Յայտարարութիւն

Sunday, August 23, 2009

ՀՕՐՍ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ - 2- Ռիթա Պասմաճեան-Մանճիկեան

Յուլիսի վերջերը, Գալատուրանցիները առաջին տարագրուողները եղան, ապա՝ Ներքիգիւղցիներն ու Պաշուրտցիները ։ Թուրք չաւուշը տարաձայներ էր թէ՝ միայն լուսաւորչականները պիտի տարագրուէին։ Մայրս չէր հաւատար եւ պատրաստութիւն կը տեսնէր։ Ուտելիք, հագուստներ կը լեցնէր պարկերու մէջ։ Ո՞վ պիտի շալկէր, ո՞վ պիտի տանէր, ես ութը, քոյրս՝ չորս տարեկան։
Առտու մըն ալ մեր տան դուռը զօրաւոր զարնուեցաւ, անկողիններէն ընդոստ վեր ցատկեցինք։ Թուրք ասկեարները կը հրամայէին, իջնել եկեղեցուոյ կից՝ հրապարակը։ «Սեւգիէթ է սեւգիէթ» կը գոռային այդ հրէշները... գաղթը կը սկսէր...
0գոստոս ամսուան մէջ որ մը հաւաքեցինք ապրանքները, ես՝ քրոջս ձեռքէն բռնած, մայրս՝ երկու պարկ կախած ուսէն, իջանք հրապարակ։ Մեծ բազմութիւն կար այնտեղ ։ Ձիաւոր ասկեարները իրենց մտրակները կը շաչէին ասոր-անոր գլխուն կամ ուսին, արագ-արագ կ՛երթեւեկէին, գահ-գահ բարձրաձայն կը խնդային։
Վերջապէս, արեւը բաւական բարձրացեր էր, հրաման տրուեցաւ շարժելու։ Քալեցինք-քալեցինք ծուռ ու մուռ ճամբաներէ, անցանք թփոտ եւ անանցանելի բլուրներէ, իջանք քարքարոտ ձորեր, անօթի, ծարաւ, քրտնաթոր։ Կէսօրէ ետք թէեւ արեւը կամաց-կամաց կը քաշուէր հորիզոնին ետին, սակայն վերջին ճառագայթները, ասեղներու նման կը մտնէին մեր աչքերուն մէջ։

Յանկարծ կովերու բառաչ լսուեցաւ հեռուէն։ Գիւղ մը կը հասնինք ըսին շատեր։ Ճի՛շդ էր, թուրքմէն գիւղի մը մօտէն կ՛անցնէինք, կովերու բառաչը Քեսապցի գիւղացիներուն կովերունն էր:Անոնք ալ գաղթի ելած էին... Այդ թուրքմէնները շտապ թալաներ էին մեր գիւղերը։ Քոյրս կու լար, ջուր կ՛ուզէր, յոգներ էր չէր կրնար քալել։ Ստիպուած, վերցուցի կռնակս ու քալեցի, թէեւ ես ալ սպառեր էի։ Խեղճ մայրս, կքած իր բեռան տակ, սիրտը կը մղկտար ի տես մեր չարչարանքին եւ յոգնութեան։ Երեկոյեան, հասանք բացօդեայ դաշտ մը, հովը կը փչէր, մեր քրտնած մարմինները կը սառէին։ Յանկարծ՝ վայնասուն մը փրթաւ։ Մեզ առաջնորդող Միւնիր էֆէնտին, իր ասկեարներուն հրամայեր էր, որ առեւանգեն երեք երիտասարդուհիներ, որոնցմէ մէկը մեր դրացի Յովնանին աղջիկը՝ Սիրուարդն էր։ Գեղեցիկ, բարեձեւ, բարձրահասակ, սեւ երկար հիւսկերով։ Երիտասարդուհիները պոռացին, աղաղակեցին, ճչացին, ապարդիւն։ Անոնց մայրերը շտապեցին ազատելու իրենց դուստրերը, մտրակի հարուածներու տակ ինկան գետին։ Ասկեարները, քաշքշելով հեռացուցին այդ անմեղ աղջիկները, ձորն ի վար տարին, հո՛ն մարեցան ձայները։ Անոնք ետ չդարձան։ Մայրերն ալ հոն մնացին։ Լռութիւն տիրեց, մութը վարագուրեց ամէն բան։ Ես՝ վախէս ու պաղէն կը դողայի. մայրս՝ կը հանդարտեցնէր զիս, քոյրս՝ մօրս գիրկը կը քնանար։ Տարեց կին մը, բարձրաձայն գովքը կ՛ընէր առեւանգուած կոյսերուն եւ անոնց մայրերուն ու կ՛ողբար զանոնք ։ Ամէն մարդ կու լար ։ Ասկեարները , վայրենաբարոյ կիցերով եւ մտրակներով լռեցուցին բոլորը։ Յաջորդ առաւօտ արեւածագին, կարաւանը շարժուեցաւ։ Մէկ շաբթուայ, տառապալից եւ տանջալից թափառումներէ վերջ, բարձունքէ մը տեսանք ջուրի երկար գիծ մը։ «Որոնդէս» գետն էր։ Ելեւէջները դարձեալ կրկնուեցան, վերջապէս հասանք
«Որոնդէս»ի ձախ ափին «Ճըսըր շուղուր» կոչուող քաղաքը։ Ի¨նչ քաղաք, մեզի նմանող խլեակներով ու ճանճերով լեցուն քաղաք։ Տարեց մարդիկ կ՛ըսէին, հոս ջուր եւ ուտելիք կարելի է գտնել։
Մեր հետ վերցուցած ուտելիքները սպառեր էին, մօրս բեռը թեթեւցած էր։ Քեսապցի գեղեցիկ կոյսերուն թիւն ալ նուազէր էր։
Մունիր էֆէնտին եւ իր ասկեարները գիտէին անոնց բացակայութեան տխուր գաղտնիքները։

«Ճըսըր Շուղուր»ի մէջ, քիչ մը հանգստացանք, նոյնիսկ գետի աղտոտ ջուրերուն մէջ լոգցանք։ Մայրս, քանի մը ոսկի ունէր,
մէկ ոսկի մանրել տուաւ, մեզի համար հաց, պանիր, վարունգ եւ հրուշակ գնեց։ Արձակուրդը շուտ վերջացաւ։ Երրորդ օրը, առաւօտ կանուխ, նոր ասկեարներ եկան, շատ ուրախ էին, հասնողին մտրակով կը զարնէին, ձիերը վազցնելով։

Կարաւանը դարձեալ կը շարժէր, ընդարձակ դաշտի մը մէջ խռնուելով։ Մունիր էֆէնտին դարձեալ յայտնուեցաւ, ձեռքին՝ երկար գաւազան մը։ Մտաւ ամբոխին մէջ, այդ գաւազանով, երկու մասի բաժնեց կարաւանը։ Մէկ մասը դէպի հիւսիս, միւս մասը դէպի հարաւ։ Մենք առաջին խումբին մէջ մնացինք։ Վայնասունները սիրտ կը ծակէին։ Հարազատները զիրար կը կորսնցնէին։ Վայ անոր, որ կը փորձէր մէկ կողմէն միւսը անցնիլ։

Այսպէս գաղթի նոր ճանապարհը բռնեցինք, դէպի բաց տափաստաններ։ Ո՛չ ծառ, ոչ ալ ջուր ... տաք հովը կը փչէր, աւազը մեր աչքերը կը կուրցնէր։ Իսկ կիզիչ արեւը՝ կ՛այրէր մեր կիսամերկ մարմինները։ Գիշերներն ալ անապատի պաղ հովը կը սառեցնէր մեր արիւնը։

Չեմ յիշեր քանի շաբաթ քալեցինք մինչեւ որ հասանք «Ռաքքա» քաղաքը։ Հոն տեղաւորուեցանք աղտոտ խանի մը, գարշահոտ ախոռի մը մէկ անկիւնը։ Հոս սկսաւ մեր խաչելութիւնը։ Անօթութիւնն ու համաճարակը կը հնձէին գաղթականները առանց տարիքի ու սեռի խտրութեան։ Ամէն առտու կու գային մեռելներ փոխադրող սայլեր, կը հաւաքէին դիակները ու կը
տանէին։ Խանի բնակչութեան թիւը մէկ կողմէն կը պակսէր, անոնց տեղ նոր խլեակներ կու գային կը տեղաւորուէին, երբեմն կռիւներ եւ ծեծուըրտուք ալ կը պատահէին։
Ես՝ կ՛երթայի մուրալու, ինչ որ բերէի, քիչ մըն ալ, Եփրատի եզերքէն խոտ կը հաւաքէի՝եթէ գտնուէր :Կ՛ուտէինք: Մարդ մը կար, մօրս մէկ հեռու ազգականը, որուն քեռի կ՛ըսէինք, յաճախ կու գար ու կը խլէր, իմ բերած ուտելիքներուն մեծ մասը, ու անհագօրէն կը լափէր։ Ես կ՛ատէի զայն եւ չէի հանդուրժեր անոր դաժանութիւնը։ Քեսապէն մեր բերած առարկաներէն, մեզի մնացեր էր սեւցած տապակ մը, որուն մէջ կը խարկէինք ձիերու թրիքներուն մէջէն հաւաքած գարիի հատիկները։ Քեռի կոչուած Սադայէլը, օր մը եկաւ, մօրս ձեռքէն բռնի կերպով խլեց այդ տապակը, ծախեց քանի մը պարղութով, դրամը գրպանեց ու անհետացաւ։

Գիշեր մըն ալ քոյրս, անօթութենէն սրտաճմլիկ ձայնով կու լար հաց-հաց...ըսելով։ Ո՞ւրկէ ճառել հաց... առտուայ կողմ կամաց-կամաց լռեց... խորհեցանք քնացաւ, սակայն յաւիտենական քունի մտեր էր։ Մենք շատ լացինք, խանի մէջ գտնուող դրացիները մեզ մխիթարելու եկան։ Առտու դարձեալ յայտնուեցաւ «Քեռի» կոչուածը։ Մեռելասայլը եկած էր արդէն քոյրս ալ նետեցին սայլին վրայ, խանին մէջէն քանի մը ուրիշ կիներու դիակներ նոյնպէս, քոյրս մնաց միւսներուն տակ։ «Քեռին» կարծէք կ՛ուրախանար մեր դժբախտութեան համար ու կը քրքջար։ Մայրս արդէն հիւծած էր։ Առաւօտ մը, խանին առջեւ երեւցան չորս ասկեարներ, մէկը՝ ձեռքին թմբուկ մը, ուժգին կը թմբկահարէր, մեր ականջները կը խլանային եւ դատարկ աղիքները կը ցնցուէին ու կը ցաւէին։ Բոլորս սարսափեցանք։ Ասկեարները շատ ժպտուն եւ սիրալիր կ՛ըսէին՝.- «Խանըմներ եթէ կ՛ուզէք, ձեր զաւակները փրկել, վաղը հաւաքուէցէ՛ք, Ռաքքայի ծայրամասը, ուրկէ ճամբան Հալէպ կը տանի։ Հո՛ն, սայլեր պիտի սպասեն։ Մեր բարեխնամ կառավարութիւնը գթալով ձեր զաւակներուն վրայ, որոշած է Հալէպի որբանոցը տեղաւորել զանոնք, որ ապրին եւ վերադառնան ձեր քաղաքները»։ Մայրս՝ քաջալերուած ուրիշ մայրերէ, զիս ալ ղրկել ուզեց, գէթ ես ազատէի մեր ընտանիքէն։

Մեր խանի մէջ ապրող Քեսապցի Վարդուհին ալ պիտի երթար։ Մայրերը կը թելադրէին մեզի, որ իրարու տէր կ՛անգնինք, չթրքանանք։ «Տէրունական աղօթք»ը, մեր անուն մականունը, Քեսապ անունը կրկնել կու տային մեզի։ Վարդուհին ու ես, շատ դժուարաւ համոզուեցանք։ Առտու շատ կանուխ գացինք որոշուած վայրը, ուր՝ սայլերն ու «բարի» ասկեարները կը սպասէին։ Չորս սայլեր քսանհինգական փոքրեր լեցուցին։
Դահիճները ունէին տետրակներ, իբր թէ, մեր անունն ու մականունները կ՛արձանագրէին։ Ես՝ Վարդուհիին ձեռքը պինդ բռներ էի։ Յանկարծ, մեր սայլին մօտեցաւ, մեր հեռաւոր ազգականին տղան՝ Կարապետը։
- Յովսէ՛փ, վար ցատկեցէ՛ք, ըսաւ ան, ձեզի այրելու պիտի տանին, ես լսեցի, ասկեարները կը խօսէին, շու՛տ, վար
ցատկեցէ՛ք եւ զիս հասէ՛ք «ըրմախը»։ Եփրատ գետին ըրմախ կ՛ըսէինք։ Ասկեար մը, «0լան կեաւուր, խնզիր օղլու խնզիր» ըսաւ, մտրակը բարձրացուց օդին մէջ, սակայն Կարապետը փախեր էր։ Ես ու Վարդուհին, օգտուելով ասկեարներու բացակայութենէն՝ ցատկեցինք վար, ուղղուեցանք դէպի գետը եւ պահուըտեցանք։ Բաւական ժամանակ անցեր էր, յանկարծ սայլերու ձիերուն գլուխները դարձան դէպի Մեսքենէ տանող ճամբուն կողմը, մայրերու սրտաճմլիկ ողբն ու կոծը բարձրացաւ օդին մէջ։ Կարապետ՝ որ ինձմէ չորս տարեկան մեծ էր, լաւ թրքերէն
գիտէր. իր փերեզակ հօր հետ, Քեսապի, մօտիկ թրքաբնակ գիւղերը շրջելով, սորվեր էր լեզուն։ Կարապետ եկաւ մեր մօտ, հոն մնացինք մինչեւ կիսախաւարը պատեց մթնոլորտը։ Ան մեզի ընկերացաւ մինչեւ մեր խանը, ուր բոլոր մայրերը կ՛ողբային մեր կորուստը։ Մեզ տեսնելով զարմացան, մենք պատմեցինք մեր փախուստին մասին։
Կարապետը մեր ազատարարն էր...

Շար . 2

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝