Յայտարարութիւն

Monday, August 24, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ -18- ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Կէս գիշերը անցած է ու դեռ ոչ մէկ ձայն հեռախօսէն կամ... գետինէն։ Որովհետեւ, մեր մէջ հողէն լուր սպասողներ կան։ Մէկը վար ծռած է, ականջը գետինը, պնդելով որ այդպէս մեքենաներուն դղրդիւնը աւելի շուտ կ՚առնենք քան հեռաձայնէն։ Սինեմայէն սորված ըլլալու է...

Սպասումը մտալլկիչ է այլեւս։ Պէտք է բան մը ընել, բայց ի՞նչ։ Մեզի հասցէ մը տրուած է Պէյրութ, հեռախօսի թիւ մը եւ անուն մը.– «Թուրքերու կողմէ յարուցուած դժուարութեան մը պարագային՝ իսկոյն հաղորդել այս հասցէին»։ Բարձր քոմիսէրութեան պաշտօնական թուղթին վրայ է մեքենագրեալ այդ գրութիւնը, կնիք եւ ստորագրութիւն կայ, բայց նաեւ ձեռագրով աւելցուած է տակը.– «Միայն լուրջ դէպքերու եւ բացայայտ գրգռութեանց պարագային»։ Այդ նպատակով մեր տրամադրութեան տակ կը սպասեն ջոկատ մը ֆրանսացի զինուորներ, անթել հեռագրի գործիքներով, բայց դեռ պէտք չեն ունեցած իրենց։ Կարաւանին ուշանալը կրնա՞նք «լուրջ դէպք» մը համարել։

Աշխատողներ շատ ունինք, բայց Ատուր Լեւոնեանին եւ Գառնիկ Ազիրեանին հետ մեզի, երեք հոգինոց յանձնախումբի մը վստահուած է պարպումի գործը եւ մեզի կը մնայ որոշում տալ։ Կը գտնենք որ կանխահաս է դեռ Պէյրութ լուր տալը – հակառակ որ Հանրին կողմնակից է որ իմացնենք–, բայց բան մը պէտք է ընել վերջապէս։ Գառնիկն է լուծումը գտնողը.
– Եթէ մէկդ ընկերանաք ինծի, ես պատրաստ եմ Պապ ալ Հավա երթալու եւ իրենց հարցնելու։
Ատուր Լեւոնեանը կտրուկ կը մերժէ։ Այնթապի կռիւներուն ղեկավարը եղած է, եւ խոհեմութիւն չէ իր կողմէ, շաբաթէ մը ի վեր թրքական հռչակուած հողի մը վրայ երթալ թուրք զինուորներուն հետ տեսնուիլ։ Ինծի կը մնայ ընկերանալ Գառնիկին։

Մտածումը միշտ գործին միացնող մարդ – երբեմն նաեւ գործը մտածումէն առաջ անցընող, աւաղ, ինչպէս ցոյց կու տային առեւտրական իր ելեւէջները, հակառակ ձեռներէց ոգիին եւ բացառիկ աշխատասիրութեան – Գառնիկը մեքենային մէջն է արդէն, ես ալ քովը։ Մեկնելէ առաջ Ատուրին կը յանձնեմ քովս մնացող Բարձր Քոմիսէրութեան պահարանը ու կը համաձայնինք.– Եթէ մինչեւ մէկ ժամ չվերադարձանք, լուր կու տայ Պէյրութ եւ կը պարզէ կացութիւնը։

Հազիւ քանի մը վայրկեան կը տեւէ Պապ էլ Հավա հասնիլը։ Ինքնաշարժին մէջ լոյսերը բաց են եւ երկու կողմի պատուհաններէն մեր թեւերը դուրսն են, ձեռքերնիս մէկական ծփացող թաշկինակ։ Յուշիկ կ՚առաջանայ Գառնիկ եւ կանգ կ՚առնէ սուինաւոր հրացանը մեզի ուղղած պահակ զինուորին առջեւ, որ կը պոռայ.
– Քի՞մ սինիզ... Ո՞վ էք...
– Ձեր պետին այցելութեան եկած ենք,– կ՚ըսէ Գառնիկ մաքուր թուրքերէնով։
Զինուորը, առանց խօսելու եւ տեղէն շարժելու, հրացանով ցոյց կու տայ ճամբուն եզերքը գտնուող շինութիւն մը ու վար կ՚իջնենք։ Միջին տարիքի զինուորական մըն է մեզ դիմաւորողը, հարիւրապետի աստիճանով, սիրալիր, ժպտուն, կարծես անհամբեր սպասուած հիւրեր ըլլանք։ Ներս կը հրամցնէ, սուրճ կը պատուիրէ եւ մեզմէ առաջ ինք կը սկսի խօսիլ.
– Գիտեմ, գիտեմ... Բայց մտահոգուելու պատճառ չկայ... այդ խեղճերուն մեքենաներէն երկուքը աւրուեր են ճամբան եւ շինուելուն կը սպասեն... Լուր ղրկեցի, որ եթէ շինուելիք բան չէ, նոր մեքենաներ բերել տան Անտիոքէն... Հոգ մի ընէք, մինչեւ առաւօտ կը հասնին...
Յետոյ դուրսը սպասող պահակներէն երկու զինուորներ կը կանչէ.
– Ահմէ՛տ, Հասա՛ն, քանի մը տակառներու մէջ ջուր հաւաքեցէք, այդ խեղճերը երբ հասնին, օլուխ-չօճուխ ծարաւ կ՚ըլլան, մեղք են...

Ետքէն պիտի իմանանք թէ կաթիլ մը ջուր չեն տուած ժողովուրդին, որ լման տասնըհինգ ժամ կրակ արեւին տակ խանձուած են խոպան դաշտի մը մէջ։ Թոյլ չեն տուած նոյնիսկ մեքենաներէն վար իջնել պաղուկ աղբիւրին մօտ։ Երբ հասան մեր կայանին, մէկ բառ միայն կը լսէինք ամէն կողմէ.– «Ջո՜ւր, ջո՜ւր...»։
Բայց հիմա քաղցր սիրալիրութեամբ կը զրուցենք։ Գառնիկին թուրքերէնը անթերի է եւ խօսակցութիւնը վարողը ինքն է։ Պահ մը ձեւը կը գտնէ ու կը փսփսայ ականջիս.
– Անդին կեցող մարդը ինչո՞ւ այդպէս կը նայի քեզի...
Սպային հետ նստած ենք սեղանի մը շուրջ։ Սեղանին վրայ քարիւղի լիւքս մը կայ, որուն լոյսը կիսամութի մէջ կը թողու բաւական ընդարձակ սենեակին միւս մասերը, ուր մարդիկ կան, մահճակալներու վրայ նստած կամ պառկած։

Առանց աճապարելու, իբրեւ թէ երկու ձեռքով մազերս յարդարելու համար կամաց մը կը շտկուիմ եւ Գառնիկին ըսած կողմը կը դառնամ։ Այդ դիրքով դէմքս աւելի կը լուսաւորուի եւ ստուերին մէջէն մէկը կու գայ վրաս.
– Վա՜յ կէօզիմ-ճանըմ Անդրանիկ, վա՜յ, սէ՞ն մի սին... Վա՜յ աչքս-հոգիս Անդրանիկ, Դո՞ւն ես...
Էտիպ պէյն է...
Նոյն բարեձեւ Էտիպ պէյը, իրեն շատ վայելող սպայի տարազով, մէջքին, գօտիէն կախ տուած ատրճանակ, ուսերուն աստիճանաւորի նշաններ։ Անկեղծ է իր ուրախութիւնը։ Ես ալ կը փոխադարձեմ իր ողջագուրումներուն, ի մեծ զարմանք Գառնիկին որ չի հասկնար։
– Քատրի պէյ,– կը դառնայ Էտիպ պէյ հարիւրապետին,– այս պայան Անդրանիկը իմ սիրելի պզտիկ եղբայրս է – «սեվկիւլի քիւչիւկ քարտաշմ» – շատ լաւութիւններ ըրած է ինծի, ասլան տղայ է...
«Եւ Հալէպի Շամփիօնը»՝ ըսելս կու գայ, բայց կը զսպեմ, մանաւանդ որ հարիւրապետը լուրջի առած է լսածները եւ հանդիսաւորութեամբ կը ճառէ.
– Սխալ կ՚ընէք, սխալ։ Հայերը պէտք չէ լքէին Սանճաքը։ Հին պատմութիւնները պէտք է մոռցուին... Ինչ լաւ կ՚ըլլար եթէ մնային, եղբօր պէս կ՚ապրէինք... Հիմակուան մեր կառավարութիւնը սուլթաններու Թուրքիան չէ, կարգ ու կանոնը եւ արդարութիւնը կը տիրէ... Անգամ մը եւս կը խաբուիք այս փեզեվենկ եւրոպացիներու խոստումներէն եւ տուն տեղ ձգած մուհաճիր կը դառնաք...

Ի՜նչ ապերախտութիւն։ Այդ նոյն եւրոպացիներուն շնորհիւ եկած նստած է հոտ եւ կը հայհոյէ անոնց հասցէին...
Մարդը շատախօսին մէկը կ՚երեւի։ Այդ եղանակով կը շարունակէ նուագել, իսկ ես կամաց-կամաց Գառնիկին ունկնդիր ձգելով իրեն, Էտիպ պէյին հետ քիչ մը քովնտի, իրարու որպիսութիւն կը հարցնենք։
– Ուրեմն բանակին մէջ ես հիմա,– կ՚ըսեմ իրեն։
– Ոչ, զինուորական հագուստիս մի նայիր, ես զինուոր չեմ, նշանակուած եմ Հաթայի մարզական քոմիսէր։
Հաթայը՝ թուրքերուն կողմէ Սանճաքին տրուած նոր անունն է։
– Շատ գործ կայ ընելիք,– կը շարունակէ Էտիպ պէյ, շա՜տ։ Առաջին գործս պիտի ըլլայ ֆութպոլի լաւ խումբ մը կազմել եւ Հալէպի ձեր խումբին հետ հանդիպումներ ունենալ, կարելի է, չէ՞...
– Անշուշտ, անշուշտ, ինչո՞ւ չէ, լաւ կ՚ըլլայ...
Յանկարծ, անակնկալ հարցում մը.
– Ստեփանը կը տեսնե՞ս... ինչպէ՞ս է... Ինչ լաւ տղայ էր...
Ես պատասխան չունիմ։
– Եթէ տեսնես, բարեւ ըրէ... Ամօթ բան եղաւ, գիտեմ... Բայց ժամանակը այդպէս բերաւ...
Մեր ալ ժամանակը եկած էր։ Գառնիկը ժամացոյցին նայելով ոտքի ելաւ։ Բաժնուեցանք սիրով։
Վերադարձի ատեն, Գառնիկը.
– Դուն երբ մարդուդ հետ կը համբուրուէիր, գիտե՞ս զինուորներէն մէկը ի՞նչ կ՚ըսէր քովինին։
– Ի՞նչ։
– Տահա տիւնեատա Անդրանի՞կ մը քալմըշ... Դեռ աշխարհի վրայ Անդրանի՞կ մնացեր է...

Շար. 18

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝