Յայտարարութիւն

Monday, August 31, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ-25- ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Լեղի սուրճերը անվերջ տողանցեցին։ Ժամ մը անցեր էր մեր մուտքէն ի վեր։ Կէսօր էր արդէն։ Ճիշդ է, գիտէինք, թէ հոդ պիտի ըլլայ ճաշը, բայց դարձեալ անակնկալի եկայ, երբ մեր նստած տեղին մօտիկ կողմնակի «դռնէ» մը երկու յաղթանդամ մարդիկ ներս մտան, հսկայական սկուտեղ մը շալկած։ Երկու կողմերէն երկու ձեռքերով բռնած էին պղնձեայ տաշտը, որուն վրայ փիլաւի բլուր մը կը բարձրանար, բլուրին կողերուն ցանցնուած ոչխարի գլուխներ։ Այնքան ծանր պէտք է եղած ըլլար, որ այդ հուժկու մարդոց մէջքերը կը դողդղային, երբ բերին քայլ մը հեռու դրին մեր առջեւը։ Անոնց ետեւէն՝ յար եւ նման երկրորդ մըն ալ, յետոյ ուրիշ մը, եւ այսպէս չորս-հինգ բլուրներ վրանին երկայնքով, իրարմէ բաւական հեռու, բայց մէկ գիծի վրայ։ Այնպէս որ իմ նստած տեղէս դիտուած՝ լեռնաշղթայ մը կը կազմէին։
Ծառայող մը, յուշիկ եւ աննշմար, հիւրերուս առջեւ դրաւ ճաշի լման սպասներ – պնակ, դանակ, պատառաքաղ, սեղանի մաքուր անձեռոցներ։ Բժիշկը նախապատրաստած էր։ Իրենք մեզ յարգելու համար կը դնեն այդ բոլորը, բայց մենք ալ զիրենք յարգելով պէտք չէ ձեռք տանք ատոնց եւ պէտք է վարուինք իրենց պէս։
Շէյխ Մչհեմը ձախ ձեռքով սոտթեց աջ թեւը մինչեւ արմուկը, առաջացաւ ու անցաւ գործի, դարձեալ հրաւէրի նմանող շարժում մը ընելով միայն Սրբազանին ուղղութեամբ։ Մենք ալ հետեւեցանք, աւելի ճիշդը ուշադիր բժիշկին՝ պէտք է կապկէինք իր ըրածը։ Այդ օրուան մեր ուսուցիչն է բժիշկը։ Անշուշտ, ձեռքով պիտի ուտենք, եւ առանց լուացուելու։ Գիտենք։ Բայց գիտնալը ուրիշ, գործադրելը ուրիշ։ Նախ անհաւատալիօրէն տարօրինակ էր Մչհեմին ուտելու կերպը։ Ուտել բառը չի բացատրեր, ոչ իսկ լափելը կը համապատասխանէ եղածին։ Շլմորեցնող պատկեր։ Մչհեմը պարզապէս կը փոխադրէ։ Եւ ի՜նչ արագութեամբ...
Լայն ափը կը խրէր փիլաւի կոյտին, ինչպէս բահը կը խրեն կակուղ հողին, եւ պնակի մը տարողութեամբ բան կը վերցնէր։ Յետոյ այդ բեռնաւոր ափը կը տանէր լայնաբացօրէն սպասող բերանին եւ խոռոչ մը լեցնելու պէս՝ մէկ հարուածով կ՚անհետացնէր, վերէն վար շարժումով մը, պատ ծեփելու պէս, արագ, կտրուկ, մեքենական։ Ե՞րբ ծամեց, ե՞րբ կլլեց։ Ափը դարձեալ խրած է փիլաւին եւ մագոգի արագութեամբ կը դառնայ խոռոչին...
Իսկ անդին ուրիշ տեսարան։ Անոնց ուտելը չենք տեսներ։ Խումբեր կը թառին փիլաւներուն շուրջ, պահ մը վայրահակ կ՚աշխատին ու կը վերադառնան իրենց տեղերը, ճամբայ տալով յաջորդ երամակին...
Իմ մասիս, միայն ճկոյթ մատս մասնակից չէր խնճոյքին։ Երեք մատներս մէկ ըրած, դգալի ձեւ մը տուած էի եւ բթամատիս օգնութեամբ կերպ մը կը քալէր։ Բայց չտեսնուած, չկերուած, չլսուած համով էր։ Չէի կրնար երեւակայել, թէ մեր սովորական փիլաւը այդքան համով կրնայ ըլլալ եղեր, այդքան...
Կուշտիս՝ արմուկի ուժգին հարուած մը։ Միհրան Հերարտեանն է։ Բոլորը ոտքի ելած են շէյխին օրինակով, մինչ ես դեռ նստած կը մնամ։ Այս օրէնքն ալ բացատրուած էր մեզի։ Երբ ինք սկսաւ՝ մենք ալ սկսանք, վերջացուց՝ մենք ալ պէտք է վերջացնենք... Բայց ես դեռ բա՜ն չկերայ, հազիւ քանի մը պտղունց... Ըմբոշխնելու վրայ էի այդ եզական ճաշը եւ ահա ստիպուած եմ լքել։ Աստուած իմ, այս ի՜նչ դժբախտութիւն։ Անօթութեան տոկոսը ինքնին դժուար է, բայց աւելի գէշը կայ, երբ առջեւդ առատ սեղան ունիս եւ դատապարտուած ես միայն դիտելու։ Բերնիս հասած քանի մը պատառները անսուաղութիւնը աւելի սրելու միայն ծառայեցին։ Եւ ահա, տաք ջուրի կոնք մըն ալ կը պտըտցնեն մեր առջեւ, ուրիշ մը սրբիչ կը հրամցնէ։ Եթէ տարտամ յոյս մը ունէի դեռ անգամ մը եւս փիլաւին մօտենալու, այդ յոյսն ալ ցնդեցաւ։ Եւ արդէն մեր լքած տեղը նորանոր խումբեր կը թառին ու կը փոխուին...
– Ես մեռա՜յ,– կը շշնջամ քովս Հերարտեանի ականջին,– անօթի եմ...
– Սատկի՛ս դուն, շուրջդ դիտելու տեղ առջեւդ նայէիր,– կ՚ըսէ անխիղճ չարութեամբ։
Ինք, տեսայ թէ ինչ եռանդով կը բզքտէր գառնուկի գլուխը եւ քաշելով դուրս կը հանէր լեզուն։ Զրկանքին ստեղծած չափազանցեալ զգայութի՞ւնն է, արդեօք, քանի մը ժամերու անօթութեան կսկծա՞նքը, թէ՞ իրապէս կախարդական համ մը ունէր Մչհեմի այդ փիլաւը։ Կրնամ երդնուլ, թէ անապատի այդ փիլաւէն աւելի համեղ ճաշ չեմ տեսած կեանքիս մէջ։
– Եւ գլուխներն ալ՝ կաթի մէջ խաշուած էին,– կը փսփսայ Հերարտեանը։
Ճի՞շդ կ՚ըսէ, թէ սատիկ գոհացումով մը տառապանքիս հետ կը խաղայ, չեմ գիտեր։
Մեկնեցանք մօտիկ քաղաքը, Ռագգա, շէյխ Մչհեմին յայտնելէ ետք մեր հրաւէրը, որ ընդունեց։ Արդէն մեր այցելութեան բուն նպատակը իրեն հիւր ըլլալը չէր, այլ զինք մեզի հիւր ընդունիլը։ Յաջորդ օրը ինք հիւր պիտի ըլլայ մեզի Ռագգայի մէջ։ Այնտեղ իրեն պիտի մատուցուի նաեւ մեր նուէրը։ Մեր խումբին ետեւէն ուրիշ քանի մը հոգիներ եւս դէպի Ռագգա ճամբայ ելած են մեզմէ ետք, կազմակերպելու համար ընդունելութիւնը։ Պատրաստութիւններ կը տեսնեն հոն, Հալէպէն ճշդուած ճաշացուցակին անհրաժեշտ բոլոր տարրերը միասին, ինչպէս նաեւ այդ առթիւ պանդոկ Պարոնէն փոխ առնուած սեղանի արծաթեայ սպասներ։ «Մենք իր հիւրը եղանք իր ոճով, ինքն ալ մեր հիւրը կ՚ըլլայ մեր ոճով»։ Բժիշկ Զաքարին անվիճելի կարգադրութիւնն է։

Պզտիկ գաղութ մը ունինք Ռագգայի մէջ, նաեւ դպրոց։ Տեղւոյն հայերը, մեծով, պզտիկով գործի վրայ են Հալէպի մեր մարդոց հետ։ Թէ ինչպէս անցուցինք գիշերը այնտեղ, աւելորդ է պատմել։ Պանդոկ չկար։ Ամէն մէկս տունի մը հիւրն ենք, եւ անիծեալ մժեղներուն զոհերը։ Ռագգան անապատին կեդրոնն է եւ ուղղակի Եփրատի ափին։ Ուշ գիշերին, հաւաքական ընթրիքէ մը ետք, ամէն մէկս քաշուած ենք մեր տեղերը։ Ոստիկանական վէպս բացած, բարձս շտկելու վրայ եմ, երբ դուռը կը զարնուի։ Տանուտէրն է, իմ հիւրընկալս, ձեռքին ձիու պոչ մը, որ մտրակի պէս կը շարժէ։
– Խէր ըլլայ... եթէ ճանճ կամ մժեղ քշելու համար է, քնացած ատենս ի՞նչ պիտի ընեմ...
– Մժեղի համար չէ, հիմա կը տեսնես...
Չորս խուրձերու կը բաժնէ ձիուն պոչը եւ կը սկսի փաթթել ու կապել մահճակալին չորս ոտքերուն, գետինէն քիչ մը վեր։ Ես լուռ կը դիտեմ։ Գործը աւարտելէ ետք կը շտկուի եւ ինծի ուրախ լուր մը տալու պէս կը յայտարարէ.
– Հիմա կրնաք հանգիստ պառկկիլ։ Այստեղ երբեմն ղըրխ այախ (քառասուն ոտք, կարիճ) կ՚ելլէ... Այսպէս կ՚ընենք, որ մազերուն փաթթուի ու վեր չ՚ելլէ...
Արդարե՛ւ։ Հանգիստ քուն եւ անուշ երազներ պարգեւող ի՜նչ տուեալներ... կարի՜ճ կ՚ելլէ...
– Ձեզ չի՞ խայթեր որ ինծի համար կ՚ընէք այս զգուշութիւնը միայն այսօր...
– Մենք թասերով ջուր կը դնենք, բայց այսպէս աւելի ապահով է։ Գիշեր բարի...
Գետինէն՝ կարիճներու վախը, վերէն՝ մժեղները, եթէ կրնաս քնացիր։ Ընկերներս ի՞նչ վիճակի մէջ են արդեօք իրենց անկիւնները։ Պէտք է խոստովանիմ, մժեղները յանկարծ տանելի դարձան կարիճներու սարսափէն։ Ո՞ր ծակէն դուրս պիտի ելլէ արդեօք իժը։ Օձի խօսք չըրաւ, բայց նոյն ցեղն է... Քննութիւն մը կը կատարեմ սենեակին մէջ, ոչ մէկ ծակ, գետինը կամ պատերուն վրայ։ Դուռն ալ փակ է եւ անցքի ճեղք չկայ յատակին։ Բայց տանուտէրը ինչո՞ւ այդպէս ըրաւ։ Կը նշանակէ ապահովութիւնը կատարեալ չէ։ Չըլլա՞յ որ վտանգը առաստաղէն գայ։ Գերաններ կան։ Հոդ, քիչ մը կասկածելի է։ Բայց սողունը վերէն վար գնդակի պէս պիտի չնետուի վրաս։ Պատերէն սողալով պիտի իջնէ եւ... Գաղափար մը։ Մահճակալը հրելով կը տեղափոխեմ, ետ քաշելով պատերէն... Չեմ յիշեր թէ ինչպէս անցուցի գիշերը։
Առաւօտեան, ժպտուն դէմք չկայ մեր խումբին մէջ։ Բոլորն ալ քնատ են եւ տժգոյն։ Հերարտեանին դէմքէն քացախ կը վազէ եւ սկսած է հայհոյել քաղաքին, Մչհեմին, աշխարհին։
– Ե՞ս... շատ հանգիստ... մարդիկը մժեղարգել ալ ունէին...
Սուտ եմ, բայց ոչինչ, վրէժխնդրութիւնը պէտք չունի միջոցներու մէջ խտրութիւն դնելու...

Շար . 25
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Sunday, August 30, 2009

Քաջալերական Խօսք Բաբգէն Եպիսկ.Չարեանէն

Ստորև՝ Բաբգէն Սրբազան Հօր քաջալերական խօսքը «Նշանակ» ի չորս ամիս բոլորելու առիթով:
Սրբազանը,մօտ տասնըհինգ տարի առաջ , նախ քան Սան Ֆրանսիսքոյի Հոգևոր Հովուապետութեան պաշտօնին կոչուիլը, եղաւ Էմիրութեանց Հայ Գաղութի առաջին և գաղութի մեծէն թէ փոքրէն շատ սիրուած, տիպար Հոգևոր Հովիւը: Այժմ Սրբազանը Առաջնորդն է Սպահանի Թեմին, Նոր Ջուղա, Պարսկաստան:

Բաբգէն Սրբազանը վարչական կարողութիւններով օժտուած օրինակելի և անկեղծ անձնաւորութիւն է: Իր բարեմաղթութիւններն ու քաջալերանքի խօսքերը կուգան իր սրտի խորքէն,իր և իր նման անձանց խօսքերը նոր թռիչք կուտան որևէ հանրօգուտ աշխատանք տանող անհատի, այս պարագային՝ «Նշանակ» ի խմբագրութեան:

Միշտ ամուր մնաք սիրելի Սրբազան:

«Նշանակ»

««»«»«»«»«»«»«»»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»»
Sireli Nshan,
Gshnorhavorem ko nor gaykeche.
Sa kach yev shnorhavoreli voroshoum e.
Srdantz hachoghoutyun ko nor arakeloutyan mech.

Papken Serpazan

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ -24- ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

ԱՆԱՊԱՏԸ ԻՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՎ

Սուրիոյ նախկին վարչապետներէն Սաատուլլա Ճապրիի թելադրանքով էր որ կրցանք ճանչնալ անապատի թիւ մէկ ցեղապետը՝ շէյխ Մչհեմը եւ աւելի մօտէն տեսնել անապատական բարքերը։ Քանիցս ըսած էր Հրաչին.
– Գէշ չըլլար, եթէ կապ պահէք հետը։ Բաւական հայ գիւղեր ունիք հիւսիսը, պէտք կ՚ունենաք իրեն...
Սաատուլլայի եւ առհասարակ Սուրիոյ քաղաքական վերնախաւին տրամադրութիւնները անվերապահ չէին ցեղապետներուն հանդէպ։ Երկիրը ձեւականօրէն թէեւ «անկախ», բայց կը գտնուէր ֆրանսական հոգատարութեան տակ եւ կը կառավարուէր ֆրանսացի մարզպանով մը, որ Բարձր Քոմիսէր կը կոչուէր։ Սուրիական Խորհրդարան, նախագահ, նախարարներ,– այդ բոլորը կային, բայց փաստական կառավարիչը ինքն էր, Բարձր Քոմիսէրը։ Արաբ ղեկավարները, սանձը կրծող նժոյգներու պէս կը սպասէին անկախութեան օրին եւ այդ օրը, գիտէին, թէ առաջին դժուարութիւնը պիտի ունենան անապատի ցեղապետներուն հետ, կողոպուտի եւ աւարի վարժ այդ վրանաբնակները ենթարկելու համար կեդրոնական կառավարութեան հրահանգներուն։
Ֆրանսացիք նման մտահոգութիւններ չունէին։ Անոնց միակ ձգտումն էր գլխու ցաւ չունենալ եւ մատակարարել առժամեան, փոյթ չէ թէ ի վնաս երկրի ապագային։ Ամբողջ հիւսիսային Սուրիան, ցանցառ բնակչութեամբ, բայց երկրագործական հարուստ կարելիութիւններով, կը մնար այդ անհանդարտ վաչկատուներու տեւական սպառնալիքին տակ։ Շրջանին մէջ ապահովութիւն հաստատելու համար զինուորական կարեւոր ուժեր պէտք պիտի ըլլային։ Եւ ֆրանսացիները, գաղթապետական գործնապաշտ ոգիով, փոխանակ բազմամարդ եւ բազմածախս բանակի մը վստահելու վայրին խաղաղութիւնը, համաձայնութիւն մը կնքած էին շէյխ Մչհեմին հետ, որպէսզի ինք ստանձնէ տեղւոյն հսկողութիւնը։
Գայլը ոչխարի հօտերուն պահակ կարգելու պէս բան մը ուրեմն, այն տարբերութեամբ, որ գայլին բերանը տեւաբար քաղցրացնելով եւ կուշտ պահելով, կարելի կ՚ըլլար շրջանը խաղաղ պահել։ Ամսական կէս միլիոն ոսկի կը տրուէր շէյխ Մչհեմին, եւ այլեւս ոչ մէկ միջադէպ Եփրատի երկու ափերուն, Ճարապլուսէն մինչեւ Ռագգա եւ Տէր Զօր...
Բայց որովհետեւ գայլը միշտ գայլ է եւ բնութենական իր պահանջները ունի, որոնք պէտք է գոհացուին, աչք կը գոցէին, որ Մչհեմը ատենը մէկ սահմանը անցնի եւ Թուրքիոյ կողմերը յագուրդ փնտռէ ասպատակելու բնազդին։ Նման արշաւանքի մը ընթացքին էր, որ ծանրապէս վիրաւորուած էր Մչհեմ, երբ թրքական մեծ նախիր մը իր մարդոցմով Սուրիա կ՚անցնէր եւ այդ առիթով բախում կ՚ունենար թուրք սահմանապահներուն հետ։ Մասնաւոր օդանաւով անմիջապէս Փարիզ փոխադրուեցաւ եւ միայն մէկ աչքը վրայ տալով փրկուեցաւ։ Բայց չհրաժարեցաւ իր արշաւանքներէն։ Յաճախ կը լսուէր թուրք խաշնարածներուն հետ իր բախումներուն պատմութիւնը։ Թուրքերը կը բողոքէին, ֆրանսացիները կը խոստանային «պատշաճը տնօրինել», եւ... այդպէս կը շարունակուէր։

Նման անձի մը հետ պիտի երթայինք ուրեմն «կապ պահելու»։ Եւ շատ յարմար առիթը ստեղծուեցաւ։ Շէյխ Մչհեմը ուխտի գացած էր Մեքքէ եւ վերադարձին շնորհաւորութիւններ կ՚ընդունէր։ Իսլամներու սովորութեամբ, հարսնիքի պէս մեծ ուրախութիւններով կը դիմաւորուի ուխտաւորը։ Իր տունը, դրացիներով եւ ամբողջ փողոցով, տօնական երեւոյթ մը կ՚առնէ։ Դռներուն առջեւ եւ պատշգամներէն վար գորգեր կը կախուին, ոչխարներ կը մորթուին, անցորդներուն ի տես սուրի խաղեր կ՚ըլլան, նուագ ու պար։ Մատաղ կը բաժնուի աղքատներուն, երբեմն նաեւ դրամ, ըստ ուխտաւորին կարողութեան եւ դիրքին։
Բժիշկ Զաքար Քիլէճեանին առաջնորդութեամբ, որ մօտիկ բարեկամն էր Մչհեմին եւ ընկերովի ցանք ըրած էին, վեց հոգինոց պատուիրակութիւն մը կազմուեցաւ, առաջնորդ Զարեհ Սրբազանին գլխաւորութեամբ։ Յայտնի պղնձագործ Գալէմքեարեան եղբայրներուն մեծագին պղինձի կրակարան մը ապսպրուեցաւ, ոսկիի պէս փայլուն, եւ ողորկ երեսներուն վրայ՝ Ղուրանի պատուիրաններէ փորագրութիւններ։ Կատարեալ արուեստի գործ մը։
Հալէպի հայութեան նուէրն էր բարեպաշտ ուխտաւորին...
Մչհեմին վրաններուն հասնելու համար պէտք էր Եփրատը անցնիլ, եւ այդ կէտին վրայ կամուրջ չկար։ Անցանք լաստերով, ինչպէս սովորութիւն էր, մեր երկու մեքենաներն ալ միասին։ Առաջին անգամ անցնողը բնազդական վախ մը կ՚ունենայ։ Պղտոր ջուրերուն այդ լայն հոսանքին անձնատուր ըլլալ, ծփուն տախտակամածներու վրայ կանգուն, հաճելի վիճակ մը չէ, բայց առաջին անգամն է որ կը վախցնէ։ Վարժուելէ ետք, դիւրին եւ ապահով կը թուի։ Թաւամազ եւ կուրծքերը բաց հուժկու նաւորդներ, սիւներու պէս երկայն իրենց ցիցերը կը խրէին ջուրին յատակը, կռուան կը գտնէին, մէկ կողմէն միւս ափը։ Կարծուածէն շատ աւելի դիւրին եղաւ գետանցքը, դեղինի զարնող ջուրերուն վրայէն։ Հազիւ կէս ժամ տեւեց։
Միւս ափին ինքնաշարժները անմիջապէս շարունակեցին սուրալ հարթ տարածութենէն, մինչեւ որ հեռուն, հորիզոնին վրայ երեւցաւ մրջիւններու կոյտի պէս սեւութիւն մը, ապա մրջիւնները քարացած այծերու հօտի մը տեսքը առին, եւ վերջապէս կրցանք զատորոշել վրանները, բոլորն ալ սեւ, լայն տարածութեան մը վրայ խառնիխուռն, համաչափ, բայց առանց կարգաւորութեան։ Կեդրոնը՝ աւելի մեծ ծաւալով ու երկրաչափական տարբեր գիծերով զանգուած մը կ՚իշխէր բոլորին։ Շէյխ Մչհեմի վրանն էր։
Մեր մեքենաները դեռ քանի մը քիլոմեթր ճամբայ ունէին հասնելու, երբ փոշիի ամպ մը փրթաւ վրաններէն եւ սկսաւ թաւալիլ մեր ուղղութեամբ։ Մեզ դիմաւորող ձիաւորներու խումբ մըն էր, որ կ՚առաջանար՝ օդին մէջ հրացան պարպելով։ Շրջապատեցին մեքենաները եւ առաջնորդեցին մեծ վրանը, շարունակելով հրացանաձգութիւնները։
Շատ ընդարձակ էր Մչհեմի վրանը, հինգ-վեց հարիւր մարդ առնող սինեմայի մը տարածութեամբ։ Երբ ներս մտանք, նախ պարապ թուեցաւ, բայց յետոյ նկատեցինք, որ հարիւրաւոր մարդիկ նստած էին գետինը, ծալապատիկ եւ շուրջանակի, պատերուն տակ, քով քովի, վայրը բոլորող շղթայի մը պէս։ Վրանին կեդրոնը, ուղղանկիւն մեծ սեղանի մը լայնքով փոս մը կար, մէկ թիզ խորութեամբ, ածուխի կրակով լեցուն, վրան՝ հասակի կարգով մէկ գիծի վրայ շարուած պղնձեայ կուժեր։ Եռացող սուրճի ամաններն էին, հետզհետէ բարակցող վիզերով։ Մեծէն կը պարպուէր աւելի փոքրին, անկէ՝ ուրիշի մը, եւ այս վերջին բարչէն իրենց սրճեփները կու գային լեցնել շրջուն բաժնողները, անվերջ շրջագայութեան մէջ։ Երկու հոգի տեւաբար կրակին եւ եռացող ամաններուն հետ էին։
Երեք թէ չորս սիւներու վրայ կը հանգչէր Մչհեմի վրանը։ Նստած էր երկու մանչ զաւակներուն հետ – երկուքն ալ երեսունի շուրջ երիտասարդներ – սրահին ճակատը, գորգապատ ներքնակներէ կազմուած լայն տիվանի մը վրայ, շուրջը բազմաթիւ կլոր բարձիկներ։ Տասը-տասնըհինգ քայլ պէտք է առաջանայինք իրեն հասնելու համար։ Ոտքի ելաւ, ընդառաջեց։ Ողջագուրուեցաւ միայն Սրբազանին հետ, եւ մեզի՝ ձեռքի շարժումով մը բարձերը ցոյց տուաւ, որպէս նստելու հրաւէր։ Մեր նստելէն առաջ երիտասարդները ոտքի ելան ու հեռացան վրանէն։ Մչհեմը սեւ ակնոցներ կը կրէր, հաւանաբար աղէտուած աչքին համար, եւ իր դէմքը ակնոցներէն հազիւ թէ քիչ մը բաց գոյն ունէր։ Բարձրահասակ, նիհար եւ ջղուտ մարդ մը յիսունի եւ վաթսունի մէջտեղերը։ Նստաւ, բժիշկը եւ Սրբազանը երկու կողմերը առած ու բաւականին փափուկ կացութիւն մը ստեղծուեցաւ Սրբազանին համար։ Մչհեմը, ի յարգանս Սրբազանին տեւաբար կ՚ուզէր իրեն հետ խօսիլ, իսկ մերինը, արդէն արաբերէնի մէջ բոպիկ – ինչպէս բոլորս – պարզապէս կը քրտնէր բան մը հասկնալու համար անապատի բարբառէն, որուն աղաւաղուած հնչիւնները քաղաքի արաբներուն համար իսկ մատչելի չեն երբեմն։ Բժիշկ Զաքարը, որ երկար տարիներ ապրած էր այդ շրջանները, բարեբախտաբար կը փրկէր կացութիւնը, բազում «չ»երով տիրապետուած լեզուական հեղեղը դարձնելով իր կողմը։ Մնացեալներս, դիտելէ զատ ուրիշ ընելիք չունէինք։

Շար. 24

Saturday, August 29, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ -23- ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Երկրորդ տունին վերջին երկու տողերը յանկերգ են ու կը կրկնուին «աման ալլահ»ներով, բայց բառերը ըսած պահուն, քածը այնպէս խոր կը նայի Մանոլիին, որ կարծես կ՚ըսէ.– «Կրակէ շապիկդ ես եմ, հագած ես, չես կրնար հանել»։ Պզտիկ դադար մը ու մէկէն նոր թափով եւ ամբողջ մարմնին նոր թրթիռ մը տալով կ՚անցնի վերջին տունին։

Սուլար աքար գայատան,
Պէն էօլմէմ պու եարատան,
Քավուշտուր իքի եարի
Երի, կէօվի եարատան։

(Ջուրերը կը հոսին ժայռէն,
Ես չեմ մեռնիր այս վէրքէն,
Երկու եարերը միացուր
Երկրի, երկնի արարիչ)։

Վերջին տողերուն մատամ Էֆրազին թեւերը պարզուած են դէպի Մանոլին, այդ դիրքով պահ մը կ՚անշարժանայ ծափերու մէջ եւ կ՚իջնէ վար։ Մեր մօտ կանգ կ՚առնէ պահ մը, շատ կարճ պահ մը ու կը հարցնէ նազանքով. «Նասըլ սըն, Մանոլիճիկիմ» (Ինչպէ՞ս ես Մանոլիկս...) ու կ՚երթայ շիշերու ծանրութեան տակ հեւացող սեղանը, որուն առջեւ նստած մարդն ալ սկսած է հեւալ անհամբերութենէն։ Խոզանակի պէս հաստ պեխերով, հաստ շրթունքով, հաստ գլուխով անասուն մը։ Երգչուհիին քալուածքը սեղաններուն մէջէն դէպի իր անկաժէն, աւելի թելադրական է եւ գրգռիչ, քան բեմին վրայ տեսնուած կիսամերկ պորտախաղերուն կոտրտուքները։ Բոլոր նայուածքները կը հետեւին իրեն ու կը լափեն...

Մանոլին ջութակը հանեց, մատներով քիչ մը թրթռացուց թելերը եւ սկսաւ նուագել իր տեղէն։ Կարճատեւ ուշադրութիւն մը միայն կրցաւ կեդրոնացնել իր վրայ։ Շիշերու, բաժակներու բախումին, տեղափոխուող աթոռներու աղմուկին մէջ ջութակը հազիւ կը լսուէր։ Կարսոնները տենդէ բռնուած, արագ երթեւեկութիւններով, գործի վրայ էին։ Օրուան թագուհին բազմեցնելէ ետք իր երկոտասան շիշերուն դէմ, հիմա զբաղած էին իրենց շարքային պարուհիները տեղաւորելու աշխատանքով։ Խմիչքը պարտաւորիչ չէր, բայց «արթիսթի» մը հետ նստիլը՝ այդ շիշերով կը պայմանաւորուէր։ Եւ հաստատութեան շահը, ինչպէս եւ ծառայողներուն ստանալիք նուէրները կը ստիպէին որ «անտէր» պարուհիներ չմնան։ Հոդ եւս կ՚իշխէր պահանջի եւ մատուցումի անխախտ օրէնքը...

Ջութակը գրեթէ անլսելի կը դառնար խժալուր ձայներուն մէջ, բայց Մանոլին կը շարունակէր նուագել, անտարբեր շրջապատի իրարանցումներուն։ Դեղին մշուշի մը հետ, սրահին մէջ ծփացող սիկառէթներու ոլորուն ծուխերուն մէջ, ջութակը կու լայ, կը հեծէ, կ՚աւաղէ... Մէկիկ-մէկիկ պարուհիները կ՚իջնեն, կ՚անցնին մեր քովէն ու կ՚երթան իրենց շիշերուն... Մանոլին կը նուագէ... Մէկ սեղանէն միւսը խօսակցութիւնները չեն լսուիր, բայց իրարու կը խառնուին, կազմելով խուլ մռլտուք մը, որ հետզհետէ կ՚աճի, կը ծաւալի, խորունկ տեղէ մը եկող անանուն գազանի մը շնչառութեան պէս։ Բայց ինծի համար այդ բոլորը ձայնական մթին ֆօն մըն են միայն, քանի որ ականջներս – եւ հոգիս – Մանոլիին փակած, անյագուրդ կ՚ըմպեն մեղեդին, որ կը ծորի ճիպոտէն, կը բախի աղմուկի պատին ու կը վերադառնայ ետ։ Մանոլին ինքն ալ վերացած, շրջապատէն մեկնած հեռաւոր հեռուները, բացակայ է իր տեղէն...

Կրնար այսպէս շարունակուիլ, ով գիտէ որքան ժամանակ։ Բայց յանկարծ խառնաձայն փոթորիկ մը բեմէն։ Նշան մը տրուած ըլլալու էր։ Թմբուկի, տափի, ծնծղայի, սրինգի եւ լարաւոր նուագարաններու որոտում մը պայթեցաւ եւ քարացուց Մանոլիին թեւը ջութակին վրայ։ Նոյն պահուն կարսոն մը մեծ հանդիսաւորութեամբ երկու շիշ գարեջուր բերաւ դրաւ սեղանին – «մատամ Էֆրազին կողմէ» – եւ անհետացաւ դէպի միւս սեղանները։ Մանոլին ոչ իսկ նկատեց շիշերը։ Խորունկ մրափէ մը ընդոստ արթնցողի մը պէս, պահ մը անշարժ մնաց իր դիրքով, յետոյ ինկաւ աթոռին։ Ջութակը զետեղեց տուփին մէջ, աղեղը վրան, փակեց ու ոտքի ելաւ։ Ուզեցի ես առնել, բայց ինք գրկած էր ջութակը երկու թեւերով, կուրծքին վրայ, ուղղահայեաց դիրքի մէջ։ Այդպէս քալեց դէպի ելքը, հպարտ, դժբախտ, ես ալ ետեւէն։ Գողունի նայուածք մը նետեց մատամ Էֆրազին սեղանը։ Տեսաւ մեր մեկնումը, բայց իր կողմէ ոչ մէկ շարժում։ Սեղանակիցին հետ, բաժակը ձեռքին, քրքջալիր, զրոյցի մէջ էր...

Փողոցը ջութակը դարձեալ ես շալկեցի ու քալեցինք այդպէս...
– Ես ասա՞նկ պիտի ըլլայի,– ըսաւ Մանոլին, ինք իրեն հետ խօսելով։
Կը քալէինք դէպի տուն։ Անգամ մը եւս խօսեցաւ, բայց այս անգամ մտապատկերներ ունէր, եւ կրած նուաստացումին դէմ բողոքը անոնց կ՚ուղղէր.
– Ես ասա՞նկ պիտի ըլլայի... Ես... Աթաթուրքին ձեռքէն օղի խմած մարդը... Թոքաթլեան նստած օղի կը խմէր, միս մինակը... կանչեցին որ նուագեմ իրեն համար... Երբ նուագեցի, ոտքի ելաւ, ինծի օղի հրամցուց, մէկ ձեռքին մէջ օղիի բաժակն էր, միւս ձեռքով լեպլեպիին պնակը... Աթաթուրքը... «աֆերիմ օղլում» ըսաւ (ապրիս, տղաս)... Ես ասա՞նկ պիտի ըլլայի... Հէյ վա՜խ, Մանոլի...
Հասած էինք։ Դուռը զարկի։ Լութֆի աղան էր բացողը։ Ջութակը իրեն տուի, Մանոլին անցաւ, բայց ես ներս չմտայ։ Դուռը փակուեցաւ...
.................................................................................................................................
Կեցած եմ փակ դրան առջեւ ու չեմ շարժիր։ Կիսամութ փողոցին մէջ անցուդարձ չկայ այդ ժամուն։ Տեսնողը կրնայ կարծել, թէ կը սպասեմ որ դուռը բացուի ինծի համար։ Ցած դուռ մըն է, հասակէս ոչ բարձր, եւ Մանոլին խոնարհելով ստիպուեցաւ մտնել։ Տախտակէ դուռը պատուած է մութ գոյն թիթեղով, վրան՝ խոշոր գլուխով գամեր, մէջտեղէն կախ՝ թափծու երկաթէ ծեծելիք մը, մատները կուղպ ձեռքի նմանութեամբ։ Կը ճանչնամ այս դուռը... հինէն... շատ հինէն... Քիչ առաջ, ճամբան, լալու չափ տխուր էի Մանոլիին համար եւ կ՚ատէի մատամ Էֆրազը...

Իսկ հիմա, այդ դրան առջեւ, հոտ եմ ու հոտ չեմ։ Մանոլին ջնջուած է, օրուան անցուդարձերը տեղ չունին մտքիս մէջ։ Կայ ու չկայ այդ դուռն է, ճակատս գամերուն, որ տասնամեակներով մը ետ նետած է զիս, ուրիշ աշխարհ մը, ուրիշ օր մը, եւ միշտ հոս եմ այդ աշխարհով։ Եթէ այս դուռը չէր, յար եւ նման քովինն էր, հրեաներու այս փողոցին մէջ։ Այստեղ էր որ Խաչիկը եղունգներով ճանկեց Ենովքին երեսը, լալով փախցուց եւ անոր տեղ զիս ամրացուց գրաւած դիրքին վրայ։ Այս դուռն էր կամ քովի դուռը...
Ցուրտ ձմեռ էր, մենք բոպիկ, օրը Շաբաթ։ Մթնելու վրայ էր։ Սպասեցի, մինչեւ որ դուռը բացուեցաւ եւ մարդ մը ներս կանչեց, ունելի մը ձեռքը։ Գացի ետեւէն, ճերմակ մոխիրով կրակարանը խառնեցի, որ իսկոյն կայծկլտաց, յետոյ լուցկիով մը կազի լամբը վառեցի։ Մարդը ափ մը չամիչ տուաւ ինծի եւ դուրսը Խաչիկին սպասեցի որ ելլէ իր դռնէն։ Չամիչէն հատ մը չկերայ, մինչեւ որ Խաչիկը դուրս գայ։ Կ՚երազէի որ ընկոյզ բերէր Խաչիկը, բայց այդ օրը դդումի կուտ տուած էին...
Այս դուռն էր կամ քովի դուռը...

Նոյն Պահսիթա նեղլիկ փողոցն է։ Հիմա լաւ հագուած եմ, ապահով կօշիկներ ունիմ, նոյնիսկ փողկապ, ձմեռ չէ, բայց կը մսիմ... Այս դռնէն քիչ առաջ ներս մտնողը Մանոլին չէր, Խաչիկն էր։ Ի՞նչ եղաւ, ի՞նչ ըրաւ Խաչիկը, վերջին օրը, երբ զիս Ճիպէյլէն Հալէպ կը ղրկէին։ Մեքենային քով կեցած կու լար, մայրիկիս լուսանկարը կուրծքին սեղմած...
Հիմա ես կու լամ եւ լաւ որ գիշեր է ու մարդ չի տեսներ։ Կու լամ Խաչիկի՞ն համար, Մանոլիի՞ն...
...............................................................................................................................
Ալ չգացի Լութֆի աղայենց տունը։ Մանոլին անկողին ինկած էր եւ այլեւս փողոց չելաւ։

Ամիս մը անցած էր այն օրէն։ Տիկին Մալվին պանդոկ եկաւ, Էլլային ձեռքէն բռնած։ Կ՚ուզէր որ քանի մը ժամ մեր մօտ պահենք, մինչեւ որ թաղումը վերջանայ։ Ինծի համար գրեթէ կրկնութիւն մըն էր։ Երրորդ դասարանն էինք երբ Օննիկին հայրը մեռաւ։ Գացինք մանկապարտէզէն առինք պզտիկ եղբայրը եւ պարտէզները պտոյտի տարինք, սպասելով որ դագաղը վերնայ տունէն եւ յետոյ բերենք...

Ու հիմա, Ստեփանին տեղ Էլլան էր որ, ձեռքէն բռնած, կը տանէի պաղպաղակին խանութը...

Շար . 23

Friday, August 28, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ-22-ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Մանոլին տիկին Մալվիին մեծ եղբայրն էր, անուանի ջութակահար մը եւ ծայր աստիճանի թոքախտաւոր։ Թաշկինակը միշտ ձեռքն էր եւ կտրուկ, բայց յաճախական հազ մը ունէր։ Առաջին գիշերը միայն տեղ տրուեցաւ իրեն պանդոկին մէջ եւ յաջորդ օրն իսկ ըսուեցաւ, թէ չի կրնար հոն մնալ։ Ուրիշ պանդոկ մը գնաց եւ այնտեղէն ալ ճամբու դրուեցաւ։ Թոքախտը, այն օրերուն ոչ միայն անբուժելի կը համարուէր, այլ ամէնէն սոսկալի եւ տարափոխիկ հիւանդութիւնը կը նկատուէր։ Ժողովրդային նախապաշարումները պատճառ էին, որպէսզի մարդիկ չափազանցեալ զգուշութեամբ վարուին անոնց հետ։ Իսկ Մանոլիին դէմքը տեսնողը կասկած չէր ունենար թէ յոռեգոյն կէտին հասած թոքախտի մը առջեւ կը գտնուի։ Բարձրահասակ, նիհար, հիւծած երիտասարդ մը, որ թերեւս երեսուն տարեկան մը կար, բայց կարելի չէր տարիք տալ իրեն։

Լութֆի աղան ստիպուեցաւ ինքն ալ թողուլ պանդոկը եւ մօտիկ Պահսիթա հրեաներու փողոցին մէջ պզտիկ տուն մը վարձեցին ու հոն փոխադրուեցան։ Հալէպի հրեաները կեդրոնացած էին երկու շրջաններու մէջ, իրարմէ շատ հեռու։ Հարուստները Ճէմիլիէ թաղը կը բնակէին, ունեւոր արաբներու հետ խառն։ Պահսիթան աղքատներու տեղն էր, զուտ հրէական։

Պզտիկ բակով քանի մը սենեակնոց տուն մըն էր։ Այդ բնակարանին մէջ ուրիշ մարդիկ էին կարծես։ Անտեսանելի մոխիր ցանուած էր վրանին։ Լութֆի աղան Մարսիլիայի Լութֆի աղան չէր, տիկին Մալվին ինքն իր շուքն էր։ Նոյնիսկ Էլլային վրայ կանխահաս լրջութիւն մը իջած էր եւ պզտիկը առաջուան պէս ա՛լ չէր փորձեր վիզս ցատկել։ Մանոլին էր որ մթնոլորտ կու տար տունին իր ողբերգական ներկայութեամբ եւ Պոլսէն հետը բերած դժբախտ պատմութիւնով։ Տիկին Մալվիին աչքերը միշտ կարմիր էին գաղտնի արցունքներէն։ Ես ծածուկ կ՚երթայի իրենց քով, որովհետեւ Միհրան էֆէնտին արգիլած էր – «Վերեմի բռնուողին քով չեն կենար»։ Անգամ մը նոյնիսկ շատ խիստ բարկացաւ եւ սպառնաց, վստահ եմ, մայրիկիս թելադրանքով.– «Նորէ՞ն կացեր ես վերեմին տունը... մէյ մըն ալ չլսիմ»։

Բայց ես կ՚երթայի։ Ինծի համար քաշողութիւն մը ունէր Մանոլին։ Պետրոս Դուրեանն ալ այդպէս ըլլալու էր։ Մանոլիէն վարակուելու պատմութիւնը սուտ կը համարէի, միշտ Պետրոս Դուրեանին ապաւինելով։ Ան ալ թոքախտ էր, բայց մէկ տունի մէջ ապրեցան ամբողջ ընտանիքով։ Ինչո՞ւ միւս եղբայրները չվարակուեցան։ Մեր հայերէնի դասագիրքին մէջ գտնուող Եղիշէ Դուրեան Պատրիարքին նկարը փաստ՝ խոր ծերութեան փարթամ մօրուքով, որ կը հերքէր Միհրան էֆէնտիին ըսածը։ Իսկ Մանոլիին ջութակը հրաշալի էր։ Սենեակին մէջ փակուած, միայնակ, տխուր եղանակներ կը նուագէր, մինչ միւս սենեակին մէջ տիկին Մալվին, Էլլան քովը, տխուր նստած գլուխը կ՚օրօրէր ներքին տագնապի մը ցաւագին տատանումներով։

Երբեմն Մանոլին բակ կ՚ելլէր, ջութակը ձեռքը, Էլլան կը կանչէր ու կը սկսէր զուարճացնել թռչունի ձայներ հանելով։ Այնքան յաջող կ՚ընէր, որ եթէ մէկը ջութակը չտեսնէր, պիտի կարծէր թէ իրապէս պզտիկ թռչուններ կը ճռուողեն։ Այդպէս բաւական շարունակելէ ետք, յանկարծ սուր ու կտրուկ կռինչներ կը հանէր ջութակէն, վախի արտայայտութիւն մը կու տար դէմքին, կը դադրէր ու կ՚ըսէր Էլլային թուրքերէն բառերով, բայց յունական հնչումով.
– Սիմտի ղառղա կէլտի, քուսլար քացտի... (հիմա ագռաւը եկաւ, թռչունները փախան...):

Լութֆի աղան յաճախ դուրսը կ՚ըլլար եւ քոյր ու եղբայր կը վիճէին։ Յունարէն էր, չէի հասկնար, բայց մօտաւորապէս գիտէի թէ ինչի շուրջ կը դառնայ։ Քոյրը դժգոհ էր Հալէպ գալուն, կը մեղադրէր, կ՚ուզէր որ Մանոլին Պոլիս դառնայ։ Պատահեցաւ որ սաստիկ վիճաբանութեան մը ընթացքին Մանոլին տագնապ մը անցընէ։ Սկսաւ հազալ եւ հազը չդադրեցաւ։ Կը հազար ու կը հազար, թաշկինակը բերնին։ Տիկին Մալվին, որ մինչ այդ վճռակամ ու խիստ կը խօսէր, յանկարծ բղձկեցաւ, փաթթուեցաւ եղբօր վիզը եւ լալով ներողութիւն կը խնդրէր, մինչ հազը կը շարունակուէր եւ ճմռթկուած թաշկինակին ծալքերէն կարմրութիւններ երեւցան...
Նոյն պահուն ներս մտաւ Լութֆի աղան եւ կնոջը հեծկլտուքներուն մէջէն լսուած կցկտուր բառերէն հասկցաւ խնդիրը։ Ես ալ հասկցած էի։ Մանոլին կ՚ուզէր տեղ մը երթալ, իսկ տիկին Մալվին պաղատագին կը պնդէր, որ չերթայ։ Լութֆի աղան կնոջ կողմը բռնեց ու, մեղմօրէն փայփայելով Մանոլիին ուսը, ըսաւ փաղաքշական շեշտով.
– Կիտմէ, ազիզիմ, կիտմէ, եազըքսըն... (Մի երթար, սիրելիս, մի երթար, մեղք ես...):

Բայց Մանոլին գնաց։ Նոյն օրը չէր, յաջորդ օրն էր։ Ես ալ հետը գացի, իր խնդրանքով ջութակը բռնած։ Իմս պարզ ընկերակցութիւն մըն էր, մինչեւ սրճարանին դուռը, բայց այնտեղ, երբ կը պատրաստուէի տուփը իրեն յանձնել ու ետ դառնալ, տեսայ որ Մանոլին երկուքիս համար վճարեց մուտքի դրամը եւ ինքնաբերաբար հետեւեցայ իրեն։

Պորտախաղի ամէնէն մեծ սրահն էր։ Առաջին անգամն էր որ կը մտնէի նման վայր մը։ Ցած բեմին վրայ խումբ մը նուագածուներ կային եւ գեղեցիկ կին մը կ՚երգէր։ Նստած՝ ուրիշ պարուհիներ ալ կային, բայց սրահը ատոնց համար չէր որ կը յորդէր, այլ երգողին։ Քաղաքին մէջ տարածուած էր արդէն անունը։ Պոլսէն նոր ժամանած մատամ Էֆրազն էր։ Վարդագոյն պարզ շրջազգեստին մէջ վարդի մը պէս կը փայլէր, եւ որուն երկրպագուն էր Մանոլին։ Միակողմանի եւ անյոյս սէր մը։

Երգչուհին տեսաւ մեր մուտքը եւ, շարունակելով երգել, ձեռքի նշան մը ըրաւ Մանոլիին, ցոյց տալով առաջամասը։ Նստանք բեմին մօտիկ սեղանի մը առջեւ։ Սեղանները մեծ մասով գրաւուած էին զանազան խումբերէ, բայց որոշ սեղաններ, միւսներէն զգալիօրէն անջատ եւ առանձնակի, միայն մէկ անձի համար էին։ Ատոնք այն սեղաններն են, ուր նստողը անկաժէ մը պիտի ունենայ քիչ ետք, այսինքն յայտագրէն ետք պարուհի մը պիտի նստի քովը։ Այդ սեղաններուն վրայ գարեջուրի չբացուած շիշեր կը սպասեն։ Տեղ մը երեք շիշ, տեղ մը չորս կամ հինգ։ Իսկ սեղանի մը վրայ լման տասներկու շիշեր անտառացած են։ Յայտնապէս, օրուան հերոսուհիին, մատամ Էֆրազին սեղանն է։ Շիշերու լեզուով կատարուած այս համաձայնութիւնները կը ճշդեն նաեւ պարուհիներուն նուիրապետական կարգը, ըստ արժանեաց։ Շիշերը որքան շատ, հրաւիրեալին հմայքը այնքան բարձր։

Գեղեցիկ ըլլալը՝ գեղեցիկ էր մատամ Էֆրազ, ձայնը համակող եւ տաք։ Բայց ձայնէն աւելի, վերէն վար թրթռացող մարմինն է, բարեձեւ ու ճկուն, ժպիտները, ծեքծեքումները եւ բոլոր այն բաները, որ էգ մը էգ կ՚ընեն՝ կը խտանան իր անձին վրայ, եւ այդ ձգողութիւնն է, որ հոդ հաւաքած է քաղաքին բոլոր կենցաղասէրները, Քիւրտ Տաղէն քաղաք իջած ձիթաիւղի վաճառականները, հարուստի փայլուն տղաքը։

Երգչուհին վերջացուց, բայց վար չիջաւ։ Նշան ըրաւ նուագողներուն որ լռեն, դարձաւ սրահին եւ յայտարարեց.
– Այսօր մեր մէջ կը գտնուի մեծ վարպետ Քեմանի Մանոլին։ Ես իրեն համար երգ մը պիտի երգեմ, ինքն ալ մեզի համար պիտի նուագէ։ Ու կը սկսի երգել.
Չարշամպայը սէլ ալտը,
Պիր եար սէվտիմ էլ ալտը,
Պէն սէվտիմ էլլեր ալտը,
Էլիմ գօյնումտա գալտը։

(Չարշամպան հեղեղ բռնեց,
Եար մը սիրեցի ուրիշը խլեց.
Ես սիրեցի ուրիշներ տարին,
Ձեռքս ծոցիս մէջ թողուցին)։

Օֆ նէ իմիշ, նէ իմիշ,
Քատերիմ պէօյլէ իմիշ.
Կիզլի սեվտա չէքմեսի
Աթէշտէն քէօմնէ իմիշ։

(Օֆ, ինչ է եղեր, ինչ է եղեր,
Իմ բախտս այս է եղեր,
Եւ գաղտնի սէր քաշելը
Կրակէ շապիկ է եղեր)։
Շար . 22

Thursday, August 27, 2009

ՀՕՐՍ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ -6-Ռիթա Պասմաճեան - Մանճիկեան

Դժուար էր բաժանումը դպրոցէն, տեսուչէն եւ ընկերներէս...
Տեսուչս թանկագին թելադրանքներ ըրաւ ինծի եւ հօրս։ Հա՛րկ էր ուսումս շարունակել, նաեւ երաժշտութիւն եւ մարմնամարզութիւն, նամանաւանդ, Հայօրէն մեծնալ եւ ապրիլ։ Տեսուչս յանձնեց ինծի բոլոր նիշերս եւ վիճակացոյցներս։
Անթիլիասէն հրաժեշտ առինք...

Պէյրութ իջեր էինք, շուկան կը պտտէինք։ Հայրս ինծի համար գնումներ ըրաւ։ Կօշիկ, գուլպայ, ներքնազգեստ, շապիկ, տափատ եւ այլն։ Նոր մայրիկիս, եղբօրս եւ քրոջս յարմար նուէրներ եւ շաքարեղէններ։ Ապա՝ տեղաւորուեցանք ինքնաշաժի մը մէկ անկիւնը, ուր զանազան տարազներով մարդիկ կը ճամբորդէին մեզի նման դէպի Լաթաքիա։
Ճամբու ընթացքին, հօրս փափաքով, ամբողջ որբութեանս տարիներու պատմութիւնը պատմեցի։ Հայրս պինդ գրկեր էր զիս, բաւական ուշ Ժամու հասանք Լաթաքիա։ Պանդոկ մը գտանք ու հոն գիշերեցինք։ Առտու կանուխ նաւահանգիստ հասանք։ Առագաստանաւերու վրայ ճամբորդներ կը տեղաւորուէին, մենք ալ մեր տեղերը գրաւեցինք. բաւական երկար ճամբորդութենէ մը ետք, հասանք Իսկէնտէրունի նաւահանգիստը։

Բազմութեան մէջէն քանի մը ծանօթ բեռնակիրներ կը կանչէին հօրս, Վայի՛զ, Վայի՛զ, աչքդ լոյս գտա՞ր Յովսէփդ։ Ոմանք հետաքրքրութեամբ կը մօտենային ու կը համբուրէին զիս...

Կառք մը վարձեց հայրս եւ ուղղուեցանք դէպի տուն։ Սիրտս զօրաւոր կը բաբախէր, միտքս կ՛աշխատէր թէ ինչպէ՞ս մայրիկ մը պիտի գտնէի հոն, արդեօ՞ք խորթ մայրիկի ձեռքին տակ պիտի տառապէի, արդէօ՞ք փոքրիկները պիտի սիրէին ու կապուէին ինձի... այսպէս մտածումէ մտածում, հօրս ձայնը սթափեցուց զիս, «ահա հասանք» ըսաւ։

Մայրիկը խոշոր աքաղաղ մը բռներ, դուռին առջեւ, փոքրիկներուն հետ ժպտուն կը սպասէր մեզի։ Հօրս տարիքով մարդ մը կար այնտեղ, առաւ աքաղաղը մայրիկին ձեռքէն մորթեց, արիւնին վրայէն անցուց զիս, արդէն մայրիկը անհամբեր, գրկեց ու համբուրեց զիս։ Փոքրերը մօտեցան ինծի եւ գրկեցի ու համբուրեցի զանոնք։ Մարին՝ անապատին մէջ մեռնող քրոջս Մարիին շատ կը նմանէր։ Աքաղաղը մորթող մարդը, Քեսապի մեր դրացին՝ հովիւ Ղազարն էր, որ կորսնցուցեր էր չորս զաւակներն ու կինը՝ անապատին մէջ գաղթի ճամբուն վրայ։ Հիմա Իսկէնտէրունի մէջ՝ բեռնակրութիւն կ՛ընէր, ամուսնացած էր Մարաշէն գաղթած այրի կնոջ մը հետ։

Հայրս բացաւ մեր հետ բերած պարկը եւ ըսաւ փոքրիկներուն՝.«տեսէք աղբարը ինչ բերած է ձեզի Պէյրութէն»։ Պարկին մէջէն ելան գոյնզգոյն շաքարներ, զէնք, պուպրիկ, փոքրերու յարմար հագուստներ։ Մայրիկին համար ալ՝ զոյգ մը մուճակ եւ լազուարթ թաւիշ հագուստցու մը։ Մինչ մենք կը լուացուէինք մայրիկը խոհանոցէն սեղան կը բերէր տապկուած ձուկ, գետնախնձոր եւ աղանդեր։ Մարին շուրջս կը դառնար, «Աբար, Աբար» ըսելով, իսկ Վարդանը՝ Աղբար ուրկէ՞ եկար, ո՞ւր էիր մինչեւ հիմա հարց կու տար։ Մայրիկը պատասխանեց թէ աղբարը հեռու քաղաք մը դպրոց մը կ՛երթար, հիմա եկաւ մեզ հետ մնալու։

Հայրիկս երկնցաւ քնանալու։ Փոքրերն ալ քնացան, մայրիկն ու ես մնացինք մինակ։ Ան պատմեց թէ նորահարս էր, Քեսապի վերի թաղը, դեռ չմայրացած, կորսնցուցեր էր ամուսինը, որ զինուորագրուած առաջին խումբ երիտասարդներուն հետ Քեսապէն հազիւ ելած, գնդակահարուած էր։ Իր ծնողքին հետ գաղթեր էր, Ճըսըր Շուղուր-Հալէպ-Տէր Զօր երթուղիով։
1918ի սկիզբը վերադարձեր էր Հայրենի գիւղ, հիւծած հօրաքրոջ հետ, շուտով ան ալ պիտի մահանար։ Հայրիկս ալ, հրաշքով ազատուելով թրքական «էմելէ թապուր»էն, վերադարձեր էր Քեսապ։ Վերապրող Քեսապցիներէն հեռատես մարդիկ, այրի կիներն ու տղամարդիկը իրարու յարմարցնելով, ամուսնացուցեր էին կազմելով նոր ընտանիքներ, որոնցմէ էին, հայրիկս ու մայրիկս։

Անգրագէտ էր ան, սակայն խելացի ու հեռատես։ Հարազատ մօր նման իր սիրտը բացաւ ինծի եւ խոստացաւ ինծի , որ հարազատ մայր պիտի ըլլար։ Շաբաթ մը անցաւ։ Առտու մը փսփսուքի ձայնով արթնցայ։ Հայրիկս ու մայրիկս իմ մասիս կը խօսէին։ Մայրիկս կը պնդէր թէ տղան դպրոց պէտք էր որ երթար, «մեղք, այսքան կարդացեր է, թող շարունակէ։ Հոս «Ֆրէրներուն» դպրոցը թող երթայ»։ Ես ուրախացայ։

Նախաճաշէն ետք, հայրս հարց ու փորձեց զիս, թէ կուզէի՞ ուսումս շարունակել։ Լուռ մնացի, մայրիկը օգնութեան հասաւ, պնդեց որ անպայման Ֆրերներու դպրոցը մտնէի ուսանելու։
Որոշուած էր արդէն։ Անթիլիասի մէջ ես շատ լաւ Ֆրանսերէն եւ Անգլերէն գրել, կարդալ եւ խօսիլ սորվեր էի։

Հայրս եւ ես, բարեկամի մը ընկերակցութեամբ, որ ժամադրութիւն առեր էր մեզի համար, «Pere Jean»էն, Հինգշաբթի առաւօտուն ներկայացանք տեսչարան։ «Pere Jean»ի հարցումներուն ինքնավստահ պատասխանեցի։
Իր փափաքով, ամփոփ ձեւով պատմեցի ոդիսականս, նախախնամութենէն ինծի տրուած գաւազանին մասին երբ կը խօսէի, «Pere» ը յուզուեցաւ։
Տեղւոյն վրայ, մտից քնութիւն մը անցուցի, գրաւոր եւ բերանացի։

Բարձրահասակ եւ ժպտուն վարդապետ մըն էր քննութիւնս ընդունողը։ Մէկ ժամ սպասելէ ետք, եկաւ «Pere Paul»ը ձեռքը գլխուս դրաւ եւ ըսաւ՝.- «Դուն արդէն ութերորդ դասարանի աշակերտ ես»։

Երկուշաբթի դպրոց կու գաս, հետդ մէկ դեղին ոսկի կը բերես։ Յանկարծ քրտինքը պատեց ամբողջ մարմինս, ինկայ մտածումի մէջ։ Անտրամադիր էի։ Հայրս զգաց վիճակս։ Հարցուց պատճառը, բան չկայ ըսի, մարդիկը առաջին օրէն մէկ դեղին ոսկի կ՜ուզեն։ Հայրս հանգստացուց զիս ըսելով՝. « Աստուած մինչեւ հոս առաջնորդեց քեզի, այդ մէկն ալ կը կարգադրէ»։ Մայրիկս ալ շատ ուրախացաւ, այդպէս դիւրաւ ընդունուելուս համար, իսկ երբ վճարումին համար կը մտահոգուէի, ան քաջալերեց ու ըսաւ.- «ինչ որ ալ ըլլայ, դուն պիտի չյուսահատիս եւ պիտի ուսանիս ամէն գնով»։ Երկուշաբթի մէկ դեղին ոսկին գրպանս դպրոց հասայ։ Գիրքերս ստացայ։ Ֆրանսերէն, Անգլերէն գիրքերուն հետ, Լատինական գիրերով Թրքերէն գիրք մըն ալ տրուեցաւ ինծի։ Նոյն օրը «Pere Jean»ը անունս փոխեց «Ժոզէֆ»ի :Պետական արձանագրութիւն չունէի, ինք անձամբ կատարեց բոլորը պետութեան մօտ, եւ ես կոչուեցայ Ժոզէֆ Պասմաճեան։

Դպրոցական օրերը կ՛անցնէին, սակայն ես շատ դժուարութիւն կ՛ունենայի դաս սորվելու մեր մէկ սենեակնոց տան մէջ։ Փոքրիկները շատ անգամ կը խանգարէին զիս։ Մայրիկս դարձեալ տագնապեցաւ։ Հօրս կը պնդէր թէ՝ երկու սենեակնոց տուն մը պէտք էր վարձուէր։« Տղան հոս չի կրնար դասերը պատրաստել, կը խանգարուի » կ՛ըսէր։ Ես կը հիանայի այդ անգրագէտ կնկան վրայ, որ այդքան կը մտահոգուէր իմ ուսմանս եւ հանգիստիս համար։

Դպրոցը գիշերօթիկնոց բաժին ունէր։ 0ր մը, մեր տան պարագան պարզեցի տեսուչին։ Շաբաթ օր մը, տեսչարան կանչուեցայ, տեսուչը ըսաւ.- «Ժոզէ՛ֆ, քո աշխատասիրութեանդ եւ պարկեշտութեանդ համար, «Գիշերօթիկ սան» ընդունուած ես դպրոցէն ներս։ Եւ ինծի հինգ դեղին ոսկի վերադարձուց, մինչ այդ՝ վճարուած մասնավճառները եւ ցանկ մը՝ գիշերօթիկի վերաբերեալ առարկաներու համար։ Շաբաթ օրերը տուն պիտի երթայի։
Շատ բարձր տրամադրութեամբ տուն մտայ եւ ծնողքիս յայտնեցի բարի լուրը։ Երկուքն ալ յուզուեցան բայց գոհ էին եղած կարգադրութեան համար։
Վերադարձուած դրամով, ցանկին մէջ գրուած առարկաներուն գնումները եղան։ Տեղաւորուած էի գիշերօթիկնոց։ Շաբաթ կէսօրին տուն կ՛երթայի, Կիրակի Առաւօտ դպրոց կը վերադառնայի։

Այսպէս գերազանց յաջողութեամբ, հինգ տարուայ մէջ, տիրացայ Ա. եւ Բ. Ֆրանսական Պաքալօրիաներուն։ Առ ի գնահատանք իմ յաջողութեանցս, տեսուչս նուիրեց ինծի ջութակ մը։

Շնորհիւ «Pere Jean»ին, ես արդէն պետական ուսուցիչ էի, միեւնոյն ատեն Ֆրանսա թղթակցութեամբ, մանկավարժական վկայականի կը պատրաստուէի։

Քսանչորս տարեկան էի, շատ լաւ կը վճարուէի, առաջին առիթով, երեք սենեակնոց տուն մը վարձեցի, եղբայրս Ֆրէրներուն, քոյրս ալ Ֆրանսացի քոյրերուն դպրոցը տեղաւորեցի։ Երեկոները Հայերէն գրել կարդալ կը սորվեցնէի անոնց։ Ստացած ամսականներուս կէսը մայրիկին կու տայի, մնացածն ալ մայրիկիս թելադրանքով, իմ առօրեայ ծախսերէս զատ դրամատուն կը դնէի։ 0ր մըն ալ մայրիկս ըսաւ.- «Ժոզէֆ տղաս, դուն պէտք է ամուսնանաս, արդէն մօտս բաւական գումար ունիս։ Զարմացայ, իմ տուած դրամներս չէր ծախսած, պահ դրեր էր, ուրախ օր մը ծախսելու համար։

Երջանիկ օր մը, ձեր մայրը իմ բախտս եղաւ եւ կազմեցինք երջանիկ Հայ ընտանիք մը: 1939ի ամառը դարձեալ թուրքերը, քառասունութ ժամուայ պայմանաժամով, մեզ դուրս վտարեցին։ Ամենաանհրաժեշտ առարկաները մեզ հետ վերցուցինք եւ հասանք Քեսապ, որ Ֆրանսական հոգատարութեան տակ անցեր էր։ Դրամատան մէջ պահ դրուած գումարը, շատ գեղեցիկ կահաւորուած մեր տունը, վայելեցին թուրքերը։ Բարեբախտաբար, ձեր մայրը կար կարել գիտէր, սկսաւ ձեւագիտութեան դասեր տալ եւ կարել Քեսապի մէջ։ Ես ալ Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Վարժարանէն ներս ընդունուեցայ, որպէս օտար լեզուի ուսուցիչ, ապագային՝ տեսուչ։
Հիմա որ ամէն ինչ պատմեցի ձեզի, ըսէ՛ք տեսնեմ, ձեր Ֆանի նէնէն, խո՞րթ թէ հարազատ նէնէ է...

Հարազատ, պատասխանեցինք։ Հոս վերջացեր էր հօրս ոդիսականի պատմութիւնը։ Մենք ուրախ վազեցինք ու հերթով գրկեցինք, համբուրեցինք նէնէին ոսկրուտ ձեռքերն ու այտերը։

Եւ հայրիկս ջութակը առաւ, ան կը նուագէր ու մենք կ՛երգէինք իր մեզի սորվեցուցած երգերէն մինչեւ ուշ գիշեր։ Այդ համերգները ամէն գիշեր կը կրկնուէին մեր տան մէջ։ Մեծ մայրս ու մայրս մեզ լսելով կը հրճուէին։

Եթէ հօրս ապրած օրերը հաշուենք, մեր գիւղին օգտակար եղած ըլլալու թիւով, երեսուն տարի անընդմէջ ծառայեց Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Վարժարանին։ Ապրեցաւ անոր փառքի օրերը, իբրեւ երիտասարդ ու կենսալից դասատու ու դաստիարակ, ապա՝ աւելի քան քսան հինգ տարի վարեց նոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը,ականատես եղաւ գիւղի դժուար օրերու ելեւէջներուն, մաշեցնելով սիրտ ու հոգի։ Այս երկար ժամանակամիջոցին կրթական գործին կողքին, եղաւ հանրային ծառայութեան մէջ, իր սիրած գիւղին ու ժողովուրդին:Վարեց պատասխանատու պաշտօններ: Իր կողքին ունեցաւ տքնող ու իր հոգերը բաժնող կողակիցը, մայրս՝ Նուրիձա Պասմաճեանը։ Մայրս,յիսուն տարի անընդմէջ ծառայեց իր պաշտած միութեան՝ Ս.0.Խաչի շարքերուն մէջ, որպէս ամենագործօն անդամուհիներէն մին։ Շատերու նման աւելի փայլուն ապագայ ապահովելու համար ծնողքս ունէին արդարացուցիչ պատճառներ իրենց, ծննդավայրէն հեռանալու, սակայն անոնք մնացին հոն, ամրօրէն, իրենց ոտքերը խրած Քեսապի հողին մէջ, ու դաստիարակեցին սերունդներ, որոնց կարգին մեզ՝ իրենց վեց զաւակները։ Մեր հոգիներուն մէջ ներմուծեցին իրենց հոգին ու ոգին, մեր արեան մէջ ներարկեցին Ազգային, հոգեւոր եւ մշակութային սերմերը։ Նիւթական դժուար պայմանները արգելք չհանդիսացան երբեքմեր ուսումը շարունակելու Ազգային Ճեմարաններէն ներս:Մեզմէ ոմանք բարձրագոյն ուսում ստացան ի գին գերագոյն զոհողութիւններու,բայց չմոռցանք բնաւ,որ մենք ալ մեր կարգին,մեր ծնողքին մեզի յանձնած ջահը վա՛ռ պահելու ի ծառայութիւն մեր ազգին։

Այսօր անոնք չկան, մեր գիւղին գերեզմանատան մէջ կը ննջեն խաղաղ։ Հանգչեցէ՛ք հանդարտ ու անխռով, թողհողը թեթև գայ ձեր ոսկորներուն ։ Այս տողերն ալ ընդունեցէ՛ք, իբրեւ երախտիքի ծաղկեփունջ ձեր զաւակներուն կողմէ։

«Հօրս Ոդիսական»ի յիշատակութիւնը գրեցի, ջանալով իր պատմածները առանց խեղաթիւրելու, ճշգրտօրէն թուղթին յանձնել։
Հայկական Եղեռնի եւ Ցեղասպանութեան 90 է աւելի ամեակներ են արդէն անցած:Թող այս գրութիւնը պտղունց մը խունկ եւ մոմ ըլլայ մեր նահատակներուն անթաղ աճիւններուն եւ անոնց պատգամով ըլլանք ազգովին միակամ՝ Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ։

ՌԻԹԱ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ-ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Շար .6 և Վերջ

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ-21-ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Լութֆի աղան շարունակեց ներկայացումներուն շարքը, իր անսպառ խաղացանկէն երկու շաբաթը անգամ մը յայտագիր փոխելով։ Իր ներկայացումներուն ոչ անունները գիտեմ եւ ոչ ալ կը հասկնայի, բացի մէկէն, որուն մէջ դեր մը ունեցաւ նաեւ... եղնիկս եւ այդ ճամբով ալ անհետացաւ, իր կարգին զոհ դառնալով, անուղղակիօրէն թուրք բեմին։ Թէ յիշեալ ներկայացումը ինչպէս սկսաւ եւ ինչպէս վերջացաւ, ի սպառ ջնջուած է յիշողութենէս։ Կը մնայ միայն բառ մը, «Ժընէվիէվ» – որ հաւանաբար բիէսին անունն էր – մէյ մըն ալ՝ եղնիկին տեսարանը։

Անտառ մըն էր եբմը։ Երկու դահիճներ, վերէն վար կարմիր հագած, փայլուն սուրերը մերկ շողացնելով, մանուկ մը կը բերեն – Էլլան է – եւ կը պատրաստուին գլխատել։ Դահիճներէն մէկը սուրը բարձրացուց, հարուածը պիտի իջնէ, բայց ընկերը թեւը կը բռնէ, երկար զրոյց մը կ՚ունենան, կը համաձայնին, կը մեղքնան եւ կ՚որոշեն խնայել պզտիկին։ Կենդանի մը պիտի մեռցնեն, իրենց յանձնուած մահապարտին շապիկը պիտի թաթխեն անոր արեան մէջ, տանին թագաւորին, թէ թագուհիին – այս կէտը յստակ չէր – եւ պիտի ըսեն. «Տէր արքայ, կատարեցինք հրամանդ, ահա իր արիւնով ներկուած շապիկը»։ Այդպէս ալ կը վճռեն ու կը մեկնին, անտառին մէջ լքելով պզտիկը, որ Լութֆի աղային ծպտումի եւ դիմայարդարման արուեստին շնորհիւ աւելի պզտիկցուած, քանի մը տարու մանկիկի մը վերածուած էր։

Դահիճներուն մեկնումէն ետք, մանկիկը կը սկսի լալ եւ կը կանչէ միայն մէկ բառ. «Մամմա՜, մամմա՜...»։

Էլլան լաւ վարժեցուած էր։ «Մամմա»ները սրտաճմլիկ էին, բայց չափազանցուած չէին, ոչ ալ բռնազբօսիկ։ Քիչ մը երթեւեկեց «անտառին» մէջ, յուսահատական շարժումներ ըրաւ, երկինքէն օգնութիւն պաղատողի ձեւեր, եւ, ի վերջոյ, գլխահակ, յուսաբեկ՝ ծնրադրեց բեմին կեդրոնը, լուռ ու ցաւագին...

Եւ ահա այդտեղ է որ բեմ կը մտնէ եղնիկս, կու գայ շիտակ պզտիկին քով, դունչը կը քսէ անոր դէմքին, կը հոտուըտայ։ Պզտիկը ալ չի լար։ Փաթթուած է եղնիկին, դարձեալ «մամմա» կ՚ըսէ, բայց այլեւս ուրիշ ձայնով եւ ուրիշ իմաստով «մամմա»ներ են, գոհունակ, ուրախ, երջանիկ «մամմա»ներ։ Եղնիկն ու աղջիկը պահ մը այդպէս կը սիրուըտին եւ դանդաղ, շատ դանդաղ, միասին կը հեռանան բեմէն ու վարագոյրը կ՚իջնէ դղրդալից ծափերու մէջ։ Բայց ներկայացումը չէ աւարտած, ուրիշ արարներ ալ կան։ Շարունակութիւնը ինչ կ՚ըլլայ՝ չեմ գիտեր, չեմ յիշեր։ Գիտեմ միայն եղնիկս, որ պատուով կատարեց իր դերը։

Ասիկա Լութֆի աղային գլուխ-գործոցը համարուեցաւ, քանիցս կրկնուեցաւ եւ անգամ մըն ալ, ցերեկ մը, հայ մայրապետներու աղջկանց վարժարանին համար։ Խիստ բարոյալից պէտք էր ըլլար, քանի որ մայրապետները իրենք ալ ներկայ էին ամբողջ խումբով։ Այդ օրն էր որ գնաց եղնիկս։ Իսկ թէ Լութֆի աղան բեմադրիչի եւ դերուսոյցի ինչ հանճարով յաջողեցաւ անբան անասունին պարտադրել նման անթերի խաղարկութիւն մը՝ ահա իր հնարքը։

Փայտէ օղակ մը շինած էր եւ անցուցած կենդանիին վիզը, ճիշդ իր չափով եւ գոյնով։ Բարակ չուան մը կապած էր օղակին, կանաչ տերեւի գոյն ներկելէ ետք։ Երկար չուանը երկու ծայր ունէր եւ ծայրերը կ՚երկարէին երկու կողմի քուլիսներուն մէջ։ Երբ եղնիկին կարգը գար, դիմացի կողմէն կը պրկուէր չուանը ու մեղմօրէն կը քաշուէր։ Կենդանին ստիպուած է առաջանալ, մինչեւ որ հասնի լացող մանուկին։ Եթէ փորձէ անտեսել պզտիկը եւ ուզէ շարունակել ճամբան, այս անգամ դիմացէն թոյլ կու տան եւ պարանին միւս ծայրը կը պրկուի որ կ՚արգիլէ առաջանալը։ Եւ այսպէս երկու կողմէն թուլցնելով ու պրկելով կը յաջողին եղնիկը անշարժացնել բեմին կեդրոնը, մինչեւ որ ճշդուած արարքները կատարուին, որմէ ետք, մուտքի կողմէն չուանը կը սկսի քաշուիլ եւ եղնիկն ու աղջիկը կ՚երթան եղնիկին... տունը։ Թաւ անտառ մը ներկայացնող ֆօնին եւ առջեւը տեղ-տեղ դիզուած կանաչ ճիւղերուն մէջէն, դժուար թէ զգացուի կանաչ թելին ներկայութիւնը։ Կատարեալ էր Լութֆի աղային հնարագիտութիւնը, ու եղնիկս ալ յաջող դուրս եկաւ։

Մարսիլիայէն մինչեւ Օրիանթալ կարճ ճամբայ մըն էր, փողոցին միւս կողմը, յիսուն-վաթսուն քայլ։ Բայց այդ տարածութիւնը ապահով անցնելու համար Լութֆի աղան հայ բեռնակիրի մը վստահած էր եղնիկին փոխադրութիւնը։ Մարդը գրկած, ապահով կը տանէր, յետոյ կը բերէր կը կապէր իր տեղը։ Աղէտը պատահեցաւ մայրապետներուն օրը, որ բարեբախտաբար շարքին վերջինն էր։ Ամէն ինչ յաջող ընթացած էր ու ներկայացումէն ետք խումբով կը դառնայինք պանդոկ։ Եղնիկը միշտ մարդուն գիրկն էր։ Էլլան այնքան աղաչեց-պաղատեցաւ, որ եղնիկը յանձնեցին իրեն։ Պարանէն բռնած կը քալէր խումբին առջեւէն։ Սինեմային մօտերը թափառող արաբ տղաքը խրտչեցուցին կենդանին, որ անսպասելիօրէն ուժգին ցնցումով մը յանկարծ կապը ազատեց Էլլային ձեռքէն ու սլացաւ։ Լակոտները պոռպռալով ինկան ետեւէն, ուրիշներ դիմացէն կ՚ուզէին ճամբան փակել եւ արգիլել, բայց եղնիկը այնպէս կը ցատկէր... կը ցատկէր... Չորս ոտքերը մէկ փունջ կ՚ըլլային, միակտուր, խուրձ մը գաւազանիկներու պէս, հարուած մը գետին՝ եւ օդին մէջ էր, մարդահասակ բարձրութեամբ...

Պապ էլ Ֆարաճի ամբողջ երկայնքին – դեռ կը տեսնեմ յիսուն տարիներ ետք – եղնիկիս շլմորեցնող սլացքն էր, անցորդներու զուարթ գոչիւններուն եւ բռնելու ապարդիւն փորձերուն մէջէն, մինչեւ որ անհետացաւ ժամացոյցի աշտարակին ետեւի փողոցներէն, լաճերու աղմկոտ ջոլիրը ետեւէն...

Յուսահատական էր Լութֆի աղային վիճակը։ Շատ դառնացաւ, յանդիմանեց բեռնակիրը տեղի տալուն համար, կարեւոր նուէր մը խոստացաւ եւ ղրկեց եղնիկին ուղղութեամբ, բայց չգտնուեցաւ։ Էլլան լացուկոծ փրցուց, տիկին Մալվին հազար փաղաքշանքներով մխիթարեց զիս։ Խոստովանիմ, կարծուածէն աւելի թեթեւ անցաւ ինծի համար եղնիկիս կորուստը։ Իրենց անկեղծ ցաւը եւ յանցապարտութեան վիճակները կը ստիպէին, որ աւելի հասկցող երեւիմ եւ ցաւս յայտնի չընեմ։ Բայց մխիթարուելու թաքուն պատճառ մը ունէի։ Միհրան էֆէնտին, թէեւ կատակով եւ յայտնապէս զիս վախցնելու համար, ատենը մէկ կ՚ըսէր մայրիկիս.
– Երանուհի, սա վերի կէյիկը մորթելու ատենը չեկա՞ւ...

Մորթելու հարց չէր կրնար ըլլալ։ Բայց ի վերջոյ ի՞նչ պիտի ընէինք։ Սկսած էր մեծնալ եւ, ըստ ոմանց, կրնար դեռ շատ աւելի մեծնալ եւ հորթուկի մը վերածուիլ։ Բայց մայրիկս ինձմէ աւելի ցաւեցաւ, կը զգայի։ Վարժուած էր եւ պակասը կը զգար։ Մանաւանդ, երբ պտուղի կեղեւներ եւ կերակուրի յարմար աւելցուկներ ըլլային կ՚ըսէր.
– Եղնիկն ալ չկայ, որ սըւոնք առջեւը թափեմ...
Բայց եղնիկին կորուստը, մեզի պատճառած ցաւէն աւելի, չարաբաստիկ անկիւնադարձ մը կազմեց Լութֆի աղայենց ընտանիքին համար։ Ճակատագրին մէկ տխուր ազդանշանը ըլլար կարծես, այդ օրէն իրենց բախտին անիւը սկսաւ հակառակ ուղղութեամբ դառնալ։ Միշտ ուրախ ու կենսալից անոնց դէմքերը մռայլեցան, տիկին Մալվիին անուշ ժպիտները ցանքեցան, Լութֆի աղան խոժոռեցաւ, դիմագիծերը կարծրացան։ Որովհետեւ Պոլսէն Հալէպ հասաւ Մանոլին...

Շար . 21

Wednesday, August 26, 2009

ԿԵՆԴԱՆԱԿԱՆ ԿԱԹԸ - ՄԱՐՕ ԳԸՎԸՐԵԱՆ - ՆԻԿՈՂՈՍԵԱՆ

Տիկ.Մարօ Գըվըրեան - Նիկողոսեան հետաքրքրական յօդուածով մը անգամ մը ևս կուգայ ընթերցողին կատարելու իր թելադրանքները առողջ ապրելու մասին:
Կը գնահատենք «Նշանակ»ի ընթերցողներուն նկատմամբ Տիկին Մարոյի տածած գուրգուրանքը և իր մատուցած ծառայութիւնը անոնց : Ընթերցողը կրնայ կարգ մը կէտերու մէջ տարակարծիք ըլլալ յօդուածագրին: Տիկինը պատրաստ է բացատրութիւն տալու ընթերցողի իւրաքանչիւր հարցին: «Նշանակ»

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«

ԿԵՆԴԱՆԱԿԱՆ ԿԱԹԸ

Չինաստանի, Ճաբոնի և Հնդկաստանի մէջ, հազարաւոր տարիներ ապրած են մարդիկ առանց կենդանական կաթ խմելու:Մինչև օրս բիւրաւոր մարդիկ առանց շաքարի և կաթի թէյ կը խմեն: Իսկ մենք կը խմենք կենդանիի մը կաթը որ կենսաբանականօրէն տարբեր և իմացականութեամբ մեզմէ ստորադաս է: Ծայրագոյն Արևելացիները չեն խորշիր կաթէն այլ կը խուսափին անկէ,որովհետև կը յարգեն Տիեզերքի կենսաբանական օրէնքը:

Մինչև այն ատեն որ հորթուկներու ակռաները չեն բուսած կաթը անհրժեշտ սնունդ է անոնց համար: Ատամները բուսնելէն ետք հորթը կաթէն կը կտրուի: Մայրը այլևս կաթ չի տար անոր:Օրինակը նոյնն է բոլոր կենդանիներու մօտ :

«ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԿԱԹ» արդի տեսութիւնը վաճառաշահութեան համար լոկ ծանուցում է:

Մանուկներ, որոնք արուեստական կերպով կենդանական կաթով կը սնանին աւելի մեծ թիւով կը մահանան քան մօր կաթով սնանողները: Ընկերութիւններ թերևս կրնան բարելաւել կենդանական կաթի որակը,նուազեցնելու համար մանուկներու կանխահաս մահերը , սակայն չեն կրնար մօր կաթ պատրաստել: Բնութեան օրէնքը չի կոտրիր:

Այն մանուկը,որ կենդանիի կաթով կը սնի բնախօսութեան կամ կենսաբանութեան օրէնքով կովուն «ազգակից» կը դառնայ: Ան դանդաղամիտ կ՜ըլլայ, ընկերային ոգին,հոգեկան մակարդակը և փափկանկատութիւնը անկէ կը պակսին:

Հազարաւոր տարիներ առաջ Ծայրագոյն Արևելքի մէջ գոյութիւն ունէր աւանդական կանոն մը , որուն հիմամբ յղի կիներ,մինչև մանուկին ծնունդն ու ակռաներու երևումը, կենսաբանական և սաղմնաբանական դասընթացքներու կը հետեւէին: Մանուկը , առանց այլեւայլի,մօր կաթով պէտք էր սնանէր, մինչ այդ,մօր առաւօտեան և տարբեր գործունէութիւնները, անոր սնունդը, ընթերցումները,մտածումները, ամենայն կարգապահութեամբ կը դասաւորուէին ըստ Տիեզերքի և բնութեան օրէնքներուն :

Երբ մայր մը իր զաւակը կերակրելու համար բաւարար կաթ չունենար և կամ մանկիկին ծնունդէն անմիջապէս ետք մայրը մահանար, տան մեծերու պարտականութիւնն էր փնտռել և գտնել գիտակից և աշխատասէր ստնտու մը,որ միևնոյն ատեն ըլլար գեղեցիկ,հաւատարիմ, առողջ և զօրաւոր անհատականբութեամբ կին մը:

Ծ.Արևելացիները մեծ կարևորութիւն կուտային առաջին տարիներու կրթութեան քան հետագայ ուսման կամ գոլէճի մը ընտրութեան:Անոնք լաւ գիտէին թէ մօր կաթին որակը և քանակը իր բարի կամ վատ ազդեցութիւնը կ՜ունենար զաւկին ճակատագրին վրայ:

Մօր կամ ստնտուի բացակայութեան կը պատրաստէին սննդալի հեղուկ մը բրինձով,վարսակով,սոյա ով,շուշմայով(Sesame Seed), անուշ բինձով և Ազուքիով:Այս բոլորը կը տապկէին և ալիւրի վերածելէ ետք կ՜եփէին ու մանուկին կը կերցնէին:Ներկայիս այս կերակուրը կը վաճառուի Health Food Store ներու մէջ “Kohkoh” պիտակի տակ: Այս ուտելիքը կրնան մեծերն ալ օգտագործել:

Ծիծաղելի է այն գաղափարը թէ մարդկային մարմնի Փրոթէինը բաւարար չըլլար մարմնի պէտքերուն եթէ երբեք կենդանական ուտելիքներ (կաթ,միս,ձուկ,հաւկիթ) չսպառենք:

Յաճախ կը տեսնենք ցուցատախտակներու վրայ կամ թերթի մը ամբողջ էջի մը մէջ կաթի ծանուցում մը ,ուր ցոյց կը տրուին բազմատեսակ կաթի արտադրութիւններ՝ խորագիր ունենալով « ՔԱԼՍԵՈՒՄ, այնպէս ինչպէս բնութիւնը սահմանած է»: Նախադասութեան աւարտին կը պակսին երկու բառեր..«հորթերու համար»...

Կովու կաթը հորթերու համար է: Կենդանին անգամ մը որ կաթէն կտրուի այլեւս ոչ միայն իր տեսակի կենդանիի կաթը չի խմեր, այլ՝ որեւէ ուրիշ կենդանիի կաթ:Կենդանիները բնական ուշիմութիւնն ունին չխախտելու բնութեան օրէնքները:Մարդը սակայն,անվախօրէն կ՜արհամարհէ զայն...

Անշուշտ տրամաբանական պատճառ մը կայ թէ ինչու բոլոր կաթնատու կենդանիները, ծնանելէն անմիջապէս ետք կաթ կ՜ունենան:Սակայն բնութեան օրէնքով , իւրաքանչիւր կենդանի իրեն յատուկ կաթ ունի որ օգտակար է իր տեսակի կենդանիին միայն:Կենդանիներ, բացի մարդէն, կը յարգեն հետևեալ կանոնները.

1. Անոնք տարբեր կենդանիի կաթ չեն խմեր,այսպիսով կը հնազանդին իրենց կենսաբանական յարմարումին (անշուշտ խօսքը չի վերաբերիր Կենդանաբանական պարտէզներու կենդանիներուն):
2. Կենդանին երբ կաթէն կտրուի այլեւս կաթ չի խմեր:Կաթը եղած է ձագը կերակրելու համար,որպէսզի ան արագ մեծնայ:Սակայն ինչու մենք,մայրական կաթէն ետք դեռ կը շարունակենք մեր մանկութենէն մինչև ծերութիւն կովու կաթ խմել:Կովու կաթը,բնութեան օրէնքով, ձևուած,պատրաստուած է մեծ ոսկորներով և չորս ստամոքսով կենդանիներ մեծցնելու համար: Դժբաղդաբար,այսպիսի մարդ էակներու թիւը հետզհետէ աճ կ՜արձանագրէ:

Կաթի պատճառած վնասներու ցանկը երկար է: Յիշենք մի քանին:Կովու կաթը մարմնին մէջ շատ աւելի խուխ կը պատրաստէ քան այլ ուտելիքներ:Կարգ մը մարդոց մարմինները, ինչպէս A արեան խումբի պատկանող մարդոոց մարմինները,բնականէն քիչ մը խուխ կը պատրաստեն:Ասոնց համար կաթնեղէններու գործածութիւնը քանդիչ դեր կը խաղայ առողջական տեսանկիւնէն դիտուած:
Խուխը թանձր ըլլալով կը խցէ և բորբոքում կուտայ շնչառական դրութեան:Ան կը պատէ նաև մարմնին ներքին ծալքերը և արգելք կը հանդիսանայ անոր յատկացուած հեղուկներու տանելիք դրական գործունէութեան:Թանձր և կպչուն խուխը կը բեռնաւորէ թոյներ արտաքսող օրկանները,կը խցէ խլնային նուրբ թաղանդները (mucous membranes), հետևաբար նոր հիւանդութեանց դուռ կը բանայ:

Տաքութիւն, asthma, bronchitis, sinusitis, պաղառութիւն,հոսուն քիթ,ականջի բորբոքում և ցաւ՝ բոլորին պատճառը կաթնեղէններն են:

Կաթնեղէնը ալէրժի ներու դուռ կը բանայ: Այս թեմայի շուրջ որևէ ուսումնասիրութիւն եթէ կարդաք, կը տեսնէք թէ անոնց հիմնական պատճառը կաթնեղէնն է: 1974 i Nature թերթի մէջ հրապարակուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կուտայ պանիրներու մէջ Փրոթէին մը որ պատասխանատու կը համարուի Migraine ին:Հարիւրաւոր մարդոց migraine ը դադրած է կաթնեղէնները դադրեցնելով կամ պարզապէս քիչ ուտելով:

Կարևոր է նաև իմանալ , որ կաթնեղէնները բարձր Քոլեսթերօլ եւ իւղ կը պարունակեն և զուրկ են նեարդներէ (Fibres):

Մարօ Գըվըրեան /Նիկողոսեան