Յայտարարութիւն

Saturday, August 22, 2009

Հ0ՐՍ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ - 1 -Ռիթա Պասմաճեան-Մանճիկեան

ՔԱՆԻ ՄԸ ՕՐ ԱՌԱՋ ՅԱՅՏԱՐԱՐԱԾ ԷԻՆՔ ԹԷ ՈՒՐԲԱԹ ՕՐՈՒԸՆԷ ՍԿՍԵԱԼ «ՆՇԱՆԱԿ»Ի ԷՋԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԿԱՐԵՆԱՅԻՔ ԿԱՐԴԱԼ ՌԻԹԱ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ -ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՀՕՐՍ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ» ԻՐԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷ ԱՌՆՈՒԱԾ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ:ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍԿՍԻՆՔ ԶԱՅՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵԼ ՎԵՑ ԱՆԳԱՄՈՎ: ՅԱՅՏՆԵՆՔ ,ՈՐ ԱՅՍ ՅՕԴՈՒԱԾԸ ԱՍԿԷ ԱՌԱՋ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԱԾ Է ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ԵՂԵՌՆԻ ԻՆՆԻՍՈՒՆ ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԹԻՒ: ՀԵՂԻՆԱԿԸ, ՄԻԱԿԸ ՉԷ ՃՕԶԷՖ ԵՒ ՆՈՒՐԻՁԱ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆՆԵՐՈՒ ԸՆՏԱՆԻՔԷՆ , ՈՐ ԱԶԳԻ ՈՒ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՆ ԺԱՌԱՆԳԱԾ Է ԻՐ ԾՆՈՂՆԵՐԷՆ. ՍԱԿԱՅՆ ԱՆ ՄԻԱԿՆ Է , ՈՐ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆ ՏԱՐԻ ,ԱՅԴ ԺԱՌԱՆԳԸ ԻՐ ԾՆՈՂԱՑ ՕՐԻՆԱԿՈՎ, Ի ՍՊԱՍ ԴՐԱՒ ԻՐ ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ ԳԻՒՂԻՆ՝ ՔԵՍԱՊԻՆ, ՈՐՊԷՍ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ, ՀՕՄԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏՈՒՀԻ, ԹԱՏԵՐԱԳԻՐ, ԲԵՄԱԴՐԻՉ,ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐ: ԱՅՍՏԵՂ ՏՐՈՒԱԾ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ՀՕՐ ՄԱՍԻՆ ՑՈՅՑ ԿՈՒՏԱՅ ՌԻԹԱ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ «ՇՈՐԹ ՍԹՈՐԻ» ԳՐՈՂԻ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ , ՆԿԱՐԱԳՐԵԼՈՒ ՎԱՐՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ, «ՖԼԱՇ ՊԱՔ» ՍՏԵՂԾՈՂԻ ՀՄՏՈՒԹԻՒՆԸ:

ԱՅՍ ՅՕԴՈՒԱԾԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ԿՈՉ Կ՜ՈՒՂՂԵՆՔ «ՆՇԱՆԱԿ» Ի ԲՈԼՈՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒՆ ՈՒՂԱՐԿԵԼ ԿԱՅՔԷՋԻՍ ՆՄԱՆՕՐԻՆԱԿ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ,ՈՐՈՆՔ ԻՐԵՆՑ ԳՐԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔԷՆ ԱՆԴԻՆ ՈՒՆԻՆ Ե՜Ւ ՊԱՏՄԱԿԱՆ Ե՜Ւ ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔ:

«ՆՇԱՆԱԿ»


«»««»«»»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»««»«»»«»«»«««»««»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»««»»«
Մեծ Մայրիկս՝ Ֆանի Նէնէն, նիհարակազմ, բարձրահասակ, բարեձեւ մարմնով եւ գեղեցիկ դէմքով, 60-65ի միջեւ տարիքով կին էր։ Բարի , գուրգուրոտ, աստուածավախ եւ մաքրասէր էր ան։
Ձմեռները,ան Վարդան հօրեղբօրս մօտ կը մնար՝ Պէյրութ :Ամրան սկիզբը, Քեսապ կու գար, մեր մօտ,ուր կը մնար մինչեւ աշնանավերջ ։
Շատ կը սիրէինք ու կը յարգէինք զինք։ Մեծ հաճոյքով հեքիաթ կը պատմէր մեզի:Չէր ձանձրանար։ Գիշերները, փոքր քոյրս եւ ես կը քնանայինք իր աջին ու ձախին, նիհար եւ ոսկրուտ թեւերուն վրայ։ Մեղմիկ կ՛երգէր կամ հեքիաթ կը պատմէր, մինչեւ որ մենք անուշ քունի մտնէինք։

Վաղ առաւօտուն կ՛իջնէր ներքնայարկ, երեսը կը լուար ու կը սանտրուէր։ Յաճախ, մեր տան տախտակամածի ճեղքերէն կը լրտեսէինք իր վրայ... մտիկ ընելով իր հոգիի խորքէն բղխող աղօթքը։ Դէպի արեւելք նայող պատուհանին առջեւ կը կենար, ձեռքերը դէպի վեր բացած՝ կ՛աղօթէր.նախ՝ «Տէրունական աղօթք»ը ապա՝ Քեսապի բարբառով, Աստուծմէ կը խնդրէր, առողջութիւն եւ բարիք Քեսապի տղուն, հարսին, թոռներուն, նաեւ՝ Պէյրութ բնակող՝ հօրեղբօրս եւ հօրաքրոջս ընտանիքներուն։
Ինձմէ մեծ քոյրերս ճանչցէր էին մեծ հայրս՝ «Նշան պապուկը», որ յանկարծամահ եղած էր, հանրակառքի կայարանի մը մէջ, Ս. Յակոբի սաստիկ ցուրտ օր մը։
0ր մը, երկու մեծ քոյրերս գացեր էին, մեր դրացի իւղաբերենց Գոհարիկին մօտ, որ իրենց ամենամօտիկ ընկերուհին էր։ Մեր թաղի շատախօս եւ նախանձոտ Շուշան պառաւը ներս կը մտնէ եւ անմիջապէս կը սկսի հարցումներ ուղղել Ֆանի նէնէիս մասին՝ «Ի՞նչ բերաւ ձեզի, կարօտցե՞ր էիք ձեր այդ նէնէին գոնէ ձեր հարազատ նէնէն ըլլար, խորթ է խորթ, ձեր խորթ նէնէն է »:

Իւղաբերը, ի տես քոյրերուս շփոթին եւ յուզումին, կշտամբեր է Շուշան պառաւը եւ լռեցուցեր... քոյրերս, լալով տուն շտապած էին եւ մեզ փոքրերս մեր ննջարանը կանչելով պատմեցին մեզի ինչ որ լսեր էին։ Մենք հինգ քոյրերով կու լայինք...

Մեր լալու ձայնը լսելով, ծնողքս եւ նէնէս ներս մտան, շուարած, մեզի հարց կու տային թէ ինչ էր մեր խմբական լացին դրդապատճառը: Չէինք համարձակեր պատասխանելու:Կու լայինք։ Հօրս յամառպնդումին վրայ, մեծ քոյրս ըսաւ.«ինչպէ՞ս չլանք, այսօր իմացանք որ նէնէն մեր խորթ նէնէն է եղեր։ Երեք փոքր քոյրերս շրջապատեցինք մեծ մայրս, փէշէն կախուած, ձեռքերը կը համբուրէինք։ Խեղճը ի՞նչ զգաց, ով գիտէ, յանկարծ փղձկեցաւ ու լացաւ։ Հայրս անոր մօտ գալով, «Մայրիկ» ըսաւ եւ համբուրեց ճակատը։

Մեր ընտանիքի ամենատխուր պահերէն մէկն էր այդ պահը։ Այդ օր, բոլորս անտրամադիր, չկրցանք ճաշել։ Կէսօրէ ետք, հայրս եւ քոյրերս հաւաքուեցանք մեր ննջարանը։ Հայրս՝ մօրս պատուիրեց նստիլ Մայրիկին հետ եւ հիւր չընդունիլ... Ան շատ յուզուած էր, սակայն ՝ շատ զգոյշ, սկսաւ պատմել, իր ու իր ընտանիքին ոդիսականը։
- «Ատանայի կոտորածին, Քեսապ անմասն չէր մնացած.թալանուած էր :Տուներ եւ արտեր այրած էին։ Նահատակուած էին 200-250 հոգի։ Այրած էր նաեւ Հայ Աւետարանական համայնքի Եկեղեցին։ Եկեղեցւոյ զանգը մնացեր էր երկու պատերու միացման անկիւնին վրայ ՝ ամրացուած լայն եւ հաստ տախտակներու վրայ։ Զանգակին մէկ կողմէն կախ ինկած էր հաստ եւ տոկուն պարան մը։ Ժամկոչը, այդ պարանը քաշելով կը հնչեցնէր զանգը, ուրախ եւ տխուր առիթներով, մանաւա՛նդ, երբ վտանգ սպառնար գիւղին։
1915ի գարնանային հինգշաբթի երեկոյ մը, Սարգիս, Յակոբ որոնց հայրը ժամկոչ էր, եւ ես, կը խաղայինք այրած եկեղեցուոյ շրջափակին մէջ, երբ յանկարծ, Յակոբ ըսաւ՝.- «տղա՛ք եկէք զանգը հնչեցնենք»։ Սարգիսն ու ես հերթով հնչեցուցինք շատ անվարժ կերպով, Յակոբ՝ իւրաքանչիւրիս կից մը տալով, սկսաւ հնչեցնել, նախ՝ կտրուկ, ապա շարունակեց պարզ եւ շատ կանոնաւոր։ Զանգին ձայնը լսելով, Պատուելին եւ ժողովուրդը սարսափահար եկան։ Սարգիսն ու ես փախանք, Յակոբ՝ կը շարունակէր։ Եկեղեցւոյ ժողովականները բռնեցին Յակոբը եւ լաւ տփոց մը տուին իրեն։ Այդ օրուընէ գիւղի պառաւները, նախապաշարուած, չարագուշակ նկատեցին զանգի պատմութիւնը, ըսելով թէ ուշ կամ կանուխ, աղէտ մը պիտի գար գիւղին գլխուն...։ Եւ աղէտը չուշացաւ...

Հայրս շարունակեց- «Այդ գարնան, Քեսապի եւ շրջակայ գիւղերու ծառերը, ծաղիկները բացուեր էին։ Լեռներն ու դաշտերը կանաչներու մէջ թաղուած, վայրի ծաղիկներ, մանաւա՛նդ, կակաչներ բացուեր էին. մեր վարդենին ամբողջ թաղին մէջ բուրմունքով կը լեցնէր օդը։ Սակայն գիւղացիք, տխուր, անտրամադիր եւ յուսահատ էին։

Մեր թաղի մեծերը կը հաւաքուէին մեր տան ներքնայարկը եւ փսփսուքով կը խօսէին թէ՝ 0սմանեան պետութիւնը, պատերազմի մէջ մտած է, Ռուսին, Անգլիացիին եւ Ֆրանսացիին դէմ։

Պատերազմի մէջ մտնելը շուրջ մէկ ամիս վերջ հասեր էր մեր շրջանը։
Մեր ընտանիքը՝ հայրս, մայրս, փոքր քոյրս Մարին եւ ես։
Հօրս անունը ՝ Նշան Պասմաճեան էր սակայն ճանչցուած էր «Վայիզ» կեղծանունով5 որ կը նշանակէ քարոզիչ :Թէ ինչո՞ւ «Վայիզ», որովհետեւ բարի, Աստուածավախ եւ ազգասէր մարդ էր։ Գեղեցիկ երիտասադ էր ան։ Ճերմակամորթ, կապոյտ աչքերով, շէկ մազերով։ Ճակատին ունէր վէրքի սպի մը, զոր կը գոցէր ֆէսով։ Մայրս՝ «Ռուհիմա», միջահասակ, ճերմակամորթ, սեւ աչքերով, ունէր սեւ սաթի նման երկար մազի հիւսկեր։ Ազգականներն ու դրացիները շատ կը յարգէին զինք։ Բաւական գրել կարդալ գիտէր։ Նոյնպէս հայրս։ Ամէն գիշեր, փոխն ի փոխ Աստուածաշունչէն համարներ կը կարդային, կ՛աղօթէինք ու կը քնանայինք։ Ես տակաւին դպրոց չէի երթար, մայրս «Ա. Բ. Գ.»ը եւ մէկէն-հարիւր գրել կը սորվեցնէր։ Բառեր կազմել կու տար եւ ես կը գրէի։ Այբբենարան մը բերեր էր հայրս ինծի համար Պէյրութէն, հետզհետէ սկսայ կարդալ ։ Աստուածաշունչը հեգելով կը կարդայի, Սաղմոսներ գոց կ՛արտասանէի։ Ծնողքս կը հրճուէր։ Իսկ քոյրս Մարին, չորս տարեկան, կապուտաչուի, կարմիր այտերով, շէկ մազերով, անուշիկ աղջնակ մըն էր, շատ կը սիրէի զինք։
Կիրակի օրերը, ընտանեօք, Քեսապի Հայ Աւետարանական եկեղեցին կը յաճախէինք։ 0ր մըն ալ, Պատուելի Տիգրան Տարագճեանը, հոգեւոր հովիւը, Կիրակի օրուան պաշտամունքէն ետք, յայտարարեց, որ կէսօրէ ետք, բոլոր այր մարդիկը եկեղեցի գան։ Ժողով կայ ըսաւ, կարեւոր ժողով։
Որոշեալ ժամուն հայրս գնաց ժողովի։ Հոն հաւաքուէր էին Քեսապի մեծամեծները, Քահանայ, ժողովրդապետ, վերապատուելի, մուխթարներ, բժիշկներ, կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ։ Վերապատուելին ժողովը բացուած յայտարարելէ ետք, ըսեր է թէ՝ Թուրք միւտիրն ու չաւուշը, յայտներ էին որ 0սմանեան պետութիւնը մտած ըլլալով պատերազմին մէջ ընդդէմ՝ Ռուսին, Անգլիացիին եւ Ֆրանսացիին, պետական «Ֆերման»ով, կը հրամայէր թէ՝ 18-40 տարեկան ամէն տղայ-մարդ, պարտադիր 0սմանեան բանակին պիտի ծառայէր։

Ներկաներու գլխուն տաք ջուր լեցուեր էր։ Ան ինչ որ հատ ու կտոր լուրեր կը լսուէին Արեւմտահայաստանի մասին, իրականութիւն էր։ Կրակը պիտի տեղար նաեւ Քեսապահայութեան գլխուն։ Թրքական բանակին ծառայել՝ մահ կը նշանակէ կ՛ըսէին ներկաները։ Ո՞վ գիտէ ուր պիտի քշուէին, կամ գնդակահարուէին եւ կամ ալ ծովամոյն ըլլային։ Քանի-քանի ընտանիքներ պիտի քանդուէին։ Բոլոր զինուորցուները, գլխիկոր, խոր մտածումներու մէջ ընկղմած էին։ Վերջին լուրերուն համեմատ, Ապրիլ 24ին ձեռբակալուած էին մեծ թիւով Հայ մտաւորականներ, տարագրուած եւ ճամբու ընթացքին սպաննուած էին։
Ամբողջ Քեսապը սգաւոր էր։ Ամէն ընտանիք ունէր, երիտասարդ հայր, եղբայր, զաւակ։
Ժողով գումարած էին մեծամեծները, «Մուսատաղցիներուն» նման լեռ բարձրանալ եւ դիմադրել, թող հոն նահատակուէին մեր երիտասարդները, քան թէ անարգ մահով, թուրքին եաթաղանին ենթարկուէին։
Սակայն, աւաղ, չէին համաձայնած...
Վերջապէս զինուորագրուեցան մեծ թիւով երիտասարդներ։ Առաջին խումբը՝ քսանհինգ հոգի, տեղ չհասած, Քեսապի մօտիկ Թրքական գիւղի մը եզրին՝ անտառին մէջ, գնդակահարուեցան։
Սգաւորները չկրցան իրենց հարազատներուն դիակները ստանալ եւ հողին յանձնել։

Հայրս, երկրորդ խումբին կը պատկանէր։ Կէսօրէ ետք մը, շուկայէն ուտեստեղէնով լեցուց տունը։ Մայրս եւ հայրս փսփսալով կը խօսէին եւ կարգադրութիւններ կ՛ընէին։ Ըստ սովորութեան հայրս, այդ գիշեր, ծունկերուն նստեցուց զիս, գգուեց, համբուրեց։ Աչքերը լիքն էին արցունքով։
Աստուածաշունչ կարդացին հայրս եւ մայրս, աղօթեցինք ու մենք փոքրերս քնացանք։
Առտու երբ արթնցանք, հայրս չկար, մօրս աչքերը ուռած եւ կոպերը կապուտցած էին լալէն։
Հայրս զինուոր գացեր էր...


Շար. 1
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝