Յայտարարութիւն

Saturday, August 8, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ -2- ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Նախակրթարանի երկրորդ դասարանէն փախուստի օրերուս էր։ Յանցանքի վրայ բռնուած գիշերս։ Միհրան էֆէնտին մեկնած էր, գաւազանի հարուածները եւ խրատները վրաս թափելէ ետք։ Անակնկալօրէն յայտնուեցաւ, թէ այս լուսանկարը գաղտնիք մը ունի։

Ուշ գիշերին, երբ այլեւս փոթորիկը անցած կը համարէի, քանի որ մայրիկիս լացուկոծը դադրած էր եւ միայն կը մղկտար, սկսաւ հատ ու կտոր խօսքեր ըսել ինք իրեն։ Ինք երթայ ասոր-անոր տունը լուացք ընէ, հոգին բերանը գայ, տղան դպրոց ղրկէ փոխանակ ուրիշներուն պէս արհեստի դնելու, իսկ տղան ալ դպրոցէն փախի, ամիսներով, մայրը կարծէ որ դպրոց կ՚երթայ ամէն առաւօտ, մինչ տղան պարտէզներն է...

Այս առանցքին շուրջ կը դառնային իր տրտում մենախօսութիւնները, կը շարունակէր աւաղել, երբ յանկարծ ինծի դարձաւ եւ սպառնալից շեշտով մը գոչեց.
– Ես ալ Թրուանտային պէս ընէի, որ երթայիր, հասկնայիր...
– Թրուանտան ո՞վ է։
– Թրուանտան... Մովսէս-Ներսէսին մայրն էր, խելք ունիս նը, իշտէ գնա հասկցիր...
Եւ անկողնին մէջ կռնակը դարձուց ինծի եւ ա՛լ չխօսեցաւ։
Հասկցայ։ Աւելիին պէտք չկար։ Երեւակայութիւնս կրկին սլացած էր որբանոցի մեր բակը։ Մովսէս-Ներսէսը երկուորեակ եղբայրներ էին, ինձմէ քիչ մը պզտիկ, ազազուն, խեղճուկ եւ խլլոտ, անցնող-դարձողին ծաղրանքին ու հալածանքներուն ենթակայ։ Կիրակի օր մը, այցելու բոլոր կիներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ անոնց վրայ։

Նախ փսփսուքներով, քովընտի շշուկներով, հետզհետէ իրենց զաւակները մոռցած՝ կիները բոլորուեցան անոնց շուրջ, մայրիկս ալ մէջերնին։ Սկսան փաղաքշել, ուտելիքներէն անոնց բաժին տալ, սիրել, գուրգուրալ։ Իսկ երկուորեակները, լուռ, սեւեռուն դէպի խանին լայնաբաց դուռը, կը սպասէին իրենց մայրիկին, որ կ՚ուշանար...
Քիչ ատենէն ամբողջ որբանոցը գիտցաւ թէ Մովսէս-Ներսէսին մայրը Ամերիկա մեկնած էր...
Եւ զարմանալի հոգեփոխութիւն մը առաջ եկաւ որբանոցին մէջ, անոնց հանդէպ։ Տիրապետողը անտառի օրէնքն էր պզտիկ ճիւաղներուս աշխարհին մէջ։ Ուժեղը կը տիրէր, տկարը կը տրորուէր։ Եւ ընկճուած ստրուկներու շարքին էին Մովսէս-Ներսէսը։ Սովորական չար խաղերէն մէկն էր երկուորեակները անջատել իրարմէ, անկիւն մը սեղմել եւ հարցնել.
– Դուն Մովսէ՞սն ես թէ Ներսէսը։
– Ես Ներսէսն եմ։
– Ինչէ՞ն գիտնանք, սուտ ես։
– Ներսէսն եմ, ահա տեսէք...
Եւ տղան ցոյց կու տար աջ թեւը, պզտիկ պարղուտի մը մեծութեամբ ծաղիկի սպին։ Մովսէսինը ձախ թեւին վրայ էր։ Ծնողքը այս ձեւը գտած ըլլալու էին երկուորեակները զանազանելու համար։
Ուրիշ անգամ, մեծ տղայ մը կը հրամայէր.
– Մովսէս-Ներսէս, հո՛ս եկուր...
Պզտիկները միասնաբար կ՚առաջանային, վախով։
– Ես եկուր ըսի, եկէք չըսի, մէկդ միայն։
– Ո՞ր մէկս։
– Մովսէս-Ներսէսը...

Անգութ խաղ մըն էր, որ ատեն մը կը շարունակուէր ի մեծ զուարճութիւն շրջապատողներուն, մինչեւ որ բռնակալ տղուն ուշադրութիւնը ուրիշ կողմ դառնար։

Բայց այն օրէն որ իմացուեցաւ թէ անոնց մայրը լքած է զիրենք ու մեկնած, կացութիւնը փոխուեցաւ։ Որբանոցին մէջ անգամ մը եւս որբացած այդ երկու տղեկները դարձան որբերուս հաւաքական որդեգիրը։ Ոչ ոք կը համարձակէր այլեւս նեղութիւն տալ անոնց։ Բնազդական մղումով մը, համակրանքի բոլորակ մը ստեղծուած էր անոնց շուրջ։ Մանաւանդ Խաչիկը, Գրիգորին եւ ինծի հետ անխորտակելի երրորդութիւն մը կազմած, կը հովանաւորէր Մովսէս-Ներսէսը։ Վա՜յ անոնց մօտեցողին...
Իսկ անոնք, արդէն միշտ միասին, այլեւս ձեռք ձեռքի բռնած կը քալէին, վախնալով որ իրար կը կորսնցնեն բակին մէջ եւ աշխարհին մէջ։ Երբեմն մէկը կու լար, միւսը կը մխիթարէր, բայց երբեք չտեսանք որ երկուքը միասին լան։ Թաքուն համաձայնութեամբ մը կարծես, երկու եղբայրներուն յուսահատութիւնը խոտոր համեմատութեան օրէնքին կը հպատակէր։ Յաճախ մեր խումբը անոնց քովն էր եւ Խաչիկը կը սկսէր իր հերթական դասախօսութեան.
– Ամերիկան... ես գիտեմ։ Գեղեցիկ քաղաք մըն է։ Հոն կ՚երթան, աղուոր հագուստներ ու խաղալիքներ կ՚առնեն ու... ետ կու գան։
– Հեռո՞ւ է,– կը հարցնէր Մովսէս-Ներսէսներէն մէկը...
– Պէյրութէն քիչ մը անդին տեղ մը... շոգեկառքով կ՚երթան։
Գրիգոր արմուկով կը մշտէր եւ Խաչիկ կը սրբագրէր.
– Այո, պզտիկ ծով մըն ալ կայ, նաւով կ՚երթան...
Անարուեստ եւ ձախող մխիթարիչ մըն էր Խաչիկ։ Պզտիկները, թերահաւատ, չէին համոզուեր, բայց լուռ կը մնային եւ աւելի կը սեղմուէին իրարու։ Որբանոցի տխուր կամ զուարճալի դրուագներէն ոչ մէկը այնպէս անջնջելիօրէն դրոշմուած է յիշողութեանս մէջ, որքան Մովսէս-Ներսէսին պատկերը, այդպէս, լուռ, ձեռք ձեռքի, վիզերը ծուռ...

Ու հիմա, անկողնիս մէջ, քունս չէր գար, մինչ մայրիկս քնացած էր շատոնց, ինչպէս գիտէի իր շնչառութեան կշռոյթէն։ Ուրեմն Մովսէս-Ներսէսին ճակատագրի սեւ թռչունը իմ վրաս ալ պահ մը թափահարած էր թեւերը... ուրեմն մայրիկս ալ կրնար Ամերիկա գացած ըլլալ։ Այդ մտածումը կը սառեցնէր մարմինս։

Այն օրերուն, երիտասարդ այրիներ նամակագրութեամբ կ՚ամուսնանային Ամերիկա գտնուող հայ մարդոց հետ, առանց իրար տեսած ըլլալու։ Այդ գործին համար միջնորդներ կային, որոնցմէ մէկն էր Յովակիմ աղան, որ աւելի ետքը ճանչցայ։ Կինը լուսանկարը կու տար Յովակիմ աղային, այս վերջինը կը ղրկէր Ամերիկա – հոն ալ արհեստակից մը ունենալու էր – ու եթէ հաւնուէր, կ՚երթար, Յովակիմ աղային միջնորդչէքը վճարելէ ետք։ Մովսէս-Ներսէսին դէպքն էր, որ կանուխէն, դեռ որբանոցին մէջ, մեր ականջին հասցուցած էր այս գործունէութիւնը։ Անոնց մօրը անունը չէի գիտեր։ Ու հիմա որ կ՚իմանայի թէ Թրուանտա է եղեր... ամէն ինչ պարզ էր... մայրիկս ալ իր լուսանկարը տուած է Յովակիմ աղային...

Յաջորդ օրը, կրօնագիտութեան դասին – ամիսներէ ի վեր դպրոցական առաջին օրս – ուսուցիչը զիս դասի հանեց եւ հարցուց.
– Երբ Աստուած որոշեց ջրհեղեղ ընել, ի՞նչ ըսաւ Նոյին։
– Ըսաւ որ... Յովակիմ աղան թող խեղդուի...
Ամբողջ դասարանը բարձրաձայն խնդաց պատասխանէս, իսկ ուսուցիչը մէկէն եկաւ վրաս, ապտակներու տարափով մը, կարծելով որ կը ծաղրեմ...
– Ստահա՛կ, փողոցայի՛ն, խայտառակ, դուրս կորսուէ, դո՛ւրս...
Քովս նստող Օննիկը, հաւատարիմ թիկնապահ, փորձեց պաշտպանել զիս.
– Այդ դասին հոս չէր, պարոն։
Ապտակ մըն ալ ինք կերաւ։
– Հոս չէր, թող ըսէր չեմ գիտեր եւ ոչ թէ...
Յանկարծ, կարծես միտքը բան մը ինկաւ, կանչեց ետեւէս, երբ ես արդէն դրան մօտ, դուրս ելլելու վրայ էի։
– Կեցիր նայիմ, ո՞վ է Յովակիմ աղան...
– Չեմ գիտեր, պարոն...
Երկա՜ր մը դիտեց զիս, ապա պատուհաններէն դուրս՝ տեղացող առատ անձրեւը, եւ ըսաւ.
– Հոտ կեցիր, դրան քով, ներսը, երեսդ պատին...

Դասը շարունակուեցաւ առանծ ինծի։ Իրողութիւնը այն է, որ ո՛չ ծաղրանք եւ ոչ ալ ուրիշ որեւէ դիտաւորութիւն կար պատասխանիս մէջ։ Նախորդ ամբողջ գիշերը եւ հիմա՝ ցերեկին, մտքիս մէջ ելեւէջող միակ պատկերը Յովակիմ աղան էր, որ չէի տեսած, բայց գիտէի ով եւ ուր ըլլալը։ Մայրիկիս նկարը քո՜վն էր ուրեմն... մինչեւ հիմա մայրիկս չգնաց, բայց ո՞վ կ՚ըսէ թէ այդ չարաշուք մարդը պիտի չյաջողի ի վերջոյ... Ի՞նչպէս կարելի է արգիլել։ Պարզապէս վերջ տալով Յովակիմ աղային կեանքին։

Եթէ ըսեն թէ ինը-տասը տարեկան մանչուկի մը ուղեղին մէջ ոճրային գաղափարներ կրնան ծնիլ՝ հաւատացէ՛ք։ Ամբողջ օրը մտածումս այդ էր, եւ ճկոյթ մատի երկարութեամբ ծալլուող դանակս գրպանիս մէջ կը պահէի այդ նպատակով։ Այնպէս որ, ուսուցչին տուած պատասխանիս մէջ չարամտութիւն չկար, ոչ ալ կանխամտածութիւն։ Պատահականօրէն ջրհեղեղի մասին լսած էի իր բերնէն։ Թո՛ղ երթայ Յովակիմ աղան ջրհեղեղին մէջ։ Ի՜նչ արմատական եւ բարեդէպ լուծում։ Յամենայնդէպս, փախուստներուս պատմութիւնը դպրոցին մէջ այդքանով վերջացաւ, եւ իրիկունը օրինաւոր աշակերտի պէս տուն դարձայ մթին ծրագիրներս եւ անհանգիստ հոգիս շալկած։ Առաջին խօսքս եղաւ մայրիկիս.
– Դուն ինչո՞ւ Ամերիկա չգացիր Թրուանտային պէս...
Պատասխան չտուաւ։
– Մայրիկ, շիտակը ըսէ, կ՚երեւի Ամերիկայի մարդը քեզի չհաւնեցաւ...
– Շատ ալ հաւնեցաւ, երկու հատ ալ նամակ գրեց ետեւ ետեւի... Նամակները Յովակիմ աղային քովն են, կ՚ուզես նը գնա կարդա՛...
– Լաւ, ինչո՞ւ չգացիր...
– Մարդը ինծի ուզեց, քեզի չուզեց... Կինը լաւ է, կ՚առնեմ, բայց տղան չեմ ուզեր, գրեց...
Լռելու կարգը իմս էր։ Ու երկար, շատ երկար տեւեց այդ լռութիւնը։ Մայրիկս զգաց յուզումս, մէկէն քաշեց գլուխս կուրծքին, ամբողջ ուժով սեղմեց եւ ըսաւ.
– Եա՞, մարդը այնտեղէն հասկցաւ ինչ անառակին մէկը ըլլալդ...
Իսկ ես անզուսպ կու լայի, փաթթուած իր մէջքին, կու լայի առանց գիտնալու թէ ինչու կու լամ...
– Խե՛նթ, հէչ ես քեզի հոս կը թողէի՞...
Եւ աւելի կը սեղմէր գլուխս...
Ահա թէ ինչեր կան այս հին լուսանկարին մէջ...



Շար. 2
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝