Յայտարարութիւն

Saturday, August 29, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ -23- ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Երկրորդ տունին վերջին երկու տողերը յանկերգ են ու կը կրկնուին «աման ալլահ»ներով, բայց բառերը ըսած պահուն, քածը այնպէս խոր կը նայի Մանոլիին, որ կարծես կ՚ըսէ.– «Կրակէ շապիկդ ես եմ, հագած ես, չես կրնար հանել»։ Պզտիկ դադար մը ու մէկէն նոր թափով եւ ամբողջ մարմնին նոր թրթիռ մը տալով կ՚անցնի վերջին տունին։

Սուլար աքար գայատան,
Պէն էօլմէմ պու եարատան,
Քավուշտուր իքի եարի
Երի, կէօվի եարատան։

(Ջուրերը կը հոսին ժայռէն,
Ես չեմ մեռնիր այս վէրքէն,
Երկու եարերը միացուր
Երկրի, երկնի արարիչ)։

Վերջին տողերուն մատամ Էֆրազին թեւերը պարզուած են դէպի Մանոլին, այդ դիրքով պահ մը կ՚անշարժանայ ծափերու մէջ եւ կ՚իջնէ վար։ Մեր մօտ կանգ կ՚առնէ պահ մը, շատ կարճ պահ մը ու կը հարցնէ նազանքով. «Նասըլ սըն, Մանոլիճիկիմ» (Ինչպէ՞ս ես Մանոլիկս...) ու կ՚երթայ շիշերու ծանրութեան տակ հեւացող սեղանը, որուն առջեւ նստած մարդն ալ սկսած է հեւալ անհամբերութենէն։ Խոզանակի պէս հաստ պեխերով, հաստ շրթունքով, հաստ գլուխով անասուն մը։ Երգչուհիին քալուածքը սեղաններուն մէջէն դէպի իր անկաժէն, աւելի թելադրական է եւ գրգռիչ, քան բեմին վրայ տեսնուած կիսամերկ պորտախաղերուն կոտրտուքները։ Բոլոր նայուածքները կը հետեւին իրեն ու կը լափեն...

Մանոլին ջութակը հանեց, մատներով քիչ մը թրթռացուց թելերը եւ սկսաւ նուագել իր տեղէն։ Կարճատեւ ուշադրութիւն մը միայն կրցաւ կեդրոնացնել իր վրայ։ Շիշերու, բաժակներու բախումին, տեղափոխուող աթոռներու աղմուկին մէջ ջութակը հազիւ կը լսուէր։ Կարսոնները տենդէ բռնուած, արագ երթեւեկութիւններով, գործի վրայ էին։ Օրուան թագուհին բազմեցնելէ ետք իր երկոտասան շիշերուն դէմ, հիմա զբաղած էին իրենց շարքային պարուհիները տեղաւորելու աշխատանքով։ Խմիչքը պարտաւորիչ չէր, բայց «արթիսթի» մը հետ նստիլը՝ այդ շիշերով կը պայմանաւորուէր։ Եւ հաստատութեան շահը, ինչպէս եւ ծառայողներուն ստանալիք նուէրները կը ստիպէին որ «անտէր» պարուհիներ չմնան։ Հոդ եւս կ՚իշխէր պահանջի եւ մատուցումի անխախտ օրէնքը...

Ջութակը գրեթէ անլսելի կը դառնար խժալուր ձայներուն մէջ, բայց Մանոլին կը շարունակէր նուագել, անտարբեր շրջապատի իրարանցումներուն։ Դեղին մշուշի մը հետ, սրահին մէջ ծփացող սիկառէթներու ոլորուն ծուխերուն մէջ, ջութակը կու լայ, կը հեծէ, կ՚աւաղէ... Մէկիկ-մէկիկ պարուհիները կ՚իջնեն, կ՚անցնին մեր քովէն ու կ՚երթան իրենց շիշերուն... Մանոլին կը նուագէ... Մէկ սեղանէն միւսը խօսակցութիւնները չեն լսուիր, բայց իրարու կը խառնուին, կազմելով խուլ մռլտուք մը, որ հետզհետէ կ՚աճի, կը ծաւալի, խորունկ տեղէ մը եկող անանուն գազանի մը շնչառութեան պէս։ Բայց ինծի համար այդ բոլորը ձայնական մթին ֆօն մըն են միայն, քանի որ ականջներս – եւ հոգիս – Մանոլիին փակած, անյագուրդ կ՚ըմպեն մեղեդին, որ կը ծորի ճիպոտէն, կը բախի աղմուկի պատին ու կը վերադառնայ ետ։ Մանոլին ինքն ալ վերացած, շրջապատէն մեկնած հեռաւոր հեռուները, բացակայ է իր տեղէն...

Կրնար այսպէս շարունակուիլ, ով գիտէ որքան ժամանակ։ Բայց յանկարծ խառնաձայն փոթորիկ մը բեմէն։ Նշան մը տրուած ըլլալու էր։ Թմբուկի, տափի, ծնծղայի, սրինգի եւ լարաւոր նուագարաններու որոտում մը պայթեցաւ եւ քարացուց Մանոլիին թեւը ջութակին վրայ։ Նոյն պահուն կարսոն մը մեծ հանդիսաւորութեամբ երկու շիշ գարեջուր բերաւ դրաւ սեղանին – «մատամ Էֆրազին կողմէ» – եւ անհետացաւ դէպի միւս սեղանները։ Մանոլին ոչ իսկ նկատեց շիշերը։ Խորունկ մրափէ մը ընդոստ արթնցողի մը պէս, պահ մը անշարժ մնաց իր դիրքով, յետոյ ինկաւ աթոռին։ Ջութակը զետեղեց տուփին մէջ, աղեղը վրան, փակեց ու ոտքի ելաւ։ Ուզեցի ես առնել, բայց ինք գրկած էր ջութակը երկու թեւերով, կուրծքին վրայ, ուղղահայեաց դիրքի մէջ։ Այդպէս քալեց դէպի ելքը, հպարտ, դժբախտ, ես ալ ետեւէն։ Գողունի նայուածք մը նետեց մատամ Էֆրազին սեղանը։ Տեսաւ մեր մեկնումը, բայց իր կողմէ ոչ մէկ շարժում։ Սեղանակիցին հետ, բաժակը ձեռքին, քրքջալիր, զրոյցի մէջ էր...

Փողոցը ջութակը դարձեալ ես շալկեցի ու քալեցինք այդպէս...
– Ես ասա՞նկ պիտի ըլլայի,– ըսաւ Մանոլին, ինք իրեն հետ խօսելով։
Կը քալէինք դէպի տուն։ Անգամ մը եւս խօսեցաւ, բայց այս անգամ մտապատկերներ ունէր, եւ կրած նուաստացումին դէմ բողոքը անոնց կ՚ուղղէր.
– Ես ասա՞նկ պիտի ըլլայի... Ես... Աթաթուրքին ձեռքէն օղի խմած մարդը... Թոքաթլեան նստած օղի կը խմէր, միս մինակը... կանչեցին որ նուագեմ իրեն համար... Երբ նուագեցի, ոտքի ելաւ, ինծի օղի հրամցուց, մէկ ձեռքին մէջ օղիի բաժակն էր, միւս ձեռքով լեպլեպիին պնակը... Աթաթուրքը... «աֆերիմ օղլում» ըսաւ (ապրիս, տղաս)... Ես ասա՞նկ պիտի ըլլայի... Հէյ վա՜խ, Մանոլի...
Հասած էինք։ Դուռը զարկի։ Լութֆի աղան էր բացողը։ Ջութակը իրեն տուի, Մանոլին անցաւ, բայց ես ներս չմտայ։ Դուռը փակուեցաւ...
.................................................................................................................................
Կեցած եմ փակ դրան առջեւ ու չեմ շարժիր։ Կիսամութ փողոցին մէջ անցուդարձ չկայ այդ ժամուն։ Տեսնողը կրնայ կարծել, թէ կը սպասեմ որ դուռը բացուի ինծի համար։ Ցած դուռ մըն է, հասակէս ոչ բարձր, եւ Մանոլին խոնարհելով ստիպուեցաւ մտնել։ Տախտակէ դուռը պատուած է մութ գոյն թիթեղով, վրան՝ խոշոր գլուխով գամեր, մէջտեղէն կախ՝ թափծու երկաթէ ծեծելիք մը, մատները կուղպ ձեռքի նմանութեամբ։ Կը ճանչնամ այս դուռը... հինէն... շատ հինէն... Քիչ առաջ, ճամբան, լալու չափ տխուր էի Մանոլիին համար եւ կ՚ատէի մատամ Էֆրազը...

Իսկ հիմա, այդ դրան առջեւ, հոտ եմ ու հոտ չեմ։ Մանոլին ջնջուած է, օրուան անցուդարձերը տեղ չունին մտքիս մէջ։ Կայ ու չկայ այդ դուռն է, ճակատս գամերուն, որ տասնամեակներով մը ետ նետած է զիս, ուրիշ աշխարհ մը, ուրիշ օր մը, եւ միշտ հոս եմ այդ աշխարհով։ Եթէ այս դուռը չէր, յար եւ նման քովինն էր, հրեաներու այս փողոցին մէջ։ Այստեղ էր որ Խաչիկը եղունգներով ճանկեց Ենովքին երեսը, լալով փախցուց եւ անոր տեղ զիս ամրացուց գրաւած դիրքին վրայ։ Այս դուռն էր կամ քովի դուռը...
Ցուրտ ձմեռ էր, մենք բոպիկ, օրը Շաբաթ։ Մթնելու վրայ էր։ Սպասեցի, մինչեւ որ դուռը բացուեցաւ եւ մարդ մը ներս կանչեց, ունելի մը ձեռքը։ Գացի ետեւէն, ճերմակ մոխիրով կրակարանը խառնեցի, որ իսկոյն կայծկլտաց, յետոյ լուցկիով մը կազի լամբը վառեցի։ Մարդը ափ մը չամիչ տուաւ ինծի եւ դուրսը Խաչիկին սպասեցի որ ելլէ իր դռնէն։ Չամիչէն հատ մը չկերայ, մինչեւ որ Խաչիկը դուրս գայ։ Կ՚երազէի որ ընկոյզ բերէր Խաչիկը, բայց այդ օրը դդումի կուտ տուած էին...
Այս դուռն էր կամ քովի դուռը...

Նոյն Պահսիթա նեղլիկ փողոցն է։ Հիմա լաւ հագուած եմ, ապահով կօշիկներ ունիմ, նոյնիսկ փողկապ, ձմեռ չէ, բայց կը մսիմ... Այս դռնէն քիչ առաջ ներս մտնողը Մանոլին չէր, Խաչիկն էր։ Ի՞նչ եղաւ, ի՞նչ ըրաւ Խաչիկը, վերջին օրը, երբ զիս Ճիպէյլէն Հալէպ կը ղրկէին։ Մեքենային քով կեցած կու լար, մայրիկիս լուսանկարը կուրծքին սեղմած...
Հիմա ես կու լամ եւ լաւ որ գիշեր է ու մարդ չի տեսներ։ Կու լամ Խաչիկի՞ն համար, Մանոլիի՞ն...
...............................................................................................................................
Ալ չգացի Լութֆի աղայենց տունը։ Մանոլին անկողին ինկած էր եւ այլեւս փողոց չելաւ։

Ամիս մը անցած էր այն օրէն։ Տիկին Մալվին պանդոկ եկաւ, Էլլային ձեռքէն բռնած։ Կ՚ուզէր որ քանի մը ժամ մեր մօտ պահենք, մինչեւ որ թաղումը վերջանայ։ Ինծի համար գրեթէ կրկնութիւն մըն էր։ Երրորդ դասարանն էինք երբ Օննիկին հայրը մեռաւ։ Գացինք մանկապարտէզէն առինք պզտիկ եղբայրը եւ պարտէզները պտոյտի տարինք, սպասելով որ դագաղը վերնայ տունէն եւ յետոյ բերենք...

Ու հիմա, Ստեփանին տեղ Էլլան էր որ, ձեռքէն բռնած, կը տանէի պաղպաղակին խանութը...

Շար . 23

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝