Յայտարարութիւն

Monday, August 10, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ - 4 - ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Շուրջ տասնամեակ մը անցած էր որբանոցէն ի վեր։ Ճեմարանի երկրորդ տարին սկսած էի յօդուածներ գրել եւ մնայուն աշխատակիցն էի «Ազդակ»ին, տեսակ մը կէս-խմբագիր՝ յօդուածներով, թարգմանութիւններով եւ բանաստեղծութիւններով։

Պալեանը, առաջին հինգ ոսկինոցը տուած ատեն, ըսաւ.
– Չկարծես թէ գրութիւններուդ համար է։ Աշխատակիցներուն վճարելու սովորութիւն չկայ։ Ուսանող ես, անոր համար...

Բայց հինգ ոսկին, այն ատեն մէկ օսմանեան ոսկի կ՚արժէր։ Կրնայիր այդ դրամով սինեմա երթալ... քսան անգամ, ֆուլ ուտել տասը անգամ եւ աղջիկ մըն ալ թաքսիով տեղ մը տանիլ-բերել... մէկ անգամ...

Այդ օրերուն ահռելի ոճիր մը գործուեցաւ Պէյրութի արուարձաններէն Անթիլիասի մէջ։ Անծանօթ չարագործներ մտած էին միայնակ ապրող ծերունիի մը տունը, կացինով ջախջախած էին հէգ մարդուն գլուխը, որպէս գողօն գտնելով միայն ու միայն... տասը ոսկի։

Ամբողջ քաղաքը ցնցուեցաւ անմարդկային այդ ոճիրէն։ Ծերունին աղքատ մէկն էր, բոլորը գիտէին, ո՞ր գազանը կրնար այդպէս ճղճիմ գումարի մը համար այդ վայրագութիւնը գործել։ Գաղտնի ոստիկան Սիսակը – Լիբանանի Շերլոք Հոլմսը, որուն յաջողութիւնները համրանք չունէին եւ նոյնիսկ պատուանշան ստացած էր կառավարութենէն – գործի լծուեցաւ եւ կարճ ժամանակի մէջ կրցաւ գտնել եւ ձերբակալել զզուելի ոճիրին հեղինակները, որոնք, աւա՜ղ, երկու հայ տղաք էին – Անդրանիկ եւ Գառնիկ։
Կարելի չէ երեւակայել հայ գաղութին զայրոյթը։ Սահմռկած էինք։ Սրճարան, ճաշարան, եկեղեցիին բակը, խօսակցութեան ուրիշ նիւթ չկար։ Վրդովումը համատարած էր, հայերը ամօթապարտ էին տեղացիներուն առջեւ, մանաւանդ որ դեռ բոլորովին դադրած չէր մամուլի պայքարը կարգ մը մոլեռանդ շրջանակներու մէջ, «մուհաճիրներուն» դէմ...
– Թող կախեն, թող սատկեցնեն այդ շուները...
– Ատոնք հայ չեն, թրքածին հրէշներ ըլլալու են...
– Ապուշնե՜ր, գոնէ կարեւոր գումարի մը համար ըլլար... միայն տա՜սը ոսկի...
– Հայ անունը ցեխի մէջ խրեցին...

Քանի մը ամիսէն դատավարութիւնը տեղի ունեցաւ եւ վճիռը տրուեցաւ։ Մահապատիժ, երկուքին ալ։ Ներումի աղերսագիրը մերժուեցաւ եւ Բարձր Քոմիսէրին վաւերացումէն ետք, վճիռը դարձաւ անդառնալի եւ գործադրելի։
Այդ երկու ամիսներուն, ջերմութեան աստիճանը մասամբ իջած էր հայ գաղութին մէջ եւ նոյն լեզուները այս անգամ կը դառնային հակառակ ուղղութեամբ.
– Եղբա՛յր, մեռնողը մէկ հոգի էր, ինչո՞ւ երկու հոգի պիտի կախուին...
– Կատարուածը արդարադատութի՞ւն է, թէ վրէժխնդրութիւն...
– Դատաւորները անպայման Անթիլիասէն ըլլալու են...
– Ինչո՞ւ հաշուի չեն առներ որ անչափահաս տղաք են...
Իրականին մէջ, Անդրանիկ-Գառնիկ անչափահաս չէին օրէնքին առջեւ։ Երկուքն ալ քսանէն վեր...
Հանրային կարծիքը այնքան փրփրեցաւ այս վճիռին դէմ եւ խնդիրը հասաւ տեղ մը, որ երկու Կաթողիկոսները, Սահակ եւ Բաբգէն, ստիպուեցան անձամբ ներկայանալ Բարձր Քոմիսէրին, ներումի խնդրանքով։ Բայց հազիւ երկու Կաթողիկոսները դուրս եկած Մայրիներու Պալատէն, հակացոյց մը։ Անթիլիասցիներ տասը ինքնաշարժներու մէջ լեցուած, կու գան պահանջելու որ վճիռը գործադրուի։ Այն օրերու Պէյրութին մէջ, տասը մեքենաներու շարան մը մեծապէս տպաւորիչ եւ հսկայ ցոյց մըն էր, այսօրուան քանի մը հարիւրը։ Իսկ ֆրանսական քաղաքապետութեան նժարին մէջ համրանքը միշտ աւելի ծանր կշռած է քան արդարութիւնը...

Եկաւ մահավճիռներուն գործադրութեան օրը։ Պալեանը յաջողած էր ոստիկանութեան տեսչութենէն քարթ մը ձեռք բերել, որպէսզի մեր թերթն ալ ներկայ ըլլայ, ուրիշ թղթակիցներու շարքին։
– Ամբողջ Պէյրութի մամուլին մէջ միայն չորս հոգիի արտօնութիւն տրուած է ու մէկը մենք ենք... Հասկցիր այլեւս մեր թերթին վարկը...
Արտօնագիրը ինծի տուաւ եւ պատուիրեց.– «Աչքդ լաւ բաց, մանաւանդ ականջներդ։ Շատ կարեւոր են կախուողի մը վերջին խօսքերը... Ժողովուրդը հոգի կու տայ ատոնց... Առաջին էջին համար յօդուած մը շինէ։ Հարիւր օրինակ աւելի կը տպենք այդ թիւէն...»։

Կէս գիշերին դուրսն եմ արդէն, վախնալով որ կը քնանամ եւ ճշդուած ժամուն չեմ կրնար արթննալ։ Սրճարանէ սրճարան թափառումներ, անվերջ սիկառէթներ – նոր սկսած էի – ի վերջոյ անխուսափելի ֆուլը եւ ժամանակէն առաջ դէպի հին դատարանին բարձրադիր հրապարակը։ Ոստիկան մը փորձեց արգիլել մուտքս, առարկելով թէ լուսանկարս չկայ քարթին վրայ։ Բայց համազգեստ չունեցող ուրիշ մը մօտեցաւ եւ պատուիրեց որ թողու.
– Սահպօ լէ Սիսակ (Սիսակին բարեկամն է)։
Հոտ հասկցայ թէ ինչ յենարանի վրայ կը բարձրանայ «մեր թերթին վարկը»։

Կախաղանները տնկուած էին, շուրջը՝ ոստիկանական հոծ շղթայ մը։ Քիչ ետք, ամէն կողմը գոց մեքենայ մը դանդաղօրէն առաջացաւ Մեծ Սերայէն դէպի կախաղանները։ Տղաքը վար իջան, ճերմակ շապիկներով, ձեռքերը ետեւ կապուած։ Դահիճը եւ մեքենայէն տղոց հետ եկող քանի մը ոստիկաններ միասնաբար բարձրացուցին աթոռներու վրայ, օղակները անցուցին վիզերուն եւ բոլորը միասին մէկ կողմ քաշուեցան։ Պահ մը լռութիւն տիրեց։ Տղոցմէ մէկը յաղթակազմ էր, խրոխտ երեւոյթով, գիրուկ եւ քիչ մը կարճ։ Միւսը՝ հակապատկերը առաջինին, նիհար, ազազուն, դողդոջ։

Այն ատեն սեւ հագուստով եւ սեւ փողկապով խոժոռ մարդ մը առաջացաւ եւ սկսաւ արաբերէն թուղթ մը կարդալ։ Գիրուկ տղան գոչեց թուրքերէն.
– Քէ՛ս, պիզ օնը պիլիրիք (կա՛րճ կապէ, մենք ատիկա գիտենք...)։
Չէի գիտեր թէ որ մէկը Անդրանիկն է եւ որը՝ Գառնիկը ու երբեք չգիտցայ, բայց այդ պահուն կը մտածէի թէ առնականութիւն ցոյց տուողը Անդրանիկը պէտք է եղած ըլլայ եւ ոչ թէ միւս սմքածը, ինչպէս կը պահանջէր... «պատմական ճշմարտութիւնը»։
Մարդը սաստեց, մեղմ բայց վճռական ձայնով մը.
– Օրէնքը կը պահանջէ, պէտք է կարդամ...
Ընթերցումը աւարտեց, յարգալիր խոնարհութիւն մը ըրաւ դէպի կախաղանները եւ քանի մը քայլ ետ գնաց։ Անկէ վերջ, ամէն ինչ արագ եղաւ, անհաւատալիօրէն արագ։ Դահիճը ոտքի հարուածներով աթոռները տապալեց եւ մարմինները սկսան ճօճիլ։ Գիրուկը գրեթէ իսկոյն անշարժացաւ, բայց միւսը օդին մէջ կը ցնցուէր եւ դահիճը, անոր ծունկերուն փաթթուած, դէպի վար կը թօթուէր...

Մինչեւ հոս պաղարիւն էի եւ կը դիտէի, առանց մասնաւոր յուզումի մը, քանի որ նախապատրաստուած էի եւ խժդուժ բան մը չտեսայ։ Բայց պատահեցաւ բան մը, որուն չէի սպասեր։ Նիհար տղուն խռչակէն տեսակ մը ձայն լսուեցաւ, շատ նման այն ձայնին, երբ պարապ շիշ մը ջուրին մէջ մխրճէք մէկ անգամէն։ Մարմրուն կլկլոց մը, տեսակ մը անորոշ խռնչիւն, եւ այդ ձայնը՝ բռունցքի ուժգին հարուած մը եղաւ կուրծքիս։ Հազիւ ժամանակ ունեցայ ետեւ դառնալու։ Եւ ժամ մը առաջ կերած ֆուլս նոյնութեամբ ետ կու տայի, մինչ ոստիկան մը մեղմ հարուածներով կռնակս կը ծեծէր կրկնելով – մալէշ, մալէշ...

Կախուածներուն պատկերը չազդեց վրաս, բայց նիհար տղուն վերջին կլկլուկը ականջիս մէջ էր ու երկար պիտի մնար դեռ, օրերով։ Բայց այլեւս գտած էի ինքզինքս եւ գրելիքներուս մասին կը մտածէի։ Դատախազը պատուիրելով ոստիկանապետին, որ կախաղանները այդպէս մնան երկու ժամ ու յետոյ քանդուին, եւ մեկնեցաւ շքախումբին հետ։ Ես ալ մեկնելու վրայ էի ու վերջին անգամ աչք մը նետեցի իրենց... Առտուան հովէն թեթեւ մը կը տարուբերէին, չորնալու համար արեւին փռուած սաւաններու պէս։ Ֆրանսացի վարդապետ մը, թեթեւոտն եւ արագաշարժ, ինք իրեն աղօթքներ մրմնջելով կ՚երթեւեկէր մէկ կախաղանէն միւսը եւ ձեռքի խաչը կը քսէր անոնց շապիկներուն...

Նոյն պահուն, հանրակառքի փողոցին սանդուխներէն բարձրացած էր հայ քահանայ մը եւ մեր կողմը կու գար։ Ծերուկ քահանայ մըն էր։ Մէկ ձեռքով հովին դէմ կը պաշտպանէր բակեղը գլխուն վրայ եւ միւս ձեռքով ամուր կը բռնէր սքեմին ծայրերը կուրծքին, մինչ վարի մասը, հովէն ուռած, բանդագուշական սեւ թռչունի մը երեւոյթը կու տար իրեն։ Կ՚արտորար դէպի կախաղանները։

Մահացեալները ետեւս էին, բայց նոյնինքն մարմնացեալ մահն էր որ կու գար դիմացէն, բորբոքուն երեւակայութեանս ճամբով, վերածուած այդ սեւազգեստ կերպարանքին։ Պէտք եղաւ որ թօթուեմ ինքզինքս եւ դառնամ իրականութեան։
– Ո՛ւր մնացիր, տէր հայր,– գոչեցի առջեւը ելլելով,– այսպէ՞ս կ՚ընեն...
– Տղաս, Նոր Սիսէն մինչեւ հոս քալելով եկայ, թրամվայները դեռ չեն աշխատիր...
Մինչ ճիզուիթը դեռ իր խաչով կ՚ոստոստէր կախաղաններուն մօտ, քահանան մէկ ձեռքը միւսին մէջ ճմլելով, յուսահատական կը կրկնէր.– «Վա՜խ եավրուներ, վա՜խ եավրուներ...»։
– Եավրուներդ հիմա այդ մարդուն ձեռքն են,– ըսի վարդապետը ցոյց տալով,– եթէ կրնաս գնա ձեռքէն առ...
Ըսի ու քալեցի, աւելի մեղքնալով մեր քահանային, քան թէ ջղայնացած միւսին դէմ։ Բայց օրուայ ընթացքին վրդովումս հետզհետէ կ՚աճէր ճիզուիթին դէմ։ Եթէ հայ քահանան տեսած չըլլայի, ուշադրութիւնս գրաւած պիտի չըլլար այդ կրօնաւորը։ Բայց քահանային ժամանումը այն տպաւորութիւնը թողուց վրաս, թէ գողութեան մը ականատես կ՚ըլլամ, թէ կախուածները մերն էին եւ այդ մարդը յափշտակեց իր խաչով եւ աղօթքներով...

Կարճ ձեւով մը տուինք լուրը թերթին մէջ «մանրամասնութիւնները վաղուան թիւին» պահելով, ինչպէս կ՚ուզէր որ ընենք խմբագրապետը։ Այնքան հետաքրքրութիւն ստեղծող դէպք մը ներելի չէր մսխել մէկ թիւով...
Մինչեւ իրիկուն աշխատեցայ յօդուածիս վրայ, բայց գրութեանս առանցքը կը կազմէր, կախաղաններէն աւելի, վարդապետը։ Այնպէս որ յօդուածիս վերնագիրը եղաւ – «Մեռելնե՞րն ալ կը գողնան»։ Կարելի է այլեւս կռահել թէ նման վերնագրի մը տակ ինչ կրքոտ տողեր կային եւ... շատախօսութիւններ։ Երբ կարդացի Պալեանին, թուղթերս առաւ, ափին մէջ բան մը կշռելու պէս վեր-վար ըրաւ, եւ գրաշարին յանձնելէ առաջ ըսաւ.
– Այս յօդուածը երկու հարիւր թիւ կը վերցնէ...

Բայց յաջորդ օրն իսկ, «Լ՚Օրիան» ֆրանսատառ թերթին մէջ կծու պատասխան մը մեզի.– «Անդրանիկ-Գառնիկ բանտին մէջ կաթոլիկութիւնը ընդունեցին, իրենց խնդրանքով եւ ազատ կամքով եւ ուղղափառ կրօնքին դարձան։ «Ազդակ»ի գրածները պարզապէս գրգռութիւն մը կը կազմեն»։

Գացի Անթիլիաս, վեհափառէն լուսաբանուելու եւ խորհուրդ հարցնելու։ Բաբգէն Կաթողիկոսը, որ սովորութիւն չունէր բառերը ծամծմելու եւ նրբացնելու, ըսաւ իրեն յատուկ անմիջականութեամբ.
– Այդ թերթը անպատկառօրէն սուտ կը խօսի։ Փաստ որ՝ Աւազուտքի բանտին տեսչութիւնը մեզի դիմեց, որպէսզի վերջին օրը հաղորդութիւն տանք եւ մխիթարենք։ Ես արդէն երկու անգամ վարդապետ մը ղրկած եմ բանտը, ատկէ առաջ։ Թերթը սուտ է։ Այդ տղաքը լուսաւորչական էին։ Տեղի մի՛ տաք։ Շարունակեցէք պայքարը...
Կոյրը Աստուծմէ մէկ աչք ուզեց, Աստուած երկու աչք տուաւ։ Տեսնելի՜ք ունի այդ թերթը վաղուան յօդուածովս, երբ հրապարակ գամ ծանր հրետանիիս ետեւ, Բաբգէն Կաթողիկոսին վկայութեամբ։ Նստած էի սեղանիս առջեւ ու կը գրէի։ Յանկարծ կանգ առի եւ ըսի Պալեանին.
– Բան մը ինկաւ միտքս։ Թերեւս ալ «Լ՚Օրիան»ը ճիշդ կ՚ըսէ։
Ատանկ խօսքերու ժամանակ չէ։ Շուտ վերջացուր որ իրիկուընէ տանք գրաշարին։
– Մտիկ ըրէ։ Ես՝ Անդրանիկ-Գառնիկն եմ բանտին մէջ։ Ներումի բոլոր դիմումներս մերժուած են, ոչ մէկ յոյս կայ այլեւս։ Ի՞նչ կ՚ընեմ։ Ֆրանսացի վարդապետ մը կանչել կու տամ, կաթոլիկ կ՚ըլլամ, անոր կ՚ապաւինիմ, յուսալով որ ֆրանսացի վարդապետը կրնայ թերեւս ներում ձեռք բերել ֆրանսացի Բարձր Քոմիսէրէն։ Չի՞ կրնար ըլլալ։ Ծովը ինկողը...
– Ծօ՛ ի՞նչ պէտք ունիս ատանկ բաներ խառնելու։ Այդ մտածումներդ քեզի պահէ եւ...

Ժամանակ չունեցաւ շարունակելու։ Ճիշդ այդ պահուն ներս մտաւ ֆրանսացի սպայ մը, բարեւեց քաղաքավարութեամբ եւ բեմէն ոտանաւոր արտասանողի լրջութեամբ, մէկ շունչով.
– Բարձր Քոմիսէրութեան հրահանգով արգիլուած է այլեւս տող մը անգամ գրել կախուածներուն մասին։ Այս ազդարարութիւնը տրուեցաւ նաեւ «Լ՚Օրիան»ին։ Այս հրահանգին անսաստող թերթը իսկոյն կը փակուի եւ թերթին տնօրէնը ենթակայ է Խառն Դատարանին կողմէ պատժական հետապնդումի, որպէս միջ-համայնքային գրգռութիւններ հրահրող։
Ըսաւ, կրկին բարեւեց ու մեկնեցաւ, ինչպէս որ եկած էր։
Պալեանը շշմած էր։ Ի հարկէ հասկցաւ սպային խօսքերը, բայց կրկին պէտք տեսաւ հարցնելու։
– Ի՞նչ կ՚ըսէր այս շունշանորդին...
– Կ՚ըսէր որ վաղուան թիւը երկու հարիւր օրինակ պակաս տպենք...

Շար .4
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝