Յայտարարութիւն

Friday, August 28, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ-22-ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Մանոլին տիկին Մալվիին մեծ եղբայրն էր, անուանի ջութակահար մը եւ ծայր աստիճանի թոքախտաւոր։ Թաշկինակը միշտ ձեռքն էր եւ կտրուկ, բայց յաճախական հազ մը ունէր։ Առաջին գիշերը միայն տեղ տրուեցաւ իրեն պանդոկին մէջ եւ յաջորդ օրն իսկ ըսուեցաւ, թէ չի կրնար հոն մնալ։ Ուրիշ պանդոկ մը գնաց եւ այնտեղէն ալ ճամբու դրուեցաւ։ Թոքախտը, այն օրերուն ոչ միայն անբուժելի կը համարուէր, այլ ամէնէն սոսկալի եւ տարափոխիկ հիւանդութիւնը կը նկատուէր։ Ժողովրդային նախապաշարումները պատճառ էին, որպէսզի մարդիկ չափազանցեալ զգուշութեամբ վարուին անոնց հետ։ Իսկ Մանոլիին դէմքը տեսնողը կասկած չէր ունենար թէ յոռեգոյն կէտին հասած թոքախտի մը առջեւ կը գտնուի։ Բարձրահասակ, նիհար, հիւծած երիտասարդ մը, որ թերեւս երեսուն տարեկան մը կար, բայց կարելի չէր տարիք տալ իրեն։

Լութֆի աղան ստիպուեցաւ ինքն ալ թողուլ պանդոկը եւ մօտիկ Պահսիթա հրեաներու փողոցին մէջ պզտիկ տուն մը վարձեցին ու հոն փոխադրուեցան։ Հալէպի հրեաները կեդրոնացած էին երկու շրջաններու մէջ, իրարմէ շատ հեռու։ Հարուստները Ճէմիլիէ թաղը կը բնակէին, ունեւոր արաբներու հետ խառն։ Պահսիթան աղքատներու տեղն էր, զուտ հրէական։

Պզտիկ բակով քանի մը սենեակնոց տուն մըն էր։ Այդ բնակարանին մէջ ուրիշ մարդիկ էին կարծես։ Անտեսանելի մոխիր ցանուած էր վրանին։ Լութֆի աղան Մարսիլիայի Լութֆի աղան չէր, տիկին Մալվին ինքն իր շուքն էր։ Նոյնիսկ Էլլային վրայ կանխահաս լրջութիւն մը իջած էր եւ պզտիկը առաջուան պէս ա՛լ չէր փորձեր վիզս ցատկել։ Մանոլին էր որ մթնոլորտ կու տար տունին իր ողբերգական ներկայութեամբ եւ Պոլսէն հետը բերած դժբախտ պատմութիւնով։ Տիկին Մալվիին աչքերը միշտ կարմիր էին գաղտնի արցունքներէն։ Ես ծածուկ կ՚երթայի իրենց քով, որովհետեւ Միհրան էֆէնտին արգիլած էր – «Վերեմի բռնուողին քով չեն կենար»։ Անգամ մը նոյնիսկ շատ խիստ բարկացաւ եւ սպառնաց, վստահ եմ, մայրիկիս թելադրանքով.– «Նորէ՞ն կացեր ես վերեմին տունը... մէյ մըն ալ չլսիմ»։

Բայց ես կ՚երթայի։ Ինծի համար քաշողութիւն մը ունէր Մանոլին։ Պետրոս Դուրեանն ալ այդպէս ըլլալու էր։ Մանոլիէն վարակուելու պատմութիւնը սուտ կը համարէի, միշտ Պետրոս Դուրեանին ապաւինելով։ Ան ալ թոքախտ էր, բայց մէկ տունի մէջ ապրեցան ամբողջ ընտանիքով։ Ինչո՞ւ միւս եղբայրները չվարակուեցան։ Մեր հայերէնի դասագիրքին մէջ գտնուող Եղիշէ Դուրեան Պատրիարքին նկարը փաստ՝ խոր ծերութեան փարթամ մօրուքով, որ կը հերքէր Միհրան էֆէնտիին ըսածը։ Իսկ Մանոլիին ջութակը հրաշալի էր։ Սենեակին մէջ փակուած, միայնակ, տխուր եղանակներ կը նուագէր, մինչ միւս սենեակին մէջ տիկին Մալվին, Էլլան քովը, տխուր նստած գլուխը կ՚օրօրէր ներքին տագնապի մը ցաւագին տատանումներով։

Երբեմն Մանոլին բակ կ՚ելլէր, ջութակը ձեռքը, Էլլան կը կանչէր ու կը սկսէր զուարճացնել թռչունի ձայներ հանելով։ Այնքան յաջող կ՚ընէր, որ եթէ մէկը ջութակը չտեսնէր, պիտի կարծէր թէ իրապէս պզտիկ թռչուններ կը ճռուողեն։ Այդպէս բաւական շարունակելէ ետք, յանկարծ սուր ու կտրուկ կռինչներ կը հանէր ջութակէն, վախի արտայայտութիւն մը կու տար դէմքին, կը դադրէր ու կ՚ըսէր Էլլային թուրքերէն բառերով, բայց յունական հնչումով.
– Սիմտի ղառղա կէլտի, քուսլար քացտի... (հիմա ագռաւը եկաւ, թռչունները փախան...):

Լութֆի աղան յաճախ դուրսը կ՚ըլլար եւ քոյր ու եղբայր կը վիճէին։ Յունարէն էր, չէի հասկնար, բայց մօտաւորապէս գիտէի թէ ինչի շուրջ կը դառնայ։ Քոյրը դժգոհ էր Հալէպ գալուն, կը մեղադրէր, կ՚ուզէր որ Մանոլին Պոլիս դառնայ։ Պատահեցաւ որ սաստիկ վիճաբանութեան մը ընթացքին Մանոլին տագնապ մը անցընէ։ Սկսաւ հազալ եւ հազը չդադրեցաւ։ Կը հազար ու կը հազար, թաշկինակը բերնին։ Տիկին Մալվին, որ մինչ այդ վճռակամ ու խիստ կը խօսէր, յանկարծ բղձկեցաւ, փաթթուեցաւ եղբօր վիզը եւ լալով ներողութիւն կը խնդրէր, մինչ հազը կը շարունակուէր եւ ճմռթկուած թաշկինակին ծալքերէն կարմրութիւններ երեւցան...
Նոյն պահուն ներս մտաւ Լութֆի աղան եւ կնոջը հեծկլտուքներուն մէջէն լսուած կցկտուր բառերէն հասկցաւ խնդիրը։ Ես ալ հասկցած էի։ Մանոլին կ՚ուզէր տեղ մը երթալ, իսկ տիկին Մալվին պաղատագին կը պնդէր, որ չերթայ։ Լութֆի աղան կնոջ կողմը բռնեց ու, մեղմօրէն փայփայելով Մանոլիին ուսը, ըսաւ փաղաքշական շեշտով.
– Կիտմէ, ազիզիմ, կիտմէ, եազըքսըն... (Մի երթար, սիրելիս, մի երթար, մեղք ես...):

Բայց Մանոլին գնաց։ Նոյն օրը չէր, յաջորդ օրն էր։ Ես ալ հետը գացի, իր խնդրանքով ջութակը բռնած։ Իմս պարզ ընկերակցութիւն մըն էր, մինչեւ սրճարանին դուռը, բայց այնտեղ, երբ կը պատրաստուէի տուփը իրեն յանձնել ու ետ դառնալ, տեսայ որ Մանոլին երկուքիս համար վճարեց մուտքի դրամը եւ ինքնաբերաբար հետեւեցայ իրեն։

Պորտախաղի ամէնէն մեծ սրահն էր։ Առաջին անգամն էր որ կը մտնէի նման վայր մը։ Ցած բեմին վրայ խումբ մը նուագածուներ կային եւ գեղեցիկ կին մը կ՚երգէր։ Նստած՝ ուրիշ պարուհիներ ալ կային, բայց սրահը ատոնց համար չէր որ կը յորդէր, այլ երգողին։ Քաղաքին մէջ տարածուած էր արդէն անունը։ Պոլսէն նոր ժամանած մատամ Էֆրազն էր։ Վարդագոյն պարզ շրջազգեստին մէջ վարդի մը պէս կը փայլէր, եւ որուն երկրպագուն էր Մանոլին։ Միակողմանի եւ անյոյս սէր մը։

Երգչուհին տեսաւ մեր մուտքը եւ, շարունակելով երգել, ձեռքի նշան մը ըրաւ Մանոլիին, ցոյց տալով առաջամասը։ Նստանք բեմին մօտիկ սեղանի մը առջեւ։ Սեղանները մեծ մասով գրաւուած էին զանազան խումբերէ, բայց որոշ սեղաններ, միւսներէն զգալիօրէն անջատ եւ առանձնակի, միայն մէկ անձի համար էին։ Ատոնք այն սեղաններն են, ուր նստողը անկաժէ մը պիտի ունենայ քիչ ետք, այսինքն յայտագրէն ետք պարուհի մը պիտի նստի քովը։ Այդ սեղաններուն վրայ գարեջուրի չբացուած շիշեր կը սպասեն։ Տեղ մը երեք շիշ, տեղ մը չորս կամ հինգ։ Իսկ սեղանի մը վրայ լման տասներկու շիշեր անտառացած են։ Յայտնապէս, օրուան հերոսուհիին, մատամ Էֆրազին սեղանն է։ Շիշերու լեզուով կատարուած այս համաձայնութիւնները կը ճշդեն նաեւ պարուհիներուն նուիրապետական կարգը, ըստ արժանեաց։ Շիշերը որքան շատ, հրաւիրեալին հմայքը այնքան բարձր։

Գեղեցիկ ըլլալը՝ գեղեցիկ էր մատամ Էֆրազ, ձայնը համակող եւ տաք։ Բայց ձայնէն աւելի, վերէն վար թրթռացող մարմինն է, բարեձեւ ու ճկուն, ժպիտները, ծեքծեքումները եւ բոլոր այն բաները, որ էգ մը էգ կ՚ընեն՝ կը խտանան իր անձին վրայ, եւ այդ ձգողութիւնն է, որ հոդ հաւաքած է քաղաքին բոլոր կենցաղասէրները, Քիւրտ Տաղէն քաղաք իջած ձիթաիւղի վաճառականները, հարուստի փայլուն տղաքը։

Երգչուհին վերջացուց, բայց վար չիջաւ։ Նշան ըրաւ նուագողներուն որ լռեն, դարձաւ սրահին եւ յայտարարեց.
– Այսօր մեր մէջ կը գտնուի մեծ վարպետ Քեմանի Մանոլին։ Ես իրեն համար երգ մը պիտի երգեմ, ինքն ալ մեզի համար պիտի նուագէ։ Ու կը սկսի երգել.
Չարշամպայը սէլ ալտը,
Պիր եար սէվտիմ էլ ալտը,
Պէն սէվտիմ էլլեր ալտը,
Էլիմ գօյնումտա գալտը։

(Չարշամպան հեղեղ բռնեց,
Եար մը սիրեցի ուրիշը խլեց.
Ես սիրեցի ուրիշներ տարին,
Ձեռքս ծոցիս մէջ թողուցին)։

Օֆ նէ իմիշ, նէ իմիշ,
Քատերիմ պէօյլէ իմիշ.
Կիզլի սեվտա չէքմեսի
Աթէշտէն քէօմնէ իմիշ։

(Օֆ, ինչ է եղեր, ինչ է եղեր,
Իմ բախտս այս է եղեր,
Եւ գաղտնի սէր քաշելը
Կրակէ շապիկ է եղեր)։
Շար . 22

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝