Յայտարարութիւն

Sunday, August 16, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ - 10 - ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Ամառուան արձակուրդն է, դպրոցները փակ։ Անակնկալօրէն Միհրան էֆէնտին մեր տունը կու գայ, Նոր Գիւղ, սուրճ մը առնելու։ Մայրիկիս որպիսութիւնը կը հարցնէ, հինէն-նորէն զրոյց մը կ՚ըլլայ, որմէ ետք կը հասկնամ իր այցելութեան շարժառիթը։ Ամբողջ ընտանիքով ամսուան մը համար Պիթիաս օդափոխութեան կ՚երթան։ Տիկին Պայծառն ալ, որ բնիկ անտիոքցի է, կ՚ուզէ որ հարազատները տեսնել եւ կը խնդրուի ինձմէ որ իրենց բացակայութեան երթամ Քլարիճ բնակիմ եւ «աչքս օթէլին վրայ ըլլայ»։ Իմ կողմէ, նուազագոյն ծառայութիւնն է որ կրնամ ընել Միհրան էֆէնտիին, բայց գիտեմ իր միտքը։ Տղաքներէն ոեւէ մէկը կրնայ ընել իմ ընելիքս, բայց խոհեմութիւն կը սեպէ բոլորը միասին ձեռքի տակ ունենալ եւ մէկն ու միւսը ետեւը չթողուլ։ Ով գիտէ ինչե՜ր կրնան ընել իր բացակայութեան, իր հեղինակութիւնը շալկելով...

Գիրքերս եւ գիշերանոց մը առած կ՚ընկերանամ իրեն, իր մեքենայով։ Կը համախմբէ պանդոկին բոլոր ծառայողները, մեծէն պզտիկ, եւ ցոյց տալով զիս կը յայտարարէ.
– Ես վաղը կ՚երթամ։ Հոս չեղած ատենս, իշտէ ձեզի՛ օթէլին տէրը, խօսքէն դուրս չէք ելլեր։
Ընելիք գործ մը չունիմ սակայն։ Միհրան էֆէնտին այնպէս լաւ յղկած էր իր պաշտօնէութիւնը, որ ամէն ոք ընելիքը գիտէ։ Ինծի կը մնայ միայն «աչք մը նետել» եւ թաղուիլ գիրքերուս մէջ։ Երբեմն Օննիկն ալ կու գայ Խաժակին հետ եւ ժամեր կ՚անցընենք միասին։ Այս Խաժակը Օննիկին գտած նոր ընկերն է, Հալէպէն բացակայութեանս։ Արթնամիտ եւ ուշիմ տղայ մը, ինծի պէս ուսուցիչ։
– Միակ թերութիւնը բողոքական ըլլալն է,– ըսաւ Օննիկ, ինծի ծանօթացուցած ատեն, եւ աշխատեցանք Մելանթօնը Խաժակի վերածել շարքերը մտնելուն առիթով, բայց նայինք պիտի բռնէ՞...
Խաժակը չբռնեց,որովհետեւ Մելանթօնը Մելանթօն մնաց,բայց ուսուցիչ չմնաց։ Օժտուած սուր իմացականութեամբ եւ ձեռներէց ոգիով, կեանքի մէջ մեծ յաջողութիւններ ունեցաւ ու երբեմն հաճոյքով կը կարդամ թերթերու մէջ ազգային իր լաւ գործերը, ինչ որ անգամ մը եւս կը փաստէ, թէ կուսակցական-Խաժակ ըլլալը պայման չէ իր ժողովուրդին օգտակար ըլլալու համար, եւ ոչ ալ բողոքական-Մելանթօն մնալը արգելք՝ լաւ հայ մնալու...

Օննիկին եւ Խաժակին հետ երեքով նստած ենք ուրեմն Քլարիճի մուտքի սրահին մէջ, երբ մարդ մը ներս կը մտնէ եւ Միհրան էֆէնտին կը հարցնէ ապակեայ կիշէին ետեւ սպասող քարտուղարին։ Միւսը չպատասխանած, ես ձայն կու տամ նստած տեղէս.
– Հոս չէ. Պիթիաս գացած է, եթէ բան մը կայ ինծի ըսէք։
Մարդը ինծի կը դառնայ ձայնս լսելով, եւ դէմքս տեսածին պէս կը շփոթի, յայտնի կերպով կ՚այլայլի, ու կը մեկնի առանց խօսք մը ըսելու։
– Այս մարդը ի՞նչ ունի քեզի հետ,– կ՚ըսէ Օննիկը զարմացած։
– Ի՞նչ ունի... ի՞նչ ունի... Կեցի՛ր, մի խօսիք... եւ ուղեղիս մէջ, անյայտ խորշէ մը լուսարձակ մը կը ցայտէ, մթութիւններ ողողելով։ – «Չըլլա՞յ թէ ինքն է»,– կ՚ըսեմ ես ինծի բարձրաձայն, մինչ Օննիկը կը հարցնէ գայթակղած.
– Ի՞նչը ինքն է...
Ու կը պատմեմ։ Հինգ-վեց տարի առաջ, ուսանողութեանս շրջանին, «բաց նամակ» մը հրատարակած եմ Բաբգէն Կաթողիկոսին դէմ, աչառկոտ մէկ ելոյթին առիթով։ Յօդուածս թէեւ պատշաճութեան սահմանը չ՚անցնիր, բայց քանի մը խայթող եւ կծու դարձուածքներ կան։ Այդ առիթով նամակ մը կը ստանամ Հալէպէն, Խաչիկ Խաչիկեան ստորագրութեամբ։ Կեղծ անուն մը պէտք է ըլլայ։ Նամակը հայատառ թուրքերէն է, խիստ վարժ ձեռագրով եւ ծայրէ ծայր հայհոյանքներ։ – «Դուն որո՞ւն շունը կ՚ըլլաս որ Կաթողիկոսին դէմ կը գրես, հէ՜յ փիճ օղլու փիճ»։ Այսպէս կը սկսէր, եւ երկու լման էջերու վրայ թուրքերէն լեզուին ամէնէն լկտի եւ հատընտիր հայհոյանքներով կը վերջանար։ Պալեանը Հալէպ ղրկեց նամակը, որպէսզի «գտնեն, լաւ մը կակուղցնեն»։ Փնտռեցին, հետապնդեցին, բայց արդիւնք մը չտուաւ։ Յիշեցի թէ նամակին մէջ ակնարկութիւն կար նաեւ մանկութեան շրջանիս. «Ես քու չօճուխութիւնդ գիտեմ, դուն խըզմեթճի Երանիկին փիճը չե՞ս»։ Օրին չէի անդրադարձած, բայց հիմա արեւի պէս յստակ է։ Այդ մարդը Մարսիլիա Օթէլին տակ դեղագործի խանութ մը ունէր եւ մեզ կը ճանչնար։ Ի՛նքն է, գրաւի կրնամ գալ թէ ինքն է, բայց ինչպէ՞ս փաստել։ Նամակը քովս չէ այլեւս, բայց եթէ ձեռագիրը ունենամ, կրնամ ճանչնալ։ Իր գռեհիկ հայհոյանքները ոչինչ, բայց «խըզմեթճի Երանիկը» չեմ մոռցած։ Այդ «խ» տառը, միացած «Խաչիկ Խաչիկեանին» զոյգ «խ»երուն։ հազարներուն մէջէն կրնամ զատել։ Ցից, երկար, զուգահեռ երկու գիծերով եւ մէջտեղէն լայն կտուցով անմոռանալի «խ»եր։ Օթէլ Մարսիլիան չկայ այլեւս, բայց դեղարանը հոն է, եւ մարդը հռչակաւոր է քաղաքին մէջ իր պեխերով։ Վերի շրթունքին ծայրերէն երկու մատերու պէս վեր ցցուած պեխեր, որոնք երթալով կը բարակնան, ծայրերը ասեղներու պէս սուր։ Ժպիտ չկայ դէմքին վրայ։ Չոփ-չոր, նիհար, դաժան մարդ մը, որ կարծես աշխարհ եկած է իր գոռոզութիւնը եւ պեխերը պտըտցնելու։ Եւ Միհրան էֆէնտիին ալ բարեկամն է, օղիի անբաժան ընկերը։

Ինչ ընել, ինչպէս ստուգել։ Այդ օրը այդպէս կ՚անցնի, բայց յաջորդ օրն իսկ Խաժակին մաքիավելեան ուղեղը գտած է լուծումը։ Թուղթի մը վրայ կը գրենք.– «Կը խնդրուի յանձնել Խորէն Խարարճեանին խաղալիքի խանութը, Ռաշիտ սթրիթ, թիւ 64, Պաղտատ»։ Նամակի պահարանի մը մէջ ճերմակ թուղթ մը կը սահեցնենք, կը փակենք։ Պառաւ կին մը կը գտնենք, լաւ մը կը բացատրենք, դրամ կու տանք եւ մեր գրած թուղթն ու ճերմակ պահարանը ձեռքը, կը ղրկենք դեղարան։ Ընելիքը պարզ է.– «Աստուծոյ սիրոյն, պարոն, սա հասցէն գրէ, շէօֆէօրի մը հետ տղուս պիտի ղրկեմ Պաղտատ»։

Բերաւ։ Ճի՛շդ ու ճիշդ ինքը։ «Խ»երը չեն խաբեր։ Մանիշակագոյն մելանը անգամ նոյնն է։
Հիմա կարգը իմս է հասկցնելու իրեն թէ ով է «խըզմեթճի երանիկին փիճը»։ Կը մտածեմ, կ՚որոճամ։ Մտնել խանութը, մէկ անգամէն քիթը-բերանը իրար խառնել, դժուար չէ։ Բայց անպատեհութիւններ ունի։ Նախ, միջամտողներ կրնան գտնուիլ եւ կէս կը մնայ։ Ու յետոյ, շուն մարդ է, կրնայ ոստիկանութեան բողոքել թէ յարձակում կրեց։ Իր խանութին մէջ ըլլալը կը դատապարտէ զիս, գիտեմ։ Ամէնէն գործնականը, քանի մը ընկերներով բռնել փողոցի մը անկիւնը եւ լաւ մը ծեծել։ Բայց այդ ընկերները Օննիկն ու Խաժակը չեն կրնար ըլլալ։ Ասոնք անուշ ջուրի ձուկեր են։ Այդ գործին համար Տագէսը պէտք է կամ Աւետիսը։ Բայց ժամանակ կայ։ Վրէժխնդրութիւնը կերակուր մըն է, որ պաղ կ՚ուտուի, կարդացած եմ տեղ մը...

Քանի մը օր ետք, նստած եմ Քլարիճի բացօթեայ ճաշարանը։ Ցանցառ սեղաններ միայն գրաւուած են։ Ամառ ըլլալուն, մարդիկ դուրսը կ՚ընթրեն։ Յանկարծ ներս կը մտնէ Գատեմեան Յովհաննէս էֆէնտին – մարդս է – ու կ՚երթայ պարապ սեղանի մը, տանուտէրի ազատութեամբ։ Ֆէսը կը զետեղէ քովի աթոռին, ձեռքերը իրարու կը շփէ ու կը պատուիրէ.
– Նազարէ՛թ, պիր ըրախի...
Ծառայողը խոհանոց մեկնելու վրայ է, երբ ես նստած տեղէս կը ձայնեմ հրամայական, բոլորէն լսելի.
– Նազարէ՛թ, այդ մարդուն օղի չես տանիր...

Ծառայողը շուարած կանգ կառնէ, մէկ ինծի, մէկ միւսին կը նայի, չգիտնալով ինչ ընել։

Գատեմեան էֆէնտին, անգիտանալ ձեւացնելով միջամտութիւնս, գլուխը կը բարձրացնէ, լայն շունչ մը կ՚առնէ, երկինքը հոտոտելու պէս, պեխերը ցցուն, դէմքը մռայլ՝ եւ կ՚ազդարարէ խիստ ձայնով մը.
– Գուլաք ասմա, սանա կեդիր տիյորըմ... (ականջ մի կախեր, քեզի բեր կ՚ըսեմ կոր...)։
Նազարէթը, հարցական, կ՚ուզէ քովս գալ, բայց ես ցուցամատով կը սպառնամ.– «Տեղէդ չշարժի՛ս...»։ Միւս սեղանները, թէեւ արաբ են, բայց կը զգան թէ անսովոր բան մը տեղի կ՚ունենայ։ Շարունակելով հանդերձ ճաշել, գողունի նայուածքներ կը փոխանակեն եւ կը հետեւին։
Դեղագործը, զգալով որ ուշադրութեանց կեդրոնն է եւ կացութիւնը ոչինչ ունի իրեն համար պատուաբեր, յանկարծ ոտքի ելաւ, ֆէսը առաւ, եւ արհամարհական՝ քալեց դէպի ելքը, անցքին վրայ շանթահարելով հէգ Նազարէթը.
– Միհրան էֆէնտի կէլսըն, պեն սիզէ կէօստերիրիմ... (Միհրան էֆէնտին թող գայ, ես ձեզի ցոյց կու տամ...)։
Եկաւ Միհրան էֆէնտին։ Պատմեցի, բացատրելով նաեւ թէ ինչու այդպէս ըրի։ Քիչ մըն ալ մտահոգ էի, թէ կրնայ նեղուիլ։
– Աղէկ ըրեր ես,– ըսաւ,– արդէն մակաբոյծին մէկն էր, ազատեցանք...

Մակաբոյծ բառը քիչ մը շատ յղկուած քար մըն էր Միհրան էֆէնտիին անտաշ բառամթերքին մէջ, բայց չզարմացայ։ Երբեմն կը պատահէր այդպէս, յարդերու մէջէն դուրս ցցուող անաղարտ եւ ատոք հասկերու պէս։ Կը յիշեմ, անգամ մը ճիշդ տեղին եւ ճիշդ իմաստով գործածեց «կռահել» բառը, կոշտ գաւառաբարբառին մէջ...
Մեկնած պահուս, երբ մեքենային մէջ զետեղել կու տար մայրիկիս համար Անտիոքէն բերած սեխերը եւ հնդկահաւը, ըսաւ.
– Քեզի ատանկ բաներ գրեց, հը՞, կեցիր, ատ րեզիլին դասը տալը ինծի թող...
Ահա եւ իր տուած «դասը»։

Մարդ կը ղրկէ նոյն օրը, կանչել կու տայ դեղագործը, իբրեւ թէ դարմանելու համար պատահածը.– «Ճանըմ ատանկ բաներու կարեւորութիւն տալու չէ»։ Փառաւոր օղիի սեղան մը կը պատրաստէ եւ լաւ մը կը խմցնէ, գինովութեան աստիճան։ Յետոյ, գրպանը պահած մկրատը կը հանէ եւ Գատեմեան էֆէնտիին պանծալի պեխերը... «ղը՛րթ, ղը՛րթ»՝ արմատներէն կը կտրէ։ Միայն այդ չէ։ Լուսանկարիչ մըն ալ պահած է ներսը եւ այդ վիճակով լուսանկարել կու տայ...
Յաջորդ օրն իսկ, կանուխէն եկաւ մեր տունը, եւ դեռ թաց լուսանկարը պարզեց աչքերուս.
– Իշտէ ատանկներուն ասանկ կ՚ընեն...
Երջանիկ էր իր խաղացած խաղով։ Ըսաւ.
– Սատկեցունես նը, Գատեմեանը առանց պըյըխի տունէն դուրս չ՚ելլեր։ Մէկ-երկու ամիս սուրաթը չենք տեսներ...

Վարը, մեքենան կ՚աշխատէր, բայց կարեւոր բան մը մոռցողի պէս կեցնել տուաւ վարիչին, գլուխը դուրս հանեց պատուհանէն եւ կանչեց.
– Երանուհի՛, օրական հինգ-վեց հատ ընկոյզ սղմէ ճըլլուխին խըրտլեկը, էրկու շաբաթէն էրկու պատիկը կ՚ըլլայ...
Մայրիկս հաւատարմօրէն կը գործադրէր պատուէրը, ամէն օր ընկոյզներ սահեցնելով հնդկահաւին կոկորդն ի վար։ Օր մըն ալ, մսացու ոչխարի մը պէս պարարտացած հնդկահաւը ցոյց տալով, ըսաւ.
– Դուն արդէն տունը կեցող բան ուտող չես, ի՞նչ պիտի ընենք ասիկա...
– Միտքդ գիտեմ, մայրիկ, Պատսպարան պիտի ղրկես որբերուն, բայց առաջին օրէն չընէի՞ր ընելիքդ, գոնէ ընկոյզները ես կ՚ուտէի...
...............................................................................................................................
Վերջին անգամ երբ բոլորս Պէյրութ հաստատուած էինք, Միհրան էֆէնտին եկաւ, ինծի հետը առաւ եւ գացինք իր նորաբաց Օմար Խայեամը։ Ներս չմտած, բռնեց թեւէս, կեցուց մուտքին առջեւ եւ ըսաւ.
– Աս օթէլը ո՞ւմ է...
– Քուկդ չէ՞, Միհրան էֆէնտի։
– Իմս ըլլալը ինչէ՞ն գիտես։
Տեսնելով որ լուռ կը մնամ, շարունակեց.
– Օղլում, պէտք չէ՞ գրուի թէ օթէլին տէրը ով է...
Փեսայ պարոն Միսաքը պանդոկին անունը կրող պատշաճ ցուցանակ մը շինել տուած էր, բայց Միհրան էֆէնտին գոհ չէր։ Հանգիստ չըրաւ, մինչեւ որ ուրիշ մը շինեցին, ելեքտրական լուսատու – եւ սուղ արժող – խոշոր տառերով ցուցանակ մը – «Տէր եւ Տնօրէն Միհրան Մամբրիէլեան»...

Ատեն մը կարգի դնելէ եւ յաջողութեան ճամբուն մէջ մտցնելէ ետք Օմար Խայեամը – յաջողութենէն դուրս ուրիշ ի՞նչ ճամբայ կրնար բռնել Միհրան էֆէնտիին ձեռնարկը – քաշուեցաւ Ալէյի իր կալուածը։ Քիչ անգամ կ՚իջնէր վար։ Շինարարութեան լծուած էր։ Իր ճարտարապետական «յղացումներով» անճանաչելի բանի մը վերածած էր այդ շինութիւնը, նոր մասեր աւելցնելով, կողմնակի սրահներ եւ միջանցքներ, սանդուխներ, մանուածապատ խորշեր, պարտէզին մէջ խեցիներով պատուած արուեստական քարայր մը, իբրեւ թէ բնական աղբիւր,– այլանդակութիւններու կուտակում մը, կատարեալ լափիւրինթոս, ուր ինկողը խարխափելով ելք կը փնտռէր։ Հպարտութեամբ ցոյց կու տար շինածները եւ կը բացատրէր նոր շինելիքները։ Բայց տարիները սկսած էին ճնշել։ Քալուածքը ծանր էր, շունչը խռպոտ, թէեւ պատկառելի զանգուածը կը մնար նոյնը։

Նստած ենք Օմար Խայեամի գրասենեակը, ինծի անծանօթ պաշտօնեայի մը հետ եւ կը խորհրդակցինք։ Մեր տպարանին բացումը կայ, յիսուն-վաթսուն հոգինոց հիւրասիրութիւն մը պիտի ըլլայ, ներկայ պիտի ըլլան Զարեհ եւ Խորէն Սրբազանները, Ամերիկայէն հիւրեր, մտաւորական դէմքեր, ընկեր-բարեկամներ։ Մարդուն հետ հաշիւ կ՚ընենք։ Ճշդուած են այլազան խմիչքներուն որակն ու քանակը, ուտելիքներուն տեսակները։ Կը մնայ միայն գիտնալ, թէ այդ բոլորը ինչ պիտի արժեն ինծի։ Մարդը թուղթի մը վրայ հաշիւներուն մէջ է, երբ, ուրկէ ուր, անակնկալօրէն կը յայտնուի Միհրան էֆէնտին.
– Ի՞նչ կ՚ենէք կա...
Միւսին բացատրութիւնները լսելէ ետք, կը դառնայ ինծի.
– Փո՛ւ քեզի... չես ամչնար, փարայի խօսք կ՚ենես...

Ինք անձամբ հսկեց որ ամէն ինչ առատ ըլլայ, ճոխ, ընտիր։ Մարսիլիայի օրերը կը վերապրէր...
Նման հիւրասիրութիւններ կրկնուեցան տարիներու ընթացքին, միշտ բազմամարդ, անգամ մը ի պատիւ բանաստեղծ Արսէն Երկաթին, ուրիշ անգամ Շաւարշ Նարդունիին, եւ միշտ արգիլուեցաւ ինծի «փարայի խօսք» ընել։ Պատահեցաւ նոյնիսկ, որ Նշան Պէշիկթաշլեանը, որ պաշտօնական հիւրս էր Պէյրութի մէջ, տիկնոջը հետ ամբողջ վեց ամիս բնակի Օմար Խայեամ, ու բոլորովին ճղճիմ, ձեւական վճարում մը միայն եղաւ։ Միհրան էֆէնտին այնտեղ ներկայ ըլլար կամ ոչ, իր հովանաւորող շուքը վրաս էր եւ զաւակները կը յարգէին իրենց հօր տրամադրութիւնը։

Գիտէին թէ Միհրան էֆէնտիին սիրտով իրենք երեք եղբայր չեն, այլ չորս...

Անցեալները, խաղաղութեան կարճատեւ շրջանի մը, ճամբաս Օմար Խայեամին առջեւէն կ՚անցնէր։ Մեքենան արագ ընթացաւ ու չկրցայ ստուգել թէ ինչ վիճակի մէջ է։ Բայց տեսնելու պէտք կա՞ր։ Ճիշդ դիմացը գտնուող Սթարքոյի հսկայական շինութիւնը, վերէն վար փշրուած ապակիներով, կիսաքանդ պատուհաններով եւ հրկիզուած մասերով՝ քաոսացած թաղամասին – բովանդակ քաղաքին – պատկերը չէ՞ր...
Թալանուած, սրբուած, վերջացած էր Օմար Խայեամը, յիսուն տարիներու քրտնաջան վաստակի մը արդար պտուղը։ Չեմ գիտեր թէ ուր են ընտանիքին մնացեալ անդամները։ Քսանըհինգերորդ ժամերու մղձաւանջը ապրող եւ անհեթեթին ճիրաններուն մէջ տապլտկող այս Լիբանանին համար, ոչ ոք կրնայ ըսել թէ ով ուր կ՚ապրի եւ ինչպէս կ՚ապրի...

Չկայ Օմար Խայեամը, բայց վստահ գիտեմ թէ հայոց գերեզմանատան մէջ կանգուն է «Մամբրիէլեան Դամբարանը», ուր յաւիտենական քունին մէջ անխռով է Միհրան էֆէնտին, մարդ մը՝ որ բարի էր եւ համ ու հոտ ունեցող մարդ մըն էր։
Միհրան էֆէնտին, բնիկ աշոտցի...
– «Ալայը կ՚երթայ, աս կը մնայ...»։

Անցորդ, երբ անցնիս առջեւէն, խաչ մը հանէ իր հոգիին։


Շար. 10
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝