Յայտարարութիւն

Wednesday, August 26, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ-20-ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Լութֆի աղան եկաւ շուկայէն բեռնակիրի մը հետ, որ մեծ կապոց մը ճերմակ կտաւ շալկած կը հետեւէր իրեն։ Չափի մը վրայ մկրատով հաւասար մասերու բաժնեցին, կտորները մեքենայի կարով իրարու փակցուցին ու կազմուեցաւ լայնածաւալ սաւան մը, իրենց սենեակէն աւելի մեծ տարածութեամբ։ Ընտանեօք բարձրացան տանիք եւ սաւանը փռուեցաւ այնտեղ։ Տիկին Մալվին պէտք տեսաւ ներողութիւն խնդրել, որ կը խանգարեն մեզ։ Տանիքը մեր սենեակին բակը կը համարուէր եւ ի վերջոյ տէրը մենք էինք։ Լութֆի աղան սաւանին վրայ ծունկ չոքած, սկսաւ մատիտով գիծեր քաշել։ Թեթեւ հով մը կար, եւ սաւանը անշարժացնելու համար մայր ու աղջիկ ծայրերը գետին կը պահէին, բայց աղջնակին աչքը անկիւն մը կապուած եղնիկին կողմն էր, ատենը մէկ կը թողուր ու կ՚երթար կը գրկէր եղնիկը։ Այդ պահերուն, հովէն ծփացող սաւանին թրթռացումներէն նեղուած, Լութֆի աղան կ՚ազդարարէր.
– Էլլա, կէյիկի պրաք, իշինէ պաք... (Էլլա, եղնիկը ձգէ, գործիդ նայիր...)

Իսկ պզտիկը պաղատագին կը նայէր մօրը, շարունակելով սիրել եղնիկը։ Ես, որ անկիւն մը կեցած լուռ կը դիտէի, գացի Էլլային բացը գոցելու, արժանանալով Տիկին Մալվիի երախտագէտ ժպիտին եւ Լութֆի աղային շնորհակալութեան։ Մատիտը վերջացուցած, Լութֆի աղան սկսած էր ներկերուն։ Մեծ վրձինը փոխն ի փոխ կը թաթխէր սեւ եւ կարմիր հեղուկներու թասերուն մէջ ու կը շարունակէր ներկել թեւի լայն շարժումներով։ Կէս ժամը բաւեց, որպէսզի ճերմակ պաստառը դառնայ սատանայի զարհուրելի գլուխ մը, կոտոշներով ու լայնաբաց երախով։ Քիչ մը սպասեցինք որ չորնայ։ Լութֆի աղան մկրատով կտրեց եւ հանեց ճերմակ մնացած մեծ կտոր մը, որ սատանային բերանը կազմող բացութիւնն էր, եւ գոյացաւ թիզ մը լայնքով ու կանգուն մը երկայնութեամբ ծակ մը։ Յետոյ զգուշութեամբ ծալլուեցաւ ու տարին իրենց սենեակը, մեծ դժուարութեամբ բաժնելէ ետք Էլլան եղնիկէն։

Քանի մը օր երթալ-գալով Լութֆի աղան տարօրինակ գործիք մըն ալ շինել տուաւ հայ արհեստաւորի մը։ Կէս մեթր բարձրութեամբ իրարու վերեւ երկու գլաններ էին, երկաթեայ յենարանի մը հանգչած եւ բռնելիքներով կը դառնային։ Կարմիր լաթ մը փաթթուեցաւ մէկուն վրայ, ծայրը ամրացուած միւս գլանին։ Երբ դարձնէինք, մէկէն քակուելով կ՚ոլորուէր միւսին վրայ, եւ այսպէս վեր-վար սահելով շարժում մը կը ստեղծուէր։ Ամբողջութիւնը, սուրճ աղձնելու գործիքի մը տեսքը ունէր։ Երբ սինեմային մէջ բեմին վրայ կախուեցաւ սատանային գլուխը, այն ատեն հասկցայ թէ ինչ բանի պիտի ծառայէ։ Դրուեցաւ բեմին ետեւը ու ծակը գոցեց։ Երբ սկսէինք դարձնել գլանները, սրահէն դիտուած, այն տպաւորութիւնը կու տար, թէ սատանային բերնին մէջ բոցեր կը շարժին։ Դժոխքին կրակները...

Լութֆի աղան արդիւնքէն գոհ մնաց եւ անցաւ ուրիշ գործերու։ Դեռ «Ֆաուստ»ը չէի կարդացած եւ գաղափար չունէի թէ ինչ է ներկայացուածը, բայց որոշ էր թէ սատանան հիմնական դեր մը պիտի ունենայ։ Տիկին Մալվին եւս կեդրոնական անձերէն էր, Լութֆի աղային հետ։ Մազերը ուսերէն վար արձակ, հարսանեկան ճեփ-ճերմակ հանդերձանքով, աննմանօրէն հրաշալի էր տիկին Մալվին ներկայացման օրը։ Ես շատ բան չտեսայ, որովհետեւ Լութֆի աղան ինծի վստահած էր դժոխքին բոցերը արծարծելու պարտականութիւնը եւ կը մնայի վարագոյրին ետեւ, կազմ ու պատրաստ, իր նշանին վրայ գլանները դարձնելու։ Վերջին օրը Լութֆի աղան յաւելում մը եւս ըրաւ։ Կարմիր կտաւը լաւ մը թրջեցին օսլայուած ջուրով, յետոյ արդուկեցին, եւ ստացաւ որոշ չորութիւն մը։ Երբ սկսէի փաթթել, կարմիր կտաւը «խըշ-խըշ» ձայներ կը հանէր եւ, այդպէս, ճարճատող բոցերուն պատրանքը աւելի կը շեշտուէր։

Այնքան անգամներ փորձած էի, որ այլեւս խաղալու պէս բան մըն էր ինծի համար գլանները փաթթել ու պարպել։ Բայց ներկայացման օրը փայլուն դուրս չեկայ։

Լութֆի աղան բեմէն ձայն տուաւ ու ես սկսայ դարձնել։ Մեքենական շարժում մըն էր գործս եւ այդպէս պէտք է շարունակուէր արարին ամբողջ տեւողութեան։ Մեծ կեդրոնացում մը չէր պահանջեր ու ես, աշխատանքը ձեռքերուս վստահած, շուրջս կը դիտէի, կարգի սպասող դերակատարներուն մէջտեղ։ Յանկարծ կտաւը ամփոփուեցաւ վարի գլանին վրայ, հաւաքուածը անշարժացաւ ու չկրցայ վեր հանել։ Որքան կը փորձէի չէր շարժեր, չեմ գիտեր ինչու։ Կը ցնցէի, բռունցքի հարուածներ կու տայի կտաւի բութ կոյտին, բայց անօգուտ։ Բան մը կը խանգարէր հոսանքը, եւ կարմիր լաթը կարկտանի մը պէս փակած կը մնար սատանային բերանը։
Միւս կողմէն լսեցի Լութֆի աղային յանդիմանութիւնը, շշուկի ձայնով, բայց ջղային եւ դժգոհ։
– Չեվի՛ր, օղլում, չեվի՛ր... (դարձո՛ւր, տղաս, դարձո՛ւր...)
Յուսահատօրէն կը դարձնէի, բայց պարապի կ՚երթար։ Կտաւը կը դիմադրէր...

Տիկին Մալվին, որ այդ պահուն բեմին ետեւն էր, օգնութեան հասաւ։ Միասին աշխատեցանք եւ կերպով մը սկսաւ դառնալ։ Բայց հոսանքը ճամբայ հանելու մեր ճիգերուն մէջ, գործիքը շարժած էինք եւ բաւական մը հեռացուցած տեղէն։ Սրահէն խնդուքի ձայներ լսուեցան, որուն պատճառը չհասկցանք։ Տիկին Մալվին խիստ մտահոգուեցաւ։ Լութֆի աղան ամէնէն յուզիչ տեղերը հասած էր եւ այդ ծիծաղները գէշ նշան էին։ Բայց կարճ տեւեց։ Լութֆի աղային զօրեղ մենախօսութիւնները դարձեալ իշխեցին սրահին եւ խաղը շարունակուեցաւ, մինչ ես անսայթաք կերպով շարունակեցի դարձնել ու դարձնել, առանց գիտնալու, թէ այլեւս ի զուր կ՚աշխատիմ...

Ըսելը աւելորդ է, բոլոր հանդիսականները հայեր էին – երեսունական թուականներն ենք – ու երկիւղածութեամբ կը հետեւէին Լութֆի աղային արտասանութեան, եւ մարդն ալ, պէտք է ըսել, լաւ դերասան մըն էր եւ ապրումով կ՚արտայայտուէր, ինչպէս տեսայ զինք յաջորդ բեմադրութեան, քանի որ ներկայացումը կրկնուեցաւ, ու այլեւս «պաշտօնէ ազատուած՝» սրահին մէջն էի։ Պատահածը պզտիկ բան մը չէր սակայն։ Ոեւէ դերասանի համար կրնար բեմական լուրջ միջադէպ մը համարուիլ, տպաւորութիւնը չքացնող արկած մը, բայց Լութֆի աղան չնեղուեցաւ։ Աղէտը դարմանելու իր հնարագիտութենէն այնքան գոհ էր, որ շատ չծանրացաւ եղածին վրայ։ Իսկ ի՞նչ էր եղածը։

Մենք, տիկին Մալվիին հետ անիծեալ գործիքը կարգի դնելու մեր աճապարանքին մէջ, չենք անդրադարձած թէ սատանային բերանին մէջ, բոցերու տեղ կ՚երեւին իմ ձեռքերս, տիկին Մալվիի մազերը, ճերմակ ուսերը եւ ատկէ՝ խանգարիչ խնդուքները։ Իսկ Լութֆի աղան, իսկոյն ըմբռնելով կացութիւնը, անմիջապէս կը տեղափոխուի, կու գայ իր մարմնով կը ծածկէ ծակը եւ այդպէս կը շարունակէ խօսիլ, վերստին սրահը կապելով իրեն.
– Հէմէն սեզտիմ, կէլտիմ շէյթանըն աղզընը գափատըմ... իսկոյն կռահեցի, եկայ սատանային բերանը փակեցի...


Շար. 20
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝