Յայտարարութիւն

Saturday, August 22, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ-16-ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Ցատկելով բեմ մտաւ Ստեփան, եւ երկու թեւերը գլուխէն վեր իրարու միացուցած, երեք անգամ թօթուելով ողջոյն տուաւ սրահին ու գնաց նստաւ աթոռին։ Իր փայլուն տեսքը տպաւորութիւն գործեց եւ սրահը լռեց։ Էտիպ պէյ ինծի նշան կ՚ընէր որ առաջանամ, բայց ես տեղէս շարժած չունէի։ Ինք եկաւ քուլիսներուն մէջ, թեւէս ամուր մը ճանկեց ու տարաւ բեմին կեդրոնը եւ ամբողջ ուժով պոռաց.
– Անթօ՜նիօ՜... Հալէպի ախոյեանը...
Անունիս եւրոպական երանգ մը տալով, կը կարծէր մասամբ արժեւորել իր աշակերտը, բայց ոչ միայն օգուտ չըրաւ, այլ հակառակ արդիւնք տուաւ, քանի որ ալեկոծեալ սրահի խորքէն արաբ տղու մը կանչը լսեցի, շատ յստակ.
– Քեզզէ՜պ... հետէ մալ ուաթանի... Սո՜ւտ, ասիկա տեղական ապրանք է...
Ես ալ իմ կարգիս աւանդական ողջոյնը տուի թեւերս բարձրացնելով, բայց իմս, ողջոյնէ զատ ամէն բանի կը նմանէր։ Աջ արմուկովս աւելի դէմքս կ՚ուզէր ծածկել։ Գացի գրաւեցի աթոռս։
Սրահը դեռ հանդարտած չէր։ Մեծամասնութիւնը արաբներէ կը բաղկանար, բայց բաւական հայեր ալ կային։ Ընկերներէս Յարութիւնը եւ Արիսը ճանչցայ, նաեւ Համբարձումը, որուն երկու տոմսեր ապահոված էի։ Ամէնէն առջեւի շարքին վրայ կային Մալիկեան եղբայրները, որոնց պզտիկը, Գէորգը, այժմ Ճորճ՝ դասընկերս էր եւ միասին շրջանաւարտ եղանք։
Մեր տեղերն ենք երկու մարտիկներս։ Էտիպ պէյ վերջապէս յաջողած է խաղաղեցնել փրփրած սրահը, վարպետ գազանազուսպի մը պէս։ Հիմա իրաւարարի դերին մէջ է, սուլիչը բերնին – զանգակ չունինք – եւ Ստեփանին ու ինծի նշան կ՚ընէ որ քովը երթանք։ Կ՚երթանք։ Մեր ձեռնոցները կը շօշափէ շատ լուրջ եւ ցուցական կերպով – կարծր բան մը պահած չըլլանք – չեմ յիշեր, ինչ պատուէրներ կու տայ ցուցամատը մեր վրայ շարժելով, ու կը դառնայ սրահին.
– Մրցումը տասը ռաունտ է, իւրաքանչիւրը երկու վայրկեան։
Մեր տեղերն ենք դարձեալ։ Յանկարծ, սկսելու սուլիչը։
Սորված բոլոր ձեւերս կ՚ընեմ Ստեփանին վրայ եւ ճամբաս բաց է։ Իր հարուածները ուսերուս վրայէն կը սահին կ՚անցնին, իսկ իմիններս տեղ կը հասնին։ Բայց... այս դիւրին ընթացքը զիս աւելի կը վախցնէ։ Կը նմանիմ մէկուն, որ մութին մէջ հաստատ գետինէն կը քալէ, բայց վախը կ՚ապրի վայրկեանէ վայրկեան փոսի մը մէջ իյնալու։ Յանկարծ կը յիշեմ Էտիպ պէյին առաջին պատուէրը. – «Բռունցքով կը կռուին, բայց ոտքով կը յաղթեն»։ Ուրեմն ուժ տանք սրունքներուն։ Քանի Ստեփանը մօտենայ, ես կը խուսափին, մէկ կողմէն միւսը կը ցատկեմ։ Կատարեալ փախուստ մը, մինչ Էտիպ պէյ կը մռլտայ ակռաներուն մէջէն.
– Եագլաշ, օղլում, եագլաշ, քաչմա... Մօտեցիր, տղաս, մօտեցիր, մի փախիր...
Իսկ Ստեփանը ջղայնացած կը փսփսայ, ակռաներուն մէջէն.
– Ծօ մի փախիր, զարկ կ՚ըսեմ, զարկ...
Սուլիչ։ Առաջին ռաունտը վերջացաւ։ Աթոռիս վրայ շնչասպառ կը հանգչիմ, հարիւր մեթր վազքին մասնակցած մարզիկի մը պէս։ Թաց անձեռոցով մարմինս կը շփեն, մէկը հով կու տայ գլխուս, իսկ սրահին խորէն, նոյն արաբ տղուն ձայնը ընդհանուրին տիրապետող գոռոցով.
– Ֆի թա՚լիթ... հետէ թա՚լի՜թ... Խարդախութիւն կայ, ասիկա սուտ խաղ է...
Սուլիչ։ Երկրորդ ռաունտն է ու գտած եմ ինքզինքս։ Ստեփանին հրաւէրները անպատասխան չեմ թողուր։ Ինքն է որ պաշտպանողականի մէջ է եւ հրաշալիօրէն կը կատարէ իր դերը։ Իր թեթեւ հարուածները ուսերուս եւ անութներուս կու գան, իսկ ես ցուցադրելու վրայ եմ Էտիպ պէյին «խայալ պօքս»ի բոլոր ձեւերը, որոնք կը տպաւորեն։ Հարուածներուս խուլ ձայները կ՚արձագանգեն Ստեփանին թաց կուրծքին վրայ եւ քանի մը ծափեր... ի նպաստ ինծի։ Ձայներ կը լսեմ.
– Եալլա՜ Անթօնիօ...
Ուրիշ ձայն մը.
– Իքսոր ռասօ լէ հէյ լիպնէնի... Կոտրէ այս լիբանանցիին գլուխը...
Սուլիչ։ Դադար։ Սուլիչ։
Երրորդ ռաունտը կը սկսի «եալլա՜ Անթօնիօ»ներու փոթորիկով մը։ Իսկ ես առիւծ կտրած եմ այլեւս, սրահը ինծի հետ է եւ յաղթանակը անկարելի չէ։ Յաջողած եմ ծնօտին հատ մը տեղաւորել, դաւադիր, գէշ հարուած մը, որուն վրայ Ստեփանը այլեւս չի քաջալերեր զիս, այլ միայն կը պաշտպանուի։ «Անթօնիօ՜»ները թեւ կու տան ինծի եւ կրկնելու վրայ եմ սխրագործութիւնս... երբ... չեմ գիտեր ինչ պատահեցաւ... ու չեմ յիշեր թէ ինչ եղայ։ Գիտցածս այն է, որ աջս Ստեփանին ծնօտին էր... իսկ հիմա նստած եմ աթոռիս... Էտիպ պէյը պզտիկ ապտակներ կու տայ այտերուս, ուշքի կը բերէ կրկնելով.
– Նեֆես ալ... տերի՜ն, տերի՜ն... Շունչ առ, խորո՜ւնկ, խորո՜ւնկ...
Աւելի ուշ, օրեր ետքը, Յարութիւնին զաւեշտական ձեւերէն կը հետեւցնէի պատահածը։ Ոտքի կ՚ելլէր, երկու թեւերը վար կախած, աչքերը գոց, ողորմելի, ապուշ դէմք կը շինէր, կեցած տեղը կը տատանէր, կ՚օրօրուէր ու կը գոչէր.
– Հալէպի շամփիօ՜նը... Անթօ՜նիօ...
Այո, Ստեփանին մէկ հատիկ հարուածը քունքիս – «Աղբարիկ, իրաւ կ՚ըսեմ, ամուր չզարկի», կը կրկնէր ետքէն – ուշակորոյս ըրած էր զիս, բայց Էտիպ պէյ ճիշդ ատենին սուլած եւ թեւանցուկ տարած էր տեղս, թոյլ չտալով որ իյնամ։ Ու հիմա, քիչ մը կ՚երկարէր դադարը, որպէսզի ինքզինքս գտնեմ «տերին-տերին» շունչ առնելով...
Սկսաւ չորրորդ ռաունտը, բայց ոչ ինծի համար։ Մինչ Ստեփանը ոտքի ցատկած կ՚առաջանար, ես ալ ոտքի ելայ, եւ փոխանակ իրեն ընդառաջելու... մտայ քուլիսներուն մէջ, ի սպառ լքելով ռազմադաշտը եւ հրաժարելով կանխաւ ինծի շնորհուած «Հալէպի ախոյեանութենէն»...
Սրահը ալեկոծեցաւ դարձեալ, աներեւեկայելի վայնասուններով։ Սուլոցներ, աթոռի հարուածներ, չպատմուելիք քաոս մը։ Էտիպ պէյ նախատեսած ըլլալու էր այդ մէկն ալ։ Անմիջապէս լոյսերը մարեցան եւ սկսաւ... սինեման աշխատիլ, որպէս հատուցում բորբոքած ժողովուրդին...
Մութին մէջ գտայ կօշիկներս, աճապարանքով հագուեցայ եւ աննշմար, ճամբաս գտայ դէպի սինեմային դուռը։ Կամացուկ դուրս սպրդեցայ։ Հազիւ քանի մը քայլ առաջացած էի փողոցին մէջ, երբ ձեռք մը զգացի ուսիս։ Ստեփանն էր։
– Ո՞ւր է Էտիպ պէյը...
– Չեմ գիտեր, ներսը ըլլալու է...
– Ներսը չկայ...
Գացինք Ստեփանին պանդոկը եւ հոն սպասեցինք Էտիպպէյին։ Չեկաւ։ Մենք ելանք փնտռելու։ Սինեման փակուած էր։ Տարօրինակը այն է, որ հակառակ ամիսներէ ի վեր Հալէպ գտնուելուն, չէի գիտեր թէ ուր կը բնակի Էտիպ պէյը։ Իրեն հետ մեր հանդիպումները տեղի կ՚ունենային կամ սրճարանը, կամ ակումբը։ Յաջորդ օրը, Կիրակի, մէկիկ մէկիկ շրջեցանք Հալէպի բոլոր պանդոկները։ Չկար։
– Վախնամ խաղի մը եկանք,– ըսաւ Ստեփան, եւ որպէս վերջին յոյս, իրեն հետ գացինք Պապ էլ Ֆարաճի կեդրոնական ոստիկանատունը։ Քոմիսէրին ցոյց տուաւ ախոյեանական գօտին, որ տպաւորութիւն գործեց,։ ինչպէս նաեւ Պէյրութի մէջ կնքուած պայմանագրութիւնը, որով Էտիպ պէյ կը խոստանար քսան օսմանեան ոսկի վճարել Ստեփանին, յաղթէր թէ պարտուէր, յաւելեալ՝ պանդոկի եւ այլ ծախքերը։
– Գէշը այն է որ,– ըսաւ ոստիկանապետը,– Հալէպը սահմանագլուխ չէ եւ անցագիր չեն պահանջեր մեկնած ատեն, եթէ շոգեկառքով գնաց։ Ամէն պարագայի, հեռագիր մը ընել կու տամ սահմանին։ Բայց չեմ կարծեր որ շոգեկառք առնէ։ Նման ճարպիկ քեռաթա մը Ազէզի կողմէն կ՚երթայ մեքենայով, եւ ժամուան մը ճամբայ է...

Երկու օր մնաց Ստեփանը Հալէպ։ Չգտանք։ Էտիպ պէյը լուծուած էր մայր բնութեան ծոցին մէջ...
– Ա՜խ, մէյ մը ձեռքս անցնի այդ վարնոցը,– միշտ կը կրկնէր Ստեփան...– մէյ մը ձեռքս անցնի...
Միայն ես եղայ զինք ճամբու դնող։ Մեկնած պահուն ըսաւ.
– Եթէ կրնաս, հասկցիր թէ իրապէս սերժան Ֆրանսուա մը կա՞յ գործին մէջ։ Իր ըսած հեռագիրն ալ չտեսայ։ Ես ատանկ մէկը չեմ լսած...
Ես չկրցայ ստուգել «սերժան Ֆրանսուա»յին ով ըլլալը, ըլլալը կամ չըլլալը։ Ուրիշ մտահոգութիւններ ունէի։ Գողի պէս կ՚անցնէի տպարանին առջեւէն, եթէ անկարելի ըլլար ճամբաս փոխել։ Բիւզանդը կատղած էր Համբարձումին եւ ինծի դէմ։ Հազարաւոր թռուցիկներ, պատերու մեծադիր աֆիշները, տոմսերը... թուղթին դրամը անգամ իրմէ կ՚երթար։ Համբարձումը պատժուեցաւ, երկու շաբաթ գրպանի դրամէ զրկուելով։ Ինծի կը մնար շալկել ընկերոջս պաղպաղակները եւ Շաբաթ օրուան սինեման։
Անգամ մը դէմ դիմաց եկայ Բիւզանդին, փողոցը։ Խուսափիլ կարելի չէր։ Չտեսնելու զարնելով, իբրեւ թէ շատ կ՚աճապարեմ, գլուխս կախ՝ արագ մը պիտի սպրդէի քովէն, բայց կեցուց.
– Հոս եկուր, հոս, մի փախիր... քեզի ալ դաս մը պէտք էր Համբարձումին պէս, որ սորվիս թուրքերուն երաշխաւոր ըլլալը... Բայց ինչ որ է, իմացայ որ արդէն դասդ տուեր են սինեմային մէջ...
Խնդաց երջանիկ ու շարունակեց ճամբան։


Շար . 16
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝