Յայտարարութիւն

Monday, September 7, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ -32- ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Մինչեւ հոս, այս ամէնը Նշանն է ու Նշանը չէ։ Իր անձին մէկ ստուերագիծը, կենսագրական քանի մը գիծերով ուրուանկար մը, որ սովորական մարդոց բազմութենէն դուրս չի հաներ զինք։ Բայց մօտէն ճանչցողը – եւ շատ քիչեր մօտէն կը ճանչնային – գիտէր թէ եզական տիպար մըն է, խճողուած, տեւաբար ալեկոծ ներաշխարհով մը, որուն ելքի ճամբաները նեղ էին եւ արտայայտուելու միջոցները տկար։ Արարքներով միայն կրնար բացատրել միտքը, մինչ ուրիշներ խօսքով կը համոզէին։ Վիպային խառնուածք մը, որ անքակտելիօրէն կաշկանդուած է գործնապաշտ ոգիի մը բռնաշապիկին մէջ։ Մեր դասարանին յաջողակներէն չէր, բայց բոլորէն աւելի կը սիրէր գիրքերն ու գրականութիւնը։ Տասը տողնոց նամակ մը կը գրէ՝ տասներկու ուղղագրական սխալներ կան։ Հետապնդելով նոր լոյս տեսած գիրք մը ձեռք կ՚անցընէ՝ եւ իր զեկոյցէն կը կասկածիս որ հասկցած ըլլայ, բայց կը սիրէ, կը հաւաքէ գիրքերը, կը գուրգուրայ անոնց վրայ, կը պահէ՝ դրամէն աւելի բուռն ուշադրութեամբ։ Եւ ցուցական, ձեւական սէր մը չէ Նշանին մէջ գիրքերու սէրը։ Բնազդական ագահութեամբ մը գիրքեր կը հաւաքէ, կը շոյէ, շքեղօրէն կազմել կու տայ եւ հիացիկ, կը դիտէ իր գրադարանը։ Գիրքերու աշխարհին մէջ, մատեաններու տաճարին՝ խորանէն պատգամներ արձակող քարոզիչը չէ Նշան, այլ խորունկ պաշտամունքով խորանին առջեւ ծնկաչոք հաւատացեալը։
Գիրքերը Նշանին համար գիրքեր չէին, իր գանձն էին, զաւակներուն չափ գուրգուրալի։ Հալէպ, տարիներու ընթացքին, ինչ արժէքաւոր գիրք որ ունեցած եմ, տուած եմ Նշանին։ Ես, ոչ թէ գիրքերը չեմ սիրեր – անհեթեթ պիտի ըլլար որ գիրք գրող մը գիրքերը չսիրէ – բայց գիտեմ որ Նշանը աւելի ապահով խնամատարն է անոնց եւ արթուն պահակը։ Նշանենց տունէն՝ ճարպիկ գող մը կրնայ շատ բան գողնալ։ Գիրքերը՝ ոչ։
Նշանը քունին մէջ անգամ կը հսկէ իր գիրքերուն վրայ...

*
* *

Նշանը, շուկայի մարդ, շուկաներն է։ Կը մտածես որ շանաձուկը յարմար զոհեր կը փնտռէ, շահեր, առեւտրականի բնազդով եւ հոտառութեամբ։ Իրիկունը, յաղթական կու գայ։ Պարարտ զոհ մը գտած ըլլալու է։
– Տղաք, Սիւլէմանիէի անկիւնը խանութ մը պարպուեցաւ, անմիջապէս վարձեցի։ Ղամպուր Պօղոսը կը դնենք հոն, կ՚աշխատի եւ ընտանիքը կ՚ապրեցնէ...
Ուրիշ օր մը.
– Այս մեր Յովհաննէս Առաքելեանը վարպետ կօշկակար դարձաւ։ Ինչո՞ւ ուրիշին քով աշխատի։ Իրեն խանութ մը բանանք, միայն մեր ֆութպոլիստներուն կօշիկ կարէ, կը բաւէ։
Շատ չանցած, Յովհաննէսը սեփական խանութը ունի հրապարակի վրայ, դրամ կը շահի եւ Նշանին ֆութպոլիստներուն տեղ, նորաձեւութեան հետեւող տիկինները կը գոհացնէ, անշուշտ, տարի մը ետք, Նշանին ալ... վերէն նայելով...
Հալէպի մէջ կրնամ տասնեակ մը գործի մարդիկ թուել, որոնք իրենց կացութիւնը եւ կեցութիւնը Նշանին կը պարտին։ Օր մըն ալ Նշանը կը տեսնեմ, տարաժամ պահու մը մեր դպրոցին բակը – ուսուցիչ եմ – եւ դասարանին պատուհանէն կը նկատեմ որ ինծի ձեռք կ՚ընէ։ Երբեք պիտի չմոռնամ այդ օրը եւ տուած դասս։ Երեքշաբթի օր մըն էր – իմ բախտաւորս օրս – եւ դասը՝ Դանիէլ Վարուժանին «Սերմանողը», որ յաղթահասակ կը կանգնի մայրամուտի շողերուն մէջ ոսկեթոյր... Նշաններով կը հասկցնէ թէ դասը ընդհատելու պէտք չունիմ, կրնայ սպասել։
– Խէր ըլլայ Նշան, ի՞նչ կայ։
– Լեւոն Պապլուզեանէն իմացայ, որ Ամերիկեան գոլէժը տպարանը ծախու հանած է, նոր մը կը բերեն եղեր։ Լեւոնը բողոքական է եւ հետերնին լաւ է։ Գացէք ժամ առաջ գնեցէք... «Նայիրի»ն հոն կը տպես։ Չորս հազար գին դրած են։ Լեւոնը ըսաւ որ կրնայ մասնավճարի կապել։ Առաջին հազարը տուած եմ իրեն։ Բայց ժամանակ մի կորսնցնէք, ուրիշ յաճախորդներ ալ կան։ Ձեռքէ փախցնելու չէ...
– Բայց տպարանը ո՞ւր պիտի դնենք։
– Մտածած եմ, դուն մի մտածեր։ Շիտակ կը փոխադրէք Հոգետուն, օճառի մթերանոցս։ Պարպելու վրայ եմ արդէն...
Տպարանը գնուեցաւ չորս հազարով, չորս ամիսէն վճարելի։ Փոխադրեցինք, տպարանին վարպետը, հոգեւոր Սարգիսն ալ միասին։ Տասն անգամ կոտրտուած ու վերանորոգուած պզտիկ մեքենայ մըն էր, ոտքով դարձող, Մեծ Եղեռնէն շատ առաջ գնուած եւ Այնթապի Գոլէժէն Հալէպ փոխադրուած։ Բայց մնացեալ տառերն ու գործիքները, թէեւ հին, բայց լման էին։ Իսկ Սարգիսը՝ չգտնուած վարպետ մը։ Այնպէս որ երբ սկսանք ամսագիրը տպել եւ մաքրութեամբ ու ճաշակով բոլորին հիացում կը պատճառէր, մեր վարպետը, հակառակ հոգեւոր եղբայրութեան սկզբունքին որ □աղտոտ□ բառերէն կը խրտչի, խանդավառ գոչեց.
– Մենք այստեղ ճնճղուկի ոռէն հաւու հաւկիթ կը հանենք կոր...Տպարանին սարքաւորումը վերջացած է ուրեմն եւ կազմ ու պատրաստ ենք յաճախորդներ ընդունելու։ Շաբաթ իրիկուն կու գայ Նշանը.
– Բան մը տպեցի՞ք մինչեւ հիմա։
– Ոչ, Երկուշաբթի կը սկսինք։ Երեք տոմսակ ունինք եւ հարսանեկան հրաւէր մը։
– Ատոնք գալ շաբաթ կը գանձես, բայց հիմա պէտք է վճարել Սարգիսին – քառասուն ոսկի է շաբաթականը։ Յիսուննոց մը կը դնէ սեղանին ու կ՚երթայ...
Երկրորդ Շաբաթ իրիկունը, նոյն ժամուն։
– Է՜, ո՞ւր հասաք։
Որպէս պատասխան, գզրոցը կը քաշեմ ու յաղթական ցոյց կու տամ։ Շուրջ հարիւր ոսկի կայ։
– Աղէկ, աղէկ...
Եւ ֆէսը ծռած, կ՚երթայ երջանիկ...
Քանի մը ամիս ետք, ամէն ինչ կարգին է եւ տպարանը զուիցերիական ժամացոյցի մը պէս սահուն կ՚աշխատի եւ... կը շահի։ Գործաւորներն ալ աւելցած են, երեք հոգի են։ Քաղաքին միւս տպարանները խորթ կը նային մեզի։ Նոր մամուլ մը առնելու մասին կը մտածենք։
Նշանը նստած է դէմս ու կ՚ըսէ.
– Այսօրուընէ սկսած, ամէն շաբաթ մէկ դեղին ոսկի պիտի տաս ինծի, ես ալ Սեդային պիտի տամ, որ պահէ քեզի համար։ Դուն խնայել չես գիտեր...
Ոսկին 40-50 սուրիական կ՚արժէ։ Անմիջապէս յիսուննոց մը կը հանեմ։
– Ոչ, դեղին ոսկի կ՚ուզեմ։ Դուն ձեռքովդ կը գնես ու կու տաս։ Բայց ամէն շաբաթ, կատակ չեմ ըներ, կ՚ուզեմ։
Այնպէս եղաւ, որ իր գալէն առաջ ստիպուիմ մէկը շուկայ ղրկել, սարաֆներէն ոսկի մը բերել տալ, որպէսզի երբ Նշանը գայ, պատրաստ ըլլայ։ Գործաւորներն ալ գիտէին։ Շաբաթ օրը երբ մէկը գործով մը դուրս ղրկէի, կ՚ըսէր.
– Պարոն, ճամբուս վրայ Նշանին ոսկին առնե՞մ...
Այդ ոսկիներուն թիւը 20-30ի հասաւ։
Օր մըն ալ, Նշանը.
– Տպարանին կռնակի տունը պարպուելու վրայ է։ Յաջողեցայ վարձել քեզի համար։ Նորոգութիւններ կ՚ուզէ, բայց այնքան աժան է վարձքը որ կ՚արժէ վրան ծախսել։
Սեդային ոսկիները ծախսուեցան այդ տունին – թերեւս աւելիով – բաղնիք, խոհանոց կարգի դրուեցաւ եւ հոն փոխադրուեցանք մայրիկիս հետ, տունէն տպարան... դուռ մըն ալ բանալով։ Հանգստաւէտ եւ ընդարձակ բնակարան մըն էր։
Երեք-չորս տարի ետք, երբ պայմանները փոխուեցան եւ որոշեցինք Պէյրութ փոխադրուիլ, շատ թեկնածուներ կային այդ տունին։ Մանաւանդ դեղագործ Սելեանը, որ փողոցին միւս կողմն էր, ճիշդ ու ճիշդ մեր դիմացը, հինգ հազար ոսկի առաջարկեց, չեմ գիտեր որուն միջնորդ ըլլալով։ Բայց Զարեհ Սրբազանը ըսաւ.
– Կ՚ուզեմ որ հայրիկիս տաս այդ տունը...
Ո՛չ կարելի էր մերժել եւ ոչ ալ դրամի խօսք ընել։
Երեսուն տարիներ անցած են։ Վերջերս Հալէպ էի դասախօսութեան մը համար։ Մեր տունին մէկ պատը քանդած եւ փողոցին վրայ խանութ մը շինած էին, միայն մէկ սենեակը զոհելով։ Գրիգորը ըսաւ.
– Գիտե՞ս այս խանութը քանիով տուին։ Հարի՛ւր հազարի... Ամէն անցնելուս, քեզ կը յիշեմ, ափսոսանքով։ Իսկ ես ըսի մտքէս.
– Շահողին հալալ ըլլայ եւ Զարեհին յիշատակը օրհնեալ մնայ...


Շար.32
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝