Յայտարարութիւն

Sunday, July 5, 2009

Եղունգները և Շրջուն Դեղատուփ

1. Եղունգները

Խնամուած եղունգներն ու ձեռքերը կ'ամբողջացնեն կնոջ ընդհանուր վայելչութիւնը: Շատ յաճախ անոնց արտաքին երևոյթը կը մատնէ ենթակային մօտ ներքին հիւանդութեան մը գոյութիւնը :Ձեռքերու ընդհանուր երևոյթէն կարելի կ՜ըլլայ կռահել անհատին տարիքը:

Եղունգներն ու ձեռքերը լաւ վիճակի մէջ պահպանելու միջոցառումներն են.

-Ձեռքերը երկար ժամանակ առանց ձեռնոցի չպահել ջուրին մէջ.
- Յաճախակի եղունգ ներկելը կը վնասէ անոր առողջութեանը.
- Մութ գոյն ներկերու գործածութեան պարագային նախընտրելի է նախ զայն պատել թափանցիկ գոյնով.
- Յաճախ ձեռքերը օծել փափուկցնող գրեմով, մանաւանդ ձմրան եղանակին.
-Եղունգներուն երիզը կազմող մորթը չկտրել շատ խորունկ, որովհետեւ եղունգը կը բուսնի այդ կենդանի բաժինէն:

Եղունգներուն ձեւ տալու ճիշտ քայլեր .

  • Եղունգները ասիդոնով մաքրել.

  • Ձեւաւորել եղունգները տախտակէ խարտոցով ապա,

  • Ձեռքերը դնել գաղջ ջուրին մէջ մօտաւորապէս 5-10 վայրկեան, ապա լաւ չորցնել.

  • Մարձել ձեռքերն ու մատները կակուղցնող գրեմով ապա շփել քար խարտոցով.

  • Դանակի շեղբի նման սուր ծայր ունեցող եղունգի յատուկ գործիքով եղունգին փակած մորթերը անջատել եղունգէն, ապա ծայրը կլոր գործիքով ներս հրել.

  • Ծայրամասերու մորթերը գրեմով փափուկցնել ապա մկրատով զգուշութեամբ կտրել ծայրի սուր մորթերը.

  • Փայլեցնել խարտոցով.

  • Դգալի մը մէջ քիչ մը ձիթապտուղի ձէթ տաքցնել ու բամպակի կտորով մը քսել եղունգներուն եւ ձեռքերուն.

  • Ներկել եղունգները ,ի հարկին գծել՝ ըստ ճաշակի եւ փափաքի:

    2. Շրջուն Դեղատուփ

    Եթէ ծրագրած էք ամրան արձակուրդը անցնել ծովեզրեայ կամ լեռնային շրջաններու մէջ եւ քանի մը օրուան կամ շաբթուան համար մոռնալ քաղաքն ու անոր տաղտուկները, յանձնարարելի է, որ ձեր եւ ձեր փոքրերուն առողջութեան եւ ապահովութեան համար ունենալ «շրջուն դեղատուփ» մը, ուր կարգ մը հիմնական ու անհրաժեշտ դեղեր գտնուին ինչպէս ասփրօ, բանատօլ,եւայլն :
    Դեղատուփին մաս կազմող անհրաժեշտ իրերը.
    1- Մկրատ
    2- Փոքր ունելի
    3- Հենտիփլասթ
    4- Յատուկ դեղով հականեխուած լաթեր.
    5- Վիրակապ
    6- Ալքոլ
    7- Ջերմաչափ
    8- Բամպակ




Պատրաստեց՝
Տալիդա Գալըպճեան


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝