Յայտարարութիւն

Monday, August 3, 2009

ՀՐԱՉ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆ Ճեմարանը Յիսուն Տարեկան 1

ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆԻ ՅԱՋՈՐԴՈՂ ԵՐԿՈՒ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՇԱՀԵԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՈՆՑ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔԻՆ ՄԷՋ Է ԱՌՆՉՈՒԱԾ ՆՇԱՆ ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ ԵՒ ՄԵԼԱՆՔԹՈՆ ԱՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ:
«Նշանակ»
՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝
ՃԵՄԱՐԱՆԸ՝ ՅԻՍՈՒՆ ՏԱՐԵԿԱՆ
Արդէն յիսուն տարեկան…

Յիսուն տարիներ՝ ճիգի, աշխատանքի, ծառայութեան եւ նուիրումի, ի սպաս հայ մանուկներու եւ պատանիներու մտաւոր եւ ազգային դաստիարակութեան, ի սպաս հայեցի, գիտակից եւ յանձնառու սերունդներու դարբնումին, ի սպաս հայ լեզուի, գրականութեան եւ մշակոյթի պահպանման, ծաղկման ու յաւելեալ ճառագայթումին՝ արտերկրի ապերախտ եւ ջլատիչ պայմաններուն մէջ։

Յիսնամեայ վաստակ մը՝ անոր գլխաւոր կերտիչներու անուան ու երախտիքին չափ շողարձակ ու պատկառելի, եւ անոնց նման՝ իր ակունքը առնող Հայաստանէն, բաշխուելու համար աշխարհացրիւ հայութեան, իբրեւ հայրենական ամենաթանկագին աւանդ եւ, մռայլ օրերու մէջ, ազգային մշտարծարծ հաւատքի ու կամքի աներեր պատուանդան։ Յիսնամեայ վաստակ մը, որ Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի եւ Սիմոն Վրացեանի ամէնօրեայ ինքնանուէր մաշումին ոգեղէն բիւրեղացումն է, հայրենաբոյր անոնց շունչով փոխանցուած իրենց գործակիցներուն եւ աշակերտներուն, անոնցմով շարունակուելու, բազմապատկուելու, ճոխանալու համար։
Վաստակ, որ յանգած է այսօր Համազգայինի Նշան Փալանճեան երկճիւղ Ճեմարանին եւ անոր հոգեմտաւոր արգասիքը կազմող բազմահարիւր ճեմարանականներու հոյլին, հայ մտաւորականներու, գրողներու, մշակութային եւ հասարակական գործիչներու արդէն իսկ պատկառելի բանակի մը։ Վաստակ, որ յանգած է արդէն յաւելեալ որակի ու զարգացման մերօրեայ պահանջներուն գոհացում տալու կոչուած Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկին։ Վաստակ, որ վաղը անպայմա՛ն պիտի յանգի, տակաւին, Համազգայինի բազմաթիւ Ճեմարաններու հայաշունչ ու հայակերտ ցանցի մը։

Ճեմարանը՝ յիսուն տարեկան։
Բայց մի՛շտ երիտասարդ, մի՛շտ թարմ ու վերանորոգուող, հայրենի որձաքարէ ապառաժներուն նման մի՛շտ կանգուն եկող ու անցնող փոթորիկներուն դիմաց, ու նոր իրականացումներու, նոր նուաճումներու վճռական տրամադրութեամբ տոգորուած։ Մի՛շտ ի սպաս մեր սերունդներու նկարագրի եւ գիտակցութեան դարբնումին, անոնց մտքի ու հոգիի մշակման։ Ի սպաս հայ լեզուին, գրականութեան, մշակոյթին։
Ի սպաս յաւերժական Հայաստանին։

*
* *

Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Ընկերութիւնը (□Համազգային□), որուն յիսնամեակը նշուեցաւ ասկէ երկու տարի առաջ, հիմնուած է 28 Մայիս 1928ին, Գահիրէ։ Հիմնադիր ժողովի անդամներն էին բժիշկ Համօ Օհանջանեան, Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Ստեփան Եսայեան, Գասպար Իփէկեան, Մինաս Խաչատուրեան, Յակոբ Պալըգճեան, Սեդրակ Պալըգճեան եւ Սարգիս Մալխասեան։
Համազգային Ընկերութեան նպատակն էր հայ մշակոյթի ջահը վառ պահել Սփիւռքի մէջ, դպրոցներու, հրատարակութեանց, մշակութային եւ գեղարուեստական գործունէութեան ճամբով։
Համազգայինը իր գործունէութիւնը շուտով կը տարածէր հայկական արտասահմանի զանազան կեդրոններուն, յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի գաղութներուն մէջ։ Պէյրութ կու գային Լեւոն Շանթ եւ Նիկոլ Աղբալեան եւ, Համազգայինի նպատակներու իբրեւ առաջին իրականացում, 1930 Մարտ 3ին կը բացուէր Հայ Ճեմարանը, տասնհինգ աշակերտներով, գրեթէ բոլորն ալ ժողովրդական համեստ խաւերէ։ 1930ի աշնան, դպրոցական վերամուտին, աշակերտութեան թիւը կը բարձրանար վաթսուներեքի։

Ճեմարանի առաջին տաս-տասնհինգ տարիները կը կազմեն անոր պատմութեան հերոսական շրջանը։ Ընթացիկ ըմբռնումով դպրոցական հաստատութիւն մը չէր Ճեմարանը, այլ հայեցիութեան եւ ազգային առողջ դաստիարակութեան օճախ մը, գրականութեան եւ մշակոյթի պաշտամունքի տաճար մը՝ հայ գրչի եւ մտքի երկու տիտաններուն շունչովը հարուստ։ Այլապէս՝ շատ համեստ էին պայմանները, չըսելու համար նախնական։ Քանթարի փողոցի երկյարկանի մէկ շէնքէն, Ճեմարանը շուտով կը փոխադրուէր Ուատի Ապու Ժեմիլ փողոց, հին, բայց աւելի ընդարձակ շէնք մը։ Սահմանափակ կը մնային աշակերտութեան թիւը, (1934-35 տարեշրջանին 100ի հասած չէր տակաւին), տնտեսական միջոցները եւ, բնականաբար, ընդարձակման կարելիութիւնները։
Լեւոն Շանթ կը դառնար Համազգայինի Ճեմարանի առաջին տնօրէնը, այդ պաշտօնը վարելով քսան-քսանմէկ տարիներ (մինչեւ իր մահը՝ 1951 Նոյեմբեր 29ին)։ Ան իբրեւ անմիջական գործակից ունէր Նիկոլ Աղբալեան, որ միաժամանակ հայագիտական նիւթերու դասախօսն էր (մինչեւ իր մահը` 1947 Օգոստոս 15ին)։ Երկու հիմնադիրներուն մնայուն գործակիցն էր նաեւ Գասպար Իփէկեան։

1935 Յունիսին, Ճեմարանը կու տար արդէն իր առաջին շրջանաւարտները, հինգ՝ գրական եւ երեք՝ գիտական ճիւղէն,- Բանեան Գառնիկ, Դերձակեան Փիլիպպոս, Թաթուլեան Կարապետ, Թոփալեան Գառնիկ, Խանճեան Գուրգէն, Ճէնտէրէճեան Մուշեղ (Մ. Իշխան), Մուրատեան Հրանդ եւ Տէօվլէթեան Մանուկ։ 1936ին կը կազմուէր Ճեմարանի Շրջանաւարտներու Միութիւնը, որուն նախաձեռնութեամբ եւ հետեւողական ջանքերով պիտի հրատարակուէր □Ակօս□ պարբերաթերթը, 1944էն մինչեւ 1960։

1948ին, շնորհիւ Փալանճեան քոյրերու նուիրատուութեան (20.000 սթերլին) եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հայ գաղութէն Լեւոն Շանթի հանգանակած գումարներուն (127.000 տոլար), կը գնուէր Ճեմարանի ներկայ հողը, ընձեռելով ընդարձակման եւ բարգաւաճումի այն հնարաւորութիւնները, որոնք շուտով իրականութեան պիտի վերածուէին։ Կեդրոնական թիւ 1 շէնքի հանդիսաւոր բացումը տեղի կ՚ունենար 1950 ունիսին, ի ներկայութեան Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Շէյխ Պշարա Խուրիի, վարչապետ Ռիատ Սոլհի եւ հայ թէ օտար երեւելի անձնաւորութիւններու։ Հաստատութիւնը, այդ օրէն սկսեալ, պաշտօնապէս կոչուեցաւ Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարան։

Լեւոն Շանթի մահէն ետք, իբրեւ Ճեմարանի տնօրէն անոր յաջորդեց Սիմոն Վրացեան, Հայաստանի Հանրապետութեան երբեմնի վարչապետ եւ բազմավաստակ մտաւորական։ Ան այդ պաշտօնին վրայ մնաց մինչեւ իր մահը (21 Մայիս 1969), օգնական ունենալով Ճեմարանի անդրանիկ շրջանաւարտներէն՝ Մուշեղ Իշխան եւ Գառնիկ Բանեան, հանրածանօթ մտաւորականներ եւ բոլորանուէր կրթական գործիչներ՝ երկուքն ալ։
1953ին, Ճեմարանի թիւ1 շէնքի կողքին կը բարձրանար դպրոցական քառայարկ թիւ 2 շէնքը։ 1957ին, Սիմոն Վրացեանի ճիգերով Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայի եւ Պարսկաստանի մէջ հանգանակուած գումարներուն շնորհիւ (համագումար՝ շուրջ 200.000 տոլար), կը կառուցուէր նաեւ թիւ 3 շէնքը, Ճեմարանի գլխաւոր մուտքին կից, իր գետնայարկ տպարանով, գրատունով, □Վասպուրական□ սրահով, թանգարանի, մատենադարանի եւ գիշերօթիկներու յատուկ բաժիններով։ Աւելի ուշ, 1967ին, թիւ 3 շէնքի հինգերորդ յարկին վրայ կը կառուցուէին գիտական արդիական աշխատանոցները եւ, շնորհիւ շօշափելի նուիրատուութիւններու (Երուանդ Վիշապեան, Արիստակէս Յակոբեան, տոքթ. Լեւոն Գրիգորեան եւլն.), նոր յարկեր կ՚աւելնային թիւ 1 եւ 2 շէնքերուն վրայ։

1970 Մայիս 28ին, Ճեմարանի պարտէզին մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ տեղի ունեցաւ Ճեմարանի քառասնամեակի տօնակատարութիւնը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ բացումը Սիմոն Վրացեանի կիսանդրիին։ 1954ին, Համազգայինի եւ Ճեմարանի 25 ամեակին առիթով, բակին մէջ, թիւ 1 շէնքի մուտքին դիմաց, զետեղուած էին արդէն կիսանդրիները Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի եւ, նոյն շէնքի □Յակոբ Տէր Մելքոնեան□ սրահի մուտքին, կիսանդրին Նշան Փալանճեանի։ 1971 Յունիս 6ին, պաշտօնական այլ արարողութեամբ մը, Ճեմարանի պարտէզին մէջ բացումը կատարուեցաւ Ճեմարանի նախկին ուսուցիչ ողբացեալ երաժշտագէտ Բարսեղ Կանաչեանի կիսարձանին։ Աւելի ուշ, պարտէզը եզերող պատի երկայնքին, զետեղուեցան հայ նահատակ գրագէտներու եւ արուեստագէտներու նուիրուած յուշատախտակներ (հարթաքանդակ պրոնզ՝ մարմարի վրայ),- Դանիէլ Վարուժան, Սիամանթօ, Ռուբէն Զարդարեան, Գրիգոր Զօհրապ եւ Կոմիտաս (նուէր՝ պրն. Վահէ Սէթեանէ)։ - Այլ յուշատախտակներ կ՚ոգեկոչեն Ճեմարանի բարերարները, Համազգայինի հիմնադիր Ժողովին անդամները, եւայլն, մինչ Ճեմարանի սրահներու, դասարաններու եւ միջանցքներու պատերը կը զարդարեն հայրենի բնաշխարհէն տեսարաններ, հայկական ճարտարապետութեան կոթողներու եւ հայ գրողներու լուսանկարներ եւ աւելի եւս շեշտելու հայեցիութեան, հայ մշակոյթի պաշտամունքի եւ ազգային առողջ ապրումներու այն մթնոլորտը, որուն մէջ ուզած ենք եւ կ՚ուզենք, որ շարունակեն հասակ նետել Ճեմարանի այսօրուան ու գալիք սերունդները։

Տարուէ-տարի աճելով, Ճեմարանի աշակերտութեան թիւը 1974-75 տարեշրջանին հասած էր արդէն 1003ի։ Երեք շէնքերը, հաւաքաբար, նեղ կու գային արդէն, մղելով տնօրէնութիւնն ու Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը՝ անմիջական եւ հրատապ խնդիր նկատելու երկրորդ եւ աւելի ընդարձակ Ճեմարանի մը կառուցման հարցը։ Անթիլիասը եզերող բլուրներուն վրայ կը գնուէր Մզհերի կալուածը, 46.000 քառակուսի մեթր տարածութեամբ, եւ պրն. Մելանքթոն Արսլանեանի իշխանավայել խոստումը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէր հայաշատ այդ շրջանին մէջ նախատեսելու եւ նախագծելու կառուցումը դպրոցական-մշակութային ամբողջ համալիրի մը՝ Մելանքթոն Արսլանեան Ճեմարանով, հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկով, գիշերօթիկներու եւ հիւրերու յատուկ բաժնով, կեդրոնական մատենադարան-թանգարանով, թատերասրահով, մարզարաններով, հրատարակչական տունով եւ տպարանով։ 1975ի սկիզբը բոլորի խանդավառութիւնը հասած էր իր գագաթնակէտին։ Բայց…
Բայց, ամբողջ Լիբանանի հետ, թիւի, որակի եւ ճառագայթման ըստ ամենայնի պատուաբեր աստիճանի մը հասած Ճեմարանը խորապէս տուժեց քաղաքացիական կռիւներէն եւ անոնց քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական հետեւանքներէն։ Ու տագնապը, ինչպէս ամբողջ երկրին համար, Ճեմարանի պարագային եւս կը շարունակուի մինչեւ այսօր։

Ճեմարանի 1975-76 տարեշրջանը սկսաւ 1976 Փետրուարին միայն, մօտ 650 աշակերտներով, ընդհատուեցաւ Մարտի կէսերուն, վերսկսելու համար Օգոստոսին։
Մինչ այդ, Ճեմարանը ռումբեր ստացած էր ու լուրջ վնասներ կրած։ Ծանր եղաւ մեր տուրքը քաղաքացիական պատերազմին, մարդկային կորուստներու տեսակէտէ յատկապէս, քանի ռումբերու զոհ գացին Ճեմարանի ժրաջան պաշտօնեաներէն՝ Սերժ Թովմասեան, ծառայող մարտիկներէն՝ Կիւլիզար Գարաքէշիշեան եւ Գ. դասարանի փայլուն աշակերտուհի Թամար Քիւփէլեան։ Ու տարի մը հազիւ անցած, 1977ի վերամուտին, երբ տակաւին թարմ էր մեր մէջ պատերազմի մեր զոհերուն առթած կսկիծը, Ճեմարանը անգամ մը եւս սգաւոր կը դառնար Դ. դասարանի աշակերտուհի Անի Մարտոյեանի կորուստով, զոհ՝ դառնաղէտ արկածի մը։
Բայց, հակառակ ամէն կարգի դժուարութիւններուն ու խոչընդոտներուն, Ճեմարանը համատարած կռիւներու օրերուն իսկ շարունակեց իր կրթական առաքելութիւնը, փոքր մասով մը մայր հաստատութեան եւ մեծագոյն մասով՝ Տըպպայայի Կենաց վարժարանի հիւրընկալ շէնքին մէջ։
Երկու տարեշրջան ետք, 1977-78ին, Ճեմարանի ամբողջ աշակերտութիւնը, որուն թիւը վերստին բարձրացած էր արդէն 865ի, դարձեալ ամփոփուած էր սեփական հատատութեան մէջ։ Ու մեր նախատեսութիւնները լաւատես էին յաջորդ տարեշրջանին համար։ Հաստատութիւնը կրցած էր դուրս գալ քաղաքացիական պատերազմին յառաջացուցած տնտեսական տագնապէն՝ շնորհիւ, առաւելաբար, Իրանի մեր սքանչելի գաղութին եւ Հիւսիսային ամերիկայի (Ա.Մ.ն. եւ Գանատա) մեր բարեկամներու լիաբուռն օժանդակութիւններուն (համագումար՝ շուրջ 170.000 տոլար)։ Ու կեանքը, Լիբանանի մէջ, կը թուէր հետզհետէ դիմել դէպի բնականոնացում։

Վրայ հասան սակայն 1978 Յուլիսի եւ Հոկտեմբերի դէպքերը, որոնցմէ խորապէս տուժեց նաեւ լիբանանահայութիւնը՝ նախ Էշրէֆիէի, ապա նաեւ Պուրճ Համուտի շրջաններուն մէջ։ 1978ի վերամուտը ուշացաւ երկրի ապահովութեան պայմաններուն բերումով, եւ Ճեմարանի աշակերտութեան թիւը վերստին անկում կրեց (տարեշրջանի աւարտին՝ 603), մեզ դնելով պիւտճէական նոր եւ անակնկալ կացութիւններու դիմաց։

1979ի ամրան, վերջապէս, նկատի ունենալով մեծ թիւով աշակերտներու շրջանէ-շրջան առօրեայ փոխադրութեան անպատեհութիւնները, ծնողներու արտայայտած մտահոգութիւնները՝ այդ մասին, ինչպէս նաեւ, ի նախատեսութիւն Անթիլիասի մեր դպրոցաշինական ծրագիրներու իրականացման, արեւելեան շրջանին մէջ աշակերտական կարեւոր կորիզ մը ունենալու անհրաժեշտութիւնը, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնն ու Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ձեռնարկեցին Նշան Փալանճեան Ճեմարանի Պուրճ Համուտի շէնքին կառուցման։ Պիւտճէական այն նոր դժուարութիւնները, որոնք յառաջացան այս նոր նախաձեռնութեան իբրեւ հետեւանք (տեսնել այս մասին ներկայ տարեշրջանի մեր տեղեկագրի բաժինը), աւելիով կը հաւասարակշռուին այն անխառն գոհունակութեամբ, որ հայահոծ շրջանի մը մէջ Ճեմարանի ճիւղ մը ունենալու եւ, ատով իսկ, մեր ժողովուրդին աւելի եւս ծառայել կարենալու իրականութենէն կը բխի։

Դժուարութիւններով, ցաւերով, յաճախ զրկանքներով, երբեմն նաեւ վտանգներով լեցուն եղաւ Ճեմարանի վերջին հինգ տարիներու պատմութիւնը։ Բայց նաեւ արդար բաւարարութեամբն ու հպարտանքովը ի գին ամէ՛ն զոհողութեան Ճեմարանի կրթական-մշակութային առաքելութեան մէջ յարատեւած ու նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան շարունակականութիւնը ապահոված ըլլալու, հաւաքաբար, Ճեմարանի ամբողջ ընտանիքով։ Մնացած ըլլալու կողք-կողքի, պատնէշին վրայ, միշտ տքնելով՝ անդարձ կորսուածներուն ու մեկնածներուն տեղը նորերով լեցնելու, եւ Ճեմարանը աստիճանաբար վերադարձնելու համար իր երէկի թիւին, կշիռին, ճառագայթման։ Բաւարարութեամբ ու հպարտանքով տակաւին, ի տես այն վարկին ու գուրգուրանքին, զորս կը վայելէ Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը յաչս հայկական արտասահմանին, հայ մարդոց ու բազմութիւններուն՝ գաղութէ գաղութ։

Շար. 1





«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝