Յայտարարութիւն

Wednesday, August 12, 2009

Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Յովսէփեանց 2

Սիրելի Ընթերցող,

Մեզմէ քիչեր կը ճանչնան Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Յովսէփեանցը:Վաստակաւոր այս հոգեւորականը մեծագործի համբաւին տիրացած է իր կատարած ազգային կարեւոր գործունէութեան համար: Վարագ Աւագ Քահանայ Յովսէփեան՝
Հոգեւոր Հովիւ Գոքինիոյ,Աթէնք, մանրամասն տեղեկութիւն կուտայ այս անխոնջ աշխատող և քաջ Հայրապետին մասին : Յարմար նկատեցինք «ԽՈՐԱՆ» պարբերաթերթէն արտատպել այս յօդուածը ,երկու անգամով ,մեր ընթերցողները մօտէն ծանօթացնելու համար այլ ՄԵԾ ՀԱՅՈՒ մը:

«Նշանակ»

````````````````````````````````````````````````````````````````````````````````````
Բ.ՄԱՍ


Հայրապետական Պատուիրակ
1934 թուականը կարեւոր դարձակէտ մը կը նշէ իր կեանքի պատմութեան մէջ, երբ կը նշանակուի Լիազօր նուիրակ եւ ներկայացուցիչ Հայրապետի, այցելելու համար հայ գաղութները: Այդ հանգամանքով Գարեգին Եպիսկոպոս կ'այցելէ Ռումանիա, Պուլկարիա, Վիեննա, Փարիզ, Երուսաղէմ, Եգիպտոս, Լիբանան, Սուրիա, Իրաք, կրկին Եգիպտոս, Յունաստան, Լոնտոն, եւ ապա Միացեալ Նահանգներ: Այս ճամբորդութեանց ընթացքին կը հանգանակէ 35.000 տոլար, անով նորոգելու համար էջմիածնի Մայր Տաճարը:
Ամերիկա կը հասնի 1936 Ապրիլ 8-ին, ուր ոգի ի բռին երկու տարիներ կ'աշխատի, պառակտեալ Հայ Համայնքներէն ներս անդորրութիւն ապահովելու համար: Երկու տարիներ ետք, կ'ընտրուի Առաջնորդ Ամերիկահայ Թեմին: Առաջնորդարանէն պարտքը վճարելու համար կը հաստատէ Լուսաւորչի Լումայի եւ Օժանդակ Միութեան Մի տոլար իւրաքանչիւր անահատից տարեկան տուրքերը: Ապա կը շրջի համայնքէ համայնք, կը քարոզէ որպէս քաջ հովիւ, կ'օծէ բամաթիւ եկեղեցիներ, կը դասախօսէ ամենուրէք, կը կազմակերպէ վարչական կեանքը գաղութին, կը հրատարակէ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑԻ պաշտօնաթերթը եւ Հոկտեմբեր ամիսը կը հռչակէ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՄԻՍ:

1941-ին, Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմին, Ամերիկայի մէջ Հայկական Յանձնախումբ մը կը կազմուի իր նախագահութեան ներքեւ եւ կը հանգանակուի 120.000 տոլար ի նպաստ Հայաստանին: Երկրորդ հանագանակութիւնը տեղի կ'ունենայ ի նպաստ Սասունցի Դաւիթ հրասայլերու զօրասիւնին համար եւ հաւաքուած գումարը կը հասնի 85.000 տոլարի:

Կաթողիկոսական Ընտրութիւն
1941 թուականի Մայիս 10-ին, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պատգամաւորական ժողովը միաձայնութեամբ զինք Կաթողիկոս կ'ընտրէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռին: Կիլիկիոյ պատմական Աթոռին Կաթողիկոս ընդունուելէ ետք, Ամերիկայի մէջ ամենուրեք իր Յոբելեանը կը տօնուի եւ այդ առիթով հաւաքուած գումարը ինք սիրայօժար կամքով կը նուիրէ Կիլիկիոյ Աթոռին, զայն Մշակոյթի կեդրոնի մը վերածելու մտածումով:

Ընտրութենէն մօտ երկու տարիներ ետք, 1945 Մարտ 23-ին հազիւ կը կարողանայ Անթիլիաս հասնիլ պատերազմի ստեղծած անապահովութեանց պատճառով: Նոյն տարուան Ապրիլի 8-ին կաթողիկոս կ'օծուի Կաթողիկոսարանի Սրբ. Գր. Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ: Իսկ Ապրիլ 22-ին, Սուրիական Կառավարութիւնը պատուելու համար նորաօծ կաթողիկոսը, իրեն կը շնորհէ Սուրիական ՄՈՒՄԹԱԶ բարձրագոյն աստիճանի շքանշանը: Նոյն տարուան Յունիս 5-ին կը մեկնի դէպի Ս. Էջմիածին, նախագահելու համար Ս. Էջմիածնի Կաթողիկոսական ընտրութեան պատգամաւորական ժողովին: Վերադարձի ճամբուն վրայ կը հանդիպի Թեհրան, ուր կ'այցելէ Իրանի Շահին եւ կ'օծէ Թեհրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցին:

1947 թուականին, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ենթակայ թեմերուն մէջ կը տօնուի իր յոբելեանը` պանծացնելով իր Վաթսունամեայ եկեղեցական, գիտական եւ գրական գործունէութիւնը, ծննդեան Ութսունամեակը եւ քահանայութեան յիսնամեակը: Նոյն տարին, երբ Լիբանանի մէջ եւս կը տօնուի իր յոբելեանը, այդ առթիւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ օրուան Վարչապետը իր կուրծքը կը զարդարէ Լիբանանի Մայրիներու Ա. Կարգի շքանշանով:

Իբրեւ Կաթողիկոս իր հիմնական մտահոգութիւնը կ'ըլլայ Կիլիկիոյ Աթոռը նիւթապէս ինքնաբաւ դարձնել եւ զայն վերածել Մշակոյթի կեդրոնի մը: Այդ իսկ պատճառով կը զօրացնէ Դպրեվանքը, բանալ կուտայ քահանայից Դասարան մը, յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ Դպրեվանքէն շրջանաւարտ երիտասարդ եկեղեցականներու համալսարանական ուսում ստանալուն: Կը կազմակերպէ Տպարանը, բովանդակալից կը դարձնէ ՀԱՍԿ պաշտօնաթերթը եւ անոր կողքին կը հրատարակէ ՀԱՍԿ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՏԱՐԵԳԻՐՔԸ: Բաց աստի, կը կազմակերպէ ժողովրդային Լսարան, Ուսուցչական Համագումարներ, Կաթողիկոսարանի Գեղարուեստական Օր, Հնագիտական եւ Հայ Արուեստի Ցուցահանդէս, Վարդանանց Դիւցազնամարտի 1500 ամեակի բացման եւ փակման հանդիսութիւններ /Հոկտեմբեր ամիսը կը հռչակէ Մշակոյթի ամիս/:

Շինարարական մարզէն ներս եւս Գարեգին Կաթողիկոս կ'ունենայ բեղուն գործունէութիւն: Կը գնէ Յովսէփեան կալուածը Պէյրութի Համրա պողոտային վրայ: Վանքէն ներս շինել կուտայ Դպրեվանքի նոր շէնքը, իր թանգարանի եւ Մատենադարանի յարակից բաժիններով, նուիրապետութեամբ Կիւլապի Կիւլպէնկեան հիմնադրամին: Իսկ Պիքֆայայի մուտքի բլուրներէն մէկուն վրայ կը գնէ 52.000 քառակուսի մեթր տարածութեամբ հող մը, որուն վրայ կը կառուցուին Կաթողիկոսարանի Ամարանոցը իր Դպրեվանքի շէնքով ու գեղակերտ Մատուռով: Դպրեվանքի շէնքը կը շինուի Մանչեստրաբնակ Մարքօ Պաքըրճեանի նուիրատուութեամբ, իսկ Մատուռին շինութեան ծախսը կը հոգայ Պէյրութահայ Պրն. Երուարդ Տէմիրճեան:

Հակառակ իր ճիգին ու ջանքին, տակաւին Աթոռը հասած չէր նիւթական ապահով վիճակի մը: Ուստի, կը ձեռնարկէ ճամբորդութեան մը: Նախ կ'այցելէ Եգիպտոսի հայ գաղութը 1950 Մայիս 12-ին, ուր սրտի տագնապ մը կ'ունենայ .յանձն կ'առնէ շարունակել իր ճամբան մինչեւ Եւրոպա, Աթոռին ապագան ի մտի ունենալով: Աթոռ վերադարձէն ետք, 1950 Դեկտեմբեր 23-ին, գրասեղանին առջեւ աշխատած պահուն սրտի երկրորդ տագնապ մը կ'ունենայ երբ կը գրէր Յառաջաբանը ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՍԿ ՏԱՐԵԳԻՐՔԻ Բ. ՀԱՏՈՐԻՆ: Այնուհետեւ 18 երկար ամիսներ կը հարկադրուի անկողնոյ ծառայել մինչեւ մահը, որ տեղի կ'ունենայ 1952 Յունիս 21-ին:
Համազգային սուգով յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը կատարուելէ ետք, մարմինը կ'ամփոփուի Կաթողիկոսարանի Սրբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի կողքին, ուրկէ 1966-ին աճիւնները կը փոխադրուին Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի անուան կառուցուած դամբարանին մէջ, առանձին մարմարեայ դամաբանաքարով:

Յարգանք իր անձին եւ բեղուն վաստակին:

Վարագ Աւ. Քհնյ. Յովսէփեան
Հոգեւոր Հովիւ Գորքինիոյ



ԽՈՐԱՆ
Կրօնական, Ազգային, Գրական, Ս.Գրային,
Աստուածաբանական եւ Եկեղեցագիտական
Պաշտօնական Պարբերաթերթ
Յունաստանի Հայոց
Ազգային Առաջնորդարանի
Դ. Տարի /1-2/
Յունուար – Յունիս 2008
Թիւ 15-16
Էջ /33-36/


Աղբիւրներ-
1- « Յիսնամեայ յոբելեան քահանայութեան` Ամերիկահայոց Առաջնորդ Բարձր. Տէր Գարեգին Արք. Յովսէփեանի», Յոբելինական Յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած գրքոյկ, Բ. Տպագրութիւն, Նիւ Եորք, 1943:
2- « Ժամանակակից պատմութիւն Կաթողիկոսութեան Հայոց Կիլիկիոյ 1914-1972», Բ. Եղիայեան, 1975, էջ 589-628, Անթիլիաս, Լիբանան:
3- «Հասկ» պաշտօնական ամսագիր կաթողիկոսութեան Հայոց Մոծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, ԼԶ. Տարի, 1967, թիւ 12, Դեկտեմբեր, նուիրուած երանաշնորհ Տ. Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Յովսէփեանցի:



Շար 2 և Վերջ
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝