Յայտարարութիւն

Sunday, August 23, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ-17-ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Էտիպ պէյ անգամ մըն ալ չանցաւ Ստեփանին ձեռքը, բայց գրուած է եղեր, որ անցնի իմ ձեռքս, աւելի ճիշդը՝ ես իյնամ անգամ մը եւս իր ճանկը։

Իմ պատմական պօքսի մրցումէս եւ անփառունակ ախոյեանութենէս անցած էին ուղիղ տասը տարիներ, օրը օրին։ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի նախօրեակին էր։ Ֆրանսան, ի վարձ մօտալուտ պատերազմին մէջ Թուրքիոյ բռնելիք «չէզոք» դիրքին, անոր շնորհած էր Սուրիոյ պատկանող Սանճաքի հողամասը։ Հայերը զանգուածաբար դուրս կու գային թրքական բանակին մուտքէն առաջ։ Ամէնէն կարեւոր հատուածը, Ճէպէլ Մուսայի հայութիւնը, օր առաջ պարպած էր գիւղերը ու եկած թափուած էր Լաթաքիոյ մօտիկ, Պասիթ կոչուող ծովափը, անկէ նաւերով Պէյրութ փոխադրուելու համար, իսկ Ալեքսանտրէթի եւ շրջակայ աւաններուն հայութիւնը կը տեղափոխուէր Հալէպ, ցամաքի ճամբով։

Գացի Պասիթ, Առաջնորդարանին տրամադրած դեղօրայքի սնտուկը տեղ հասցնելու։ Այդ գործը կրնար ուրիշ մըն ալ ընել, բայց ես կ՚ուզէի անձամբ տեսնել իրենց վիճակը։ Քառասուն օրերու հերոսական գոյամարտով պատմութիւն կերտած ժողովուրդ մը, ահա քառասուն օրերէ ի վեր ամայի ծովեզերքի մը վրայ, ջուրէն դուրս նետուած ձուկերու հոգեվարքով կը տագնապէր։ Մանաւանդ կ՚ուզէի գիտնալ թէ ինչ վիճակի մէջ է Եդուարդը, որ ինծի համար գրչի կրտսեր եղբայր մը չէր միայն, այլ նաեւ մտերիմ սրտակից մը, պէտք էր ըսէի բախտակից մը, քանի որ միասնաբար կը բաժնէինք Ճեմարանէն կանխահասօրէն «վկայուելու» պատիւը...
Գացի, եւ գացած չըլլայի։

Անհուն աւազուտքի մը վրայ – ճերմա՜կ, մաքո՜ւր, փոշի շաքարի պէս անաղարտ աւազներ – ծովափի մը երկայնքին փռուած են յանպատրաստից հարիւրաւոր վրանները, կռնակ տուած աստիճանաբար բարձրացող եւ հետզհետէ ցանցառ ծառերով անտառի մը վերածուող բլրակներու կողին։ Գիշերը հեղեղային անձրեւ մը տեղացած է անընդմէջ եւ բլուրներու կարմիր հողը մածուցիկ ցեխի մը վերածելէ ետք, քշած է դէպի ծով, անցքին վրայ անխնայօրէն թաթաւելով ամէն ինչ – վրանները, հագուստները, մարդիկը, տնային իրերը – ամէ՛ն ինչ...
Ու հիմա Պասիթ հասած պահս, Օգոստոսի տաք արեւ մը կը չորցնէ տղմաթաթաւ այդ աշխարհը, ուր մարդիկ կը շրջին գիշերէն փախած ուրուականներու պէս, անթիւ մանուկներ ճչալով կը վազվզեն մէկ տեղէն ուրիշ տեղ, ամէն կողմէ ծուխեր կը բարձրանան, կ՚ոլորուին, իրարու կը խառնուին, չես գիտեր վրաններուն առջեւ վառող օճախներէ՞ն, թէ թաց լաթերուն վրայ բարկ արեւին առաջացուցած թանձր գոլորշիներէն... Եւ անծայրածիր իր աւազուտքին աւազի բոլոր հատիկները մէկ գիշերուան մէջ ճանճերու վերածուած ըլլան կարծես... Ճանճերու ձեղուն մը կայ գլխուս վրայ երբ կը քալեմ, ճանճերու հովանոց մը բացուած է մեր վերեւ երբ կ՚ողջագուրուինք Եդուարդին հետ...

Եթէ չամչնամ, հոտ պիտի թողում դեղերու սնտուկը, իսկոյն նետուիմ ինծի սպասող մեքենան ու փախուստ տամ դժոխային այդ վայրէն, բայց ամօթ է, պէտք է մնամ ատեն մը, մասնակցիմ իրենց անկարելի կեանքին գոնէ մէկ օր։ Իրենք ամիսէն աւելի է ապրած են այդպէս, եւ ով գիտէ դեռ որքան պիտի սպասեն նաւերուն, որոնք կու գա՞ն թէ չեն գար, քանի որ վայրկեանէ վայրկեան պատերազմը կրնայ պայթիլ – երկու օր ետք՝ իրապէս պիտի պայթի պատերազմը, Սեպտեմբեր 1ին – եւ ընդհանուր զօրակոչի թոհուբոհին մէջ մխրճուած Ֆրանսան ժամանակ պիտի գտնէ՞ մեր խլեակներով զբաղելու...
Պէտք է նոյնիսկ ճաշի նստիլ իրենց հետ, բաժնել ծառի մը տակ սփռոցին վրայ դրուած հացը, իւրաքանչիւր պատառը պաշտպանելով ճանճերու խուժումին դէմ...
.................................................................................................................................
Բայց հիմա Պասիթ չենք, այլ բաց դաշտին մէջ, Թուրքիոյ հետ նորոգ սահմանագլուխ դարձած կէտ մը, ուր կ՚ընդունինք Ալեքսանտրէթի գաղթականները։ Բուն սահմանագլուխը չորս-հինգ քիլոմեթր անդին է, Պապ էլ Հավա կոչուած վայրը, ուր քանի մը տուներ կան եւ աղբիւր մը, Հալէպի եւ Անտիոքի կէս ճամբուն։ Սուրիա եկող հայերը կը կեդրոնացուին Հալէպ, բայց տեղ հասնելէ առաջ մեր կայանին մէջ գործողութիւն մը կայ։ Տպագրեալ հարցարաններով կ՚արձանագրուին անուն մականուն, ընտանիքի անդամներուն թիւը, տարիքները։
Կարեւոր են այս արձանագրութիւնները։ Ֆրանսական իշխանութիւնները խոստացած են նիւթական հատուցում ընել Սանճաքը լքող հայերուն եւ ատոնք հիմք պիտի ծառայեն։ Պէյրութի Ընդհանուր Ապահովութեան գրասենեակէն խումբ մը պաշտօնեաներ եկած են եւ կը կատարեն այդ գործողութիւնը։ Իւրաքանչիւր ընտանիքի պետ պէտք է անձամբ ներկայանայ եւ տայ մնացեալներուն անունները։ Չորս-հինգ վրաններ հաստատած ենք, աթոռ սեղան դրած, բայց տաժանելի է աշխատանքը։ Թուղթերը հաստ են, երեք պատճէններով կ՚ըլլան եւ մելան մատիտը խիստ ամուր պէտք է ճնշէ, որպէսզի տակի երկու պատճէններուն վրայ ածուխի բարակ թուղթը լաւ դրոշմէ։ Գրողներուն մատները, մանաւանդ ցուցամատը, արիւնելու աստիճան կը վիրաւորուին։ Քաղաքէն քաուչուկէ մատնոցներ բերել տուած ենք, բայց կրկին չարչարալից է աշխատանքը։ Երեք օր կը տեւէ այսպէս։

Պաշտօնեաներուն գործը մասամբ մենք կը թեթեւցնենք, փոխն ի փոխ անցնելով սեղաններուն առջեւ։
Հոտ է որ, լռին մեղսակցութեամբ մը անոնք թոյլ կու տան, որ քիչ մը խարդախենք, ի նպաստ մեզի։ Կ՚ըլլայ այսպէս։ Պոչ բռնած շարքէն մարդ մը մտաւ։ Անուն մականուն գրեցինք.
– Քանի՞ զաւակ ունիս։
– Երկու մանչ, մէկ աղջիկ։
– Քանի՞ տարեկան։
– Աղջիկս 13, տղաքը 7 եւ 2։
Իսկ ես կը գրեմ – աղջիկը 19, տղաքը 17 եւ 15։
Որովհետեւ, 14Էն վարերը կրտսեր համարուելով, ճշդուած գումարին կէսը պիտի ստանան։ Թող երթան աւելի առնեն։ Ֆրանսական կառավարութիւնը չի սնանկանար...
Տարիքները աճեցնելու այս գործին վրայ եմ, երբ կը նկատեմ որ պաշտօնեաներուն պետը, Հանրի անունով լիբանանցի պատուական երիտասարդ մը, որուն ցուցամատը վիրակապի մէջ է արդէն, հասկցած է խաղս։ Կեղծ բարկութեան շեշտով մը կ՚ըսէ.
– Գործդ լաւ չես ըներ։ Ելիր որ տեսնես թէ ինչպէս կ՚ըլլայ։
Ինք կ՚անցնի տեղս եւ կը սկսի նոր մտնողի մը հետ։ Անուն մականուն։
– Քանի՞ զաւակ ունիս։
– Մէկ տղայ մը, 8 տարեկան։
– Չի՜ կրնար ըլլալ... քեզի պէս առողջ մարդ մը պէտք է շատ աշխատի եւ շատ զաւակներ ունենայ...
– Ճշմարիտ կ՚ըսեմ, մէկ հատ է...
– Սուտ խօսելու պէտք չկայ։ Դուն երկու զաւակ ունիս, մէկը մանչ, մէկը աղջիկ, երկուքն ալ 15 տարեկան, քանի որ... երկուորեակ են։

Այդպէս ալ կը շարունակուի։ Լուրը շուտով կը հասցնեմ միւս վրաններուն։ Իրենց պետին օրինակով, եւ Հալէպէն նոր հասած սնտուկ մը ուիսքիին եւ բլուր մը սառի կոյտերուն շնորհիւ՝ պաշտօնեաները այնպէս մը կը դասաւորեն, որ Հալէպ անցնող երեք-չորս հազարին վրայ հազար մը եւս աւելնայ մեր թուղթերով, որոնց մէջ անչափահասներուն թիւը շատ քիչ է...

Այդ աշխատանքին մէջ ենք ուրեմն, որ աւարտելու վրայ է։ Մնացած է վերջին կարաւանը, Գրըք Խանէն գալիք տասնեակ մը բեռնատար մեքենաներ, որոնք դեռ կ՚ուշանան։ Կէսօրին պիտի հասնէր կարաւանը, ու դեռ չէ եկած։ Մինչեւ հիմա թուրքերուն կողմէ խանգարիչ արարք մը չտեսնուեցաւ, բայց չես գիտեր թէ վերջին պահուն ինչ կրնայ պատահիլ վերջին կարաւանին հետ։ Մտահոգ ենք։ Մանաւանդ որ Պապ էլ Հավայի թուրք պահականոցին եւ մեր միջեւ հաստատուած դաշտային հեռաձայնը լուռ կը մնայ։ Պատասխան չենք ստանար։

Գի՞ծը խանգարուած է, թէ մասնաւոր կ՚ընեն։ Երբ գործդ թուրքին հետ է, լա՞ւ թէ վատ կռահումներու մէջ տարուբեր, ներելի է միշտ գէշին հակիլ...


Շար . 17
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝