Յայտարարութիւն

Sunday, July 12, 2009

Գեղեցկագիտական «Դիմակ»ներ

Երեսուն տարեկանէն սկսեալ կին մը յատուկ ուշադրութիւն պէտք է դարձնէ իր դէմքին ,մորթին եւ ըստ անոր տեսակին եւ պահանջներուն, շաբաթական դրութեամբ, յատուկ «դիմակ»ներով /մասք, դէմքի ծեփուկ/ պէտք է խնամէ զայն:

Շուկան ծախուող դէմքի ծեփուկները շատ սուղ կ'արժեն բայց կարելի է նոյնքան ազդու եւ որակաւոր ծեփուկներ պատրաստել պարզ և բնական նիւթերով ,որոնց արժէքները մատչելի են և զանոնք գտնելը ՝ դիւրին:Այսպէս՝

Ծիրանով: Պատրաստուած դիմակին համար ճզմեցէք երկու հասուն ծիրան, աւելցուցէք սուրճի դգալ մը նշաձէթ, խառնեցէք եւ ծեփեցէք ձեր դէմքը, սպասեցէք 10 վայրկեան ապա ցօղուեցէք գաղջ ջուրով: Այս ծեփուկը կը տափակցնէ մորթը եւ գեղեցիկ գոյն կուտայ անոր:

Պանանով: Պատրաստուած դիմակին համար առէք հասուն պանան մը ,աւելցուցէք ապուրի դգալ մը նշաձեւ հաւկիթի դեղնուց մը եւ միքսըրէ անցուցէք, մինչեւ որ միատարր նիւթ մը ստանաք: Ծեփեցէք ձեր երեսը, քառորդ ժամ սպասեցէք, եւ ապա գաղջ ջուրով ցօղուեցէք:

Այս ծեփուկը յանձնարարելի է չոր եւ զգայուն մորթերուն համար:

Հաւկիթով: Պատրաստուած դիմակին համար բաւարար է, որ դեղնուց մը պատառաքաղով զարնէք եւ քսէք ձեր երեսին վրայ, սպասեցէք, մինչեւ որ զգաք, թէ ձեր մորթը կը պրկուի ու կը քաշուի: Այս «դիմակը» թելադրելի է չոր մորթ ունեցողին, իսկ իւղոտ մորթ ունեցողը նոյնը թող ընէ հաւկիթին ճերմկուցով:

Գետնախնձորով: Պատրաստուած «դիմակ»ին համար խոշոր գետնախնձոր մը խաշեցէք, կեղուեցէք, ճզմեցէք /քանի մը կաթիլ ձիթաիւղ կամ կաթ աւելցուցէք,եթէ ձեր մորթը իւղոտ է/, եւ ապա ձեր դէմքին վրայ պահեցէք շուրջ 10 վայրկեան:
Այս «դիմակ»ը խիստ յանձնարարելի է ձմրան եղանակին, դէմքը ցուրտին պատճառող հաւանական վնասներէն պաշտպանելու համար:

Վարունկով: Պատրաստուած «դիմակ»ը յանձնարարելի է բոլոր տեսակի մորթերուն համար, անիկա դէմքը կը պաշտպանէ քրտինքէն եւ անոր վնասներէն ու կը զովացնէ զայն:
Հետեւաբար , առէք վարունկ մը, զայն շերտերու վերածեցէք եւ ձեր դէմքին վրայ շարեցէք:Վարունկին կրնաք դիմել նաեւ երբ ձեր մորթը արեւէն այրի:

Լոլիկով: Պատրաստուած «դիմակ»ը իւղոտ մորթերուն համար ստեղծուած է, անիկա նաեւ կը դարմանէ բշտիկներ:
Պատրաստութեան համար առէք լոլիկ մը, լաւ ճզմեցէք ապուրի դգալ մը մածուն աւելցուցէք եւ ծեփեցէք ձեր դէմքը:
Ամրան եղանակին այս դիմակը կ'օգնէ, որ աւելի գեղեցիկ գոյն մը ստանաք, տրուած ըլլալով որ անիկա Ա. Կենսանիւթը կը պարունակէ:

Պատրաստեց
Տալիդա Գալըպճեան

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝