Յայտարարութիւն

Friday, August 7, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ 1 ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Սիրելի ընթերցող,
Ինչպէս խոստացած էինք, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ հայ գրականութեան տիտաններուն ստեղծագործութիւնները, յատկապէս անոնք, որոնք սպառած են եւ այդ իսկ պատճառով մոռացութեան ենթարկուելու վտանգին առջեւ կանգնած։
Մեր յաջորդ թերթօնով պիտի ներկայացնենք սուրիահայ բանաստեղծ, արձակագիր, քննադատ եւ հրապարակագիր Անդրանիկ Ծառուկեանի նշանաւոր «Երազային Հալէպը» գործը։
Այս առիթով, հարկ նկատեցինք մտաւորականին հակիրճ կենսագրականը տալ, Թորգոմ Փոսթաճեանի գրիչով գրուած («Ականաւոր Հայ գրական Դէմքեր», Երեւան, 2006, էջ 148)։

«Նշանակ»

````````````````````````````````````````````````````````````````````````````````````
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ


Ծնած է 1913ին, Կիւրին։ Հայկական Եղեռնի ողբերգութենէն անմասն չմնալով հանդերձ, մահուընէ ազատած է մազապուրծ։ Իր մայրը՝ Երանուհի, աքսորի տաժանելի ճամբաներէն կրցած է ապահով Սուրիա հասցնել երեխան։
1918-1922, փոքրիկն Անդրանիկ կը տեղաւորուի Հալէպի Հայկազեան վարժարանը։
Հայրը՝ Թորոս Ծառուկեան, եղած է հնչակեան հայդուկ մը։ Թուրք ջարդարարի ժանտարմներու դէմ ընդմիշտ պայքարող հերոս մը եղած է ան։ Պատերազմէն ետք ալ, դեռ ուղիղ վեց տարի, Կիւրինի լեռները եւ հովիտները իրեն կռուան եւ ապաստան ըրած՝ ան կռուած է թուրք դահիճներուն դէմ։
Ի վերջոյ բռնուած է եւ բանտարկուած Մարաշի բանտը, ուր եւ նահատակուած է, աշխարհի վրայ միակ ժառանգ թողելով իր տաղանդաշատ որդին՝ Անդրանիկը։
Զարմանալի են կեանքին պարտադրած դէպքերն ու տարօրինակութիւնները։ Ճիշդ այն օրերուն, երբ փոքրիկն Անդրանիկ որբանոցէն դուրս կը հանուի եւ իր վրայէն ընդմիշտ կը հանէ որբանոցի աղքատիկ համազգեստը, Մարաշի բանտէն ազատած եւ Հալէպ հասած մարդ մը այցի կու գայ Անդարնիկի մօրը եւ իր բնակարանը։
Ան կու գայ յայտնելու, որ Անդրանիկի հայրը՝ Թորոս Ծառուկեան, ճանչցուած որպէս հերոս «Չէլօ Թորոս», նոր սպաննուած է Մարաշի բանտին մէջ թուրք դահիճներուն կողմէ։
Հայրը, նախքան իր նահատակութիւնը, խնդրած էր այս հրաշքով ազատած իր բարեկամէն, որ երբ ան ազատի եւ Հալէպ հասնի, անպայման գտնէ իր այրին եւ որդին։ Գրկէ իր որդին կրծքին եւ համբուրէ զինք իր կողմէ։
Անդրանիկի նահատակ հերոս հօր իղձը կը կատարէ բանտակիցը։
Կը պարզուի նաեւ, որ, ինչպէս գրած է ինք՝ Ա. Ծառուկեանը, մինչեւ այն օրը երբ ան որբանոցի մէջ էր՝ որբ չէր, քանի որ հայրը կ՚ապրէր դեռ։ Սակայն յատկապէս այն օրը, երբ որբանոցէն դուրս կ՚ելլէ եւ որբի զգեստները մէկդի կը դնէ, կը պարզուի որ ճիշդ այդ օրն է որ իրապէս որբացած է ան։
Անդրանիկ Ծառուկեան երկրորդական ուսումը ստացած է Պէյրութի նորաբաց Ճեմարանին մէջ, աշակերտելով Նիկոլ Աղբալեանին եւ Լեւոն Շանթին։
Ժամանակ մը վարած է ուսուցչական պաշտօններ Հալէպի եւ Պէյրութի հայկական վարժարաններուն մէջ։
1950 թուականէն ետք, ինքզինք ամբողջապէս նուիրած է «Նայիրի» շաբաթաթերթի հրատարակութեան, խմբագրութեան եւ գրականութեան։
Հրատարակած է հետեւեալ բանաստեղծական եւ գրական երկերը.
«Եղերաբախտ Քերթողներ», «Մոխրամանը» եւ «Առագաստներ» բանաստեղծութիւններու գիրքը։
Ասոնք եղած են իր սկզբնական գործերը։
1946ին հրատարակած է «Թուղթ Առ Երեւան» ընդարձակ պոէման։
1948ին՝ «Հին Երազներ Նոր Ճամբաներ»։
1956ին՝ «Վերջին Անմեղը» (վէպ) եւ «Երազային Հալէպը»։
1983ին «Նոր Հայաստան, Նոր Հայեր»։
1987ին «Սէրը Եղեռնին Մէջ» վէպը։
Ծառուկեանի մահուընէն ետք, իր տիկինը՝ Սօնա Ծառուկեան, լոյս ընծայեց բանաստեղծին մէկ քանի այլ գործերը։
Ա. Ծառուկեան իր մշակած գրական բոլոր սեռերուն մէջ եղաւ իրաւ յայտնութիւն մը։ Գեղարուեստական անթերի արուեստով գրող մը։ Հայ լեզուն գաղտնիք չունի անոր համար։ Ու հայ լեզուն՝ իր գրչին տակ կ՚ապրի միշտ իր փառքը։
Ծառուկեանի ոճը յստակ է, պատկերաւոր, հաղորդական եւ պայծառ՝ իր մտքին պէս։
Անիկա ամէնէն պարզ նիւթերն անգամ գիտէ ճարտարօրէն մշակել ու ներկայացնել զանոնք գրաւիչ եղանակով, գրական արուեստով։





ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ

Ոչ միայն կորսուած-մոռցուած, այլ յիշողութենէ ի սպառ ջնջուած այս լուսանկարին պատմութիւնը այսպէս է։
Կիրակի կէսօրէ վերջ մը – այցելութիւններուն օրը – մայրիկս որբանոց եկաւ, բացառաբար ձեռքերը պարապ։ Միշտ ծրար մը ուտելիք կ՚ունենար հետը։ Այս անգամ բան մը չունէր։ Անմիջական յուսախաբութիւնս կանխեց, ըսելով.
– Հիմա պիտի երթանք նկար քաշուինք, ուզածներդ վերջը կ՚առնենք։
Յետոյ մայրիկէն հրաման առաւ զիս դուրս տանելու։ Նկատեց որ գլխարկս մաքուր չէ եւ ստիպուեցայ Խաչիկին գլխարկը փոխ առնել։ Իմս քանի մը օր առաջ զոհ գացած էր հայ կամաւորական արշաւի մը, թուրք չէթէներուն դէմ։ Այդ խաղին օրէնքը կը պահանջէր որ երկու հաւասար խումբերու բաժնուինք, չէթէները գլխարկի տեղ թաշկինակներ կապեն, քիչ մը մուր քսուին անոնց ճակատին շեշտելու համար դէմքերուն դաժանութիւնը, իսկ կամաւորները իրենց կոտոշաւոր գլխարկները ցցած՝ խոյանան անոնց վրայ եւ ջարդեն։ Ըսելը աւելորդ է, յաղթողը միշտ կամաւորներս էինք, բայց վերջին անգամ չէթէ մը, քիչ մը աւելի սուղ ծախելով կեանքը, գլխարկս խլեց, լաւ մը կոխկռտեց ու յետոյ մեռաւ։
Լուսանկարիչը շատ մը գեղեցիկ հագուստներ ունէր մասնաւոր սենեակի մը մէջ։ Մայրիկս հատ մը զատեց, հագաւ մուշտակաւոր վերարկուն մութ գոյն կտաւէ խեղճուկ շրջազգեստին վրայ, հայելիին առջեւ մազերը սանտրեց ու նստաւ ցոյց տրուած աթոռին, ես ալ քովիկը։
Մարդը մօտեցաւ, շտկեց մայրիկիս գլուխը, ցուցամատին ետեւով թեթեւ մը ծնօտս վեր ըրաւ եւ այդ դիրքով սառեցուց մեզ։ Սկսաւ ձեռքին փայտով ետ-առաջ տեղափոխել ապակեայ ձեղունին տակ քաշուած վարագոյրի շերտերը, դիտեց մեզ, գոհ մնաց լոյսի դասաւորումէն եւ անցաւ եռոտանիին ետեւ, սեւ ծածկոցը գլխուն – «Մի՛ շարժիք, պիտի համրեմ» – մէկ, երկու, երեք՝ վերջացաւ։
Չեմ գիտեր ինչու, առաջին իսկ րոպէին չէի խանդավառուած այս «պատկեր քաշուելու» գործէն։ Թերեւս անոր համար, որ անհամբեր էի որ ժամ առաջ ուտելիքներու շուկան հասնինք։ Բայց տրամադրութիւնս բոլորովին ամպոտեցաւ, երբ տեսայ արծաթէ փայլուն մէճիտները, որոնք մայրիկիս ձեռքէն կ՚երթային լուսանկարիչին։
– Ի՞նչ պէտք ունինք այս պատկերին, ինչո՞ւ համար է,– ըսի դժգոհ, երբ կ՚իջնէինք սանդուխներէն։
– Ետքը կ՚ըսեմ, շատ աղուոր պիտի ելլէ...
Յետոյ ուղղակի գացինք փախլավայի խանութը, կերանք, ուրիշ տեղէ մը պտուղ եւ պանիր գնեց մայրիկս, տախտակէ խոշոր ափսէի մը մէջ զանազան համեղ բաներ պտըտցնող շրջուն ծախողէ մը ոչխարի խաշած լեզու մըն ալ գնուեցաւ իմ փափաքովս – Խաչիկին ապսպրանքն էր վերջին պահուն ականջիս, «Անգամ մը կերած եմ, շատ համով կ՚ըլլայ» – բոլորը թաշկինակի մը մէջ ծրարեց, քառորդ մէճիտ մըն ալ տուաւ – ու բռնեցինք վերադարձի ճամբան, դէպի որբանոց։
Յաջորդ Կիրակի եկաւ, ու միասին բերաւ լուսանկարներու ծրարը։ Վեց հատ էին։ Հատ մը ինծի թողուց ու գնաց։ Ընկերներս հաւաքուեցան շուրջս։ Ձեռքէ ձեռք անցաւ։ Հիացումով կը դիտէին, կը հիանային մայրիկիս ու կը նախանձէին։
– Խանըմի կը նմանի,– ըսաւ մէկը...
– Բարի սամարացիներուն պէս է,– ըսաւ ուրիշ մը, մտածկոտ, որուն ձեռքն էր այդ պահուն պատկերը...
– Հո՛ս տուր, ապո՛ւշ,– բարկացաւ Խաչիկը ու պատկերը խլեց անոր ձեռքէն։ Ատանկ չեն բռներ, կ՚աղտոտի։ Յետոյ զգոյշ, ցուցամատին ու բթամատին մէջտեղ անշարժացուց քարթը եզերքներէն եւ գոչեց.– ահա՛ այսպէս։
Խաչիկն էր լուսանկարին հոգածու պահակը։ Նոյն տարին, երբ դուրս կու գայի որբանոցէն, ըսաւ.
– Ասիկա ինծի տուր, քովս թող մնայ, իմ մայրիկիս կը նմանի։
Եւ կարծելով որ կը տատամսիմ, պէտք տեսաւ համոզել.
– Դուն ուրիշ ալ ունիս, տեսայ մայրիկիդ ձեռքը։
Խաչիկը մէկ թէ երկու տարիով ինձմէ մեծ էր։ Հայր-մայր չունէր, եւ ոչ մէկ ազգական։ Սիրով թողուցի իրեն։
Դուրսը, մեր «տունին» մէջ – տախտակէ խրճիթ մը, վրան ժանգոտ թիթեղներ – այս նկարէն քանի մը հատ կային դեռ։ Բայց ատեն մը ետք, ա՛լ չերեւցան։ Կորսուեցա՞ն, թէ մայրիկս հեռաւոր ազգականներու ղրկեց, չեմ գիտեր։

Շար. 1

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝