Յայտարարութիւն

Tuesday, August 18, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ-12-ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Վահան քեռիին մահէն ուղիղ քսան տարի ետք, Մկրտիչ քեռին Հայաստան մեկնեցաւ ներգաղթի առաջին կարաւանով։ Եւ անկէ տասը տարի ետք, ես ալ Հայաստան գացի առաջին անգամ.
Մայրիկիս պատուէրը.
– Այնտեղ Մկրտիչը տեսնես նը («քեռի» չկայ այլեւս...) հետը չխօսիս...
Երբեք չէի կրնար հաւատալ թէ այնքան բարի սրտի մը մէջ այդպէս խորունկ արմատներ արձակած կ՚ըլլայ վէրք մը, որ երեսուն տարիներ ետքն ալ դեռ կը կոտտար...

Միայն Վահան քեռիին համա՞ր էր մայրիկիս աններող դառնութիւնը, թէ՞ անոր անձին ու պատկերին հետ միաձուլուած ի՛ր ալ «մարդուն» – «եղբօր պէս կը մնանէին իրարու»...
Բայց ես մտիկ չըրի։ Փնտռեցի ու գտայ Մկրտիչ քեռին, որ պատրանաթափ մարդ մըն էր այլեւս, հիւծած, տխուր, նոճիի պէս ուղիղ եւ սլացիկ հասակը ցաւագինօրէն կքած։ Ոչ միայն խօսեցայ հետը, այլ տխուր առիթով մը նոյնիսկ ցաւակցութեան գացի իրենց տունը...

Պզտիկ տղու մը եղնիկ մը բերող մարդը չար մէկը չէր կրնար ըլլալ։ Մայրիկս տարհամոզելու փորձ չեմ ըրած երբեք։ Բայց ես ինծի՝ իմ տրամաբանութիւնս ունէի։ Մկրտիչ քեռին այն օրը, այդպէս, խօսք մըն էր ըսաւ։ Ինչե՜ր կ՚ընեն, ինչե՜ր կը կոտրեն կը թափեն մարդիկ, գինովութեան պահերու, եւ կը ներուին։ Եթէ գինովի մը կը ներուին իր արարքները, ինչո՞ւ չմոռցուին գաղափարական արբեցումներու տենդին մէջ ըսուած խօսքերը, մանաւանդ երբ գիտենք թէ սթափումէն ետք ամէնէն աւելի զղջացողն ու տառապողը պիտի ըլլայ նոյնինքն ենթական...

Եւ Մկրտիչ քեռին զղջալու առիթներ շատ ունեցաւ Հայաստանի մէջ...
...............................................................................................................................
Վահան քեռիին մեռած օրերուն է։ Մայրիկս այլեւս լաց ու կոծ չունի։ Վերջ գտած են նաեւ «կոտրտին»ները։ Բայց երբեմն միտքը կ՚իյնայ եւ ինք իրեն կը մրմնջէ, աւելի զարմանքով քան թէ դառնութամբ.
– Թուրքէն ազատի՜, հայուն ղուրշունին գայ...

Թռուցիկներ բաժնուած են քաղաքին մէջ, ճերմակ եւ վարդագոյն թուղթերով։ Գոյներուն պէս, գրութիւններն ալ կը տարբերին։ Առաջինը.
«Հայ ժողովուրդը դէպի սինեմա Օրիանթալ, ուր կը բանախօսէ Ամերիկայէն եկած ընկեր Շահան Նաթալի»։
Միւսը, վարդագոյն թռուցիկը.
«Խուռներամ փութացէք սինեմա Փաթէ, լսելու համար մեծ հռետոր Սարգիս Տխրունին»։
Ո՞ր մէկուն երթալ։ Երկուքն ալ նոյն օրն են եւ նոյն ժամուն։ Այդ անունները առաջին անգամ կը լսենք եւ գաղափար չունինք։ Օննիկին հետ ժամերով կը խորհրդակցինք։ Գէշը հոն է որ այդ տարին մեր ուսուցչական կազմն ալ մեծ փոփոխութիւններ կրած է, նորեր կան, եւ մեր հարցումներուն գոհացուցիչ պատասխան մը չստացանք։ Ընդհակառակը, հակասական կարծիքներով անոնք աւելցուցին մեր շփոթը։ Օրինակի համար, պարոն Պապոյեանը եւ Տօլպագեանը Տխրունիին կողմնակից են, պարոն Սիսեռեանը եւ Աճէմեանը Շահան Նաթալին կը գովեն։
Իսկ մենք տատամսումի մէջ ենք դեռ, նոյնիսկ Կիրակի առաւօտ, երբ հանդէսները սկսելու վրայ են։ Կը նմանինք մարդոց, որ անծանօթ քաղաքի մը մէջ հագուստ մը գնելու ելած են, ցուցափեղկին մէջ կը տեսնեն ու կը հաւնին, բայց չեն համարձակիր ներս մտնել ու գնել, վախնալով որ յաջորդ փողոցին մէջ թերեւս աւելի լաւը տեսնեն ու զղջան։ Գործնական գաղափարը գտաւ Օննիկը.
– Մէկս Օրիանթալ կ՚երթանք, մէկս Փաթէ, յետոյ կը պատմենք իրարու...
Կը մնար ճշդել թէ ով ուր պիտի երթայ։ Իմ նախասիրութիւնս կ՚երթար Տխրունիին։ Թռուցիկին մէջ յիշուած «հռետոր» բառը ազդած էր վրաս։ Հռետորը գիտէի։ Թոթովախօս այն մարդն է, Տեմօստենեսը, որ ծովափը կ՚երթար, լեզուին վրայ խիճեր կը դնէր եւ ամբողջ ուժովը կը պոռար։ Այդ ձեւով ոչ միայն շտկեց լեզուն, այլ նաեւ դարձաւ մեծ հռետոր Յունաստանի մէջ...
Յառաջ ուրեմն դէպի հռետորը։

Փաթէ սինեման լեցուն էր, բայց գետին գամուած տախտակէ աթոռներէն քանի մը շարքեր պարապ էին առջեւը։ Նստայ բեմին ամէնէն մօտիկ տեղը եւ սպասեցի։ Հանդէսը սկսաւ։ Երեւցաւ Սարգիս Տխրունին, բուռն ծափերու մէջ։ Ես ալ ծափահարեցի։ Սկսաւ խօսիլ։ Առաջին խօսքերէն իսկ վճռեցի թէ չեմ խաբուած, իսկական հռետոր մը կը լսեմ, քանի մը քիչ մը կը թոթովէր։ Դեռ խիճերուն հետ գործը չէ վերջացուցած, կը մտածէի։

Կապոյտ աչքերով, մութ խարտեաշ մազերով – մօրուք ալ ունէր – աղուոր մարդ մըն էր։ Իմ նստած տեղէս, վարէն վեր, շատ հսկայ թուեցաւ ինծի, բայց աւելի ետքը երբ փողոցը հանդիպեցայ իրեն, կամ գրավաճառ Կիւլէսէրին խանութը, ուր յաճախ կը նստէր, տեսայ որ միջահասակ է, բայց աչքերը շատ աւելի կապոյտ, դէմքը լուսաւոր։ Իմ տեսած հայերէս ոչ մէկուն կը նմանէր։ Եւրոպացիի պէս էր։

Տխրունին նախ սեղանի մը առջեւ սկսաւ խօսիլ, բայց շուտով սեղանը թողուց եւ շարունակեց բեմին վրայ երթեւեկելով։ Թեւերու լայն շարժումներ ունէր։ Երթալով տաքցաւ եւ թոթովանքը այլեւս զգալի չէր։ Տարուած, մտիկ կ՚ընէի, աւելի ճիշդ կ՚ըլլար ըսել՝ յափշտակուած կը դիտէի, քանի որ խօսածները հասկնալի չէին ինծի համար, բայց մեծապէս տպաւորիչ էր իր պատկերը, ձայնը, շարժումները։ «Պլեխանօվ» անունը առաջին անգամ հոտ լսեցի։ Յաճախ յիշեց բանախօսութեան ընթացքին եւ անոր խօսքերէն մէջբերումներ ըրաւ.– «Ինչպէս Պլեխանօվը կ՚ըսէ», «Պլեխանօվը ըսած է արդէն»...
Յանկարծ, ձեռք մը ուսիս։ Օննիկն է։
– Ծօ շուտ, սոսկալի կը խօսի կոր... Շահան Նաթալին... Հասիր չվերջացած...
Տեղս Օննիկին տուի եւ սլացայ դուրս, դէպի Օրիանթալ։ Երկու սինեմաները իրարու մօտիկ էին արդէն, հազիւ յիսուն մեթրի վրայ։ Այստեղ, հակառակ սրահը աւելի ընդարձակ ըլլալուն, նստելիք տեղ չկար եւ պատերուն տակ մարդիկ խռնուած էին, ոտքի վրայ։ Սպրդելով առաջացայ մինչեւ բեմին մօտերը եւ այնտեղէն դիտեցի։ Վերէն վար ճերմակ հագած, նիհար, ջղուտ մարդ մըն էր Շահան Նաթալին։ Արտաքինէն մինչեւ ձայնը հակապատկերն էր Տխրունիին։ Տպաւորիչ էին միայն առատ մազերը, որոնք նժոյգի մը բաշերուն պէս կը ցնցուէին, ամէն անգամ որ բռունցքը իջնէր սեղանին։ Մօրուք չունէր, ոչ իսկ պեխեր։ Ձայնը սուր էր, շատ պոռալէն խզուած։ Տխրունիին ձայնը աւելի թաւ էր եւ տաք, Շահան Նաթալիին բառերը կու գային արագ, կարկուտի պէս կտրուկ։

Արդէն քիչ լսեցի։ Հասնելէս քանի մը վայրկեան ետք վերջացաւ։ Փոթորկալից ծափեր սարսեցին սրահը։ Յետոյ բոլորը ոտքի ելաւ եւ ամբողջ բազմութիւնը սկսաւ «Մեր Հայրենիք» երգել։ Ես ալ երգեցի...

Շար .12

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝