Յայտարարութիւն

Friday, August 21, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ -15- ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Պատանեկան միութեան անդամ արձանագրուելէ անմիջապէս ետք, գաղափար մը յղացայ։ Եթէ Ամերիկայի գիւտը Գոլոմպոսին կը պատկանի, իմս է նաեւ հետեւեալ սխրագործութիւնը, որ աւելի ետքը տպագրեալ քարթերով ալ տարածուեցաւ եւ ընդհանրացաւ։
– Թուրքերէն մի՛ խօսիր։
– Ինչո՞ւ...
– Յիշէ՛ մէկ միլիոնը...
Ճերմակ մեծ խաւաքարտի մը վրայ Արտաշէս Ուզունեանը գծագրեց խոշոր կարմիր գիրերով, Գեղամ Գառնիկեանը գեղեցիկ շրջանակ մը տրամադրեց ձրիաբար, եւ ապակիի տակ առած բերինք կախեցինք Ճըտէյտէի ակումբին սրահը, մուտքի դրան վերեւ։
Բժիշկ Թորոս Պասմաճեանը, կուսակցութեան այն օրերու միապետը, երբ տեսաւ, հարցուց խիստ շեշտով մը.
– Ո՞վ շինազ բերազ կախազ է ասիկա այստեղ...
– Մենք, Պատանեկան միութեան վարչութիւնս։
Անորոշ ծամածռութիւն մը ըրաւ, բայց չառարկեց, այլ միայն փիլիսոփայեց իր սկսնակ հայերէնով.
– Աղէկ, ամմա... Բայս եթէ ոմանքները հայերէն չեն խօսիր, ըսել է թէ անոնք խալիս հայեր չե՞ն...
Ի դէպ, այս մարդը օր մըն ալ խզուեցաւ կուսակցութենէն, նոյնիսկ պարսաւի գրքոյկ մըն ալ հրատարակեց կուսակցութեան դէմ, այս նոյն ոճով, ուր կը փայլին, շարք մը լեզուական այլ գոհարներու հետ, իր այդ հռչակաւոր «ոմանքները»...
...............................................................................................................................
Եկաւ ուրեմն նաեւ Էտիպ պէյը, թուրք արուեստագէտներու շարանին հետ։ Թէեւ Էտիպ պէյը ոչ դերասան էր, ոչ երգիչ, ոչ նուագող, բայց ստիպուած ենք զինքն ալ դասել թուրք արուեստագէտներու շարքին, քանի որ միջազգային մամուլը □ազնուական արուեստ□ որակած է կռփամարտը, չես գիտեր հեգնա՞նքով թէ համոզումով։
Էտիպ պէյը պօքսի ուսուցիչ էր եւ թեկնածու աշակերտներ կը փնտռէր։

Քառասուն Մանուկ եկեղեցիին մօտիկ, անել փողոցի մը մէջ հնչակեաններու ակումբը կար, որուն գետնայարկի սրահը, ցերեկը մանկապարտէզ, դպրոցէն ետք տրամադրուած էր Էտիպ պէյին, որպէսզի հոն ընդունի եւ մարզէ իր ապագայ ախոյեանները։ Փողոցի մուտքին, եռոտանիով մը կանգուն տախտակի մը վրայ, խնամով ու ճաշակով շարուած էին Էտիպ պէյի լուսանկարները պօքսի տարազով, այսինքն մինչեւ մէջքը մերկ եւ զանազան տպաւորիչ ձեւերու մէջ։ Տեղ մը՝ ձախ բռունցքը քիթին վրայ, իսկ աջ թեւը հորիզոնական, անհունօրէն երկարած, սոսկալի հարուած մը կու տար անտեսանելի հակառակորդին, որ նման տիրեքթ մը ընդունելէ ետք զարմանալի չէր որ լուսանկարէն դուրս ինկած ըլլար։ Ուրիշ տեղ մը, գործի վրայ էին երկու բռունցքները վերէն ու վարէն, կարկուտային հարուածներով, յայտնապէս հակառակորդը «մշակելու» վրայ։ Ուրիշ մը, գլուխն ու մէջքը ետ-ետ ծռած, մրցորդին թափը ամլութեան մատնելէ ետք, գոհունակ կը սպասէր։ Բայց բոլոր նկարներուն մէջ, պաշտպանողական թէ յարձակողական, աչքերը կը մնային անփոփոխ – տենդավառ, խստաբիբ, վրէժխնդիր։ Ով ալ եղած ըլլար Էտիպ պէյին դիմացինը, թերեւս կարենար տոկալ հարուածներուն, բայց անկարելի է որ չընկճուէր շանթահարիչ այդ նայուածքէն...

Արդէն հինգ-վեց հոգի արձանագրուած էին, երբ ես ալ ներկայացայ եւ շուտով մեր թիւը հասաւ տասի, որմէ ետք սկսան դասընթացքները։ Մարզաթոշակը ամսական մէկ մէճիտ էր, կանխիկ, ինչ որ կը համապատասխանէ, ներկայ դրամներով, երեք-չորս տոլարին։ Առաջին դասը կազմեց տեսական գիտելիքներու շուրջ պզտիկ դասախօսութիւն մը, որուն հիմնական միտքը հետեւեալն էր.– Կռփամարտի մէջ, բռունցքով կը կռուին, բայց կը յաղթեն... ոտքով։ Սրունքները շատ կարեւոր են, թեւերուն չափ, անոնցմէ աւելի։ Ուրեմն պէտք է արագաշարժ ճկունութիւն մը տալ սրունքներուն...

Յետոյ «խայալ պօքս»ի ցուցադրութիւն մը ըրաւ մեզի։ Մինակը անտեսանելի հակառակորդի մը դէմ կռուեցաւ ամենայն եռանդով։ Հարուածեց, հարուածներ ստացաւ, նահանջեց, յարձակեցաւ, բոլոր վիճակներուն համապատասխան կեցուածքներ ընդունելով, ինչպէս եւ դէմքի արտայայտութիւն։ Փողոցին բերանը ցուցադրուած լուսանկարներուն շարժանկարն էր պարզապէս։ Շլացած, կը դիտէինք։

Երկրորդ դասին, պատուիրած էր որ միասին ունենանք հինգ մեթր երկայնութեամբ պարաններ եւ սկսանք բակին մէջ աղջիկներու պէս «չուան ցատկել»։ Ծիծաղելի էր ընդհանուր տեսարանը դուրսէն դիտողին համար։ Տասնեակ մը պատանիներ, խիստ լրջութեամբ, աղջիկի խաղ մը կը խաղան։ Բայց Էտիպ պէյ կարեւորութիւն չէր տար խնդուքներուն, ակումբին վերի յարկի պատշգամէն դիտողներու կատակներուն։ Ֆիլհարմոնիք նուագախումբի մը ղեկավարին պէս, լուրջ ու հանդիսաւոր, չափ կու տար մեզի, հետզհետէ արագացնելով կշռոյթը, լման կէս ժամ, բոլորս ուժասպառ ընելու աստիճան։ Երբ վերջացաւ, հասկցանք թէ այո, սրունքները դեր մը պիտի ունենան մեր ապագայ ասպարէզին մէջ...

Երրորդ օրը աւազով լեցուն պարկ մը կախուած էր սրահին մէջ, եւ կարգով կը մոլեգնէինք հարուածներ տալով պարկին։ Էտիպ պէյ կը հսկէր, բացատրելով թէ ինչպէս պէտք է ծալլել չորս մատները եւ բթամատը ինչպէս փակել անոնց վրայ։ Եղունգները պէտք է կարճ կտրուին – կրնան մխրճուիլ ափերուն։ Բազուկին ուժ տալէ առաջ՝ խիստ պրկել բռունցքները – դաստակի ոսկորը կրնայ վնասուիլ, եթէ թոյլ բռունցքով հարուածենք։ Ակռաները սեղմուած պահել եւ լեզուն միշտ ներս պահել – եթէ ոչ՝ անակնկալ հարուածի մը տակ, «քը՛րդ», մենք մեր լեզուն կը կտրենք մեր ակռաներով...

Այս բոլոր դասերուն ու փորձերուն կը հետեւէինք պատրաստակամութեամբ, բայց մեր ուշն ու միտքը ուրիշ տեղ էր, հոն, անկիւն մը, սեղանի մը վրայ երկու տուփերու մէջ հանգչող նոփ նոր երկու զոյգ պօքսի ձեռնոցներուն։ Ե՞րբ պիտի հագնէինք։ Ես կը մօտենայի անոնց, կը շօշափէի փափուկ կաշին, բամպակի պէս կակուղ ուռեցքները, կը քսէի այտերուս։ Հաճելի բոյր մը ունէր մորթի պէս բարակ կաշին։ Ե՞րբ պիտի գար ատոնց կարգը։ Էտիպ պէյ տեսնելով մեր անհամբերութիւնը, կը կրկնէր.
– Եավաշ, եավաշ, տահա վագըթ վար... Կամաց կամաց, դեռ ժամանակ կայ...

Վերջապէս եկաւ մեծ օրը։ Պիտի կռուէինք ձեռնոցներւվ։ Թէեւ մեր եռանդը պաղեցնող յայտարարութիւն մը ըրաւ Էտիպ պէյ, բայց առաջին պահերու խանդավառութեան մէջ չզգացինք դրուած պայմանին ծանրութիւնը։ Կաշիէ այս բռունցքները Եւրոպայէն բերել տուած է յատկապէս մեզի համար։ Շատ սուղ կ՚արժեն եւ շուտ կը մաշին։ Ատեն մը վերջ պէտք պիտի ըլլայ նորերը բերել։ Հետեւաբար, ով որ ուզէ հագնիլ եւ անոնցմով փորձ ընել, իւրաքանչիւր խաղի պէտք է վճարէ քառորդ մէճիտ...

Կաշեզինուած առաջին կռիւս կէս մնաց ու վերջացաւ արիւնով։ Ուժգին հարուած մը ստացայ քիթիս-բերնիս, եւ քիթս առատօրէն սկսաւ հոսիլ, պզտիկ աղբիւրի մը պէս։ Պէտք եղաւ խաղը դադրեցնել, կարգ տալու համար ուրիշ զոյգի մը։ Բայց այդ օրէն սկսեալ, ձեռքս միշտ քիթիս էր։ Կը ճմլէի, կը ճմռթկէի, կռճիկ մասերը կը ճնշէի, արմատէն ամուր բռնած՝ քիթս աջ-ձախ կ՚օրօրէի, որպէսզի առաձգական դառնայ, չկոտրուի եւ ծուռ մնայ։
– Աջդ լաւ է, բայց ձախդ պէտք եղածին պէս չի գործեր,– ըսաւ Էտիպ պէյ,– աջով կռուողներուն համար ձախը գոնէ պէտք է կատարէ պաշտպանութիւնը։
Յաջորդ փորձերուն գոհ էր ինձմէ։ Պատահեցաւ նոյնիսկ որ փորձէ մը ետք, մրցորդս փոխուի ու ես դարձեալ շարունակեմ ուրիշի մը հետ։ Կամաց-կամաց աստղս կը բարձրանար։ Այլեւս քիթս չարիւնեցաւ։ Ձախս իր դերին մէջ էր, իսկ աջս քանի մը քիթեր արիւնեց։
– Լաւ միջակ ծանրութիւն մը կրնաս ըլլալ,– ըսաւ Էտիպ պէյ։

Բայց քառորդ մէճիտը քիչ մը սուղ էր քանի մը վայրկեան ծեծելու թէ ծեծուելու համար։ Այնպէս որ, քանի մը անգամ փորձելէ ետք, հրաժարողներ եղան եւ խումբը հետզհետէ նուազեցաւ։ Մնացինք չորս-հինգ հաւատացեալներ Էտիպ պէյին շուրջ։ Ինքն ալ նախկին կորովը եւ բծախնդրութիւնը ցոյց չէր տար արդէն։ Տարուած էր մասնակի գործով մը։ Շաբաթ մը բացակայելէ ետք քաղաքէն, յանկարծ յայտնուեցաւ, կերպարանափոխուած, զգայացունց լուր մը տալու համար Պէյրութէն դարձին։ Իր նախաձեռնութեամբ, առաջին անգամ ըլլալով Հալէպի մէջ տեղի պիտի ունենար պօքսի մեծ մրցում մը։ Պիտի ճակատէին Լիբանանի ախոյեան Ստեփանը եւ հիւսիսային Սուրիոյ ֆրանսական բանակի ախոյեան սերժան Ֆրանսուան։

Վարձուեցաւ քաղաքին մեծագոյն սրահը, սինեմա Օրիանթալը։ Պատերուն վրայ փակցուցինք Ստեփանին մեծադիր նկարները, սպառնալից, երկու ռումբերու պէս կաշեպատ բռունցքներով։ Էտիպ պէյ Պէյրութէն հետը բերած էր։ Ֆրանսացիին նկարը չունէինք։ Էտիպ պէյ ըսաւ թէ ճամբան է, շուտով կը հասնի։ Միշտ զբաղած էր, տեւաբար շարժումի մէջ եւ գործէ վրայ։
– Գուզուլարըմ պէնի եալընըզ պուրագմային... Գառնուկներս, զիս առանձին մի թողուք...
Յաճախ կը կրկնէր այդ խօսքը։ Միս մինակը գլուխ կը հանէր այդ մեծ ձեռնարկը եւ օգնողներու պէտք ունէր։ Մասնաւորաբար ինծի պէտք ունեցաւ, ծանուցումներուն եւ տոմսերու տպագրութեան ատեն, Հալէպի միակ հայկական տպարանին, բանաստեղծ Բիւզանդ Թօփալեանին մօտ։ Բիւզանդին կրտսեր եղբայրը, Համբարձումը դպրոցական ընկերս էր եւ այդ կապին շնորհիւ Էտիպ պէյ կրցաւ բոլոր ապսպրանքները տպարանէն դուրս հանել, մրցումէն ետքը վճարելու խոստումով։
Մուտքը բաւական սուղ էր։ Իսկ երեք կողմերէն պայտաձեւ լօժերով սրահը գրկող օթեակները, չորս հոգիի համար, կ՚արժէին մէկ օսմանեան ոսկի։ Էտիպ պէյ անձամբ կը հսկէր տոմսերու վաճառումին եւ ամէն գիշեր կ՚երթար կիշէէն գանձել ծախուածներուն գումարը։ Մինչեւ մրցումին օրը, բոլոր տոմսերը սպառած էին ու դեռ պահանջ կար։
Ուրբաթ իրիկուն մը կայարան գացինք Էտիպ պէյին հետ դիմաւորելու Ստեփանը եւ պանդոկ տարինք։ Շաբաթ գիշեր տեղի կ՚ունենար մրցումը ու դեռ ֆրանսացին մէջտեղ չկար։ Էտիպ պէյ յայտնեց թէ նոյն օրը կը հասնի Գամիշլիէն, օդանաւով։ Եւ Շաբաթ ամբողջ օրը չտեսնուեցաւ, զբաղած ըլլալով երեկոյթի առաջին մասին կարգադրութեամբ։ Արդարեւ, պօքսի մրցումէն առաջ արաբ երկու ըմբիշներ պիտի գօտեմարտէին, եւ անոնց հետ խնդիր մը ունէր Էտիպ պէյ։ Իրողութիւնը այն է, որ զինք տեսանք բեմին ետեւ միայն այն ատեն, երբ ըմբշամարտը սկսելու վրայ էր, բերնէ բերան լեցուն սրահի մը առջեւ։ Ֆրանսացին չկար...
Խուճապահար դէմք մը ունէր Էտիպ պէյ եւ տաք խօսակցութեան մէջ Ստեփանին հետ, գլխու եւ թեւերու յուսահատական շարժումներով։ Բաւական երկար տեւեց իրենց խորհրդակցութիւնը։ Ատենը մէկ մեր կողմը կը նայէին, ու դարձեալ կը շարունակուէր տագնապալի փսփսուքը երկուքին միջեւ...
Մենք, Էտիպ պէյին աշակերտներուն մնացորդացս, գործի վրայ էինք բեմին ետեւ։ Ճշդուած էին մեր դերերը։ Ըմբշամարտը աւարտելէ անմիջապէս ետք, պէտք է ոլորէինք ու անհետացնէինք բեմին վրայ փռուած հաստ գորգը, աթոռներ զետեղենք աջ ու ձախ, մաքուր ջուրով լեցուն երկու դոյլեր աթոռներուն քով, անձեռոցներ, ալքոլի շիշ մը, բամպակ...
Երկար տեւեց Էտիպ պէյ-Ստեփան խորհրդաւոր թաքնազրոյցը եւ ի վերջոյ միասնաբար եկան մեր քով, երկու հակառակորդներու պէս, որոնք իրենց տարակարծութիւնը հաշտութեամբ լուծելէ ետք, միացեալ ուժերով կ՚երթան երրորդի մը հետ հաշիւ մաքրելու։
Արդարեւ, մէկուն հաշիւը պիտի մաքրուէր, եւ այդ մէկը ես էի...
Սերժան Ֆրանսուան հեռագրած էր թէ կամքէ անկախ պատճառով մը պիտի չկրնայ Հալէպ գալ եւ ներողութիւն կը խնդրէր այս ակամայ խանգարումին համար։ Երկուքը միասին յարմար կը տեսնեն, որ Ստեփանին դէմ ելլողը... ես ըլլամ...

Զգացի թէ կը գունատիմ։ Ստեփա՜նը... ինձմէ առնուազն տասը տարիով մեծ, շքեղ կազմով փառաւոր մարդ մը, մէջքին՝ չորս մատի լայնութեամբ կարմիր գօտին, որուն վրայ ճերմակ գիրերով կը փայլէր ֆրանսերէն «Շամբիօն տիւ Լիպան»ը... Հազիւ կը լսէի ինծի ըսուածները։ Ականջներս կը բզզային, կարծես մեղուներ մտած ըլլային այնտեղ...
– Ճանըմ կէօզիմ Անդրանիկ, գուրթար պենի... հոգիս-աչքս Անդրանիկ, փրկէ զիս...
Էտիպ պէյն էր, ողորմուկ եւ աղաչական։
– Մի վախնար, ծօ՛, չեմ ցաւցներ, մի վախնար...
Ստեփանն էր, համոզկեր եւ սիրալիր...

Ժամանակ չեղաւ որ ես այո կամ ոչ ըսեմ։ Ստեփանը անհետացաւ, միւս կողմէն բեմ մտնելու համար, մինչ գորգը վերցուած էր եւ աթոռներն ու դոյլերը կը զետեղուէին բեմին երկու ծայրերը։ Էտիպ պէյ արագ-արագ կօշիկներուս կապերը կը քակէր եւ հետը բերած թենիսի ոտնամանները կը հագցնէր։ Վարտիկս քննեց, եւ փոխելու պէտք չտեսաւ։ Մինչեւ մէջքս մերկ, արդէն կաշիները կը կապէին ձեռքերուս...
– Հայաթըմ էլինտէ՜ տիր... Կեանքս ձեռքիդ մէջ է...
Այս ողբերգական խօսքէն ետք, Էտիպ պէյ բեմ կը մտնէ, երկու թեւերը պարզած լռութիւն կը պահանջէ սրահէն եւ կը յայտարարէ.
– Հիւսիսային բանակի ախոյեան սերժան Ֆրանսուան հեռագրով իմացուց, թէ պիտի չկրնայ գալ։ Անոր տեղ Լիբանանի ախոյեանին դէմ կ՚ելլէ իմ լաւագոյն աշակերտս...
Սուլոցներու եւ բողոքի ձայներու փոթորիկ մը պատասխանեց իրեն։ Պոռչտուքներ, հայհոյանքներ,– «Դրամնե՜րը, դրամները ետ կ՚ուզենք»։ Էտիպ պէյ միշտ հանդարտեցնող շարժումներով եւ անայլայլ ժպիտներովը յաջողեցաւ առաջին պոռթկումը մեղմացնել, եւ մէկ թեւը պարզած դէպի ձախը, գոչեց.
– Մեծ պօքսէօր Ստեփա՜ն, Լիբանանի ախոյեանը։


Շար. 15
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝