Յայտարարութիւն

Sunday, August 30, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ -24- ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

ԱՆԱՊԱՏԸ ԻՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՎ

Սուրիոյ նախկին վարչապետներէն Սաատուլլա Ճապրիի թելադրանքով էր որ կրցանք ճանչնալ անապատի թիւ մէկ ցեղապետը՝ շէյխ Մչհեմը եւ աւելի մօտէն տեսնել անապատական բարքերը։ Քանիցս ըսած էր Հրաչին.
– Գէշ չըլլար, եթէ կապ պահէք հետը։ Բաւական հայ գիւղեր ունիք հիւսիսը, պէտք կ՚ունենաք իրեն...
Սաատուլլայի եւ առհասարակ Սուրիոյ քաղաքական վերնախաւին տրամադրութիւնները անվերապահ չէին ցեղապետներուն հանդէպ։ Երկիրը ձեւականօրէն թէեւ «անկախ», բայց կը գտնուէր ֆրանսական հոգատարութեան տակ եւ կը կառավարուէր ֆրանսացի մարզպանով մը, որ Բարձր Քոմիսէր կը կոչուէր։ Սուրիական Խորհրդարան, նախագահ, նախարարներ,– այդ բոլորը կային, բայց փաստական կառավարիչը ինքն էր, Բարձր Քոմիսէրը։ Արաբ ղեկավարները, սանձը կրծող նժոյգներու պէս կը սպասէին անկախութեան օրին եւ այդ օրը, գիտէին, թէ առաջին դժուարութիւնը պիտի ունենան անապատի ցեղապետներուն հետ, կողոպուտի եւ աւարի վարժ այդ վրանաբնակները ենթարկելու համար կեդրոնական կառավարութեան հրահանգներուն։
Ֆրանսացիք նման մտահոգութիւններ չունէին։ Անոնց միակ ձգտումն էր գլխու ցաւ չունենալ եւ մատակարարել առժամեան, փոյթ չէ թէ ի վնաս երկրի ապագային։ Ամբողջ հիւսիսային Սուրիան, ցանցառ բնակչութեամբ, բայց երկրագործական հարուստ կարելիութիւններով, կը մնար այդ անհանդարտ վաչկատուներու տեւական սպառնալիքին տակ։ Շրջանին մէջ ապահովութիւն հաստատելու համար զինուորական կարեւոր ուժեր պէտք պիտի ըլլային։ Եւ ֆրանսացիները, գաղթապետական գործնապաշտ ոգիով, փոխանակ բազմամարդ եւ բազմածախս բանակի մը վստահելու վայրին խաղաղութիւնը, համաձայնութիւն մը կնքած էին շէյխ Մչհեմին հետ, որպէսզի ինք ստանձնէ տեղւոյն հսկողութիւնը։
Գայլը ոչխարի հօտերուն պահակ կարգելու պէս բան մը ուրեմն, այն տարբերութեամբ, որ գայլին բերանը տեւաբար քաղցրացնելով եւ կուշտ պահելով, կարելի կ՚ըլլար շրջանը խաղաղ պահել։ Ամսական կէս միլիոն ոսկի կը տրուէր շէյխ Մչհեմին, եւ այլեւս ոչ մէկ միջադէպ Եփրատի երկու ափերուն, Ճարապլուսէն մինչեւ Ռագգա եւ Տէր Զօր...
Բայց որովհետեւ գայլը միշտ գայլ է եւ բնութենական իր պահանջները ունի, որոնք պէտք է գոհացուին, աչք կը գոցէին, որ Մչհեմը ատենը մէկ սահմանը անցնի եւ Թուրքիոյ կողմերը յագուրդ փնտռէ ասպատակելու բնազդին։ Նման արշաւանքի մը ընթացքին էր, որ ծանրապէս վիրաւորուած էր Մչհեմ, երբ թրքական մեծ նախիր մը իր մարդոցմով Սուրիա կ՚անցնէր եւ այդ առիթով բախում կ՚ունենար թուրք սահմանապահներուն հետ։ Մասնաւոր օդանաւով անմիջապէս Փարիզ փոխադրուեցաւ եւ միայն մէկ աչքը վրայ տալով փրկուեցաւ։ Բայց չհրաժարեցաւ իր արշաւանքներէն։ Յաճախ կը լսուէր թուրք խաշնարածներուն հետ իր բախումներուն պատմութիւնը։ Թուրքերը կը բողոքէին, ֆրանսացիները կը խոստանային «պատշաճը տնօրինել», եւ... այդպէս կը շարունակուէր։

Նման անձի մը հետ պիտի երթայինք ուրեմն «կապ պահելու»։ Եւ շատ յարմար առիթը ստեղծուեցաւ։ Շէյխ Մչհեմը ուխտի գացած էր Մեքքէ եւ վերադարձին շնորհաւորութիւններ կ՚ընդունէր։ Իսլամներու սովորութեամբ, հարսնիքի պէս մեծ ուրախութիւններով կը դիմաւորուի ուխտաւորը։ Իր տունը, դրացիներով եւ ամբողջ փողոցով, տօնական երեւոյթ մը կ՚առնէ։ Դռներուն առջեւ եւ պատշգամներէն վար գորգեր կը կախուին, ոչխարներ կը մորթուին, անցորդներուն ի տես սուրի խաղեր կ՚ըլլան, նուագ ու պար։ Մատաղ կը բաժնուի աղքատներուն, երբեմն նաեւ դրամ, ըստ ուխտաւորին կարողութեան եւ դիրքին։
Բժիշկ Զաքար Քիլէճեանին առաջնորդութեամբ, որ մօտիկ բարեկամն էր Մչհեմին եւ ընկերովի ցանք ըրած էին, վեց հոգինոց պատուիրակութիւն մը կազմուեցաւ, առաջնորդ Զարեհ Սրբազանին գլխաւորութեամբ։ Յայտնի պղնձագործ Գալէմքեարեան եղբայրներուն մեծագին պղինձի կրակարան մը ապսպրուեցաւ, ոսկիի պէս փայլուն, եւ ողորկ երեսներուն վրայ՝ Ղուրանի պատուիրաններէ փորագրութիւններ։ Կատարեալ արուեստի գործ մը։
Հալէպի հայութեան նուէրն էր բարեպաշտ ուխտաւորին...
Մչհեմին վրաններուն հասնելու համար պէտք էր Եփրատը անցնիլ, եւ այդ կէտին վրայ կամուրջ չկար։ Անցանք լաստերով, ինչպէս սովորութիւն էր, մեր երկու մեքենաներն ալ միասին։ Առաջին անգամ անցնողը բնազդական վախ մը կ՚ունենայ։ Պղտոր ջուրերուն այդ լայն հոսանքին անձնատուր ըլլալ, ծփուն տախտակամածներու վրայ կանգուն, հաճելի վիճակ մը չէ, բայց առաջին անգամն է որ կը վախցնէ։ Վարժուելէ ետք, դիւրին եւ ապահով կը թուի։ Թաւամազ եւ կուրծքերը բաց հուժկու նաւորդներ, սիւներու պէս երկայն իրենց ցիցերը կը խրէին ջուրին յատակը, կռուան կը գտնէին, մէկ կողմէն միւս ափը։ Կարծուածէն շատ աւելի դիւրին եղաւ գետանցքը, դեղինի զարնող ջուրերուն վրայէն։ Հազիւ կէս ժամ տեւեց։
Միւս ափին ինքնաշարժները անմիջապէս շարունակեցին սուրալ հարթ տարածութենէն, մինչեւ որ հեռուն, հորիզոնին վրայ երեւցաւ մրջիւններու կոյտի պէս սեւութիւն մը, ապա մրջիւնները քարացած այծերու հօտի մը տեսքը առին, եւ վերջապէս կրցանք զատորոշել վրանները, բոլորն ալ սեւ, լայն տարածութեան մը վրայ խառնիխուռն, համաչափ, բայց առանց կարգաւորութեան։ Կեդրոնը՝ աւելի մեծ ծաւալով ու երկրաչափական տարբեր գիծերով զանգուած մը կ՚իշխէր բոլորին։ Շէյխ Մչհեմի վրանն էր։
Մեր մեքենաները դեռ քանի մը քիլոմեթր ճամբայ ունէին հասնելու, երբ փոշիի ամպ մը փրթաւ վրաններէն եւ սկսաւ թաւալիլ մեր ուղղութեամբ։ Մեզ դիմաւորող ձիաւորներու խումբ մըն էր, որ կ՚առաջանար՝ օդին մէջ հրացան պարպելով։ Շրջապատեցին մեքենաները եւ առաջնորդեցին մեծ վրանը, շարունակելով հրացանաձգութիւնները։
Շատ ընդարձակ էր Մչհեմի վրանը, հինգ-վեց հարիւր մարդ առնող սինեմայի մը տարածութեամբ։ Երբ ներս մտանք, նախ պարապ թուեցաւ, բայց յետոյ նկատեցինք, որ հարիւրաւոր մարդիկ նստած էին գետինը, ծալապատիկ եւ շուրջանակի, պատերուն տակ, քով քովի, վայրը բոլորող շղթայի մը պէս։ Վրանին կեդրոնը, ուղղանկիւն մեծ սեղանի մը լայնքով փոս մը կար, մէկ թիզ խորութեամբ, ածուխի կրակով լեցուն, վրան՝ հասակի կարգով մէկ գիծի վրայ շարուած պղնձեայ կուժեր։ Եռացող սուրճի ամաններն էին, հետզհետէ բարակցող վիզերով։ Մեծէն կը պարպուէր աւելի փոքրին, անկէ՝ ուրիշի մը, եւ այս վերջին բարչէն իրենց սրճեփները կու գային լեցնել շրջուն բաժնողները, անվերջ շրջագայութեան մէջ։ Երկու հոգի տեւաբար կրակին եւ եռացող ամաններուն հետ էին։
Երեք թէ չորս սիւներու վրայ կը հանգչէր Մչհեմի վրանը։ Նստած էր երկու մանչ զաւակներուն հետ – երկուքն ալ երեսունի շուրջ երիտասարդներ – սրահին ճակատը, գորգապատ ներքնակներէ կազմուած լայն տիվանի մը վրայ, շուրջը բազմաթիւ կլոր բարձիկներ։ Տասը-տասնըհինգ քայլ պէտք է առաջանայինք իրեն հասնելու համար։ Ոտքի ելաւ, ընդառաջեց։ Ողջագուրուեցաւ միայն Սրբազանին հետ, եւ մեզի՝ ձեռքի շարժումով մը բարձերը ցոյց տուաւ, որպէս նստելու հրաւէր։ Մեր նստելէն առաջ երիտասարդները ոտքի ելան ու հեռացան վրանէն։ Մչհեմը սեւ ակնոցներ կը կրէր, հաւանաբար աղէտուած աչքին համար, եւ իր դէմքը ակնոցներէն հազիւ թէ քիչ մը բաց գոյն ունէր։ Բարձրահասակ, նիհար եւ ջղուտ մարդ մը յիսունի եւ վաթսունի մէջտեղերը։ Նստաւ, բժիշկը եւ Սրբազանը երկու կողմերը առած ու բաւականին փափուկ կացութիւն մը ստեղծուեցաւ Սրբազանին համար։ Մչհեմը, ի յարգանս Սրբազանին տեւաբար կ՚ուզէր իրեն հետ խօսիլ, իսկ մերինը, արդէն արաբերէնի մէջ բոպիկ – ինչպէս բոլորս – պարզապէս կը քրտնէր բան մը հասկնալու համար անապատի բարբառէն, որուն աղաւաղուած հնչիւնները քաղաքի արաբներուն համար իսկ մատչելի չեն երբեմն։ Բժիշկ Զաքարը, որ երկար տարիներ ապրած էր այդ շրջանները, բարեբախտաբար կը փրկէր կացութիւնը, բազում «չ»երով տիրապետուած լեզուական հեղեղը դարձնելով իր կողմը։ Մնացեալներս, դիտելէ զատ ուրիշ ընելիք չունէինք։


Շար. 24
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝