Յայտարարութիւն

Tuesday, August 11, 2009

Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Յովսէփեանց 1

Սիրելի Ընթերցող,

Մեզմէ քիչեր կը ճանչնան Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Յովսէփեանցը:Վաստակաւոր այս հոգեւորականը մեծագործի համբաւին տիրացած է իր կատարած ազգային կարեւոր գործունէութեան համար: Վարագ Աւագ Քահանայ Յովսէփեան՝
Հոգեւոր Հովիւ Գոքինիոյ,Աթէնք, մանրամասն տեղեկութիւն կուտայ այս անխոնջ աշխատող և քաջ Հայրապետին մասին : Յարմար նկատեցինք «ԽՈՐԱՆ» պարբերաթերթէն արտատպել այս յօդուածը ,երկու անգամով ,մեր ընթերցողները մօտէն ծանօթացնելու համար այլ ՄԵԾ ՀԱՅՈՒ մը:

«Նշանակ»

՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝

Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Յովսէփեանց1867-1952

Լման 56 տարիներ առաջ, կեանքի իր գիրքը կը փակէր Կիլիկեան Ա. Աթոռի արժանաւոր գահակալներէն Երանաշնորհ Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Յովսէփեանց:
Աւազանի անունով Գարեգին: Ծնած է 1867 Դեկտեմբեր 17-ին, Հին Արցախի Ղարաբաղի Մելիքութեան Մաղաւուզ գիւղին մէջ: Մանկութենէն սկսեալ մեծցած է եկեղեցական դէմքերու շունչին տակ, որովհետեւ թէ հօրը եւ թէ մօրը գծով ազգական եկեղեցականներ իրենց ամիջական հոգածութեան առարկայ ըրած են փոքրիկ Գարեգինը , որ փոքր տարիքէն վանական կեանքի մասին հետաքրքրութիւն ցոյց տուած է: Մինչեւ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարան ընդունուիլը, պատանի Գարեգինի կրթութեան հոգը յանձն առած է Անտոն Վարդապետ:

Ճեմարանի Մէջ
Անտոն Վարդապետ երբ Էջմիածին կը վերադառնայ, նամակ մը կը գրէ պատանի Գարեգինի հօրը, իր հաւանութիւնը ստանալու համար Գարեգնին Ճեմարանէն ներս ուսանող դառնալուն: Հայրը կ'ընդառաջէ Անտոն Վարդապետի նամակին ու պատանի Գարեգին 1882-ին ճամբայ կ'ելլէ դէպի Գէորգեան Ճեմարան:
Մինչեւ 1890 թուականը, Ճեմարանի դասընթացքները յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, Գարեգին մի քանի այլ ընկերներու հետ միասին կ'ուխտէ նուիրուիլ եկեղեցւոյ ծառայութեան եւ Սարկաւագ կը ձեռնադրուի:

Ուսանող Ի Գերմանիա
1892 թուականին, Ռուսահայոց Բարեգործական Ընկերութեան Կեդրոնական Վարչութեան յատուկ կարգադրութեամբ Գարեգին Սարկաւագին բախտ կը վիճակուիԳերմանիա երթալ` ուսանելու համար: Էջմիածնի օրուան Մեծաւորը համոզելու համար, Օրմանեան Սրբազան շատ կարեւոր դեր մը կը խաղայ, շնորհիւ իր ճարպիկութեան, երբ կը բարեխօսէ Գարեգին Սարկաւագի համալսարան երթալու փափաքին մասին:

1892 թուականի Օգոստոս 3-ին, Գարեգին Սարկաւագ կը հասնի Պերլին եւ հոգեկան անսահման ուրախութեան մէջ կը միանայ իր ընկերոջ` Կարապետ Սարկաւագ Տէր Մկրտիչեանին: Գարեգին Սարկաւագ կ'ընդունուի Լայպցիկի համալսարանէն ներս եւ կը հետեւի հետեւեալ առարկաներու, Պատմութիւն, Մեկնաբանութիւն, Եկեղեցական եւ Դաւանաբանութեան Պատմութիւն, Դաւանաբանութեան Համեմատական Պատմութիւն եւ Գործնական Աստուածաբանութիւն, Հին եւ Նոր Կտակարանի ներածութիւն իսկ յատկապէս Պատմական Աստուածաբանութիւնըկ'ընէ իր ուսումնասիրութեան բուն նիւթը:

Գարեգին Սարկաւագ չորս ու կէս տարի կ'ուսանի Գերմանիոյ երեք համալսարաններուն մէջ: Չորս սիմեսթըր Լայպցիկի, մէկ սիմէսթըր Հալէի եւ չորս սիմէսթըր ալ Պերլինի մէջ: Փիլիսոփայութեան Տոքթորայի քննութիւն կուտայ Լայպցիկի համալսարանին մէջ, իր թէզը պատրաստելով «Մի կամքի վարդապետութեան ծագման պատմութիւնը» նիւթին շուրջ:

Վերադարձ Ի Ճեմարան
Գարեգին Սարկաւագ ուսանողական կեանքի ընծայած բարիքներով օժտուած կը վերադառնայ Ճեմարան, այս անգամ ուսուցանելու քաղցր պարտականութեան լծուելու մտածումը փայփայելով իր մտքին մէջ: Ուստի 1897 թուականի Մարտ ամսուան, ան ճամբայ կ'ելլէ Գերմանիայէն դէպի Ս. Էջմիածին:

Նոյն տարուան Նոյեմբեր 30-ին, կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի եւ ապա կը հրաւիրուի Ճեմարանէն ներս դասախօսելու պաշտօնին երիտասարդական անձորձութեամբ շատ դասեր կը ստանձնէ եւ սակայն հազիւ, երեք տարի ի վիճակի կ'ըլլայ իր ստանձնած ուսուցչական պաշտօնը կատարել: Կը ստիպուի ընդհատել իր ուսումնական աշխատանքը բժիշկին թելադրութեան վրայ եւ Խրիմեան Կաթողիկոսի կարգադրութեամբ կը ղրկուի Թիֆլիս, իբրեւ Առաջնորդական Փոխանորդ:

Առաջնորդական Փոխանորդ Թիֆլիսի Մէջ
Վրաստանի Առաջնորդ Գէորգ Արքեպիսկոպոս Սուրէնեանին յաջորդելու Գարեգին Վարդապետ Յովսէփեան Թիֆլիսի Առաջնորդական Փոխանորդ կը նշանակուի Մկրտիչ կաթողիկոս Խրիմեանի կարգադրութեամբ: Մէկ ու կէս տարի Առաջնորդական Փոխանորդ պաշտօնը կը կատարէ Թիֆլիսի նման մտաւորական մթնոլորտ ունեցող քաղաքի մը մէջ, ու բազմաթիւ շփումներ կ'ունենայ Ղազարոս Աղայեանի, Յովհաննէս Թումանեանի, Նիկոլ Աղբալեանի, Մուրացանի, Բժշկապետ Բաբայեանի, Համբարձում Առաքելեանի եւ այլոց հետ:

Իբրեւ մտաւորական դէմք, Գարեգին Վարդապետ ամէն շաբաթ որոշ օր մը իր մօտ կը հրաւիրէ յիշեալ մտաւորականներն ու գրողները լսելու համար իւրաքանչիւրին պատրաստած դասախօսութիւնը գիտական, գրական կամ հասարական բնոյթ ունեցող խնդիրներու կամ նիւթերու մասին:

Թիֆլիսի Առաջնորդական Փոխանորդի պաշտօնավարութեան շրջանին Գարեգին Վարդապետ լայն ժողովրդականութիւն կը վայելէ իր տուածխորիմաստ քարոզներով եւ դասախօսութիւններով:

Տեսչութիւն Երեւանի Թեմական Դպրոցի
Թիֆլիսի հայաշունչ եւ տաք մթնոլորտին մէջ, մէկ ու կէս տարի վարչական պաշտօն ունենալէ ետք, 1902 թուականին Գարեգին Վարդապետ կը կանչուի Էջմիածին, Խրիմեան Կաթողիկոսին կողմէ: Նոյն տարին կը հրաւիրուի Երեւանի Թեմական Դպրոց Տեսչութեան գործը ստանձնելու, զոր ձեռնահասօրէն կը կատարէ մինչեւ 1905 թուականը, հակառակ այն իրողութեան, որ կրթական այս հաստատութիւնը կռուի բոյն եղած էր անցեալին եւ ամէն տարի տեսչի եւ ուսուցչական կազմի փոփոխութիւնը անհրաժեշտ նկատուած էր Հոգաբարձութեան կողմէ:



Տեսչութիւն Գէորգեան Ճեմարանի
Գարեգին Վարդապետ իր կատարած գործին համար գնահատանքի կ'արժանանայ հրաւիրուելով Գէորգեան Ճեմարանի տեսչութեան պաշտօնին եւ այդ առթիւ կը դասաւանդէ աստուածաբանական ու հնագիտական ճիւղերու յատուկ առարկաները:

1906-1907 տարիներուն յանձն կ'առնէ Ս. Էջմիածնի ԱՐԱՐԱՏ պաշտօնաթերթին խմբագրապետութեան պաշտօնը: Նոյն տարին կը նշանակուի Վանահայր Ս. Հռիփսիմէ վանքին: Կը մասնակցի Գառնիի Տրդատայ պեղումներուն, իբրեւ անդամ Փրոֆ. Նիկողայոս Սառի կազմած գիտական արշաւախումբին:

1911 թուականին կը ճամբորդէ դէպի Երուսաղէմ եւ Կ. Պոլիս, ընկերակցութեամբ նկարիչ Եղիշէ Թադէոսեանի, որ կ'արտանկարէ Ս. Յակոբեանց Վանքի եւ Կ. Պոլսոյ Ազգ. Մատենադարանի կարեւոր ձեռագիրներէն ոմանց մանրանկարները: Նոյն տարին որպէս պատգամաւոր կը մասնակցի կաթողիկոսական ընտրութեան պատգամաւորական ժողովին, որուն ընթացքին զօրաւոր կերպով կը պաշտպանէ Օրմանեան սրբազանի թեկնածութիւնը եւ այդ առթիւ կը հրատարակէ յատուկ գրքոյկ մը:

Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի նախօրեակին կ'անցնի Պերլին, այնտեղ տպագրելու համար իր կարեւոր մէկ գործը, ՀԱՅ ՄԱՆՐԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՔԱՐՏԷՍԸ, որուն համար իբրեւ կանխավճար կուտայ 5000 մարք, դժբախտաբար սակայն, պատերազմը կը պայթի եւ ինք վշտահար սրտով, ամէն բան ձգած Գերմանիոյ մէջ, կը հարկադրուի վերադառնալ Էջմիածին: Վերադարձին դարձեալ Ճեմարանի Տեսուչ կը նշանակուի մինչեւ 1917 թուականը, երբ կը փակուի ան:

Այդ անձուկ օրերուն, Ռուսաստանի Թեմերուն մէջ Ճեմարանի ի նպաստ հանգանակութիւն մը կը կատարէ եւ կը գոյացնէ 180.000 ռուբլի գումար մը:

1917 թուականին, Գարեգին Վարդապետ Եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի Գէորգ Ե. Կաթողիկոսէն, ի վարձատրութիւն իր մատուցած ծառայութեանց. 1918 թուականի Մայիս 23-ին կը մասնակցի Սարդարապատի ճակատամարտին եւ այդ առթիւ իր ցուցաբերած քաջութեան համար շքանշանի կ'արժանանայ Հայաստանի Հանրապետական Կառավարութեան կողմէ:

1920 թուականին կը բացուի Երեւանի Համալսարանը, ուր կը ստանձնէ հայ արուեստի եւ հնագիտութեան ամպիոնին ուսուցչապետի պաշտօնը: 1921-ին կը նշանակուի Խորհրդային Հայաստանի Գիտութեանց Ինստիտուտի գիտնական անդամ, հրատարակելով ԲԱՆԲԵՐ ժողովածուի առաջին մէկ հատորը կաճառի միւս անդամներուն հետ:

1924-ին Էջմիածնի Մայր Աթոռը դարձեալ կը մատնուի նիւթական ծանր կացութեան: Օրուան Կաթողիկոսը իրեն կը վստահի հանգանակութիւն կատարելու պաշտօնը: Գարեգին Եպիսկոպոս կը յաջողի հաւաքել 120.000 ռուբլի, ապահովելով վանքին մէկ տարուան ծախսերը:

1925-ին ամառը կը բարձրանայ Արագածի գագաթը, որուն նկարագրութիւնը կ'ընէ «ԱՐԱԳԱԾԻ ԳԱԳԱԹԻՆ Ի ԽՆԴԻՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ԿԱՆԹԵՂԻՆ» գործին մէջ:

1927-ին, Գարեգին Եպիսկոպոս Առաջնորդ կ'ընտրուի Ռուսաստանի Խրիմի եւ նոր Նախիջեւան թեմին: 1932-ին կը նպաստէ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան, իսկ ինք, իր հերթին կ'ընտրուի գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամ:



Շար. 1
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝