Յայտարարութիւն

Thursday, August 20, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ-14-ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

ԷՏԻՊ ՊԷՅ

Կապո՜յտ-կապոյտ աչքեր, բաց-խարտեաշ մազեր, կարագի գոյնով մորթ մը եւ մաքուր, ողորկ երեսներ։ Ո՞ր աշխարհէն կրնայ եկած ըլլալ նման արարած մը։ Շուէտ-Նորվեկիայէն կամ Ռուսաստանէն։
Ոչ, Էտիպ պէյը իսկական թուրք մըն էր ու եկած էր ուղիղ Սթանպուլէն։

Միջակէն քիչ մը վեր հասակով, երեսունի վրայ, բարեձեւ, կիրթ, ազնիւ անձնաւորութիւն մը, որ իսկոյն համակրանք եւ վստահութիւն կը ներշնչէր իր վարուելակերպով։ Ինք մինակ չէր Հալէպի մէջ գործունէութեան ասպարէզ փնտռող թուրք արուեստագէտներու փաղանգին մէջ։ Հողը բերրի էր։ Շատեր կու գային, երբեմն խումբով, յաճախ առանձին։ Արուեստագէտներու անվերջ երթեւեկ մը կար Թուրքիայէն Հալէպ։ Երգչուհիներ, նուագողներ, դերասաններ կու գային, քանի մը ամիսով ելոյթներ կ՚ունենային ու կ՚երթային, նոր եկողներուն տեղ տալով։

Հիմա, շուրջ վաթսուն տարիներ ետք, անհաւատալի կրնայ թուիլ, որ Մեծ Եղեռնէն հազիւ տասնամեակ մը անց, ջարդերէն վերապրողներով կազմուած գաղութի մը մէջ թուրք արուեստագէտներ գան եւ գործեն, առաւել եւս անըմբռնելի՝ որ այդ թուրքերը գրկաբաց ընդունուին հայերու կողմէ, բայց իրողութիւն է որ կու գային անոնք եւ յուսախաբ չէին մեկներ։

Քսանական թուականներու Հալէպին մէջ փողոցը միայն թուրքերէն կը լսուէր, քիչ անգամ հայերէն։ Եւ որովհետեւ արաբները բառ մը թուրքերէն չէին գիտեր, տեղւոյն անծանօթ մէկը կրնար խաբկանքը ունենալ թէ կը գտնուի Թուրքիոյ քաղաքներէն որեւէ մէկուն մէջ։ Հարկ եղաւ որ տասնամեակ մը բոլորուի, որպէսզի թրքախօսութիւնը մասամբ նահանջէ կեդրոններէն եւ ամփոփուի քաղաքին ծայրամասը, զուտ հայաբնակ շրջանի մը մէջ, որ կոչուեցաւ Նոր Գիւղ, բաղկացած մեծաւ մասամբ կիլիկեցիներէ։ Եւ թրքախօսութիւնը հոն ալ որջացաւ ու յաւերժացաւ։ Հետզհետէ բացուող ազգային վարժարանները, շրջանաւարտներու շարաններով, անզօր մնացին արմատախիլ ընելու այդ ախտը, որուն դէմ բուժիչ աւազան մը պիտի չկրնալ ըլլալ նոյնիսկ... Հայաստանը, ինչպէս պիտի տեսնէինք...

Լեզուին հետ կը շարունակուէին որոշ թրքական բարքեր եւ այլանդակ սովորոյթներ։ Ոչ մէկ նշանակութիւն ունէր թէ նորածին մը մկրտութեան աւազանին մէջ կնքուած ըլլայ Յակոբ կամ Յովսէփ։ Մեծնալէ ետք անիկա պիտի կոչուէր Եաղուպ կամ Եուսուֆ, նկարչագեղօրէն բնորոշիչ մակդիրն ալ վրան.– Լանղըր Եաղուպ, Թավիլ Եուսուֆ, Բարթըղ Միսաք։ Միսաքը եթէ Միսաք մնացած էր թուրքերէն համապատասխանը չունենալուն, բայց անկասկած որ «Բարթըղ»ը Բարսեղեանին թրքացումն էր...

Երկար տարիներ Նոր Գիւղ բնակած ըլլալուս, ինքնաբերաբար սորված եմ թուրքերէնը, առանց ճիգի, եւ կրնամ սահուն կերպով խօսիլ։ Կուսակցական խումբերու ժողովներն անգամ յաճախ թուրքերէնով կ՚ըլլային։ Ընդհանրապէս բարեհամբոյր եւ գործունեայ մարդիկ – մանաւանդ աշխատասէր եւ հաշուագէտ – բայց ոմանց մօտ թրքականութիւնը լեզուէն անդին, աւելի խորունկ հետքեր եւս ի յայտ կը բերէր։ Օրինակ մը։
Ընկեր մը, որուն յանձնուած է ձեռքի տակէ զէնքեր գնելու գործը, զեղծումի մը ամբաստանութեան տակ է։ Հարիւր քսան ոսկիով առնուած տասնոցի մը համար, երկու հարիւր ոսկիով հաշուեցոյց ներկայացուցած է եւ գանձած։ Քննութիւն, հետապնդում, դատավարութիւն, պատիժ։ Ենթական լուռ է իր յանցապարտ վիճակին մէջ, բայց ուրիշ մը օգնութեան կը հասնի, կէս-կատակ կէս-լուրջ.
– Նէ վար քի, ընկեր, պալ սաթան պարմաղընը եալար... Ինչ կայ որ, ընկեր, մեղր ծախողը մատը կը լիզէ...
Քառասուն տարիներ ետքն ալ դեռ կը խոկամ այս պատկերաւոր – ու տեղին է ըսել մեղրածոր – տրամաբանութեան վրայ...

Պատկեր մը եւս։ Ամառ իրիկուն մըն է, նստած եմ տախտակէ պզտիկ պատշգամիս ու կը կարդամ։ Դիմացը, նեղլիկ փողոցին գետնայարկի դրան առջեւ, ցած աթոռներու վրայ նստած են հայր մը, մայր մը եւ իրենց տասնըվեցամեայ աղջիկը, Ատրինէն։ Ատրինէն այս տարուան մեր շրջանաւարտներէն է, հիանալի արտասանող մը, եւ քանի մը օր ետք, ամավերջի հանդէսին, պիտի արտասանէ Սիամանթոյի Սուրբ Մեսրոպը։ Իրեն տուած գիրքս ծունկին վրայ, լուռ կը սերտէ։ Իսկ հայրն ու մայրը բարձրաձայն կը խօսին, անշուշտ թրքերէն, բացարձակապէս հաշուի չառնելով մատղաշ աղջիկը։ Ի՞նչ կը խօսին։ Ատրինէն նշանելու խնդիր մը կայ։ Երկու թեկնածուներ ունին, Լեւոն մը եւ Գրիգոր մը։ Լեւոնը աւելի ունեւոր է, բայց արհեստը մաքուր չէ, մաքինիստ է։ Գրիգորը դերձակ է, բայց նիւթապէս տկար, թէեւ սեփական տուն ունի։ Ո՞ր մէկուն տան։ Կը բաղդատեն, կը վերլուծեն, նժարները վեր-վար կ՚ընեն։ Ընթերցումս առկախած, վերի անկիւնէս կը հետեւիմ անոնց զրոյցին։
Կը մտածեմ։ Գիրքին վրայ հակած Ատրինէին մտածումները ո՞ւր են այդ պահուն։ Սուրբ Մեսրոպի՞ն հետ, մաքինիստ Լեւոնի՞ն թէ դերձակ Գրիգորին...
Կը մտածեմ։ Եթէ այս նոյն պարագային մէջ գտնուէր Արեւմտեան Հայաստանէն ընտանիք մը – Խարբերդէն, Վանէն, Արաբկիրէն – ինչպէ՞ս կ՚ըլլար։ Կ՚ըլլար այսպէս։ Հայրը՝ աղջիկէն գաղտնի պիտի խօսէր մօրը հետ, մայրը՝ հօրը բացակայութեան պիտի շօշափէր աղջկան միտքը, եւ այդ բոլորը՝ ծածուկ, ամօթխած, կէս բառերով։ Իսկ հոս, մաքինիստ-դերձակ թեկնածուները բարձրախօս կը հրմշտկեն Սիամանթօն, դեռատի աղջկան ուղեղին մէջ...

Դեռ բաղնիքի գայթակղութիւն մըն ալ գիտեմ, եւ այդ մասին արձանագրութիւններ կան կուսակցութեան արխիւին մէջ։ Բարեբախտաբար սաղմին մէջ խեղդուեցաւ ու չկրկնուեցաւ, բաղնեպանին տրուած խիստ ազդարարութեան մը շնորհիւ։ Դարձեալ նշանտուքի պատմութիւն մը, ուր խնամի երկու կողմերը, հանդերձ ընտանեօք եւ համայն պարագայօք – երկսե՜ռ...– իրենց հաշւոյն կը վարձեն Նոր Գիւղի թրքական միակ բաղնիքը, «աղջիկտեսի» արարողութեամբ...

Ցանկա՜մ տեսնել զիմ Կիլիկիա...


Շար .14
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝