Յայտարարութիւն

Sunday, August 9, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ -3- ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Մինչեւ հոս մայրիկիս գաղտնիքն էր այս լուսանկարին կապուած։ Դեռ կայ իմ ալ գաղտնիքս որ ինք երբեք չգիտցաւ ու ոչ ոք պիտի գիտնար, եթէ յիսուն-վաթսուն տարիներ ետք, իր գոյութիւնը անգամ մոռցնել տուած պատկերը, վերջերս – ի՜նչ հրաշքով – բարի ձեռք մը բերած դրած չըլլար սեղանիս։

Իջանք Տէրունեան լուսանկարիչին անվերջանալի սանդուխներէն։ Կուշտ ու կուռ լիացած եմ փախլավայով, պաշարիս ծրարը ձեռքս եւ արծաթ դրամը գրպանս՝ կ՚ուղղուինք որբանոց։ Մօտեցած ենք արդէն մեր թաղին որ զառիվեր է։ Կը սկսին Ախապէ փողոցին սանդուխները, որոնց ելքին է որբանոցը։
– Մայրիկ, ասկէ անդին մինակ կ՚երթամ, դուն մի յոգնիր, ետ դարձիր։
Կը դժկամակի, չ՚ուզեր զիս մինակ թողուլ որբանոցին չհասած, բայց հեռուէն տեսնելով մեզմէ քանի մը տղաք, կը համոզուի թէ այլեւս ապահով մարզին մէջ եմ ու կ՚երթայ։ Մինակ եմ եւ ազատ։ Քանի մը քայլ եւս կ՚առաջանամ որբանոցին ուղղութեամբ, եւ հազիւ մայրիկս փողոցը դարձած՝ կանգ կ՚առնեմ։

Ահա երազուած պատեհութիւնը։ Ով գիտէ թէ անգամ մըն ալ առիթը երբ կը ներկայանայ։ Ո՞վ կ՚արգիլէ որ կրկին քաղաք դառնամ եւ սկսիմ թափառիլ մինակս, միս մինակ, բոլորովին ազատ։ Իմացած ենք որ Պապ էլ Ֆարաճի հրապարակին վրայ տեսակ մը նոր լոյսեր կան, ելեքտրական լամբեր, որ դեռ չենք տեսած։ Մեր փողոցներուն քարիւղի լամբերը պատին գամուած բարձր լապտերներու մէջ են։ Ամէն իրիկուն մարդ մը կ՚անցնի սանդուխը շալկած, կը վառէ, եւ ամէն առաւօտ կը շրջի կը մարէ։ Իսկ ելեքտրական լամբը շատ զօրաւոր է, կոճակ մը սեղմես՝ կը վառի, սեղմես՝ կը մարի։ Բայց չենք տեսած։

Երկար չտեւեց համլէթեան երկմտանքս։ «Ե՜տ... դա՛րձ», ինչպէս կ՚ըսէր մարզիչ պարոն Լեւոնը, ու ետեւս թողած որբանոցը, վստահ քայլերով կ՚երթամ դէպի լոյսերը։ Իրիկուն էր, բայց դեռ արեւ կար տուներու բարձր մասերուն։ Աջ-ձախ թափառելով սպասեցի որ վառին կախարդական լամբերը։ Ի վերջոյ վառեցան, բայց ի՜նչ յուսախաբութիւն։ Թելերու վրայ շարուած քիչ մը աւելի փայլուն պզտիկ նարինջներ, բոլորովին խեղճ ու տժգոյն, խանութներու առջեւ կախուած շողարձակ լիւքսերուն քով։ Լիւքսնալ քարիւղով կը վառէր, բայց տասնապատիկ աւելի լոյս կու տար։ Հատ մը բերած էին որբանոցը, կաղանդի գիշեր մը եւ կը դիտէինք։ Նորութիւն չէր։
Սինեմայի մը առջեւ գունաւոր հսկայական պատկեր մը կար, լաթի վրայ գծուած։ Գեղեցիկ աղջիկ մը կապկպած դրած էին շոգեկառքի գիծերուն մէջտեղ։ Աղջիկը յուսահատ ճիգեր կ՚ընէր քակուելու եւ փախչելու։ Սարսափած աչքեր ունէր, որովհետեւ վայրաշարժը կը մօտենար եւ պիտի ճզմուէր։ Ուրիշ աւելի պզտիկ պատկերներ շարուած էին աւելի վարը, տախտակի մը վրայ։ Հնդիկներ ձիերով եւ փետուրէ գլխարկներով, նիզակները բարձր բռնած, դէմքերուն վրայ մատով քսուած մածունի պէս ճերմակ գիծեր։

Մօտեցայ սինեմային դրան։ Սեղանի մը առջեւ նստած, մէկը տոմսակ կը ծախէր։ Առաջացայ, ցոյց տուի քառորդ մէճիտս, հասկցնելով թէ կը բաւէ՞ ներս մտնելու։ Ոչ միայն կը բաւէր, այլ տոմսակին հետ պարղուտ մըն ալ ետ տուաւ։ Ներս մտնելու վրայ էի երբ սեղանին մօտ կանգնած պեխաւոր խոշոր մարդ մը, որ սինեմային տէրը ըլլալու էր, կեցուց։ Արաբերէն բաներ մը ըսաւ տոմսակ ծախողին, որմէ ետք տոմսակը եւ պարղուտը առնուեցաւ ձեռքէս, քառորդ մէճիտս ետ տուին եւ պեխաւոր մարդը գլխով նշան ըրաւ թէ կրնամ մտնել։ Որբանոցի մեր համազգեստը ծանօթ էր քաղաքին մէջ։ Մէկէ աւելի անգամներ արաբներու բերնէն լսած եմ «եթիմ էրմէն»ը, ցաւակից շեշտով, ինչպէս հիմա կը լսէի ետեւէս, սինեմայէն ներս մտած պահուս, պեխաւոր մարդէն...

Սինեմային մեծ մասը պարապ էր։ Ինձմէ քիչ մը մեծ արաբ տղաքը մեծամասնութիւն կը կազմէին, չափահաս հազիւ քանի մը մարդիկ։ Սուլեցին, անհամբեր ձայներ հանեցին, թուղթէ տոպրակներ պայթեցուցին, մինչեւ որ սրահը մթնեց եւ պաստառին վրայ հնդիկները սկսան արշաւել, հետապնդելով գեղեցիկ աղջիկն ու տղան։ Կռիւներ եղան, շատ հնդիկ մեռաւ, աղջիկը կառքէն վար ինկաւ, իսկ տղան կառքին հետ գլորեցաւ ձոր մը, գետի մը մէջ։ Հնդիկները աղջիկը բռնեցին, կապեցին ու դրին երկաթուղիի գիծերուն վրայ։ Հեռուէն սկսաւ առաջանալ շոգեկառքը ծուխեր արձակելով եւ սուլելով։ Սուլոցները լսելի չէին, բայց կը թուէր թէ կը լսէինք։ Ամէն ինչ լուռ կ՚ընթանար արդէն վարագոյրին վրայ։ Սրահին մէկ անկիւնը, պզտիկ դաշնակի մը առջեւ մարդ մը նստած էր եւ մութին մէջ եղանակներ կը նուագէր։ Երբ բեմին վրայ կռիւը սաստկանար, եղանակը աւելի արագ-արագ եւ բարձր կը հնչէր։ Ամէնէն ուժգին ձայները լսուեցան, երբ վայրաշարժին անիւները աղջկան կը հասնէին, բայց նոյն պահուն... լոյսերը բացուեցան, եւ դաշնակն ալ լռեց։

Արաբ տղաքը աղմկեցին, բողոքեցին, բայց սրահը սկսաւ պարպուիլ։ Շարունակութիւնը պիտի տեսնէինք ուրիշ օր մը...

Մեծ տպաւորութիւն մը չկրեցի։ Խաչիկը անգամ մը սինեմա տեսած էր, եւ կը պատմէր, միշտ եզրակացնելով.– «Այդ ամէնը սուտ են, սինեմային մէջ մարդ չի մեռնիր»։ Գիտէի թէ յաջորդ անգամ ձորը ինկած հերոսը լողալով դուրս պիտի գայ գետէն, բոլոր հնդիկները պիտի մեռցնէ եւ աղջիկը ազատէ։ Բայց շոգեկառքը այնքա՜ն արագ եկաւ, մազ մնաց աղջկան հասնելու։ Տղան ինչպէս պիտի ընէ...

Սինեմայէն դուրս կատարեալ գիշեր էր այլեւս ու կը մնար գործադրել վերադարձի ծրագիրս։ Մայրիկէն եւ հսկիչներէն վախ չունէի ուշացումիս համար։ Պատասխանս պատրաստ էր։ Դուռը գոց է, գիտեմ։ Կը ծեծեմ, կը բացուի։ Եթէ հարցնեն մայրիկս ուր է, կ՚ըսեմ, ահա՛, մինչեւ հոս հասցուց եւ գնաց։

Բուն խնդիրը ճամբան էր։ Նեղ փողոցներէն վախ չունէի, բայց որբանոցի թաղամասէն առաջ կար Պապ էլ Ճընենի կանաչեղէններու վրան գոց շուկան, ուրկէ պէտք էր անցնիլ պարտադրաբար, եւ այդ վայրը բոլորովին մութ ու ամայի կ՚ըլլար գիշերը։ Կը կարծէի այդ դժուարութեան ալ յաղթել, գործադրելով Խաչիկին պատուէրը.– «Երբ մինակդ մութ տեղ մը ըլլաս եւ վախնաս, «Լուսին չկար» երգէ, բարձր ձայնով, չես վախնար»։
Բայց երբ հասայ շուկային, սարսուռ մը անցաւ մարմինէս։ Մութ քարայրի մը բերանին պէս բաց, խաւարի պատ մը ելաւ առջեւս։ Ոչ թէ երգել, բերանս անգամ չէի կրնար բանալ եւ ուժով կը սեղմէի ակռաներս։ Լռութիւն, ամայութիւն, մթութիւն...

Ետ դարձայ, լուսաւոր հրապարակը գրեթէ վազելով։ Ինծի այնպէս կու գար, թէ անանուն «բաներ» կան շուկային մէջ եւ կը սպասեն, նոյնիսկ հիմա կրնան հասնիլ ետեւէս։ Հանդարտութիւնս գտայ լոյսերուն մէջ, Պապ էլ Ֆարաճի աշտարակին մօտ, բայց վախին տեղ, խուլ մտահոգութիւն մը սպրդած էր մէջս։ Ինչպէ՞ս անցընել գիշերը։ Աշտարակին վրայ խոշոր ժամացոյց մը կար, որ ժամերը կը զարնէր, բայց ես գաղափար չունէի ո՛չ ժամացոյցի եւ ոչ ալ ժամերու մասին։ Մութը իջաւ՝ գիշեր է, արեւը ծագեցաւ՝ ցերեկ կ՚ըլլայ։ Բայց որքա՞ն պիտի սպասեմ որ արեւը ծագի։ Հակառակ ամառ ըլլալուն, սկսած էի մսիլ։ Գիշերը ցուրտ է, ինչպէ՞ս պիտի լուսցնեմ...

Հրապարակին լայնքին ու երկայնքին շրջան մը եւս ըրի, բայց շահեկան նորութիւն մը չտեսայ։ Սկսած էի յոգնիլ, նոյնիսկ զղջալ ըրածիս վրայ։ Ելեքտրական լոյսերը, սինեման, պտոյտներս եւ ազատութիւնս, բոլորը միասին կու տայի հիմա, որ կարենամ երկարել խոնջ մարմինս որբանոցի խշտեակիս վրայ։ Բայց ուշ էր։ Ճար չկար, պէտք էր սպասել արեւին։ Մտամոլոր ու շուար, անզգալիօրէն կանգնած էի մսագործի խանութի մը առջեւ, ուր քեպապ կ՚եփէին ու սեղաններու առջեւ ճաշողներ կային։ Ներսէն մարդ մը ելաւ, հացի մը մէջ միսի կտորներ, եւ ինծի երկարեց։ Նախ չհասկցայ, մարդուն կը նայէի, բայց հակառակ բարի ժպիտին կարծես թէ օձ մը խայթեց կուրծքէս։ Մուրացկան կարծած էր։ Փախայ այդ տեղէն, մինչեւ հրապարակին վերի կողմը, ինչպէս փախած էի մութ շուկայէն։

Կռթնած եմ գոց խանութի մը փեղկին ու կը մտմտամ, ելք մը փնտռելով անել կացութեանս։ Այդ վիճակին մէջ կամաց կամաց ծունկերս կը սկսին կթոտիլ եւ ինքնաբերաբար կը սահիմ գետինը ու կը նստիմ, հաճելի թմրութեամբ մը։ Գէշ չէ դիրքս։ Անցորդներ չկան մայթին այդ կէտէն եւ կարելի է այդպէս կկզած դիրքով սպասել լոյսը բացուելուն...

Վերջին մտածումս կազմեց ատիկա։ Անկէ վերջ եղածը կէս-գիտակցական կէս-քուն վիճակի մը մէջ ծփացող տարտամ յիշողութիւններ են միայն։ Կը զգայի թէ սաստկացող ցուրտէն աւելի կը կծկուիմ գետինը, մէկ թեւս գլխուս տակ եւ միւս ափս գլխուս վրայ, բայց նոյն ատեն կակուղ ջերմութիւն մը զգալով կռնակէս, որ թեթեւ շփումով մը աւելի կը սեղմուէր ինծի։

Արթնցայ սոսկալի աղմուկէ մը։ Հարիւրաւոր մուրճեր մէկ անգամէն սկսան զարնել հարիւրաւոր սալերու վրայ։ Ինծի հետ վեր ցատկեց քովս սեղմուած խոշոր շունը եւ սկսաւ կատաղօրէն հաջել։ Ձիաւորներ կ՚անցնէին, սարսելով հրապարակը եւ կայծեր հանելով սեւ քարերէն։ Հեծեալ ժանտարմներու ջոկատ մըն էր, որ քառասմբակ ուղղուեցաւ հրապարակին վարի ծայրը եւ կանգ առաւ աշտարակին առջեւ։ Շուրջս ծրարս փնտռեցի, ու տեսայ քանի մը քայլ անդին, քզքզուած ու պատռտած, ծիրանները եւ պանիրի կտորներ ամէն կողմ։ Խաչիկին լեզուն չկար։ Սիրտ չըրի հաւաքելու եւ սկսայ քալել դէպի ձիաւորները։ Շունը կու գար ետեւէս, պոչը արագ-արագ շարժելով...

Ձիերը լայն շրջանակ մը կազմած էին ժամացոյցին տակ, բարձր պատի մը պէս, ու կարելի չէր հասկնալ թէ ինչ կ՚անցնի կը դառնայ շրջանակէն ներս։ Գետին ծռած, ձիերու ոտքերուն մէջէն փորձեցի դիտել, բայց բան չէր տեսնուեր։ Բոլոր լոյսերը մարած էին, բացի ելեքտրական լամբերէն, որ հիմա աւելի լուսաւոր կը թուէին ինծի։ Դեռ մութ էր, բայց շրջակայ տանիքներուն վրայ ճերմակութիւն մը կը բացուէր ու կը լայննար միջոցին մէջ։ Հետաքրքրութիւնս լարուած էր։ Ամէն բան մոռցած, կ՚ուզէի անպայման գիտնալ թէ ինչ տեղի կ՚ունենայ։
Կամացուկ մը, գողի պէս սպրդեցայ երկու ձիերու մէջէն։ Թմբուկի պէս ուռած անոնց փորերը եւ ձիաւորներուն ծունկերը գրեթէ իրարու կը քսուէին եւ ապահով տանիք մը կը ձեւացնէին գլխուս վրայ, արգիլելով որ տեսնուիմ վերէն։ Բայց հազիւ ձիերու շարքէն անցած՝ ուրիշ պատնէշ մը եւս։ Սուինաւոր զինուորներու պատ մը։ Անուշադրութեամբ թեւս դպաւ զինուորի մը ծունկին։ Զինուորը դարձաւ, զարմանքի եւ զայրոյթի արտայայտութեամբ մը ճանկեց ծոծրակէս, եւ ինչ ընելիքը չգիտցող մէկուն պէս շուրջը կը դիտէր, թէ որ կողմ նետէ զիս, բայց նոյն պահուն ուժգին հրաման մը լսուեցաւ։ Զինուորը նոյն արագութեամբ ստիպուեցաւ թողուլ զիս, ինչպէս բռնած էր,եւ քարացաւ հրացանին հետ, ինծի արագ-արագ նշան ընելով որ նստիմ գետինը, ոտքերուն քով։ Յետոյ, ցուցամատը շրթունքին, պատուիրեց որ այդպէս մնամ ու չշարժիմ տեղէս։
Քսան-երեսուն քայլ անդին, երկու կախաղաններ կային, շուրջը՝ խումբ մը մարդիկ։ Չհասկցայ թէ ինչպէս եղաւ, բայց շատ կարճ տեւեց։ Դիմացս, սպիտակ երկար շապիկներով երկու մարմիններ կը ճօճէին։ Կրկին հրաման մը լսուեցաւ, ձիաւորները շարք կազմեցին եւ հրապարակը սարսելով հեռացան։ Սուինաւորները մնացին։ Իմ զինուորս ականջէս բռնեց, սուտական ապտակ մը տուաւ երեսիս եւ փախցուց քովէն։ Լոյսը լման ողողած էր հրապարակը, բայց դեռ արեւ չկար։ Եթէ այս է կախաղան տեսնելը, մեծ բան մը չէ, կը մտածէի։ Սինեման աւելի լաւ էր, հակառակ սուտ ըլլալուն։ Հոն մեռնողները սուտի պէս մեռան, ձայն չհանած...

Ու մէկէն, սարսա՛փ։ Ձեռքս գրպանս տանելով, տեսայ թէ քառորդ մէճիտս չկար։ Կախաղան-մախաղան մոռցած, սմքեցայ։ Ուտելիքներուս վրայ դրամս ալ կորսնցնել, եւ ամբողջ շաբաթ մը յուսահատօրէն մայրիկիս Կիրակիին սպասել, ի՜նչ մթին հեռանկար։ Բայց ուր կրնար ինկած ըլլալ։ Գրպանս ծակ չէր, եւ միշտ, ատեն-ատեն կը շօշափէի իր ներկայութիւնը։ Տեղն էր, նոյնիսկ խանութին առջեւ նստած պահուս եւ... եւ...
Խենթի պէս, հովի պէս կը սլանամ աշտարակէն դէպի հրապարակին վերը։ Խանութը դեռ բացուած չէր։ Հոն էին թափթփած ծիրանները եւ պանիրի կտորները։ Եւ հոն, ճիշդ պառկած տեղս... փայլուն դրամը։ Միշտ տխուր է բան մը կորսնցնելը։ Հապա գտնե՞լը։ Ոչինչ կը հաւասարի կորսնցուցածդ գտնելու ուրախութեան։ Այնպէս որ, ամէն ինչ մոռցած, կատարեալ տօնական հրճուանքով մըն էր որ դիմեցի որբանոց, կազմ ու պատրաստ պաշտպանողականովս.– «գիշերը ազգականի մը տունը անցուցինք, առտուն մայրիկս մինչեւ խանին դուռը բերաւ, գնաց»։ Իսկ ես, ահաւասիկ ներկայ եմ նախաճաշին, թէյի թիթեղէ բաժակը ձեռքս։

Բացատրութիւն տալու պէտք չեղաւ։ Զարթնումի իրարանցումին մէջ աննկատ անցաւ բացակայութիւնս ալ, մուտքս ալ։ Երբ Խաչիկին կը պատմէի արկածներս, կախաղաններուն մասին, ըսաւ.– «Ատոնք չէթէներ ըլլալու են։ Կառավարութիւնը կը բռնէ եւ կը կախէ։ Ֆրանսացիներն ալ պիտի բռնեն թուրք չէթէները եւ բոլորն ալ մէկիկ-մէկիկ պիտի կախեն։ Մեզի լօխում բաժնող մէկ թեւով ժեներալը ըսած է...»։ Ամէն բան գիտէր Խաչիկ...

Բայց գրուած է եղեր որ այդ գիշերուան սխրագործութիւնս անպատիժ չանցնի։ Նախաճաշէն ժամ մը վերջն էր, երբ լսեցի թէ սենեակէ սենեակ անունս կը կանչէին։ Սոսկալի Եսթեր մայրիկը զիս կ՚ուզէր։ Չարգոյժ հրաւէր։ Գացի։ Տեսածին պէս, խոյացաւ վրաս եւ սկսաւ ծեծել ապտակով, բռունցքով, բոպիկ ոտքով։ Բերան բանալու ժամանակ չտուաւ, ու չէի հասկնար։ Իր անէծքներէն եւ պոռչտուքներուն մէջէն էր որ տարտամ կռահում մը ունեցայ։ Արդարեւ, խոշոր փողոցի շուն մը կու գայ մեր դրան առջեւ, եւ օգտուելով բացուածքէ մը, ներս կը մտնէ։ Հսկիչները կը տեսնեն, կը վռնտեն եւ քարկոծելով կը հեռացնեն մեր թաղէն։ Տղայ մը կ՚ըսէ.
– Անդրանիկին շունն էր, ինք հետը բերաւ...
Եսթեր մայրիկը որ այդ պահուն հոնկէ կ՚անցնէր, կը լսէ, եւ ահաւասիկ այստեղ եմ։
– Շա՛ն լակոտ, փորդ կշտացնենք չի բաւեր, շո՞ւնդ ալ կերակրենք։ Եւ անխնայ կը ծեծէր։

Ես բնաւ լուր չունէի։ Ճիշդ է որ շունը ատեն մը հետեւեցաւ ինծի, մինչեւ գոց շուկան, բայց անկէ անդին չտեսայ։ Այդ եռանդագին խոշտանգումը մայրիկին առաւօտեան մարզանքն էր։ Ես չըլլայի, ուրիշ մը պիտի ըլլար ծեծուողը որեւէ պատրուակով։ Բայց մեծ բան մը չէր։ Կը բաւէ որ զարհուրելի գաւազանը ձեռքը չէ եւ ոչ ալ կը գործածէ փայտէ նալինները։ Բռունցքի հարուածները ուր կ՚ուզեն իջնեն, վարժուած ենք ու կը տոկանք։ Հերիք է որ կրցար գլուխդ պաշտպանել թեւերովդ...

Պատմական իմ գիշերիս անցքերը կրնային մոռցուիլ այս կորսուած լուսանկարին հետ, եթէ, տարիներ ետք, ուրիշ դէպք մը չգար առնչուիլ անոնց։

Շար. 3

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝