Յայտարարութիւն

Saturday, August 1, 2009

Պատարագի Բացատրութիւն 3

3 Հաւատացեալներու կամ բուն Պատարագ

Վերաբերում

Հաւատացեալներու Պատարագը կը սկսի վերաբերումով, Սարկաւագը բուրվառակիրին ընկերակցութեամբ երկիւղածութեամբ կը մօտենայ խորհրդանոցին՝ կատարելու համար վերաբերումը, մինչ դպիրներէն մին կ’երգէ սրբասացութիւնը “Հրեշտակային”: Երկու մոմակիրներ դէմ յանդիման խորհրդանոցին առջեւ կը սպասեն:

Սարկաւագը Ս. Սեղանին խնկարկելէ ետք, կը խնկարկէ նաեւ խորհրդանոցին մէջ դրուած Սուրբ Խորհուրդին: Ապա կ’առնէ սկիհը, ըսելով “Յարեւու եհար զխորան իւր, եւ ինքն որպէս փեսայ զի ելանէ յառագաստէ իւրմէ: Ապա սեղանին շուրջ դարձած ատեն, արեւելեան կողմը հասնելով կ’ըսէ “ճանապարհ արարէք այնմիկ որ նստի յերկինս երկնից ընդ արեւելս” երբ հարաւ կը հասնի կ’ըսէ “Աստուած ի հարաւոյ եկեսցէ, եւ սուրբն ի Փառան լեռնէ”: Յետոյ դէպի հիւսիս դառնալով, ընծաները կը մատուցանէ պատարագիչին, որ նախ Ս. Սեղանին եւ ապա ընծաներուն կը խնկարկէ ըսելով “Համբարձէք….”: Պատարագիչը կը խնկարկէ Ս. Սեղանին եւ երկիւղածութեամբ վերաբերողին ձեռքէն առնելով սկիհը կը խաչակնքէ ժողովուրդին ու կ’ըսէ. “Օրհնութիւն ի բարձունս” բուրվառակիրը կը խնկարկէ ժողովուրդին կը խնկարկէ ընծաներուն: Պատարագիչը մատները կը լուայ ցած ձայնով ըսելով “Լուացից...” որպէս մաքրութեան նշան, որովհետև իր մատները պիտի հպին Փրկչին մարմնին ու արեան:

Ընծային վերաբերումը կը նշանակէ Քրիստոսի կամաւոր երթը դէպի Երուսաղէմ, հոն խաչի վրայ իր արիւնը թափելը Հօր` Աստուծոյ ընծայուիլը եւ գերեզման դրուիլը եւ իւղաբեր կիներուն Տիրոջ գերեզմանին խունկ բերելը:
Քահանան Սկիհին քօղը կէս կը բանայ որպէսզի սուրբ նշխարը երեւի, մաղզմային եզերքէն:

Ողջոյն

Սպասարկող սարկաւագը կը խնկարկէ խորանին խոնարհելով ողջոյնը կ’առնէ պատարագիչի աջէն եւ Ս. Սեղանը համբուրելով եւ կ’իջնէ եւ կու տայ Դասին մէջ կեցողին, որ իր կարգին կու տայ ժողովուրդին, եւ անոնք ալ իրարու:

¯ Ողջոյն տուողը կ’ըսէ “Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ”: Ողջոյն ստացողը կը պատասխանէ “Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի”: Եթէ եկեղեցականը ներկայ է Դասին մէջ, բուրվառակիրը ողջոյնը կը փոխանցէ 9 անգամ Սրբազանին իսկ 3 անգամ Տէր Հօր խնկարկելով: Իսկ Ս. Խորանին վրայ սպասարկողները համբուրելով կը ստանան ողջոյնը Ս. Սեղանէն:

Սրբագործում

Քահանան, երկրպագելով սեղանին կը բանայ Սկիհին քօղը եւ նուիրական հացը իր ձեռքերուն երկու բութամատերուն եւ ցուցամատերուն ծայրերով բռնած վեր բարձրացնելով բարձրաձայն կ’ըսէ. “Առէք կերէք….” մինչ Սարկաւագը երեք անգամ կը խնկարկէ դէմքը խորանին, Քահանան սկիհը վար դնելով կը խոնարհի:
Քահանան սուրբ նշխարը մաղզմայով Սեղանին վրայ կը դնէ եւ Սկիհը իր ձեռքը առնելով բարձրաձայն կ’ըսէ. “Արբէք ի սմանէ….” դարձեալ Երեք անգամ կը խնկարկէ սարկաւագը դէմքը խորանին:
¯ Ապա Սուրբ Խորհուրդը սեղանէն քիչ մը բարձրացնելով Հօր կ’ընծայէ բարձրաձայն ըսելով “Եւ զքոյս ի քոյոց” աղօթքի ժամանակ երբ սկիհը 4 կողմ կը տանի պատարագիչը, բուրվառակիրը պատարագամատոյցին էջը կը դարձնէ:

¯ “Որդի Աստուծոյ”-ի ատեն պատարագիչը կ’երկրպագէ սեղանին եւ կ’աղօթէ ցած ձայնով բուրվառակիրը “Օրհնեա` Տէր” կ’ըսէ եւ 3 անգամ կը խնկարկէ մաղզմային վրայ դրուած նշխարհին ապա եւ “Օրհնեա Տէր” 3 անգամ կը խնկարկէ սկիհին ապա “Ամէն եւ օրհնեա Տէր” 3 անգամ կը խաչակնքէ Ս. Սկիհին նշխարին եւ գինին: Քահանան կը խնկարկէ ընծաներուն վրայ, արտասանելով փոխարկման աղօթքը:

Ան կ’աղաչէ երկնաւոր Հօր և կը խնդրէ Անկէ, որ Ս. Հոգւոյ ներգործութեամբ ՆՇԽԱՐԸ փոխակերպէ Քրիստոսի ՄԱՐՄՆՈՅՆ եւ ԳԻՆԻՆ ` Քրիստոսի ԱՐԵԱՆ: Ապա քահանան Սեղանը համբուրելով քօղով կը ծածկէ սկիհը:

Յիշատակութիւն

¯ “Ընդ որս”-ի աղօթքէն ետք յիշատակութեան պահուն խորանին ծառայող դպիրները (քշոցակիր, մոմակիր, սարկաւագ, բուրվառակիր, սպասարկող) կը շարուին ըստ յարմարութեան Ս. Սեղանին աջ կողմը: Աւարտին բոլորն ալ կը խոնարհին Ս. Սեղանին եւ իրենց տեղերը կ’երթան:

Սրբոց յիշատակութիւնը կը կատարուի Ս. Սեղանի աջակողմը, որովհետև սուրբերը արդէն արժանացած են աջակողմեան վերին դասին: Յիշատակութեան բաժինը Ս. Պատարագի արարողութեան մէջ Աստուծոյ դատաստանը ներկայացնող արարք է: Պատարագիչը ծածուկ կ’աղօթէ ողջերուն և ննջեցեալներուն համար, կը յիշէ իրմէ աղօթք խնդրողները, անոնց խնդրանքները Աստուծոյ կը յայտնէ: Այս պահուն մենք մեր ննջեցեալներուն հոգիները պէտք է յիշենք և իրենց համար աղօթենք: Մեր աղօթքին մէջ պէտք է նաև յիշենք բոլոր անոնք, որոնք բարի նպատակի համար աղօթք խնդրած են: Պատարագիչը կը խնդրէ սէր, կայունութիւն եւ խաղաղութիւն շնորհէ ամբողջ աշխարհին, Ս. Եկեղեցիին, ուղղահաւատ եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, սարկաւագներուն ղեկավարներուն եւ ամբողջ ժողովուրդին: Կը խնդրէ նաեւ որ Աստուած օդի բարեխառնութիւն շնորհէ, անդաստաններուն պտղաբերութիւն եւ զանազան հիւանդութիւններէ տառապողներուն առողջութիւն:
Պատարագիչը “Աստուածածնին սրբոյ կուսին …’’ բառերով կը հրաւիրէ Աստուածամայրը, Ս. Յովհաննէս Մկրտիչն ու Ստեփանոս Նախավկան մասնակից դառնալու Ս. Պատարագի խորհուրդին: Յիշատակութեան մէջ հանդիսաւոր կերպով կը յիշատակուին յաղթական եկեղեցւոյ լոյս դէմքերը:
Պատարագիչ քահանան իր աղերսանքը Աստուծոյ ուղղելով՝ յիշատակութիւնը կը կատարէ հայոց հայրապետներուն և շրջանի թեմի Առաջնորդին և անոնց երկար կեանք կը մաղթէ. ապա սարկաւագը ձախ կողմ կու գայ “գոհութիւն եւ փառաբանութիւն” քարոզը երգելու, որովհետև աջ կողմը սուրբերու ժողովն է, որոնք երկնքի մէջ Աստուծոյ մօտ են. իսկ ձախ կողմը անցնիլ կը նշանակէ կենդանի հաւատացեալներու ժողովին միանալ, որոնք աշխարհի մէջ են և տակաւին մեղքի մէջ, որոնք կը փափաքին արժանանալ սուրբերու դասին: Պատարագիչը բարձրաձայն կ’ըսէ. “Եւս առաւել…”

Քահանան գլուխը խոնարհելով սկիհին առջեւ եւ զայն համբուրելով կ’ըսէ “Ի սրբութիւն սրբոց” երեք անգամ կը խնկարկէ սարկաւագը:

Մինչ դպրաց դասը կ’երգէ հետեւեալ երկու երգերը ի փառաբանութիւն Քրիստոսի եւ Ս. Երրորդութեան “Միայն Սուրբ” եւ “Ամէն Հայր Սուրբ”, պատարագիչ քահանան կ’աղօթէ որ ինք եւ ամբողջ ժողովուրդը արժանի համարուին ստանալու Յիսուս Քրիստոսը Ս. Հաղորդութեամբ:
Ապա քահանան երկրպագելով կը համբուրէ Սեղանը եւ մաղզման վերցնելով Սկիհին վրայէն կը դնէ Սեղանին վրայ եւ նշխարը վերցնելով ամբողջութեամբ կը թաթխէ գինիին մէջ, ապա Սկիհը նշխարով ձեռքը առած կը դառնայ դէպի ժողովուրդը եւ քիչ մը առջեւ գալով Սկիհը բարձրացուցած կ’ըսէ. “Ի սուրբ ի սուրբ…”: Սարկաւագը երեք անգամ խորանին եւ երեք անգամ ժողովուրդին կը խնկարկէ:
¯ “Ի Սուրբ ի Սուրբ” աղօթքէն ետք վարագոյրը կը գոցուի: Տէր հայրը յայտարարութիւն կ’ընէ ապա Խոստովանանքը կը կարդայ սարկաւագը եւ պատարագիչը թողութիւն կը շնորհէ:

Դպիրները կը սկսին երգել “Տէր Ողորմեա”ն: Այստեղ պէտք է դադրեցնեն քշոցակիրները իրենց քշոցները: “Տէր Ողորմեա” աղերսանքը հաւատացեալներուն համար շատ սիրելի է: Ան Հայց. Եկեղեցւոյ Պատարագի երգեցողութեան մէջ մուտք գործած է 18-րդ դարու վերջաւորութեան` Սիմէոն Երևանցի կաթողիկոսին տնօրինումով: Կը դրսևորէ հաւատացեալներուն ներքին զգացումները եւ մաղթանքները` առողջութեան, գործի յաջողութեան, աշխարհի խաղաղութեան, ննջեցեալներու հոգիներու փրկութեան և իղձերու ու փափաքներու իրականացման համար:

Խոստովանանք
Հաղորդութիւն


Անոնք որոնք կը փափաքին հաղորդուիլ պէտք է խոստովանին իրենց մեղքերը թողութիւն ստանալու համար: Դպիրներէն մէկը ծունկի գալով եկեղեցւոյ ատեանին մէջ, կը կարդայ «Զղջում»ը: Խոստովանանքը կը կատարուի հոգեւորականին ներկայութեամբ: Խոստովանողը պէտք է յիշէ իր խղճին վրայ ծանրացած մեղքերը եւ իւրաքանչիւր զղջումի պարբերութեան աւարտին «եղայ Աստուծոյ» ըսէ:
«Քրիստոս պատարագեալ»-ի երգեցողութեան ընթացքին, բուրվառակիրը Մասը Խորանէն վար կ’իջեցնէ. եթէ հոգևորական կայ դասին մէջ` օրհնել կուտայ Աւագ երէցին, այլապէս Խորանին վրայ պատարագիչը կ’օրհնէ, բուրվառակիրը զայն բանկալ թաղականութեան կը յանձնէ ժողովուրդին բաժնելու համար: Մաս բաշխողը տալու ատեն պէտք է ըսէ “Սա եղիցի քեզ բաժին Սրբոյ Պատարագիս”: Իսկ ստացողը պէտք է ըսէ “ Բաժին իմ Տէր եղիցի”:
Մասը պարզ, անխմոր, բաղարջ հաց է: Մասը յիշատակ մնացած է առաջին դարերու սիրոյ ճաշի սեղանէն: Այդ օրերուն երբ քրիստոնեաները փոքրաթիւ էին, սուրբ Պատարագի արարողութենէն յետոյ հաւատացեալներ կը սարքէին սիրոյ ճաշի սեղանը և միասնաբար կը ճաշէին ու զԱստուած կ’օրհնէին: Սակայն, երբ հաւատացեալներուն թիւը բազմապատկուեցաւ, սիրոյ ճաշի ընթացքին անկարգութիւններ սկսան յառաջ գալ: Ուստի եկեղեցիներ սկսան զանց ընել հաւաքական սիրոյ ճաշի սեղանը: Սակայն Ս. Պատարագի արարողութեան վերջաւորութեան սկսան միայն հաց բաժնել ու պահել սիրոյ ճաշի յիշատակը: Մասը սրբագործուած չէ, և ոչ ալ ընծայաբերուած, այլ պարզապէս օրհնուած է հոգևորականին աղօթքով: Մաս կը նշանակէ կտոր, բաժին, նկատելով որ իւրաքանչիւր հաւատացեալ այս օրհնուած հացէն կտոր մը, բաժին մը կը ստանար, ժամանակի ընթացքին այս հացը կոչուեցաւ Մաս:
“Երկիւղիւ եւ հաւատով …” սարկաւագի քարոզին կը բացուի վարագոյրը, պատարագիչ քահանան կը դառնայ ժողովուրդին, կը ծնրադրէ՝ հաղորդելու համար հաւատացեալները, մինչ դպիրները կ’երգեն «Այսօր Անճառ» շարականը:
¯ Ս. Հաղորդութիւն ստանալու ժամանակ պատարագիչին 2 կողմերը քշոցակիրները ծունկի կու գան եւ ղենջակը կը բռնեն:

Հաղորդութիւն կը նշանակէ մասնակցութիւն, յարաբերութիւն , միացում: Նախ պատարագիչ քահանան ինք կը հաղորդուի, ապա` ժողովուրդը: Երբ Ս. Սեղանին կը մօտենանք Ս. Հաղորդութիւն ստանալու համար պէտք է. խաչ հանել, մեղայ Աստուծոյ ըսել, Ս. Հաղորդութիւնը կլլել, իսկ կիները պէտք է որ ծածկեն իրենց գլուխները և տղամարդիկ` հանեն իրենց գլխարկները: Հաղորդութիւնը կը տրուի լեզուին, ընդունելի չէ սրբութիւնը ափին մէջ առնել: Հաղորդուելէ առաջ պէտք է նուազագոյնը վեց ժամ ստամոքսը պարապ պահել և չուտել: Այս պայմանը ի զօրու չէ հիւանդներուն և յղի կանանց համար: Ս.Հաղորդութիւն ստացողը եկեղեցւոյ մէջ պէտք է իր տեղը վերադառնայ և սպասէ Ս. Պատարագի արարողութեան աւարտին:
Հաղորդութենէ յետոյ երբ Քահանան ոտքի կը կանգնի դպիրները կ’երգեն. “Աստուած մեծ….” պատարագիչը կ’օրհնէ ժողովուրդը ըսելով “Կեցո Տէր զժողովուրդս …” սարկաւագը կը խնկարկէ:
Պատարագիչը կը դառնայ դէպի Ս. Սեղան եւ վերստին կը քաշուի վարագոյրը: Ան կը լուայ Սկիհը եւ իր ձեռքերը, կը դնէ Սաղաւարտը եւ կը հագնի Հողաթափները: Սարկաւագը Սկիհը խորհրդանոցին մէջ կը զետեղէ: Եթէ պատարագիչը եպիսկոպոս է` կը հագուի Խոյրը, Եմիփորոնը, Արտախուրակները և կը դնէ Պանակէն:



4 Արձակում
Վերջին Օրհնութիւն


Ս. Պատարագի աւարտին, Քահանան կ’արտասանէ “Որ օրհնես զայնոսիկ” աղօթքը, որուն ընթացքին կ’աղօթէ ամբողջ աշխարհի խաղաղութեան եւ հաւատացեալներու երջանկութեան եւ բարօրութեան: Աղօթքի աւարտին պատարագիչը կը խոնարհի, կը համբուրէ Ս. Սեղանը եւ Աւետարանը ձեռքը` ձախակողմեան աստիճաններէն վար կ’իջնէ, մինչ դպիրներ երիցս կը գովերգեն Տիրոջ անունը ըսելով. “Եղիցի անուն Տեառն…” խնկարկող սարկաւագին առաջնորդութեամբ:
¯ Եթէ բարձրաստիճան է պատարագիչը օրհնութիւնը վերջին Աւետարանը խորանէն կը կարդացուի: Երգող դպիրները կամ սպասարկող Սարկաւագները կը բռնեն Աւետարանը, մոմակիրները ու քշոցակիրները երկու կողմերը կու գան, դէմքերնին դէպի ժողովուրդ:

Եթէ հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի չկատարուի, «Կատարումն օրինաց» աղօթքէն ետք պատարագիչը կը կարդայ արձակման Աւետարանը, ապա «Պահպանիչ» աղօթքով կը խնդրէ որ Աստուած պահէ, պահպանէ և օրհնէ հաւատացեալ ժողովուրդը:
Քահանան կը խաչակնքէ Ս. Աւետարանով ժողովուրդին եւ կ`արտասանէ «Պահպանիչ»ը եւ սարկաւագը կը խնկարկէ:
Պատարագիչը կը դառնայ դէպի Արեւելք եւ երկրպագութիւն կ’ընէ բեմին առջև եւ կ’ըսէ «Տէր Յիսուս Քրիստոս ողորմէ ինձ» եւ մտնելով աւանդատուն կը հանէ զգեստները եւ կ’արձակուի խաղաղութեամբ:

¯ Աւետարանի աւարտին Դպիրները կ’իջնեն խորանէն եւ կը շարուին 2 կողմերը որպէսզի “Ուրախ լեր” շարականի երգեցողութեամբ հանդիսաւոր թափօրով առաջնորդեն դէպի դահլիճ բարձրաստիճան եկեղեցականը իր զգեստը հանելու:

¯ Խաչվառ-Մոմակիրներ - Սարկաւագ - Դպրաց Դաս - Բուրվառ - Տէր Հայր - Եպիսկոպոս - Քշոց:

Հոգեհանգիստ

“Հոգեհանգիստ”ը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ աւանդութիւն մըն է, որուն համաձայն ընտանիքներ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն կը խնդրեն իրենց հարազատներուն մահուան քառասուքի կամ տարելիցին առթիւ: Պատարագիչ քահանան Ս. Պատարագի աղօթքներու ընթացքին կը յիշէ մահացածներու անունները եւ կարճ արարողութիւն մը կը կատարուի Ս. Պատարագի աւարտին:
Անոնք որոնք Ս. Պատարագի ընթացքին հոգեհանգիստ կատարել պիտի տան, պէտք է նկատի ունենան որ անհրաժեշտ է եկեղեցւոյ մէջ իրենց ներկայութիւնը Ս. Պատարագի սկիզբէն, մասնակցելու համար աղօթքներուն, որովհետեւ պատարագիչը իր լուռ աղօթքներուն մէջ կը յիշէ մեր բոլոր ննջեցեալները:
Հայ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան համաձայն, մահացած մարդիկ կը մտնեն հանգիստի ժամանակաշրջանի մը մէջ` մինչ սպասելով Տիրոջ փառաւոր երկրորդ գալստեան` աշխարհի վերջաւորութեան: Թէեւ բաժնուած Քրիստոնէական համայնքէն, հանգիստի մէջ գտնուող հոգիները կը շարունակեն մաս կազմել հաւատացեալներուն. անոնք կը հանգչին եկեղեցւոյ հովանիին տակ: Ուստի, մենք կ’աղօթենք անոնց համար, ինչպէս կ’աղօթենք մեր բոլոր երկրաւոր հոգերուն համար: Մեր աղօթքներուն նպատակն է որ անոնք հանգչին խաղաղութեամբ եւ Աստուած ներէ անոնց բոլոր մեղքերուն, զանոնք արժանացնէ յաւիտենական կեանքի Հօրը թագաւորութեան մէջ` Քրիստոսի երկրորդ գալստեան:
Մահացածներու համար մեր աղօթքը յայտարարութիւնն է մեր հաւատքին Քրիստոսի երկրորդ գալստեան մասին եւ մեր յոյսը մեռելներու յարութեան նկատմամբ: Երբ Հայ եկեղեցին կանոնաւորաբար կ’աղօթէ մեռեալներու համար, մենք կ’անդրադառնանք որ այս կեանքը անցաւոր է եւ յոյսով կը հաւատանք թէ մահն ալ անցաւոր բնոյթ ունի:
Հոգեհանգստեան արարողութենէն յետոյ Պատարագիչը կը դառնայ դէպի Արեւելք եւ երկրպագութիւն կ’ընէ բեմին առջև եւ կ’ըսէ «Տէր Յիսուս Քրիստոս ողորմէ ինձ» եւ մտնելով աւանդատուն կը հանէ զգեստները եւ կ’արձակուի խաղաղութեամբ:

Պատրաստեց՝
Արամ Քահանայ Տէյիրմէնճեան
Հոգևոր Հովիւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց

Շար. 3 և Վերջ

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝