Յայտարարութիւն

Monday, August 31, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ-25- ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Լեղի սուրճերը անվերջ տողանցեցին։ Ժամ մը անցեր էր մեր մուտքէն ի վեր։ Կէսօր էր արդէն։ Ճիշդ է, գիտէինք, թէ հոդ պիտի ըլլայ ճաշը, բայց դարձեալ անակնկալի եկայ, երբ մեր նստած տեղին մօտիկ կողմնակի «դռնէ» մը երկու յաղթանդամ մարդիկ ներս մտան, հսկայական սկուտեղ մը շալկած։ Երկու կողմերէն երկու ձեռքերով բռնած էին պղնձեայ տաշտը, որուն վրայ փիլաւի բլուր մը կը բարձրանար, բլուրին կողերուն ցանցնուած ոչխարի գլուխներ։ Այնքան ծանր պէտք է եղած ըլլար, որ այդ հուժկու մարդոց մէջքերը կը դողդղային, երբ բերին քայլ մը հեռու դրին մեր առջեւը։ Անոնց ետեւէն՝ յար եւ նման երկրորդ մըն ալ, յետոյ ուրիշ մը, եւ այսպէս չորս-հինգ բլուրներ վրանին երկայնքով, իրարմէ բաւական հեռու, բայց մէկ գիծի վրայ։ Այնպէս որ իմ նստած տեղէս դիտուած՝ լեռնաշղթայ մը կը կազմէին։
Ծառայող մը, յուշիկ եւ աննշմար, հիւրերուս առջեւ դրաւ ճաշի լման սպասներ – պնակ, դանակ, պատառաքաղ, սեղանի մաքուր անձեռոցներ։ Բժիշկը նախապատրաստած էր։ Իրենք մեզ յարգելու համար կը դնեն այդ բոլորը, բայց մենք ալ զիրենք յարգելով պէտք չէ ձեռք տանք ատոնց եւ պէտք է վարուինք իրենց պէս։
Շէյխ Մչհեմը ձախ ձեռքով սոտթեց աջ թեւը մինչեւ արմուկը, առաջացաւ ու անցաւ գործի, դարձեալ հրաւէրի նմանող շարժում մը ընելով միայն Սրբազանին ուղղութեամբ։ Մենք ալ հետեւեցանք, աւելի ճիշդը ուշադիր բժիշկին՝ պէտք է կապկէինք իր ըրածը։ Այդ օրուան մեր ուսուցիչն է բժիշկը։ Անշուշտ, ձեռքով պիտի ուտենք, եւ առանց լուացուելու։ Գիտենք։ Բայց գիտնալը ուրիշ, գործադրելը ուրիշ։ Նախ անհաւատալիօրէն տարօրինակ էր Մչհեմին ուտելու կերպը։ Ուտել բառը չի բացատրեր, ոչ իսկ լափելը կը համապատասխանէ եղածին։ Շլմորեցնող պատկեր։ Մչհեմը պարզապէս կը փոխադրէ։ Եւ ի՜նչ արագութեամբ...
Լայն ափը կը խրէր փիլաւի կոյտին, ինչպէս բահը կը խրեն կակուղ հողին, եւ պնակի մը տարողութեամբ բան կը վերցնէր։ Յետոյ այդ բեռնաւոր ափը կը տանէր լայնաբացօրէն սպասող բերանին եւ խոռոչ մը լեցնելու պէս՝ մէկ հարուածով կ՚անհետացնէր, վերէն վար շարժումով մը, պատ ծեփելու պէս, արագ, կտրուկ, մեքենական։ Ե՞րբ ծամեց, ե՞րբ կլլեց։ Ափը դարձեալ խրած է փիլաւին եւ մագոգի արագութեամբ կը դառնայ խոռոչին...
Իսկ անդին ուրիշ տեսարան։ Անոնց ուտելը չենք տեսներ։ Խումբեր կը թառին փիլաւներուն շուրջ, պահ մը վայրահակ կ՚աշխատին ու կը վերադառնան իրենց տեղերը, ճամբայ տալով յաջորդ երամակին...
Իմ մասիս, միայն ճկոյթ մատս մասնակից չէր խնճոյքին։ Երեք մատներս մէկ ըրած, դգալի ձեւ մը տուած էի եւ բթամատիս օգնութեամբ կերպ մը կը քալէր։ Բայց չտեսնուած, չկերուած, չլսուած համով էր։ Չէի կրնար երեւակայել, թէ մեր սովորական փիլաւը այդքան համով կրնայ ըլլալ եղեր, այդքան...
Կուշտիս՝ արմուկի ուժգին հարուած մը։ Միհրան Հերարտեանն է։ Բոլորը ոտքի ելած են շէյխին օրինակով, մինչ ես դեռ նստած կը մնամ։ Այս օրէնքն ալ բացատրուած էր մեզի։ Երբ ինք սկսաւ՝ մենք ալ սկսանք, վերջացուց՝ մենք ալ պէտք է վերջացնենք... Բայց ես դեռ բա՜ն չկերայ, հազիւ քանի մը պտղունց... Ըմբոշխնելու վրայ էի այդ եզական ճաշը եւ ահա ստիպուած եմ լքել։ Աստուած իմ, այս ի՜նչ դժբախտութիւն։ Անօթութեան տոկոսը ինքնին դժուար է, բայց աւելի գէշը կայ, երբ առջեւդ առատ սեղան ունիս եւ դատապարտուած ես միայն դիտելու։ Բերնիս հասած քանի մը պատառները անսուաղութիւնը աւելի սրելու միայն ծառայեցին։ Եւ ահա, տաք ջուրի կոնք մըն ալ կը պտըտցնեն մեր առջեւ, ուրիշ մը սրբիչ կը հրամցնէ։ Եթէ տարտամ յոյս մը ունէի դեռ անգամ մը եւս փիլաւին մօտենալու, այդ յոյսն ալ ցնդեցաւ։ Եւ արդէն մեր լքած տեղը նորանոր խումբեր կը թառին ու կը փոխուին...
– Ես մեռա՜յ,– կը շշնջամ քովս Հերարտեանի ականջին,– անօթի եմ...
– Սատկի՛ս դուն, շուրջդ դիտելու տեղ առջեւդ նայէիր,– կ՚ըսէ անխիղճ չարութեամբ։
Ինք, տեսայ թէ ինչ եռանդով կը բզքտէր գառնուկի գլուխը եւ քաշելով դուրս կը հանէր լեզուն։ Զրկանքին ստեղծած չափազանցեալ զգայութի՞ւնն է, արդեօք, քանի մը ժամերու անօթութեան կսկծա՞նքը, թէ՞ իրապէս կախարդական համ մը ունէր Մչհեմի այդ փիլաւը։ Կրնամ երդնուլ, թէ անապատի այդ փիլաւէն աւելի համեղ ճաշ չեմ տեսած կեանքիս մէջ։
– Եւ գլուխներն ալ՝ կաթի մէջ խաշուած էին,– կը փսփսայ Հերարտեանը։
Ճի՞շդ կ՚ըսէ, թէ սատիկ գոհացումով մը տառապանքիս հետ կը խաղայ, չեմ գիտեր։
Մեկնեցանք մօտիկ քաղաքը, Ռագգա, շէյխ Մչհեմին յայտնելէ ետք մեր հրաւէրը, որ ընդունեց։ Արդէն մեր այցելութեան բուն նպատակը իրեն հիւր ըլլալը չէր, այլ զինք մեզի հիւր ընդունիլը։ Յաջորդ օրը ինք հիւր պիտի ըլլայ մեզի Ռագգայի մէջ։ Այնտեղ իրեն պիտի մատուցուի նաեւ մեր նուէրը։ Մեր խումբին ետեւէն ուրիշ քանի մը հոգիներ եւս դէպի Ռագգա ճամբայ ելած են մեզմէ ետք, կազմակերպելու համար ընդունելութիւնը։ Պատրաստութիւններ կը տեսնեն հոն, Հալէպէն ճշդուած ճաշացուցակին անհրաժեշտ բոլոր տարրերը միասին, ինչպէս նաեւ այդ առթիւ պանդոկ Պարոնէն փոխ առնուած սեղանի արծաթեայ սպասներ։ «Մենք իր հիւրը եղանք իր ոճով, ինքն ալ մեր հիւրը կ՚ըլլայ մեր ոճով»։ Բժիշկ Զաքարին անվիճելի կարգադրութիւնն է։

Պզտիկ գաղութ մը ունինք Ռագգայի մէջ, նաեւ դպրոց։ Տեղւոյն հայերը, մեծով, պզտիկով գործի վրայ են Հալէպի մեր մարդոց հետ։ Թէ ինչպէս անցուցինք գիշերը այնտեղ, աւելորդ է պատմել։ Պանդոկ չկար։ Ամէն մէկս տունի մը հիւրն ենք, եւ անիծեալ մժեղներուն զոհերը։ Ռագգան անապատին կեդրոնն է եւ ուղղակի Եփրատի ափին։ Ուշ գիշերին, հաւաքական ընթրիքէ մը ետք, ամէն մէկս քաշուած ենք մեր տեղերը։ Ոստիկանական վէպս բացած, բարձս շտկելու վրայ եմ, երբ դուռը կը զարնուի։ Տանուտէրն է, իմ հիւրընկալս, ձեռքին ձիու պոչ մը, որ մտրակի պէս կը շարժէ։
– Խէր ըլլայ... եթէ ճանճ կամ մժեղ քշելու համար է, քնացած ատենս ի՞նչ պիտի ընեմ...
– Մժեղի համար չէ, հիմա կը տեսնես...
Չորս խուրձերու կը բաժնէ ձիուն պոչը եւ կը սկսի փաթթել ու կապել մահճակալին չորս ոտքերուն, գետինէն քիչ մը վեր։ Ես լուռ կը դիտեմ։ Գործը աւարտելէ ետք կը շտկուի եւ ինծի ուրախ լուր մը տալու պէս կը յայտարարէ.
– Հիմա կրնաք հանգիստ պառկկիլ։ Այստեղ երբեմն ղըրխ այախ (քառասուն ոտք, կարիճ) կ՚ելլէ... Այսպէս կ՚ընենք, որ մազերուն փաթթուի ու վեր չ՚ելլէ...
Արդարե՛ւ։ Հանգիստ քուն եւ անուշ երազներ պարգեւող ի՜նչ տուեալներ... կարի՜ճ կ՚ելլէ...
– Ձեզ չի՞ խայթեր որ ինծի համար կ՚ընէք այս զգուշութիւնը միայն այսօր...
– Մենք թասերով ջուր կը դնենք, բայց այսպէս աւելի ապահով է։ Գիշեր բարի...
Գետինէն՝ կարիճներու վախը, վերէն՝ մժեղները, եթէ կրնաս քնացիր։ Ընկերներս ի՞նչ վիճակի մէջ են արդեօք իրենց անկիւնները։ Պէտք է խոստովանիմ, մժեղները յանկարծ տանելի դարձան կարիճներու սարսափէն։ Ո՞ր ծակէն դուրս պիտի ելլէ արդեօք իժը։ Օձի խօսք չըրաւ, բայց նոյն ցեղն է... Քննութիւն մը կը կատարեմ սենեակին մէջ, ոչ մէկ ծակ, գետինը կամ պատերուն վրայ։ Դուռն ալ փակ է եւ անցքի ճեղք չկայ յատակին։ Բայց տանուտէրը ինչո՞ւ այդպէս ըրաւ։ Կը նշանակէ ապահովութիւնը կատարեալ չէ։ Չըլլա՞յ որ վտանգը առաստաղէն գայ։ Գերաններ կան։ Հոդ, քիչ մը կասկածելի է։ Բայց սողունը վերէն վար գնդակի պէս պիտի չնետուի վրաս։ Պատերէն սողալով պիտի իջնէ եւ... Գաղափար մը։ Մահճակալը հրելով կը տեղափոխեմ, ետ քաշելով պատերէն... Չեմ յիշեր թէ ինչպէս անցուցի գիշերը։
Առաւօտեան, ժպտուն դէմք չկայ մեր խումբին մէջ։ Բոլորն ալ քնատ են եւ տժգոյն։ Հերարտեանին դէմքէն քացախ կը վազէ եւ սկսած է հայհոյել քաղաքին, Մչհեմին, աշխարհին։
– Ե՞ս... շատ հանգիստ... մարդիկը մժեղարգել ալ ունէին...
Սուտ եմ, բայց ոչինչ, վրէժխնդրութիւնը պէտք չունի միջոցներու մէջ խտրութիւն դնելու...


Շար . 25
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝