկա կրնայ քայքայել մարդը, մինչդեռ քաֆէինի մոլութենէն ձերբազատիլը այդքան ալ բարդ չէ: Ճիշդ է, սուրճին ստեղծած կապուածութիւնը անպատեհութիւններ շատ ունի, բայց եւ այնպէս անոնք անդարմանելի չեն:


2- Յետմիջօրէի ժամը 4-էն ետք սուրճ պէտք չէ խմել:
ՃԻՇԴ ԵՒ ՍԽԱԼ. Ասիկա անձէ անձ կը տարբերի: Ճիշդ է, որ անքնութենէ տառապողները պէտք է հրաժարին յետմիջօրէին եւ երեկոյեան սուրճ խմելէն, նոյնպէս ալ բոլոր անոնք, որոնք կէսօրէ առաջ արդէն 3-4 գաւաթ սուրճ խմած են: Բայց ասիկա վերջնական ճշմարտութիւն կարելի չէ համարել, քանի որ շատեր երեկոյեան սուրճ կը խմեն եւ խոր քունով կը քնանան...


3- Սուրճը գլխու ցաւի լաւագոյն դեղն է:
Ճիշդ. Քաֆէինը կ'ընդլայնէ ուղեղին երակները, ինչ որ կը թեթեւցնէ ճնշումը եւ կը չքացնէ գլխու ցաւը, եւ արդէն իսկ գլխու ցաւի դեղերուն մէկ կարեւոր մասը պատրաստուած է վերոյիշեալ նիւթով:


4- Սուրճը կ'օգնէ նիհարնալու:
ՍԽԱԼ, ՃԻՇԴ. քաֆէինը կը գործածուի նիհարնալու օգնող դեղերու պատրաստութեան մէջ, բայց ասիկա չի նշանակեր, որ կարելի է լիթրերով սուրճ խմել եւ նիհարնալ... :





Մեծ Մայրիկի Խորհուրդները

Աւելցած հացերը մի թափէք, այլ փուռին մէջ կարմրցուցէք եւ ապա տոպրակի մը մէջ դնելով ծեծեցէք ու փոշիի վերածեցէք .փոշին կրնաք օգտագործել զանազան ճաշերու եւ անուշեղէններու պատրաստութեան:


Ստեպղինի, պրասի, սոխի կեղեւներն ու կոթերը մի թափէք, այլ զանոնք եփեցէք մսաջուրին հետ, անոր համեղ համ եւ հաճելի բոյր տալու համար:


Ձեր կարագին թուղթը մի թափէք, անպայման որ վրան որոշ քանակութեամբ կարագ մնացած կ'ըլլայ, զայն օգտագործեցէք անուշեղէնի կամ որեւէ այլ կաղապարի յատակը իւղելու համար:


Ձեր ձկնարանին ջուրը լուացարանին մէջ մի թափէք այդ ջուրը օգտագործեցէք ձեր բոյսերը ջրելու, քանի որ անիկա մեծ քանակութեամբ հանքային նիւթեր կը պարունակէ:


Հաւկիթին կեղեւները մի թափէք, այլ զանոնք մանրեցէք եւ ձեր բոյսերուն հողին աւելցուցէք իբրեւ յաւելեալ սնունդ:


Ծունկերը մաշած ու պատռտած հին տաբատները մի թափէք, այլ անոնց վերի մասը օգտագործեցէք պայուսակի վերածելով եւ փոքրիկներուն լողազգեստները մէջը տեղաւորելով:

Պատրաստեց
Տալիդա Գալըպճեան






«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝