Յայտարարութիւն

Wednesday, August 19, 2009

ԵՐԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ-13-ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

– Խենթ ես նը, խենթ եմ ըսէ...
Մայրիկս է, որ վարի կարի մեքենային հետ գործը վերջացուցած, վեր կու գայ ու կը տեսնէ որ անկողնիս մէջ... կը խնդամ։
– Խնդալիք է նը, ըսէ, ես ալ խնդամ...
Իրեն ըսուելիք բան չէ, ու կը դարձնեմ գլուխս բարձիս վրայ, իբրեւ թէ ա՛լ պիտի քնանամ։ Իրողութիւնը այն է, որ օրուան անցուդարձերուն հետ չեմ։ Մտածումս անզգալաբար գացած է ետ, շաբաթներ առաջ պատահած դէպքի մը, Ապունա Իլիասին։

Այս Ապունա Իլիասը կաթոլիկ վարդապետ մըն է, որ մեր եկեղեցիին չհասած Սալիպէի մարօնիթներուն եկեղեցիին կռնակը, մեծ բակով տունի մը մէջ կ՚ապրի։ Եկեղեցական մըն է, բայց չենք գիտեր թէ որ մէկն է իր եկեղեցին։ Մեզ հետաքրքրողը, իր դրոշմաթուղթերն են։ Դրոշմաթուղթի թագաւորն է, աննման հաւաքածոներ ունի մեծ տոմարներու մէջ խնամով շարուած, որ պատրաստակամօրէն կը ցուցադրէ մեզի, ամէն անգամ որ քովը երթանք։ Հաւաքածոներէն զատ, մեծ ափսէի մը մէջ խառն ի խուռն, պզտիկ բլուրի մը պէս դիզուած ուրիշ դրոշմաթուղթեր ալ կան սեղանի մը վրայ։ Ատոնք աւելորդներն են եւ հետը փոխանակութիւններ կ՚ընենք։ Երբ նոր դրոշմաթուղթ մը ներկայացնենք իրեն եւ հաւնի, այդ մէկին փոխարէն կրնանք ափսէին մէջէն ընտրել հինգ-վեց հատ, ըստ կամս։ Շատ սիրալիր է եւ մենք չարաչար կ՚օգտագործենք իր վստահութիւնը։ Ինք կը կարծէ թէ հինգ հատ զատեցին մեր մատները, բայց չի գիտեր թէ ինչ խաղ կ՚ընենք։ Իրապէ՞ս չի հասկնար, թէ չհասկնալու կու գայ։ Այդ մէկը երբեք չգիտցանք...

Մեր ափին մէջ նախօրօք քսուած խէժի բարակ խաւը, տրցակ մը կը վերցնէ ափսէէն, մինչ դաստակը վեր՝ մատները հինգ հատ կը համրեն իր ակնոցներուն ետեւ պճլտուն, ժպտուն, մանրկեկ աչքերուն առջեւ...
Օր մըն ալ պարոն տնօրէնը բացարձակ արգելք դրաւ, որ Ապունային հետ գործ ունենանք։ Ըսաւ.
– Դրոշմաթուղթի հաւաքածոյ պահելը արգիլուած չէ։ Ընդհակառակը, թէ՛ օգտակար է, թէ ձեր զարգացումին կը նպաստէ։ Բայց կ՚արգիլեմ որ Ապունային քով երթաք։ Դուրսէն մարդիկ նշանակած եմ որ գացողները տեսնեն եւ իմացնեն ինծի...

Պզտիկ Հայկազը մինակը գացած է օր մը, եւ ատիկա, չենք գիտեր ինչու, պատճառ դարձաւ մեզի դրուած արգելքին։
Նախ չհասկցանք թէ ինչու էր այս անբացատրելի որոշումը։ Հասոյթի աղբիւր մը կը փակուէր մեր առջեւ, բոլորովին անտեղի։
– Թերեւս կաթոլիկ ըլլալուն համար է,– ըսաւ Օննիկ, բայց համոզիչ չէր։
Խնդիրը կամաց կամաց պարզուեցաւ սակայն, մանաւանդ երբ Հայկազը դադրեցաւ դպրոց գալէ։ Պարզ էր, թէ Ապունա Իլիասը «գէշ բան մը» ըրած էր Հայկազին, եւ տղան կ՚ամչնար։ Երրորդութիւն մը կազմուեցաւ Օննիկին եւ արիսին հետ եւ մենք մեզի, որոշեցինք վրէժ լուծել։

Երեքս միասին գացինք քովը, պատրուակ ընելով նոր լոյս տեսած յունական դրոշմաթուղթ մը, կարծեմ Յունաստանի անկախութեան հարիւրամեակին առիթով, Լորտ Պայրընի նկարն ալ վրան։ Անկարելի էր որ Ապունան ունեցած չըլլար այդ մէկը, բայց մենք անտեղեակ ձեւանալով գացինք իրեն... առանց խէժի, եւ ինք ալ, ձեւացո՞ւց թէ իրապէս չունէր, ուրախացաւ, աւելորդներու ափսէն առաջ հրեց որ զատենք մեր ընտրածները...

Հնակարկատ ընկեր Սիմոնէն հերուն մը փոխ առած էի եւ մեր ծրագիրը այնպէս էր, որ Օննիկն ու Արիսը զբաղեցնեն Ապունան եւ ես այդ հերունով իջնեմ մէկ փափուկ տեղին, յետոյ փախուստ տանք...
Բայց տեղւոյն վրայ, ռազմագիտական ծրագիրը փոփոխութիւն մը կրեց։ Վարժ ռազմագէտը ա՛ն է, որ ստեղծուած պայմաններուն համեմատ կացութիւն կը ստեղծէ եւ ոչ թէ կառչած կը մնայ տրուած որոշումին։ Բակին մէջ, կիսով լեցուն դոյլ մը տեսած էի։ Անմիջապէս որ Օննիկ-Արիս իրենց դերը կատարելով զբաղեցուցին Ապունան, դոյլը կամացուկ մը առի եւ ջուրով միասին... անցուցի գլուխը... գլխարկի մը պէս... եւ դո՜ւրս...
– Եա՛ իպնըլ քալպ... եա՛ խընզիր... (Վա՜յ շան զաւակ... վա՜յ խոզ...)։
Լուրը, ով գիտէ ինչ խողովակով, հասած էր տնօրէնին ականջը։ Զիս մինակ կանչեց իր սենեակը։
– Դուք Ապունային քո՞վ գացած էք դարձեալ։
– Այո, պարոն տնօրէն։
– Արգիլած չէի՞։
– Այո, պարոն տնօրէն։
– Ուրեմն ինչո՞ւ գացիք։
– Անգամ մըն ալ չենք երթար, պարոն տնօրէն։
– Գիտեմ որ անգամ մըն ալ չէք երթար... Հիմա՝ կորսուեցէ՛ք աչքիս առջեւէն...
Զարմանալի է։ Ես մինակ էի իր գրասեղանին առջեւ, բայց այդպէս ըսաւ – կորսուեցէք – կարծես միւսներն ալ հետս ըլլային։ Հակառակ խոժոռ դէմքին ու խիստ շեշտերուն, ինծի այնպէս եկաւ, թէ բարկացած չէր։ Նոյնիսկ կարգ մը ուսուցիչներ մեղսակից ժպիտներով կը հասկցնէին թէ գիտեն պատահածը եւ գոհ են...
– Խնդալիք է նը, ըսէ ես ալ խնդամ...
Խնդալիք էր։ Բայց ինչպէ՞ս կրնայի պատմել իրեն...

*
* *

Ապունա Իլիասը օրուան լաւ տրամադրութիւններուս փրփուրն է սակայն։ Աղբիւրը ուրիշ տեղ է։ Լուռ գիշերին մէջ, անքուն աչքերս Յարդգողի ճամբաներուն վրայ կը յածին, եւ Փարշամ թագաւորին յարդը գողցող Վահագնը ինձմէ աւելի հպարտ չի կրնար ըլլալ այսօր։ Մեծ Արջն ալ շատ փայլուն է հիմա։ Մէկ աստղէն միւսը գիծեր կը քաշեմ եւ Տապակը պատրաստ է որպէսզի առաւօտեան պզտիկ լիալիուսիններու պէս մայրիկս հաւկիթներ կոտրէ մէջը... Օ՜, չկարծուի թէ ետքէն սորված բաներովս այն օրուան պատմութիւնը կը պատմեմ։ Մենք գիտէինք այդ բոլորը։ Դեռ հինգերորդ դասարանէն, արձակուելէ ետք օր մը տնօրէն պարոն Շիշմանեանը մեզ դպրոց պահեց, մինչեւ որ մութ ըլլայ եւ աստղերը ելլեն։ Յետոյ, դանակը ձեռքին, կարծես թէ երկնակամարը դասարանին սեւ տախտակը ըլլար, երկինքին վրայ ցոյց տուաւ Մեծ Արջը, Փոքր Արջը, Ծիր Կաթինը... Ուրիշ անգամ, թիթեղագործի մը մասնաւոր ցնցուղ մը շինել տուած էր եւ անձրեւի պէս սրսկելով օդին մէջ, քանի մը անգամ պզտիկ ծիրանի գօտիներ պարզեց մեր աչքին... ինչե՜ր գիտէինք մեր խոնարհ նախակրթարանին մէջ...

Նամակ մը գրած եմ, եւ քանի մը անգամ ձախողելէ ետք, վերջապէս կրցայ յանձնել իրեն։ Ինչ գրած եմ։ Ինչ որ տղայ մը կրնայ գրել աղջկան մը։ Նամակը գրպանս էր օրերէ ի վեր։ Քանի մը անգամ հանդիպեցանք փողոցը, բայց չհամարձակեցայ։ Փողոցը ամայի չէր, անցուդարձ կար, կրնային տեսնել։ Ինծի այնպէս կու գար, որ եթէ տեսնեն, ամէն մարդ պիտի գիտնայ թէ ինչ գրուած է նամակին մէջ... Զարմացած ինծի նայեցաւ, եւ աչքերը աւելի մեծցան ու աղուորցան։ Եթէ այդպէս չնայէր, թերեւս կարենայի տալ նամակս։ Բայց այդ նայուածքին դէմ բոլորովին շփոթեցայ ու քայլերս արագացուցի...

Այսպէս քանի մը ձախողանքներէ ետք, շաբաթ մը առաջ էր, որ պատահեցաւ դէպքը։ Նամակիս պահարանը նորոգած եմ, քանի որ օրեր շարունակ գրպանս մնալով քիչ մը աղտոտած ու ճմռթկուած է, բայց մէջինը նոյնը կը մնայ։ Եւ գիւտս Գոլոմպոսի հաւկիթէն աւելի պարզ է եւ նոյնքան հանճարեղ։ Գիրքի մը մէջ դրած եմ նամակս – «Լերան Ոգին» - եւ այդպէս պիտի տամ – «Լաւ գիրք մըն է, օրիորդ, կրնաք կարդալ»։ Այնքան ալ ինքնատիպ չէ, բայց գործնական է եւ ապահով։ Դիրք գրաւած եմ իրենց փողոցին բերանը, ածխավաճառներու շուկային մէջ, ուրկէ կրնամ տեսնել յայտնուիլը։ Ժա՞մ մը, աւելի՞... Փայտի պէս տեղ մը տնկուած մնալ կարելի չէ, կրնայ ուշադրութիւն գրաւել։ Պէտք է դանդաղ մը քալել, մէկը փնտռելու երեւոյթով, ետ դառնալ, միւս կողմը անցնիլ, խանութէ մը չունեցած մէկ ապրանքը փնտռել, ուրիշէ մը բանի մը գինը հարցնել, երթալ գալ... Ժա՞մ մը, աւելի՞... Բարեբախտաբար այդ շուկան բոլորը արաբ են...

Ահա կու գայ վերջապէս։ Կը սպասեմ որ մօտենայ ու յետոյ միայն ճամբայ ելլեմ իր ուղղութեամբ, իբրեւ թէ պատահաբար կ՚անցնիմ այդ տեղէն... Բայց... բայց... նորութիւն մը։ Առաջին անգամը ըլլալով կը գիտնամ թէ կուրծքիս մէջ տուփ մը կայ, տուփին մէջ գնդիկ մը կայ որ վեր վեր կը ցատկէ, արագ-արագ կը զարնուի տուփին պատերուն եւ կ՚ուզէ դուրս գալ... Սեւ գոգնոցովն է, ճերմակ օձիքով... Քսան քայլ մնաց... տասը քայլ...
– Օրիորդ, այս գիրքը...
Շարունակութիւնը չելաւ բերնէս։ Թերեւս ելաւ, բայց յամենայնդէպս պատրաստած նախադասութիւնս չէր եւ իմ ձայնս չէր...

Բայց ինչ ձախաւերութիւն։ Անզգոյշ շարժումիս մէջ պահարանը կ՚իյնայ գետին... կապոյտ, նոփ-նոր պահարանս... Կը գտնուինք փակ դրան մը առջեւ, ուր մաքրութիւն ըրած են եւ մայթը թաց է... Ծծուն թուղթի վերածուած – եւ աղտոտած – նամակս կը վերցնեմ գետնէն, լաւ մը կը սրբեմ թեւիս վրայ եւ կու տամ իրեն, գիրքին հետ։
– Ասիկա ձեզի համար է...
Կ՚առնէ...
Փախիր, մանչս, փախիր կրցածիդ չափ արագ ու ետեւ մի դառնար... կրնայ յանկարծ կանչել ու նամակը ետ տալ։

Անկիւնը դարձածիս պէս, խաղաղութիւնը իջաւ վրաս։ Եղաւ։ Առաւ նամակս։ Աղջիկ մը որ նամակդ չմերժեց, լաւ նշան է։ Այո մը չէ դեռ, բայց ոչ մըն ալ չէ։ Եւ ներսի անհանգիստ գնդիկը նոյն թափը չունի այլեւս։ Հազիւ թէ կը խլրտի փափուկ եւ հաճելի շոյանքներով։ Բոլոր մեծ յաղթականները, Աղեքսանդրէն մինչեւ Նափոլէոն եւ մինչեւ քաջ Անդրանիկը զգացած պէտք է ըլլան խաղաղական այս երանութիւնը...
Շաբաթ մը առաջ էր, եւ դարձեալ թաքնախորհուրդ զրոյց ունէի այսպէս աստղերուն հետ։ Եւ լռութեան մէջ խորացող գիշերին բոլոր շշուկները կ՚ամփոփուէին երկու բառերով – Կու գա՞յ, չի՞ գար...
Որովհետեւ, նամակիս բանաստեղծական զեղումներուն տակ գործնական առաջարկ մը կայ։ Պարզապէս ժամադրութիւն մը կը խնդրուի։ – «Շաբաթ կէսօրէ ետք, ժամը 2ին, հանրային պարտէզը»։ Կու գա՞յ, չի՞ գար...

Բայց ինչ ապուշ եմ։ Ինչո՞ւ Շաբաթ։ Նամակս երբ տուի... երկուշաբթի էր։ Մէկ ձեռքիս մատները չեն բաւեր համրելու թէ քանի՜ տարի կայ մինչեւ Շաբաթ օր... Շաբաթ մը առաջ գրուած նամակիս թուականն ալ երանի թէ փոխէի պահարանին հետ։ Բայց եղաւ անգամ մը։ Պիտի սպասեմ, ուրիշ ելք չկայ։ Սպասել, եւ մանաւանդ, մինչեւ ճշդուած օրը, զգուշանալ հանդիպելէ։ Կրնայ պատահիլ որ փողոցին մէջ, ոտքի վրայ կտրուկ ոչ մը ըսէ, թերեւս նամակս ետ տայ, եւ աշխարհը փլի։ Խոհեմութիւն չէ երեւիլ։ Նոյնիսկ եթէ պիտի մերժուիմ, լաւ է որ այդպէս մնայ։ Գիրքս քովն է։ Ուզէ թէ չուզէ, ի վերջոյ ատիկա կապ մըն է մեր միջեւ...
Թէ ինչպէս անցան այդ հինգ-վեց օրերը, մէկ ես գիտեմ, մէկ ալ դեղին կողքով բանաստեղծութիւններու տետրակս – սկսած էի արդէն – իր պզտիկ ոտանաւորներով եւ մեծ բառերով։ «Սիրոյ Խորհուրդը» – ահա՛ բանաստեղծական մատեանիս խորագիրը, որ մեծ գիրերով կը փայլէր կողքին վրայ, ու յետոյ էջեր ու էջեր, ինչեր ու ինչեր... «Մաքուր սէր», «Քոյր հոգիին», «Սպասում», «Ինչո՞ւ չեկար», «Ու երբ եկա՜ր...»։ Ասոնք վերնագիրներն են։ Բանաստեղծը նախապատրաստուած է եւ նկատի ունի գալիք դէպքերուն բոլոր հաւանականութիւնները։ Ցաւագին ողբ մը ուղղուած անգութ էակին՝ եթէ մերժէ – ինչու չեկար։ Հրճուանքի աղաղակ մը նետուած տիեզերքին – ու երբ եկա՜ր...

Տետրակը ամբողջութեամբ, եղածին պէս ղրկած եմ «Յուսաբեր»ին, յետոյ զղջալով։ Քանի մը հատը տպուեցաւ։ Բայց տարիներ ետքն ալ, երբ այլեւս քիչ մը հասունցած, միամիտ ու տկար կը գտնէի ատոնք եւ աւելի լաւ բաներ կրնայի գրել – թէեւ ոչ նոյն դիւրութեամբ – թերթը կը շարունակէր շաբաթը հատ մը տպել, մինչեւ որ ամբողջութիւնը գրաշարին ձեռքէն անցաւ։ Խմբագիր ըլլալէ ետք պիտի հասկնայի, թէ «ծակ գոցելու» պարագային գրական բծախնդրութիւնը միշտ չի յարգուիր...
Եկաւ։

Ժամը 2էն երկու ժամ առաջ գրաւած եմ ռազմագիտական դիրքս, պարտէզին խորը նստարանի մը վրայ, ուրկէ կրնամ հսկել միակ մուտքին։ Երբ գայ, անմիջապէս չի կրնար տեսնել զիս, բայց ես կը տեսնեմ ու կրնամ ճշդել հանդիպման յարմար կէտը։ Դպրոցական գոգնոցովն է, յաւելեալ՝ կարմիր լայն ժապաւէնով մը գրկուած են առատ սեւ մազերը ճակատին վերեւէն դէպի ետեւ։ Թեթեւ հով մը յաջողած է ժապաւէնէն դուրս հանել անհնազանդ խոպոպ մը որ կը խաղայ քունքին դէմ։ Դանդաղօրէն առաջանալով մէկտեղ, մատներով այդ ըմբոստ խոպոպը տեղը վերադարձնելու վրայ է, երբ կը յայտնուիմ։ Անմիջապէս ձեռքը վար կ՚առնէ, կարծես յանցանքի վրայ բռնուած ըլլայ եւ կ՚առաջանայ ինծի բոլորովին լուրջ, անժպիտ եւ մանաւանդ տժգոյն, տժգոյն...
Յայտնապէս, այդ պահուն, իր ալ գնդիկը սկսած է զարնել տուփին պատերուն, իմինիս պէս...
Կը նայիմ... կը նայի... կը նայինք...
Չենք խօսիր։ Չենք նստիր։ Չենք շարժիր։ Կը նայինք...
Յանկարծ, մեքենական եւ արագ շարժումով մը գիրքս կու տայ, ետ կը դառնայ ու կը մեկնի։ Բառ մը չէ լսուած իրմէ, ինձմէ։ Կը մեկնի, եւ արդէն անհետացած է պարտէզի դուռէն, մինչ ես կը մնամ նոյն տեղը, նոյն դիրքով, գիրքը ձեռքս...
Պզտիկ, ափի մեծութեամբ չորսի ծալլուած թուղթ մը կայ գրքին մէջ, միայն մէկ տողով – «Պարտէզը յարմար չէ»...

Բայց ասիկա դրախտին դուռը բացող մուտքի տո՜մսն է, հրաշալի՜ է։ Իմս զոյգ թերթով երկար նամակ մըն էր, լման չորս էջ, իսկ պարզ մատիտով գրուած այս երեք բառերը աւելի կ՚արժեն եւ ամէն ինչ կ՚ըսեն։ Պարտէզը յարմար չէ՞, ուրեմն ինծի կը մնայ գտնել յարմար վայրը, ուր նորածիլ մեր սէրը բողբոջի եւ ծաղկի... Ո՞ւր է Օննիկը, որպէսզի դրօշակի մը պէս պարզեմ աչքին յաղթանակիս փաստաթուղթը... Անպիտանը մէջտեղ չկայ այսօր...

Յարմար... յարմար... այդ բառին վրայ են աչքերս, կարծես ատկէ պիտի գտնեմ ելքը։ Բառէն լոյս չի ծագիր, բայց ուրիշ բան մը կը յայտնուի։ «Յ» տառին վրայ սրբուած ու նորէն գրուածի հետքեր կան... Հըմ, յայտնապէս ուղղագրութեան մէջ փայլուն չէ։ Թերեւս «հ»ով գրած ու յետոյ շտկած ըլլայ։ Պատճառ մը աւելի, որ հաւատամ թէ իսկական «քոյր հոգին» է, քանի որ ես ալ ուղղագրութեան մէջ տկար եմ։ Օննիկը, որուն շարադրութիւնները ես կը գրեմ, անսխալ ուղղագրութիւն ունի, մինչ իմ տետրակիս մէջ կարմիրով սրբագրութիւնները կը վխտան եւ նոյն կարմիր մատիտով հայերէնի ուսուցիչը վճռած է իմ մասիս.– «Լաւ պանիր, գէշ տիկի մէջ»։
Բերդը գրաւուած է ուրեմն։ Կը մնայ արժանաւորապէս վայելել յաղթանակին պտուղը։ Դարձեալ կը յիշեմ մեր պարոն Իւլիպէյեանը, որ պատմական խօսքերու անսպառ պաշար մը ունէր եւ միշտ մեծ մարդիկը վկայութեան կը կանչէր, հաստատելու համար իր ըսածները։ Առաջին կիսամեակին, երբ Օննիկը դարձեալ խլեց առաջնութիւնը, ըսաւ.– «Նայինք պիտի կրնա՞ս պահել դիրքդ։ Մեծն Աղեքսանդր ըսած է՝ քաղաք մը գրաւելը աւելի դիւրին է քան գրաւելէ ետք պահելը...»։

Մեծն Աղեքսանդրի դժուարութիւնները իմս են հիմա։ Ո՞ւր տանիլ, ո՞ւր երթալ, ո՞ւր գտնել հանելուկային այդ «յարմարը», որ աչքերս կը փնտռեն ահա երկնակամարին մէջ, աստղերէն թաքստոց պաղատելով...

*****

Բայց գրուած է, որ առաջին սէրերը տեղ չեն հասնիր, եւ հասնելու պարագային, հազուադէպ է որ լաւ վերջանան։ Եւ առաջինը ըլլալնուն համար իսկ, կը մնան մաքուր ու երազային, քաղցր թախիծի մը մշուշներուն մէջ յամեցող վերջալոյսներուն նման...

Թանձր խաւերով իրարու վրայ դիզուած տասնամեակներու յատակէն – փոշոտած ալպոմներու կոյտ – սահելով դուրս ինկած լուսանկարներ կան, Մարսիլիայի տանիքին վրայ...
Հալէպի աստղազարդ երկինքը, մտերիմ խորհրդական, մէկիկ մէկիկ կը յիշեցնէ ապա առաջին սէրս, տագնապներս ու ապրումներս։ Եւ այն օրերը, այսինքն գիշերները։ Եւ մինչ այս տողերը կը գրեմ, աչքերս բնազդաբար վեր կը նային, երկինքը գտնելու պատրանքով... Ճերմակ ձեղունը կայ գլխուս վրայ...
Խառնակ ու պարզ, մթին ու լուսաւոր, տխուր եւ ուրիշ օրեր։ Եւ ինչ խոհեր։ Իրարմէ անջատ, իրարու անծանօթ, անհաղորդ եւ խորթ կերպարանքներ, ճակատագրի ինչ խաղով առնչուած են իրարու եւ չեն բաժնուիր իրարմէ։ Կեանքի ուղիներ, որոնք զուգահեռական ըլլալնուն երբեք պիտի չհանդիպէին իրարու, բայց յանկարծ իրար կը խաչաձեւեն եւ իրարու մէջ կը լուծուին...

Ահա նոր թաղուած Վահան քեռին եւ Փաթէ սինեմային մէջ ճառախօսող Սարգիս Տխրունին։ Ոչ մէկ կապ ունէին ու իրար չէին ճանչնար։ Բայց եղաւ այնպէս, որ Տխրունին ալ շուտով զոհ երթայ նոյն եղբայրասպան գնդակին – «Կոտրտի՜ն, կոտրտի՜ն» – որպէս փոխվրէժ նախորդին, այդպէս ալ բացումը կատարելով ոճիրներու շարքի մը, որուն չարաշուք շղթան պիտի հասնէր մինչեւ ներգաղթի օրերը, ու դեռ տասնամեակ աւելի ետքը, մինչեւ 1958ի Լիբանանի ապստամբութեան օրերը, հայոց գերեզմանատան մէջ աւելցնելով նոր շիրիմներ...
Բայց այդ բոլորը պատահեցան Պէյրութի մէջ։ Ինչ լաւ որ Հալէպ քաղաքը զերծ մնաց այդ ամօթանքէն։ Այնտեղ, երբեք կաթիլ մը հայու արիւն չթափեցաւ հայու ձեռքով – եւ ոչ ալ արաբի ձեռքով, ու «քրիստոնեայ» Պէյրութին ներկայ պատկերը տեսնելէ ետք՝ պէ՛տք է որ գրուի ու մնայ այս մէկը – եւ այդպէս ալ ինծի համար մնաց երազային Հալէպը։ Իսկ Վահան քեռին եւ Սարգիս Տխրունին մտածումիս մէջ անբաժան են իրարմէ։ Բացուող ու գոցուող պատուհանի մը երկու փեղկերն են անոնք, մութ ու ցուրտ սենեակի մը վրայ – տեղն է ըսել դամբանի մը վրայ – իրարու դէմ, բայց իրարմէ անխզելի...
................................................................................................................................
Ու յետոյ, սեւ գոգնոցով, ճերմակ օձիկով եւ կարմիր ժապաւէնով աղջիկը, եւ անփոխարինելի ընկերս, Օննիկը...

Անոնց ճակատագիրները եւս, իրարմէ հեռու, բազում ելեւէջներէ ետք, օր մը, խաչաձեւուեցան, եղերականօրէն խզուելէ առաջ...
Կեանք կոչուող այս բեմադրութեան մէջ, դերակատարները որքան ալ լաւ պատրաստած ըլլան իրենց դերերը, որքան ալ ճարտար, ի վերջոյ ճակատագիրն է բեմադրիչը...
.................................................................................................................................
Մարսիլիայի երկինքէն ու աստղերէն եւ շատ կանուխէն՝ կազմուեցաւ իմ մէջ կեանքի որոշ ըմբռնում մը, որ տարիներուն հետ հասունցաւ եւ արմատացաւ...
Լուսաբացը չէր որ այնտեղ կ՚աւետէր առաւօտը, այլ վարէն լսուած կանչ մը – հալի՜պ...
Կաթնավաճառն էր...
Կաթին ջուր չէին խառներ։ Եւ հալիպի պէս անարատ էր Հալէպը, իմ օրերուս...


Շար . 13
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝