Յայտարարութիւն

Tuesday, August 4, 2009

ՀՐԱՉ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆ - Ճեմարանը Յիսուն Տարեկան - 2

Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը, մինչեւ 1964-65 տարեշրջանի աւարտը 11ամեայ միջնակարգ վարժարան, 1965 Հոկտեմբերէն սկսեալ ունեցած էր արդէն իր ԺԲ. գրական դասարանը, ֆրանսական փիլիսոփայութեան պաքալորիային պատրաստող։ 1970 Հոկտեմբերին, ԺԲ. գիտական դասարանի հաստատումով (ուսողութեան եւ փորձառական գիտութիւններու զոյգ ճիւղերով), ան դարձաւ արդէն 12ամեայ լման-երկրորդական վարժարան՝ լիբանանեան գիտական Բ. պաքալորիային եւս պատրաստող։ 1973 Յունիսէն ասդին, դպրոցի 12ամեայ լրի շրջանը աւարտելէն ետք է որ մեր աշակերտները իրենց ճեմարանական վկայականը կը ստանան։
1977-78 տարեշրջանէն սկսեալ, ԺԲ. գրական դասարանի ծրագիրը, մինչ այդ ֆրանսական, փոխարինուեցաւ լիբանանեան փիլիսոփայութեան պաքալորիայի ծրագրով։ Այսպիսով Ճեմարանը, անշուշտ իր հայերէնի եւ հայագիտական հիմնական ծրագիրներուն առընթեր, աշակերտները կը պատրաստէ լիբանանեան զոյգ պաքալորիաներու (Ա. եւ Բ.) բոլոր ճիւղերուն։

Ծրագիրներու որոշ նմանութիւն մը մեր աշակերտներէն շատերը կը մղէ ինքնակամ ներկայանալու նաեւ ֆրանսական պետական համապատասխան քննութիւններուն, ընդհանրապէս յաջողութեամբ։ Եթէ դպրոցը ի՛նք պաշտօնապէս չի պատրաստեր ֆրանսական պրըւէի եւ պաքալորիայի քննութեանց, ատիկա հիմնականին մէջ արդիւնք է այն իրողութեան, որ, ասկէ վեց-եօթը տարիներ առաջ, ֆրանսական պետութիւնը անակնկալ կերպով այդ քննութիւններէն ջնջեց հայերէն լեզուն, իբրեւ հայ աշակերտներուն համար հիմնական նիւթ (օտար առաջին կամ երկրորդ լեզու)։ Եւ մեր բազմաթիւ դիմումները, նախկին արտօնութիւնը վերահաստատել տալու համար, մնացին անհետեւանք։

1971 Հոկտեմբերէն մինչեւ 1975 Յունիս, յաջորդաբար երկու լման շրջան, գործեց Ճեմարանի մանկապարտիզպանուհիներու երկամեայ դասընթացքը, Լիբանանի թէ արտասահմանի հայկական մանկապարտէզներուն համար հասցնելով քառասունինը որակեալ մանկապարտիզպանուհիներ։ Կարեւոր այս ձեռնարկը, որ օրին մեծ գոհունակութեամբ եւ խանդավառութեամբ դիմաւորուած էր Լիբանանի ազգային իշխանութիւններուն եւ վարժարաններու խնամակալ մարմիններու կողմէ, ակամայ ընդհատուեցաւ քաղաքացիական պատերազմի օրերուն։

Բայց Համազգայինի կրթական մշակութային առաջադրանքներուն ամբողջացումը եւ անոր հայակերտումի ճիգերուն պսակումը կազմեց Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկի հաստատումը, Ճեմարանի կողքին, 1974 Հոկտեմբերին։ Համագաղութային արդար հետաքրքրութիւն վայելող այդ նախաձեռնութիւնը եւս, որուն հիմնական նպատակն էր մեր բոլոր դպրոցներուն համար պատրաստել հայերէնագէտ որակեալ ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ խմբագիրներ, մշակոյթի աշխատաւորներ եւ հասարակական գործիչներ, ընդհատուեցաւ քաղաքացիական կռիւներուն պատճառաւ։ Հիմնարկը վերաբացուեցաւ, բարեբախտաբար, 1979ի աշնան, եւ կը շարունակէ արդարօրէն կազմել Համազգայինի հպարտանքներէն մէկը։ Ան ներկայիս օժտուած է առանձին վարչութեամբ, ինչպէս նաեւ դասախօսական որակաւոր կազմով մը։ Հետաքրքրական է, այստեղ, նշել նոր սերունդին մօտ հայագիտական նիւթերուն նկատմամբ շահագրգռութեան նկատառելի աճը.- Հայագիտական Հիմնարկը, որ 1974-75 տարեշրջանին տասներեք ուսանող-ուսանողուհիներ միայն կը հաշուէր, ներկայիս ունի աւելի քան քառասուն ուսանող-ուսանողուհիներ։

*
* *

Արեւմտեան Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի իր զոյգ ճիւղերով, Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը 12ամեայ լման-երկրորդական վարժարան է ներկայիս, արդիական մանկավարժութեան բոլոր պայմանները լրացնող։ Ան ունի հետեւեալ բաժանմունքները.
ա) քառամեայ մանկապարտէզ
բ) հնգամեայ նախակրթարան
գ) քառամեայ միջնակարգ բաժին
դ) եռամեայ երկրորդական բաժին
Այս բաժանումները համապատասխան են լիբանանեան պետական չափանիշներուն եւ կը պատրաստեն՝ միջնակարգը պետական պրըւէին (Թ. դասարան) եւ երկորդական բաժինը լիբանանեան Ա. (ԺԱ. դասարաններ) եւ Բ. (ԺԲ. դասարաններ) պաքալորիաներուն։

Հիմնականին մէջ, Ճեմարանի նպատակը ուրիշ բան չէ անշուշտ, եթէ ոչ իրագործումը Համազգայինի ծրագրին կրթական-դպրոցական բաժնին,- այն է՝ ընդհանուր կրթութիւն, բայց մանաւանդ հայեցի դաստիարակութիւն եւ ազգային առողջ ոգի ջամբել հայ նոր սերունդներուն։ Վառ պահել մեր տղոց հոգիին մէջ հայ լեզուի եւ մշակոյթի սէրը, զանոնք ծանօթ ու հաղորդակից դարձնել հայ արժէքներուն, նախապատրաստել գիտակից ու որակաւոր հայ մտաւորականներ, յանձնառու եւ նուիրեալ մարդիկ։

Ոչ ոք կ՚անգիտանայ դժուարութիւնները ծրագրային այն բարդոյթին, որ պարագաներու բերումով պարտադրուած է մեզի, եւ մեր միջոցաւ՝ նաեւ մեր աշակերտութեան։ Ոչ ոք կրնայ ժխտել, որ, պետական պրըւէներու եւ պաքալորիաներու պատրաստութեան անխուսափելի ինքնապարտադրանքը մեզ յաճախ ստիպած է եւ կը ստիպէ մասնակի զիջումներ ընելու հայերէնագիտական եւ ազգային աւելի խոր ուսուցման մը մեր տրամադրութենէն։ Բայց նաեւ ոչ ոք կրնայ ըսել, որ հիմնական որեւէ անտեսում ենք ըրած հայերէնի, հայ գրականութեան հայոց պատմութեան եւ հայագիտական այլ առարկաներու պարտադիր ուսուցման մարզին մէջ։ Հիմնականը յաջողագոյն հաւասարակշռութիւնը պահելուն մէջ կը կայանայ, եւ կրնանք ըսել, որ, տարիներու փորձառութիւնը մեզ հասցուցած է այդ հաւասարակշռութեան։ Հպարտութեամբ կը նշենք, որ, տասնամեակներու իր փորձառութեամբ հարուստ, Ճեմարանը այսօր ե՛ւ պետական իմաստով լման-երկրորդական վարժարան է, ե՛ւ հայեցի առողջ ու ըստ էութեան բաւարար միջնակարգ կրթութեան մը վառարանը։ Ծրագրային այս բարդոյթը, հայերէնի եւ հայերէնով աւանդուող նիւթերու, ֆրանսերէնի եւ ֆրանսերէնով աւանդուող նիւթերու, տակաւին՝ նաեւ անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան համընթաց ուսուցումը մեր տղաքը որոշ չափով կը յոգնեցնէ, ճի՛շդ է, յատկապէս միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններուն մէջ պարտադրելով անոնց ճիգի եւ աշխատանքի քանակ մը, որ անկասկած վեր է ոչ հայկական երկրորդական վարժարաններու աշակերտութեան միջին ճիգէն,- բայց նաեւ անոնց կու տան, անժխտելիօրէն, ընդհանուր զարգացման բազմակողմանի եւ ապահով մակարդակ մը։ - Հպարտութեամբ կը նշենք նաեւ, որ մեր տղաքը միշտ ալ պատուով դուրս եկած են,- ու պիտի շարունակեն պատուով դուրս գալ,- աշխատանքի եւ նիւթերու առատութեան այս մրցումէն, ապահովելով գովելի յաջողութիւններ թէ՛ պաշտօնական քննութեանց եւ թէ ներքին՝ զուտ ճեմարանական ծրագիրներու մարզերուն մէջ։ Տակաւին, Ճեմարանի մանկավարժական-ուսումնական որակին յաւելեալ ապացոյցը կը կազմեն այն յաճախ փայլուն յաջողութիւնները, զորս կ՚արձանագրեն մեր աշակերտները Ամերիկեան համալսարանի եւ ամերիկեան ուղղութեամբ կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններու մուտքի քննութիւններուն մէջ։

Զուտ դպրոցական բաւական խճողուած իրենց աշխատացուցակէն դուրս, Ճեմարանի աշակերտները իրենց կամաւոր մասնակցութիւնը ընդհանրապէս կը բերեն ըլլա՛յ մշակութային-գեղարուեստական ձեռնարկներու, ըլլա՛յ Հ.Մ.Ը.Մ.ին կամ պատանեկան ու երիտասարդական միութիւններուն։ Հանրային ու ընկերային այդ գործունէութիւնը, այնքան ատեն որ արգելակիչ դեր չի խաղար իրենց ուսումնական կեանքէն ներս, քաջալերելի է եւ կը նպաստէ իրենց կազմաւորման, իբրեւ հասարակական եւ գաղափարական մարդ։ Հիմնականին մէջ այս վերջին առաջադրանքով է, որ Ճեմարանէն ներս կը գործէ նաեւ Լսարանական Միութիւնը, կազմուած երկրորդական բաժնի աշակերտ-աշակերտուհիներէն։ Ան քանի մը տասնեակ տարիներէ ի վեր կը հրատարակէ □Ջահակիր□ լսարանական հանդէսը, որուն մէջ իրենց գրական առաջին քայլերն են նետած ճեմարանաւարտ այսօրուան գրողներէն ու մտաւորականներէն շատեր։ Լսարանական Միութիւնը կ՚ունենայ իր ժողովները, խմբակային աշխատանքները, դասախօսութիւնները եւ հաւաքոյթները. ան պարբերաբար կը կազմակերպէ ներքին տօնակատարութիւններ, ցուցահանդէսներ եւայլն։
Ծանօթ են նաեւ մեր աշակերտ-աշակերտուհիներու յաջողութիւնները մարզական կեանքէն ներս, ԼԵՎԱՄի խաղերու թէ միջ-դպրոցական այլ մրցաշարքերու գծով։

*
* *

Ի զուր անցած չեն Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Սիմոն Վրացեանի, անոնց նուիրեալ գործակիցներու եւ, ընդհանրապէս, Ճեմարանի ուսուցչական որակաւոր կազմին տասնամեակներու ճիգերը։ Հաստատութեան յիսնամեակին առիթով, գաղութէ-գաղութ, դպրոցին բարոյական եւ նիւթական նեցուկ կանգնելու գծով, նախկին ճեմարանականներու ինքնակամ զօրաշարժը վկայ, շուրջ 615 ճեմարանաւարտներէ եւ աւելի քան հազար թերաւարտներէ բաղկացած այդ բանակը սրտանց կապուած է իր մայր հաստատութեան, եւ անոր հաւաքական սիրտը կը տրոփէ Ճեմարանի արձանագրած յաջողութիւններուն եւ ունեցած դժուարութիւններուն ելեւէջաւոր կշռոյթովը։ Հին ու նոր ճեմարանականներու իրենց դպրոցին նկատմամբ զգացած կապուածութիւնը եւ տածած գուրգուրանքը ամէնէն իրաւ երաշխիքն է Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի յիսնամեայ յաջողութեան։ Եւ անոր հպարտանքը։

Յաջողութեան այդ գրաւականը եւ անոր ընկերացող արդար հպարտանքը աւելի ամբողջական կը դառնան այն անժխտելի իրողութեամբ, որ նախկին բոլոր ճեմարանականները, շրջանաւարտ թէ թերաւարտ, ո՛ւր ալ որ գտնուին, ունին հայութեան եւ անոր հոգեմտաւոր արժէքներուն հասարակ յայտարարը։ Անոնց մօտ քառասունհինգ առ հարիւրը ընդգրկած է կրթական, մտաւորական թէ ընդհանրապէս մշակոյթի հետ կապուած ասպարէզներ, բայց անոնք բոլորն ալ, մասնագէտ, պաշտօնեայ, արուեստագէտ թէ տակաւին ուսանող, իրենց պատուաբեր մասնակցութիւնը կը բերեն իրենց գտնուած շրջաններու ազգային-հասարակական կեանքին։ Եւ իրենց հետ, ու իրենց միջոցաւ, ճեմարանական դաստիարակութիւնն ու ոգին արտայայտութիւն կը գտնեն գաղութէ-գաղութ, մի՛շտ ի սպաս հայ դպրութեան, մշակոյթին, ազգային կեանքին եւ Հայ Դատին։
Յիսնամեակի հանգրուանին, ծառայութեան այդ ուխտը թող վերանորոգուի եւ գիտակցութիւնը վերաթարմանայ, ի խնդիր նոր նուաճումներու եւ աւելի շքեղ հանգրուաններու։

1980

Շար. Ձ և Վերջ

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝