Յայտարարութիւն

Thursday, August 6, 2009

ՀՐԱՉ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆ Համահայկական Ա. Խորհրդաժողով

Այս յօդուածով ընթերցողը կը ծանօթանայ Հրաչ Տասնապետեան հասարակական գործիչին, ազգային մտահոգութիւն ունեցող անձին, Սփիւռքը լաւ ճանաչող ղեկավարին, գործնական հայ լիտըր ին:
«Նշանակ»
՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ Ա. ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ


Ձերդ վսեմութիւն պրն. Ռոպէրթ Քոչարեան, նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան,
Վեհափառ Տէր,
Մեծարգոյ պրն. վարչապետ եւ յարգելի նախարարներ Հայաստանի կառավարութեան,
Յարգելի՛ ներկաներ՝ տիկիններ եւ պարոններ,


Յանուն լիբանանահայ ներկայացուցչութեան կ՚ողջունեմ բոլորդ, եւ յատկապէս արտաքին գործոց նախարար պրն. Վարդան Օսկանեանը ու անոր նախագահութեան տակ գործող պետական յատուկ յանձնախումբը, որ համահայկական այս խորհրդաժողովի կազմակերպման ձեռնարկեցին։ Խորհրդաժողով մը, որ իր բնոյթով եւ տարողութեամբ եզակի երեւոյթ է հայոց գէթ նորագոյն պատմութեան մէջ։ Եւ կարելի ամբողջ յաջողութիւնը մաղթելով հանդերձ այս խորհրդաժողովին, ոչ այն անիրապաշտ լաւատեսութիւնը եւ ոչ ալ, իբրեւ գործօն մասնակիցներ, այն յաւակնութիւնը ունինք, որ ան պիտի կարենայ վերջնական հունի մէջ դնել հայրենիքի եւ Սփիւռքի կատարեալ համախոհութիւնը՝ բոլոր հարցերուն մէջ։ Այս համաժողովը մեկնակէտ մըն է միայն, զոր, պրն. Օսկանեանի արդար գնահատանքով, «պէտք է դիտարկել որպէս գործողութիւնների ծրագրի նախաձեռնման սկիզբ եւ ոչ թէ ինչ որ վերջնարդիւնք։ Քանի որ Հայաստանն ու Սփիւռքը կառուցային համագործակցութեան փորձ չունեն, անիրատեսական է աւելին սպասել անդրանիկ համաժողովից» («Արմէնփրէս»ին տրուած հարցազրոյց)։

Բայց եւ այնպէս, Հայրենիքէն եւ Սփիւռքէն այսքան մեծաթիւ անձանց համախմբման երեւոյթն իսկ պերճախօս է, ինչ ալ ըլլան ժողովական անմիջական արդիւնքներն ու եզրակացութիւնները, ի մասին այն հրամայական եւ անվերաքննելի անհրաժեշտութեան, որ ՀԱՅ ԱԶԳԸ ՊԷՏՔ Է ՄՆԱՅ ՄԷԿ ԵՒ ԱՆԲԱԺԱՆԵԼԻ, ի հեճուկս այն խորապէս տարբեր պատմաընկերային եւ պատմաքաղաքական զարգացումներուն, որոնք յատկանշեցին անոր արեւմտահայ եւ արեւելահայ հատուածները, արտաքին թէ ներքին պայմաններու եւ գործօններու բերումով։ Բայց 30ական դժուարին տարիներուն արդէն իսկ բանաձեւուած Չարենցեան պատգամը այսօր, Հայաստանի անկախացումէն ասդին, դարձած է աւելի անմիջականօրէն իրագործելի։ Ոչ մէկ լուրջ խոչընդոտ այլեւս, որ հայութեան հայրենական եւ սփիւռքեան թեւերը աւելի մօտենան իրարու, իրար գրկեն, եւ սկիզբ դնեն բոլորիս համար փափաքելի եւ ազգային տեսակէտէ յոյժ շահաւէտ համագործակցութեան մը, որ պիտի նպաստէ Հ.Հ. պետականութեան ամրապնդման, անոր ժողովուրդի ընկերային-տնտեսական վիճակի բարելաւման, բայց նաեւ սփիւռքահայ գաղթօճախներու առաւել աշխուժացման ու զօրացման՝ միշտ յօգուտ հայոց հայրենիքին։ Այստեղ ալ, ըլլանք իրապաշտ եւ ընդունինք, որ, ի մասնաւորի տնտեսական անհատական գործակցութեան մարզին մէջ գոյութիւն ունի փոխադարձ անվստահութեան անախորժ մթնոլորտ մը, զոր աստիճանաբար վերացնել եւ առողջացնել՝ էական դերերէն մէկն է այս կարգի համախմբումներու։

Արդ, որո՞նք են գլխաւոր այն կալուածները, որոնց գծով վերանայուած եւ աւելի կազմակերպ նախաձեռնութիւններ հետզհետէ պիտի նպաստեն հայութեան մէկութեան ամրապնդման, հայոց հայրենիքի զօրացման եւ բարգաւաճման, անոր պետականութեան յաւելեալ ճառագայթումին, եւ անշուշտ՝ արտերկրի մեր գաղութներու աշխուժացման եւ ազգային գիտակցութեան շեշտումին։

Առաջին մարզը, որ հայրենի իրականութեան մէջ ցարդ կը մնայ ամէնէն խոցելին, բայց անմիջօրէն կապ ունի մեր ժողովուրդի առօրեայ կենցաղին հետ եւ ուրեմն՝ բարելաւման կը կարօտի ըստ ամենայնի, տնտեսական-ընկերային կալուածն է՝ իր բազմերես բնոյթով, միջազգային եւ պետական օժանդակութիւններու եւ վարկերու ապահովում, անհատական դրամագլուխի արդար շահագործում, joint venture-ներ, պայքար «ստուերային տնտեսութեան» դէմ, վերաբացում տարիներէ ի վեր փակուած եւ թերեւս «սեփականաշնորհուած» գործարաններու, պայքար անգործութեան դէմ, եւայլն։ Անձնապէս՝ հեռու եմ տնտեսագիտութեան մասնագէտ ըլլալէ, բայց գիտեմ, որ անհատներ թէ կազմակերպութիւններ, տակաւին նախորդ վարչակարգի օրերուն, առաջարկներ ներկայացուցած են Հայաստանի իշխանութիւններուն, դժբախտաբար մեծաւ մասամբ անհետեւանք մնացած։ Բոլորս ալ գիտենք նաեւ, որ «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ»ը, հակառակ իր ստեղծած որոշ չափի խանդավառութեան, ցարդ երբեք չյանգեցաւ այն պատուաբեր արդիւնքին, որ սպասելի էր կարեւոր Սփիւռք ունեցող նորանկախ պետութեան մը պարագային։ Հարկ է տնտեսագիտական մօտեցումով վերաքննել այս բոլորը եւ ճշդել մօտեցման նոր եղանակներ ու նոր գործելաձեւեր։ Լիբանանցիներս, անհատապէս թէ հաւաքաբար, մտածած ենք նաեւ ազգային կամ պետական տուրքի դրութեան մը մասին, որ լաւ քարոզչութեան մը, բայց մանաւանդ վստահութիւն ներշնչող յանձանձման մը պարագային, կրնայ ապահովել Հանրապետութեան պիւտճէին ոչ-աննշան մէկ մասը։ Դիւրին գործ չէ, բայց քանի որ ուրիշներ իրականացուցած են, մե՛նք ալ կրնանք։ Անշուշտ այս պիտի վերաբերի սփիւռքահայերուն (արտախորհրդային եւ Ա.Պ.Հ. երկիրներու) եւ հիմնականին մէջ չի կրնար պարտադիր ըլլալ անոնց համար, որոնք Հայաստանի քաղաքացիներ չեն։

Երկրորդ մեծ կալուածը քաղաքականն է։ Այդ մարզին մէջ եւս, Սփիւռքը, իր Հայ Դատի յանձնախումբերու երկարամեայ փորձառութեամբ, տասնամեակներու ընթացքին տարբեր երկիրներու մէջ անոնց ստեղծած ծանօթութիւններով եւ քաղաքական յարաբերութիւններով, կրնայ օգտակար հանդիսանալ հայրենի պետութեան՝ առնուազն կազմակերպուած lobbying-ի ճամբով։ Ու բնականաբար ա՛յս կալուածին մէջ կ՚իյնայ նաեւ, եթէ ոչ ուղղակի եւ անմիջական գործակցութիւն մը, գէթ լռելեայն հասկացողութիւն մը՝ Հայաստանի իշխանութեանց եւ սփիւռքեան կուսակցութիւններու միջեւ, ինչ կը վերաբերի հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան եւ սեփական իրաւունքներու գիտակցութեան,- այսինքն Հայ Դատի եւ հայկական պահանջատիրութեան։ - Եղեռնի յիսնամեակէն ի վեր, Սփիւռքի երեք ազգային կուսակցութիւնները,- «աւանդական» բառը չեմ սիրեր, քանի կրնայ «աւանդութիւն անցած»ի իմաստ տալ,- համաձայնած են պահանջատիրութեան տարտամ, բոյց բոլորին կողմէ ընդունելի տարազի մը շուրջ («բռնագրաւուած հողերը վերադարձնել իրենց միակ իրաւատիրոջ՝ հայ ժողովուրդին»), զոր ներկայիս, մեր հայրենիքի անկախ պայմաններուն մէջ, բոլորիս փոխադարձ հասկացողութեամբ կարելի է բարեփոխել՝ ի նպաստ Հայաստանի կցման։ Պայմանաւ որ, անշուշտ, հայրենի կառավարութիւնը ուզէ, պատմականէն եւ զգացականէն անդին, նաեւ իրաւականօրէն տէր կանգնիլ հայ ազգային իրաւունքներու հետապնդման։ Եւ հոս է, որ, եթէ հայրենի պետութիւնը, իրեն յատուկ պատճառներով, վաղաժամ նկատէ պաշտօնապէս հարց բարձրացնել Հայաստանի գէթ 1920ի նախասեպտեմբերեան սահմաններու պահանջին գծով, կը ստեղծուի կարիքը այն լռելեայն հասկացողութեան, որուն քիչ վերը կ՚ակնարկէինք.- պաշտօնական Հայաստանը լուռ կը մնայ, բայց Սփիւռքը,- եւ ինչո՞ւ չէ, հայաստանեան մամուլը,- մեր ազգային պահանջատիրութեան բանբերը կը հանդիսանան։

Նոյնօրինակ գործելակերպ մը կարելի է որդեգրել նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի կապակցութեամբ։ Սփիւռքահայութիւնը, որ ուժեր տրամադրեց Արցախի ազատագրական պայքարին եւ նահատակներ տուաւ, իրաւունք կրնա՛յ զգալ կարելի առաւելագոյնը պահանջելու Մեծ Հայքի հերոսական այդ նահանգին համար, եթէ նոյնիսկ հայրենի իշխանութիւնները, միջազգային ինչ-ինչ կեդրոններու մնայուն ճնշման տակ, ստիպուած ըլլան փոխ-զիջումներու քաղաքականութիւն մը որդեգրելու։ Ինչպէս բազմիցս նշուած է արդէն, Արցախի խնդրին բարենպաստ լուծումը էական հիմնահարց է ամբողջ հայութեան համար, ի Ղարաբաղ, ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի, իբրեւ իրականացած անդրանիկ օղակը ապագայ Միացեալ, Ազատ ու Անկախ Հայաստանի։

Այլ անհրաժեշտութեան մը կարեւոր նշումը կ՚ուզենք կատարել այստեղ՝ քաղաքական բաժինը վերջացնելէ առաջ։ Հայաստանի քաղաքացիութեան հարցն է այդ, որ անկախութենէն եւ յատկապէս Սահմանադրութեան քուէարկումէն ասդին շատ մելան է հոսեցուցած։ Արտերկրի հայուն համար շատ անախորժ է, չըսելու համար անընդունելի՝ «օտարերկրացի»ի կոչումը։ Ան կ՚ակնկալէր, որ, անկախացած Հայաստանի Հանրապետութիւնը լայն բանար, եթէ ոչ իր դռները, առնուազն իր սիրտը, իրաւունք տալով արտերկրածին ոեւէ հայու՝ դիմում կատարելու Հայաստանի քաղաքացիութիւնը ստանալու համար, այդ ուղղութեամբ սահմանելով յատուկ օրէնքներ եւ մանաւանդ պարտաւորութիւններ։ Դիւրին աշխատանք չէ, կը գիտակցի՛նք. բայց նաեւ Հայաստանի կառավարութեան համար քաղաքական եւ տնտեսական մեծ շահ կրնայ ապահովել։ Առաջինը՝ Հայ Դատի գծով, քանի Հայաստանի պահանջատէր քաղաքացիներու թիւը կրնայ կրկնապատկուիլ։ Երկրորդը՝ տնտեսականը, շնորհիւ օրէնքով հաստատելի ազգային կամ պետական այն տուրքին, որուն մասին վերը խօսեցանք, եւ որ այս պարագային կը դառնայ պարտադիր Հայաստանի արտերկրաբնակ բոլոր քաղաքացիներուն համար։ Սփիւռքի հայերուն կը մնայ, իւրաքանչիւրը ի՛ր պարագային, ճշդել, իր բնակած երկրին օրէնքներուն ճամբով, երկքաղաքացիութեան իրաւունքն ու պայմանները, եւ ի հարկին ընտրութիւն կատարել։

Եւ վերջապէս մշակութային մարզին մէջ՝ հարկ է անշուշտ շարունակել Հայաստանէն արտասահման առաքումը արհեստավարժ լաւագոյն ուժերուն (երաժիշտներ, դերասաններ, նկարիչներ, երգիչներ, նուագախումբեր, եւլն.), բայց միայն աւելի ուսումնասիրուած յաճախականութեամբ ու բաշխումով, եւ առանց պատահական կազմակերպիչներու շահախոյզ միջամտութեան։ Արեւմտեան քաղաքակրթութեան անմիջական ու տիրող միջավայրին մէջ (թերեւս ներկայիս այդ միջավայրի այլանդակութիւններուն իսկ բերումով), Սփիւռքը պէտք ունի յաւելեալ ճաշակի եւ անարատ հայեցիութեան։ Այդ հայեցիութեան ներշնչումը մեր գաղութներուն՝ մաս պէտք է կազմէ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ռազմավարութեան, եթէ անշուշտ այս վերջինի նիւթական կարելիութիւնները ներեն…

Մշակոյթին հետ անմիջական աղերս ունի կրթութիւնը։ Թերեւս իտէալ պիտի ըլլար, որ ամբողջ հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ հայերէնով աւանդելի նիւթերու դասագրքերը պատրաստուէին եւ տպագրուէին Հայաստան, այսպիսով նոյնացում ստեղծելով գէթ ազգային դաստիարակութեան մարզին մէջ։ Գիտենք սակայն, որ եթէ գաղափարաբանական երբեմնի հակադրութիւնները խոշոր չափով վերցուած են ներկայիս, տակաւին կը մնան լեզուական եւ ուղղագրական տարբերութիւններ։ Հոս, ի նպաստ Սփիւռքի երբեմնի Կոմիտէին, պէտք է ըսել, որ, հակառակ իր կարգ մը թերութիւններուն, արտերկրի դպրոցներուն համար անոր պատրաստած հայերէն լեզուի դասագրքերու շարքը ոչ միայն արեւմտահայերէնով էր, այլեւ դասական ուղղագրութեամբ։ Դժուարութիւնները, այլ խօսքով, անյաղթահարելի չեն։ Միայն թէ համապատասխան պիւտճէ ըլլայ…

Ի դէպ, վերջին կէտ մը, որ աւելի ակադեմական բնոյթ ունի, եւ այստեղ արծարծուելիք չէ։ Որքա՛ն աւելի հեշտ պիտի ըլլար Հայաստան-Սփիւռք հոգիներու կամրջումը, եթէ մեր կառավարութիւնն ու Ակադեմիան որոշէին թօթափել խորհրդային օրերուն մեր ժողովուրդին պարտադրուած նոր ուղղագրութիւնը եւ վերադառնալ դասականին՝ մեր ոսկեղնիկ գրաբարէն ժառանգ մնացած մեսրոպեան ուղղագրութեան, հոգ չէ թէ կարգ մը բարեփոխումներով՝ բոլորիս կողմէ ընդունելի։ Արեւելահայերէնը պետական լեզու է արդէն եւ կոչուած՝ այդպիսին մնալու։ Բայց ինչո՞ւ չունենանք մեր հասարակաց ազգային ուղղագրութիւնը, դառնալու համար քիչ մը աւելի ՄԷԿ ԱԶԳ, ՄԷԿ ՀԱՅՐԵՆԻՔ, ԳՐԱԿԱՆ ԵՐԿՈՒ ԼԵԶՈՒՈՎ ԲԱՅՑ ՄԻԵՒՆՈՅՆ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԵԱՄԲ։ Բոլորին չափ մենք ալ ծանօթ ենք ուղղագրութեան փոփոխութեան պարագային յառաջանալիք դժուարութիւններուն եւ ահաւոր ծախսերուն։ Կ՚երեւի այս եւս ի վերջոյ նիւթական հարցի կը վերածուի…

Ժամանակի սղութիւնը կարելիութիւն չի տար մեզի այս բոլորի մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան եւ աստիճանական կիրարկման կոչուած կառոյցները ճշդելու։ Մենք թուած եղանք Հայաստան-Սփիւռք հոգիներու միացման եւ գործակցութեան հիմնական նախապայմանները։ Իսկ երբ հոգիներու միացումն ու գործակցութեան անկեղծ տրամադրութիւնները գոյութիւն ունենան, խորքին մէջ ալ ի՞նչ կարեւորութիւն ունի թէ կառոյցները հովանոցաձե՞ւ են եղած թէ հովահարաձեւ, որ Հայաստանի պետութեան հետ կապը ուղղակի՞ պիտի ըլլայ թէ դեսպանութեանց խողովակով, թէ՞… եւլն., պայմանաւ, անշուշտ, որ նկատի առնուին եւ յարգուին իւրաքանչիւր գաղութի առանձնայատկութիւնները, եւ անոր իսկ հաստատուած կառոյցները՝ ազգային-եկեղեցական, կուսակցական, միութենական եւ այլ մարզերու մէջ։ Էական առաջադրանքը հայրենի պետութեան զօրացումն է, անոր ճառագայթումը, եւ մեր ազգային բոլոր իղձերու աստիճանական էացումը։

Սրբազան այդ նպատակներուն համար, բոլորս պատրաստ ենք գործի լծուելու։

1999


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝