Յայտարարութիւն

Thursday, August 27, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ-21-ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Լութֆի աղան շարունակեց ներկայացումներուն շարքը, իր անսպառ խաղացանկէն երկու շաբաթը անգամ մը յայտագիր փոխելով։ Իր ներկայացումներուն ոչ անունները գիտեմ եւ ոչ ալ կը հասկնայի, բացի մէկէն, որուն մէջ դեր մը ունեցաւ նաեւ... եղնիկս եւ այդ ճամբով ալ անհետացաւ, իր կարգին զոհ դառնալով, անուղղակիօրէն թուրք բեմին։ Թէ յիշեալ ներկայացումը ինչպէս սկսաւ եւ ինչպէս վերջացաւ, ի սպառ ջնջուած է յիշողութենէս։ Կը մնայ միայն բառ մը, «Ժընէվիէվ» – որ հաւանաբար բիէսին անունն էր – մէյ մըն ալ՝ եղնիկին տեսարանը։

Անտառ մըն էր եբմը։ Երկու դահիճներ, վերէն վար կարմիր հագած, փայլուն սուրերը մերկ շողացնելով, մանուկ մը կը բերեն – Էլլան է – եւ կը պատրաստուին գլխատել։ Դահիճներէն մէկը սուրը բարձրացուց, հարուածը պիտի իջնէ, բայց ընկերը թեւը կը բռնէ, երկար զրոյց մը կ՚ունենան, կը համաձայնին, կը մեղքնան եւ կ՚որոշեն խնայել պզտիկին։ Կենդանի մը պիտի մեռցնեն, իրենց յանձնուած մահապարտին շապիկը պիտի թաթխեն անոր արեան մէջ, տանին թագաւորին, թէ թագուհիին – այս կէտը յստակ չէր – եւ պիտի ըսեն. «Տէր արքայ, կատարեցինք հրամանդ, ահա իր արիւնով ներկուած շապիկը»։ Այդպէս ալ կը վճռեն ու կը մեկնին, անտառին մէջ լքելով պզտիկը, որ Լութֆի աղային ծպտումի եւ դիմայարդարման արուեստին շնորհիւ աւելի պզտիկցուած, քանի մը տարու մանկիկի մը վերածուած էր։

Դահիճներուն մեկնումէն ետք, մանկիկը կը սկսի լալ եւ կը կանչէ միայն մէկ բառ. «Մամմա՜, մամմա՜...»։

Էլլան լաւ վարժեցուած էր։ «Մամմա»ները սրտաճմլիկ էին, բայց չափազանցուած չէին, ոչ ալ բռնազբօսիկ։ Քիչ մը երթեւեկեց «անտառին» մէջ, յուսահատական շարժումներ ըրաւ, երկինքէն օգնութիւն պաղատողի ձեւեր, եւ, ի վերջոյ, գլխահակ, յուսաբեկ՝ ծնրադրեց բեմին կեդրոնը, լուռ ու ցաւագին...

Եւ ահա այդտեղ է որ բեմ կը մտնէ եղնիկս, կու գայ շիտակ պզտիկին քով, դունչը կը քսէ անոր դէմքին, կը հոտուըտայ։ Պզտիկը ալ չի լար։ Փաթթուած է եղնիկին, դարձեալ «մամմա» կ՚ըսէ, բայց այլեւս ուրիշ ձայնով եւ ուրիշ իմաստով «մամմա»ներ են, գոհունակ, ուրախ, երջանիկ «մամմա»ներ։ Եղնիկն ու աղջիկը պահ մը այդպէս կը սիրուըտին եւ դանդաղ, շատ դանդաղ, միասին կը հեռանան բեմէն ու վարագոյրը կ՚իջնէ դղրդալից ծափերու մէջ։ Բայց ներկայացումը չէ աւարտած, ուրիշ արարներ ալ կան։ Շարունակութիւնը ինչ կ՚ըլլայ՝ չեմ գիտեր, չեմ յիշեր։ Գիտեմ միայն եղնիկս, որ պատուով կատարեց իր դերը։

Ասիկա Լութֆի աղային գլուխ-գործոցը համարուեցաւ, քանիցս կրկնուեցաւ եւ անգամ մըն ալ, ցերեկ մը, հայ մայրապետներու աղջկանց վարժարանին համար։ Խիստ բարոյալից պէտք էր ըլլար, քանի որ մայրապետները իրենք ալ ներկայ էին ամբողջ խումբով։ Այդ օրն էր որ գնաց եղնիկս։ Իսկ թէ Լութֆի աղան բեմադրիչի եւ դերուսոյցի ինչ հանճարով յաջողեցաւ անբան անասունին պարտադրել նման անթերի խաղարկութիւն մը՝ ահա իր հնարքը։

Փայտէ օղակ մը շինած էր եւ անցուցած կենդանիին վիզը, ճիշդ իր չափով եւ գոյնով։ Բարակ չուան մը կապած էր օղակին, կանաչ տերեւի գոյն ներկելէ ետք։ Երկար չուանը երկու ծայր ունէր եւ ծայրերը կ՚երկարէին երկու կողմի քուլիսներուն մէջ։ Երբ եղնիկին կարգը գար, դիմացի կողմէն կը պրկուէր չուանը ու մեղմօրէն կը քաշուէր։ Կենդանին ստիպուած է առաջանալ, մինչեւ որ հասնի լացող մանուկին։ Եթէ փորձէ անտեսել պզտիկը եւ ուզէ շարունակել ճամբան, այս անգամ դիմացէն թոյլ կու տան եւ պարանին միւս ծայրը կը պրկուի որ կ՚արգիլէ առաջանալը։ Եւ այսպէս երկու կողմէն թուլցնելով ու պրկելով կը յաջողին եղնիկը անշարժացնել բեմին կեդրոնը, մինչեւ որ ճշդուած արարքները կատարուին, որմէ ետք, մուտքի կողմէն չուանը կը սկսի քաշուիլ եւ եղնիկն ու աղջիկը կ՚երթան եղնիկին... տունը։ Թաւ անտառ մը ներկայացնող ֆօնին եւ առջեւը տեղ-տեղ դիզուած կանաչ ճիւղերուն մէջէն, դժուար թէ զգացուի կանաչ թելին ներկայութիւնը։ Կատարեալ էր Լութֆի աղային հնարագիտութիւնը, ու եղնիկս ալ յաջող դուրս եկաւ։

Մարսիլիայէն մինչեւ Օրիանթալ կարճ ճամբայ մըն էր, փողոցին միւս կողմը, յիսուն-վաթսուն քայլ։ Բայց այդ տարածութիւնը ապահով անցնելու համար Լութֆի աղան հայ բեռնակիրի մը վստահած էր եղնիկին փոխադրութիւնը։ Մարդը գրկած, ապահով կը տանէր, յետոյ կը բերէր կը կապէր իր տեղը։ Աղէտը պատահեցաւ մայրապետներուն օրը, որ բարեբախտաբար շարքին վերջինն էր։ Ամէն ինչ յաջող ընթացած էր ու ներկայացումէն ետք խումբով կը դառնայինք պանդոկ։ Եղնիկը միշտ մարդուն գիրկն էր։ Էլլան այնքան աղաչեց-պաղատեցաւ, որ եղնիկը յանձնեցին իրեն։ Պարանէն բռնած կը քալէր խումբին առջեւէն։ Սինեմային մօտերը թափառող արաբ տղաքը խրտչեցուցին կենդանին, որ անսպասելիօրէն ուժգին ցնցումով մը յանկարծ կապը ազատեց Էլլային ձեռքէն ու սլացաւ։ Լակոտները պոռպռալով ինկան ետեւէն, ուրիշներ դիմացէն կ՚ուզէին ճամբան փակել եւ արգիլել, բայց եղնիկը այնպէս կը ցատկէր... կը ցատկէր... Չորս ոտքերը մէկ փունջ կ՚ըլլային, միակտուր, խուրձ մը գաւազանիկներու պէս, հարուած մը գետին՝ եւ օդին մէջ էր, մարդահասակ բարձրութեամբ...

Պապ էլ Ֆարաճի ամբողջ երկայնքին – դեռ կը տեսնեմ յիսուն տարիներ ետք – եղնիկիս շլմորեցնող սլացքն էր, անցորդներու զուարթ գոչիւններուն եւ բռնելու ապարդիւն փորձերուն մէջէն, մինչեւ որ անհետացաւ ժամացոյցի աշտարակին ետեւի փողոցներէն, լաճերու աղմկոտ ջոլիրը ետեւէն...

Յուսահատական էր Լութֆի աղային վիճակը։ Շատ դառնացաւ, յանդիմանեց բեռնակիրը տեղի տալուն համար, կարեւոր նուէր մը խոստացաւ եւ ղրկեց եղնիկին ուղղութեամբ, բայց չգտնուեցաւ։ Էլլան լացուկոծ փրցուց, տիկին Մալվին հազար փաղաքշանքներով մխիթարեց զիս։ Խոստովանիմ, կարծուածէն աւելի թեթեւ անցաւ ինծի համար եղնիկիս կորուստը։ Իրենց անկեղծ ցաւը եւ յանցապարտութեան վիճակները կը ստիպէին, որ աւելի հասկցող երեւիմ եւ ցաւս յայտնի չընեմ։ Բայց մխիթարուելու թաքուն պատճառ մը ունէի։ Միհրան էֆէնտին, թէեւ կատակով եւ յայտնապէս զիս վախցնելու համար, ատենը մէկ կ՚ըսէր մայրիկիս.
– Երանուհի, սա վերի կէյիկը մորթելու ատենը չեկա՞ւ...

Մորթելու հարց չէր կրնար ըլլալ։ Բայց ի վերջոյ ի՞նչ պիտի ընէինք։ Սկսած էր մեծնալ եւ, ըստ ոմանց, կրնար դեռ շատ աւելի մեծնալ եւ հորթուկի մը վերածուիլ։ Բայց մայրիկս ինձմէ աւելի ցաւեցաւ, կը զգայի։ Վարժուած էր եւ պակասը կը զգար։ Մանաւանդ, երբ պտուղի կեղեւներ եւ կերակուրի յարմար աւելցուկներ ըլլային կ՚ըսէր.
– Եղնիկն ալ չկայ, որ սըւոնք առջեւը թափեմ...
Բայց եղնիկին կորուստը, մեզի պատճառած ցաւէն աւելի, չարաբաստիկ անկիւնադարձ մը կազմեց Լութֆի աղայենց ընտանիքին համար։ Ճակատագրին մէկ տխուր ազդանշանը ըլլար կարծես, այդ օրէն իրենց բախտին անիւը սկսաւ հակառակ ուղղութեամբ դառնալ։ Միշտ ուրախ ու կենսալից անոնց դէմքերը մռայլեցան, տիկին Մալվիին անուշ ժպիտները ցանքեցան, Լութֆի աղան խոժոռեցաւ, դիմագիծերը կարծրացան։ Որովհետեւ Պոլսէն Հալէպ հասաւ Մանոլին...


Շար . 21
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝