Յայտարարութիւն

Sunday, July 19, 2009

Ծննդաբերութենէն Ետք Գեղեցիկ Մնալու Գաղտնիքը



Նոյն մարմնին մէջ երկու հոգիով ապրիլը մեծ նուաճում մը գեղեցիկ փորձառութիւն մըն է: Ծննդաբերութենէն ետք շատ բան կը փոխուի, ի՞նչպէս դիմագրաւել այդ փոփոխութիւնները եւ ի՞նչպէս գեղեցիկ մնալ:

Ա. Կենսանիւթերու կարեւորութիւնը

Ծննդաբերութենէն ետք կարելի չէ ինքնագլուխ կերպով կենսանիւթեր գործածել, այլ պէտք է դիմել բժիշկին կարծիքին: Ծննդաբերութենէն ետք կաթ տուող մայրերուն, նայած պարագային, բժիշկը կը թելադրէ ՍԷ.Կենսանիւթ, Մակնիզիոմ, Երկաթ, Ֆլիւոր եւայլն... Այս բոլորը ուժ եւ կորով պիտի հայթայթեն , որպէսզի մայրը կարենայ դիմագրաւել իր նոր պատասխանատուութիւնը եւ պայքարիլ յոգնութեան դէմ:

Բ. թարմ եւ փափուկ մորթ մը վերագտնելու համար:


Ծննդաբերութեան յաջորդ օրն իսկ կարելի է լոգանք առնել, բայց սկիզբը պէտք է խուսափիլ գրգռիչ օճառներէ և ալքոլ պարունակող օծանելիքներէ:
Մազերն ալ կարելի է օրական լուալ մեղմ շամփուուվ մը: Շատերու մորթը յղութեան ժամանակ եւ ծննդաբերութենէն ետք կը ճաթռտի, այսինքն բիծեր յառաջ կ'ուգան մորթին վրայ: Ասոր ճարը կայ, յատուկ սերերու գործածութիւնը կ'անհետացնէ զանոնք:

Գ. Աստիճանաբար նիհարնալ.-

Ծննդաբերութենէն ետք կին մը աստիճանաբար պէտք է կորսնցնէ յաւելեալ քիլոները առանց խիստ սննդականոնի հետեւելու:

Ծննդաբերութենէն ետք, եթէ կին մը կ'ուզէ ձերբազատիլ աւելորդ ծանրութենէն, պէտք է սննդականոնի սկսի ծննդաբերութենէն առնուազն երկու ամիս ետք:

Ինչ կը վերաբերի մարզանքներուն՝անոնք միայն նիհարնալու պիտի չեն ծառայեր, այլ արգանդին դիրքը կը կանոնաւորեն եւ փորին մկանները եւ այլ մկաններ իրենց նախկին ճկունութեան կը վերադարձնեն:

Դ- Մազերուն առողջութիւնը:

Յղութեան շրջանի գեղեցիկ մազերը ծննդաբերութենէն 6 ամիս ետք կը սկսին թափիլ: Այս հերաթափութիւնը մտահոգիչ չէ, որովհետև այդ մազերը յղութեան 9 ամիսներուն ընթացքին հարկ է որ թափէին, սակայն հորմոնային պատճառներով իրենց տեղը մնացած կ՜ըլլան:
Թափած մազերուն տեղը 3-էն 4 ամսուան ընթացքին նորերը կուգան: Բայց մինչ այդ պէտք է զգուշանալ ներկերու գործածութենէն, տէֆրիզաժէն կամ փերմանանթէն, որոնք աւելի եւս կը յոգնեցնեն մազը եւ հերաթափութիւն կը պատճառեն:

՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜

Գործնական Գիտելիքներ


Ծաղիկները

Ծաղիկները պէտք է քաղել առաւօտեան եւ ոչ թէ երեկոյեան:

Ծաղիկները փոխադրելու ատեն, որպէսզի անոնք չվնասուին, կարելի է.
Ա-զանոնք դնել նայլընէ տոպրակի մը մէջ,որուն վրայ նախապէս ծակեր բացուած ըլլան,որպէսզի շնչեն :
Բ- խոշոր գետնախնձորի մը վրայ ծակեր բանալ եւ ցօղունները ծակերուն մէջ զետեղել:

Ծաղկամանի մէջ զետեղուած ծաղիկները ձերբազաատեցէք իրենց տերեւներէն, քանի որ տերեւները ջուրին մէջ մնալով կը նեխին եւ ծաղիկներն ալ աւելի կարճ կ'ապրին:

Ծաղկամանին մէջ զետեղուած ծաղիկներուն ջուրը օրական փոխեցէք եւ ապա անոնց ցօղունէն պզտիկ բաժին մը կտրեցէք:

Եթէ կարելիութիւնը ունիք, ծաղկամանը լեցուցէք անձրեւի ջուրով, քանի որ ծորակներու կիրոտ ջուրը կը վնասէ ծաղիկներուն:

Թելադրելի է ծաղիկներուն ցօղունը կտրել դանակով մը եւ ոչ թէ մկրատով, ապա իւրաքանչիւր ցօղունին ծայրը մէկուկէս սանթիմ ճեղք մը բանալ:

Ծաղկամանի ծաղիկներուն կեանքը երկարելու համար կարելի է ջուրին մէջ Ասփիրին մը կամ քիչ մը Սեւըն Ափ լեցնել:

Պատրաստեց
Տալիդա Գալըպճեան




«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝