Յայտարարութիւն

Monday, August 24, 2009

ՀՕՐՍ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ - 3 - Ռիթա Պասմաճեան Մանճիկեան

Տարիներ վերջ 1939ին երբ մենք ընտանեօք դարձեալ
Թուրքիայէն փախանք, «Սանճաք»ի պարպումով, Քեսապ հանդիպեցայ Սերոբ անունով համագիւղացիի մը։ Ան պատմեց թէ ինչպէ՞ս Մեսքենէ գացող չորրորդ սայլին վրայ դրուած էր:Բոլոր փոքրիկները հորերուն մէջ լեցուցած միջոցին, օգտուելով ոստիկաններու զբաղ վիճակէն , մազապուրծ ազատեր էր , պահուըտեր էր հսկայ ժայռերուն ետին, անօթի, ծառաւ, ամայի վայրերէ անցնելով, հասեր էր արաբ պետեւիներով բնակուած գիւղ մը։ Հո՛ն, հանդիպեր Քեսապցի Հաննա Յովհաննէս անունով մարդու մը, որ հնակարկատութեամբ կը զբաղուէր այդ գիւղին մէջ։ Հաննա՝ հայրութիւն կ՛ընէՍերոբին։ 0ր մըն ալ, անապատներու մէջ, Հայու բեկորներ փնտռող, պետեւի ձեւացած փերեզակներու կը հանդիպին, կ՛իմանան թէ Հալէպի մէջ Հայութիւն կայ, անոնց ցուցմունքներով Հալէպ կը հասնին, հո՛ն Հայ կարմիր խաչի օգնութեամբ, տասը հոգինոց, խումբ մը համագիւղացիներու հետ կը հասնին Հայրենի գիւղ՝ Քեսապ։

Քրոջս մահէն ետք, շարունակեց պատմել հայրս, մայրս հետզհետէ հիւծեցաւ, անօթութենէն եւ զաւակը կորսնցնելու իրողութենէն։ Առտու մը գացի խոտ փնտռելու եւ մուրալու։ Բաւական ժամանակ վերջ վերադարձայ, մայրս չկար։ Գամուած մնացի, խանի ախոռի այդ անկիւնը։ Դրացիները հասկցուցին թէ մայրս Յովսէփ, Յովսէփ կանչելով մահացեր է... քանի մը օր ետք, Վարդուհիին մայրն ալ նոյն ճակատագրին ենթարկուեցաւ։
Վարդուհիին, ես հոգ կը տանէի, չէի արտօներ իրեն խանէն հեռանալ։ Ինչ որ հաւաքէի, խոտ կամ պատառ մը հաց, երկուքով կը կիսուէինք եւ կ՛ուտէինք։

0ր մը, երկաթեայ դրան մը առջեւ կանգներ էի եւ անցորդներէն հաց կը խնդրէի. տան վերի յարկի պատուհանէն երկու արաբ լաճ, զիս տեսնելով, հացի կտոր մը ցոյց տուին եւ ետ քաշուեցան։ Ուրախացայ որ հաց պիտի տային ինծի։ Յանկարծ, երկաթեայ դուռը բացուեցաւ, դուրս թռան երկու կատղած մեծ շուներ, վրաս յարձակեցան եւ երկու ոտքերս խածին, ես գետին ինկայ։ Աչքս բացի, այդ լաճերը վրաս ջուր կը թափէին։ Ներսէն, պառաւ կին մը դուրս թռաւ, տղոց մէկական ապտակ տուաւ եւ ներս մտցուց կատղած շուները։ Ձեռքէս բռնեց, ոտքի կանգնեցուց, քաշքրտելով զիս ներս տանիլ ուզեց, ես ընդդիմացայ։ Արիւնլուայ, գլուխս, ցնցոտիներս խխում ջուր, լալով հեռացայ։ Խանը հասայ, Վարդուհին զիս կը սպասէր, յուսալով որ ուտելիք բան մը բերէի որ ուտէր։ Վիճակս տեսնելով, աչքերուն արցունքները յորդեցան։ Արդէն երկու օրէ ի վեր փորհարութիւն ունէի։ Ստամոքսս եւ աղիքներս կը գալարուէին։ Յանկարծ՝ «Քեռի» կոչուած Սադայէլը հասաւ, երկու ուղտապաններու հետ։ Քաշքշելով՝ Վարդուհին ու զիս, դուրս բերաւ խանէն։ Մեզ նետեցին ուղտերու վրայ, Սադայէլին ձեռքը դրամ դրուեցաւ։ Մենք ծախուած էինք ... կու լայինք, կը պաղատէինք, կը ճչայինք։ Ուղտապանները Արաբ պետեւիներ էին։ Երեւի մեզ լռեցնելու համար, կէսական հաց տուին, զորս ագահութեամբ կերանք։

Արդէն ճամբայ ելանք, չեմ գիտեր դէպի ո՞ւր։ Ոտքիս վէրքերը ջրոտած՝ կ՛այրէին։ Աղիքներուս եւ ստամոքսիս խիթերը կը զօրանային, անզգալաբար փորհարութիւնս կը շարունակուէր, գարշահոտ եւ ուղտին կռնակն ի վար կ՛աղտոտէր։ Ուղտապանը՝ հուժկու, արեւէն խանձուած դէմքով, քաշքրտելով վար առաւ զիս, մէկ երկու մեթր խորութեամբ փոսի մը մէջ նետեց։ Ցաւի եւ առանձին մնալու վախով, պոռացի, լացի ու լռեցի։ Վարդուհիին լացն ու ճիչը կը լսէի, Յովսէփ, Յովսէփ կը կանչէր։ Հեռանալով՝ ձայնն ալ հեռացաւ եւ կորսուեցաւ։

Յիշեցի որ մայրս միշտ կ՛ըսէր, երբ Աստուծմէ հաւատքով խնդրես, Ա՛ն կու տայ քեզի։ Ծունկի չէի կրնար կենալ. կէս ընկողմանած ջերմեռանդութեամբ աղօթեցի «Տէրունական աղօթք»ը, խնդրեցի գէթ գաւազան մը շնորհէր ինծի որուն հենելով, կրնայի դուրս գալ այս գերեզմանէն։ Յոգնութենէս, տառապանքէս, թմրեր, քնացեր եմ։ Արեւի կիզիչ ճառագայթները հասեր էին գլխուս վերեւ եւ կ՛այրէին զիս։ Արթնցայ, բաւական հանգստացած, բայց անպիտան ճանճերը հանգիստ չէին տար։ Աչքս բացի թէ չէ, դիմացս գաւազան մը տեսայ։ Հրաշքը կատարուած էր, այո՛, հրաշք։ Աստուած աղօթքս լսեր էր, ղրկած գաւազանը կը նմանէր, մեր տան պատին վրայ կախուած նկարին մէջ, Յիսուսի «բարի հովիւը իր ոչխարներուն հետ» ձեռքի գաւազանին։ Դարձեալ աղօթեցի, շնորհակալութիւն յայտնեցի Աստուծոյ, Յիսուսի։ Տէ՛ր, Դուն խնայէ Վարդուհիին եւ մի թողուր որ չար մարդիկ եւ չար ձեռքեր Վարդուհին չարչարեն։ Նախախնամութեան կարգադրութիւնն է այս։ Հրաշքը։ Ու ես ամրապնդուած, «պիտի ապրի՛մ, պիտի ապրի՛մ» գոչեցի։

Գաւազանին օգնութեամբ՝ կամաց-կամաց ոտքի կանգնեցայ։ Սկսայ, նախ՝ ձեռքիս կարծրացած եւ երկար եղունգներով փորել փոսի կողերը, ոտքս բաւելու չափ, խորշեր բանալ։ Դարձեալ գաւազանին օգնութեամբ, շարունակեցի աշխատանքս։ Պզտիկ աստիճան մը կազմուեցաւ. քանի մը ձախող փորձէ ետք, վերջապէս կրցայ բաւական վեր բարձրանալ։ Կը մաքառէի, աւազի՛ն, ճանճերուն եւ մանաւանդ վէրքերուս դէմ։ Պիտի ապրի՛մ, պիտի ապրի՛մ։ Գաւազանս մխեցի դուրսի աւազին մէջ, մարմինս դէպի առաջ մղեցի, շատ տաք էր աւազը։ Վերջին ջանք մըն ալ, ամբողջ մարմնով փոսէն դուրս էի եւ բարակ ցնցոտիներս կրակ կտրած, մարմինս կ՛այրէին։

Փորհարութիւնս դադրեր էր, որովհետեւ ո՞վ գիտէ քանի ժամէ իր վեր անսուաղ մնացեր էի։ Միշտ գաւազանիս օգնութեամբ, փորձեցի ոտքի կանգնիլ ու քալել, սակայն ապարդիւն, աչքիս առջեւ սեւ գիծեր ու կէտեր պարզուեցան, ոտքերս որոնք սկսեր էին ուռիլ, կթոտեցան ու գետին ինկայ։ Սկսայ սողալ առանց յուսահատելու։

Բաւական յառաջացեր էի, երբ նկատեցի անապատի կիսաչոր բոյսեր. մօտեցայ, արմատախիլ ընելով, ախորժակով կերայ, միշտ ցնցոտիիս ծայրով, աւազները սրբելով, մաքրելով։ Քանի մը անգամ կրկնեցի խոտ ուտել շատ ծամելով։ Երեւի բաւական խոտ կերեր էի, քանի մը ձախող փորձէ ետք, վերջապէս կրցայ ոտքի վրայ մնալ եւ գաւազանին հենելով քալել։ Յանկարծ նկատեցի հեռուն, ջուրի գիծ մը, որ արեւի ճառագայթներու ազդեցութեան տակ կը փայլէր։ Որոշեցի անպայման հասնիլ հոն։ Բաւական ժամանակ առաւ ջուրին հասնիլս։ Նկատեցի վրանախումբ մը։ Պահ մը վարանեցայ մօտենալու։ Տկարութիւնս զսպեցի, որոշումս վերջնական էր եւ վճռական։ Արդէն ջուրին շատ մօտ էի, ինծի տարեկից, ինձմէ քիչ մը մեծ տղաք կը խաղային ջուրին մէջ։ Մօտեցայ ջուրին .կ՛ուզէի նետուիլ մէջը, խմել-խմել-խմել , մարմինս ու վէրքերս լուալ։ Յանկարծ, տղաքը պոռչտացին։ Անոնք կ՛ըսէին ու կը կրկնէին՝ «եա ուէյլի, Հասան,Հասան»։ Արդեօք իմ արտաքինէս վախցա՞ն , մտածեցի, անմիջապէս նկատեցի որ տղայ մը ջուրի կլոր հոսանքի մը մէջ կը դառնար ու պիտի խեղդուէր։

Գերբնական ուժ մը եկաւ ինծի, նետուեցայ ջուրին մէջ որ մինչեւ ուսս հասաւ, նախախնամութենէն ինծի ղրկուած գաւազանը երկարեցի, սկսայ Քեսապի բարբառով պոռալ, «բռնէ գաւազանը, բռնէ գաւազանը»։ Կարծէք տղան հասկցաւ, բռնեց գաւազանիս ծայրը, ես զգուշութեամբ քաշեցի զինք մինչեւ գետափ։ Տղան կիսամեռ ինկաւ խոտերուն վրայ։ Նոյն միջոցին, այդ կանաչ եւ պարարտ խոտերը տեսնելով, ախորժակս խոտ ուտել ուզեց, սակայն ժամանակը անյարմար էր։ Արդէն վրաններէն բազմութիւն մը հասաւ մեր մօտ։ Լաճերը զիս ցոյց կու տային, բաներ մը կը պատմէին մեծերուն։ Երկու հսկայ մարդ, տղեկը ոտքերէն բռնած՝ գլուխն ի վար կը ցնցէին, երիտասարդ կին մը աղեկտուր կը պոռար, «Հասան, Հասան»։ Յանկարծ Հասանին բեռնէն սկսաւ ջուր վազել, ան արթնցեր էր։ Ութէն տաս հոգի շրջապատեցին զիս։ Ջուրէն թրջուած կը դողայի, վախէս գետին ինկայ եւ բարձրաձայն սկսայ լալ։ Ծեր կին մը ձեռքէս բռնեց, գետնէն վերցուց զիս, «Եալլա, Եալլա» ըսելով, դէպի վրանները տարաւ։ Հարցումներու տարափ մը սկսաւ։ Ոչ մէկ բառ կը հասկնայի։ Պառաւը հարցական, «Արմանի՞, Արմանի՞» ըսաւ։ Գլխուս շարժումով, այո՛, պատասխանեցի։ Վրանը մտցուց զիս, փորձեց ցնցոտիներս հանել, ես ընդդիմացայ շուրջս նայելով։ Բարձրաձայն մեզ շրջապատողներուն բան մը ըսաւ, բոլորը դուրս ելան։ Երիտասարդ կնկայ մըն ալ բացատրեց ուրիշ բան մը, կինը դուրս ելաւ։ Քիչ ետք, այդ կինը բերաւ մաքուր հագուստ մը եւ ներքնազգեստ մը։ Երբ հագուստս կը փոխէր պառաւը, նկատեց ոտքերուս վէրքերը։ Հարցուց ի՞նչ են ասոնք, բացատրեցի, մատներովս, երկու ցոյց տուի եւ շունի ձայն հանեցի։ Բարեբախտաբար շուտ հասկցաւ։ Անմիջապէս Սալմա, Սալմա կանչեց, նոյն երիտասարդ կինը ներս մտաւ, իրարու հետ խօսելով Սալման գնաց, չուշացաւ կաւէ թաս մը լեցուն կաթ բերաւ որ խմեմ։ Քանի ատենէ ի վեր կաթ չէի խմած, ագահութեամբ խմեցի մինչեւ թասին յատակը։ Այս անգամ պառաւը գնաց բերաւ ուրիշ կաւէ աման մը, հեղուկով մը լեցուն։ Ձեռքի մաքուր լաթը հեղուկին մէջ մխրճեց, հանեց եւ երկու սրունքներուս ու ոտքերուս քսեց վերէն վար։ Քանի մը անգամ այդպէս շարունակեց, յանկարծ զօրաւոր այրուցք մըն էր սկսաւ կարծէք, երկու ոտքերս կրակին մէջ կը խորովէին, ու ես չդիմանալով սկսայ բարձրաձայն լալ։ Բաւական այսպէս շարունակուեցաւ, հետզհետէ մեղմացաւ, սկսաւ զովանալ, վրաս թմրութիւն մը եկաւ ու քնացայ։

Շար . 3
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝